Ս. Քառասնից Մանկանց Ազգային Երկսեռ Վարժարանի Մանկապարտէզի Նորակառոյց Շէնքի Պաշտօնական Բացումը
Բարձր հովանաւորութեամբ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, շաբաթ, 26 նոյեմբեր 1966, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Նոր Մարաշի (Պուրճ Համուտ) Ս. Քառասնից Մանկանց ազգային երկսեռ վարժարանի մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքին պաշտօնական բացումը, գինեսեղանի մը շուրջ:
Մանկապարտէզի մուտքին աւանդական ժապաւէնը կտրեց եւ բացումը կատարեց սրբազան հայրը: Սրահի մուտքի ժապաւէնը կտրեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան:
Ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեան «Գարակէօզեան» հիմնարկի վարիչ Նուպար Դաւիթեան, Անդրանիկ Ուրֆալեան իրենց կիներով եւ հրաւիրեալներու երկսեռ ընտիր հասարակութիւն մը, աւելի քան 100 հոգի, բոլորուեցան սեղաններու շուրջ, շէնքի նորակառոյց սրահին մէջ:
Բացման խօսքը ըրաւ Թաղ. խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Հացագործեան: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, տուաւ Թաղ. խորհուրդի վերջին 8-10 տարիներու գործունէութեան նիւթական պատկերը: Եկեղեցի եւ դպրոց ունեցած են շուրջ 840 հազար լ. ոսկի մուտք եւ նոյնքան ելք:
Այնուհետեւ, միաձայնութեամբ օրուան թամատա ընտրուեցաւ ծանօթ ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեան, որ մեծ ձեռնհասութեամբ վարեց գինեսեղանը` ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը:
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերաւ «Սայաթ Նովա» նուագախումբը: Մեներգեց խումբի անդամներէն` Վիգի Կորկոտեան, Սեդրակ Էսմերեան (խումբի պատասխանատու), Խաչիկ Նահապետեան եւ Յարութիւն Թոմայեան:
Հրաւիրեալներէն մեներգեցին` Զուարթ Սէրայտարեան (ուսուցչական կազմէն) եւ Մարի Սարգիսեան: Յարութիւն Գաբրիէլեան ապրումով արտասանեց Յ. Շիրազի «Կտակ»-ը:
Խօսք առին` սրբազան հայրը, վարժարանի տնօրէն Յակոբ Ժամկոչեան, Թաղ. խորհուրդի անդամներ տոքթ. Յակոբ Գույումճեան, տոքթ. Զաքար Մկրեան, տէր եւ տիկին Նուպար Դաւիթեաններ եւ ուրիշներ:
Կենաց բազմաթիւ բաժակներ պարպուեցան:
Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Իւրաքանչիւր նուիրատու արժանացաւ բուռն ծափերու: Գոյացաւ 13 հազար լիբ. ոսկի: Հանգանակութիւնը պիտի շարունակուի, որպէսզի ժողովրդային լայն զանգուածներ եւս բերեն իրենց մասնակցութիւնը:
Երեկոյթը վերջ գտաւ կէս գիշերը անց, ժամը երկուքին եւ ներկաները սրահէն մեկնեցան լաւագոյն տրամադրութիւններով:
Այս առիթով, յայտնենք, որ մանկապարտէզ եւ սրահ որեւէ անունով չեն կոչուիր: Լաւագոյն առիթ է, որ ազնիւ բարերարներ նուիրատուութեամբ յաւերաժացնեն իրենց անունները:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Ակնարկ
Միակ Լուծումը
1966-ը գործադուլներու տարին եղաւ Լիբանանի համար: Տարուան առաջին ամիսներէն ի վեր ընկերային պահանջներու յատուկ շարժումները իրարու յաջորդեցին` դժուարին կացութիւն մը ստեղծելով երկրին մէջ:
Բոլորին ալ սկզբնական պատճառը նոյնն էր. ապրուստի անօրինակ սղութիւնը, որուն պատճառով լիբանանցի աշխատաւոր դասակարգը հետզհետէ նեղ դրութեան կը մատնուի` իր գնողական կարողութեան նուազումով:
Երկիրը կը գտնուի ընդհանուր գործադուլի մը սպառնալիքին առջեւ: Երէկուան միօրեայ եւ խորհրդանշական գործադուլէն ետք, Լիբանանի Աշխատաւորներու ընդհանուր համադաշնակցութիւնը որոշած է առանց պայմանաժամի գործադուլի մը ձեռնարկել յառաջիկայ երեքշաբթիէն սկսեալ, եթէ անշուշտ մինչ այդ իր պահանջներուն գոհացում չտրուի: Այդ պահանջները ծանօթ են մեր ընթերցողներուն. բժշկական ապահովագրութեան դրութեան փոփոխութիւն, նուազագոյն կենսաթոշակի յաւելում, ամսավճարներու բարձրացում:
Նոյնիսկ եթէ իշխանութիւնները լրիւ կերպով գոհացում տան այս բոլոր պահանջներուն, հարցը իր ամբողջութեան մէջ լուծուած պիտի չըլլայ, որովհետեւ ամսավճարներու բարձրացման անմիջապէս պիտի հետեւի գիներու բարձրացումը` նոյն անբաղձալի վիճակը ստեղծելով աշխատաւոր դասակարգին համար:
Հանրային իշխանութիւնները ցաւին արմատը պէտք է փնտռեն այլուր, ընկերային այն հնաբոյր դրութեան մէջ, որ կը տիրէ հոս, առանձնաշնորհեալներու սահմանափակ թիւի մը դիմաց` անիրաւուած հսկայ զանգուած մը ստեղծելով:
Գործադուլներուն, այսինքն ընկերային պահանջներուն վերջ տալու մէկ ձեւ կայ. տառացիօրէն կիրարկել ընկերային ապահովութեան օրէնքը, հետզհետէ բարեփոխելով անոր տրամադրութիւնները` գործնական կեանքի պարտադրած եղանակով. արտադրողական ձեռնարկներ ստեղծել, որպէսզի դրամը շրջաբերութեան մէջ դրուի. մանաւանդ ընտանիքներուն վրայէն վերցնել կարգ մը ընկերային հոգեր, ինչպէս կրթութիւնն է եւ բժշկական դարմանումը, որոնց համար եղած ծախքը ծանր կը ճնշէ ընտանեկան պիւտճէներուն վրայ:
Այլապէս, բոլոր լուծումները պիտի ըլլան ժամանակաւոր, եւ տագնապները յարաճուն սաստկութեամբ մը պիտի յաջորդեն իրարու:
X