Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1966)

Դեկտեմբեր 15, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Դասախօսութիւնները

 Նիւթ`

«Սփիւռքահայը Եւ Իր Հոգեկան Աշխարհը»
Զեկուցաբեր` Մ. Իշխան

Ո՜վ երիտասարդ նոր սերունդը պիտի մղէ ազգային գիտակցութեան եւ իրաւունքի պայքարի, ո՞վ այլասերող մտքերը պիտի լծէ գործի, այս հարցումով վերջ գտաւ սփիւռքահայու եւ իր հոգեկան աշխարհի մասին Մուշեղ Իշխանի զեկուցումը եւ անոր յաջորդող զրոյցը: Մ. Իշխան իր շատ լայն սահմաններ ունեցող նիւթը պարփակեց երիտասարդ սերունդներու հայրենասիրութեան եւ հայրենակարօտ զգացումներու բնորոշումով եւ իր հիմնական եզրափակումով ընդգծեց աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած, յաճախ օտարախօս, սփիւռքահայ կրտսեր սերունդի ապագային անորոշութիւնը եւ կեանքի ապազգային հոլովոյթը:

Այս բնորոշումը, որ դժբախտաբար սովորական ահազանգ մըն է արդէն, մաս կը կազմէ մեր ամէնօրեայ վայրէջքին: Անուրանալի է մեր անաչառութիւնը հարցերու նկատմամբ, սակայն նոյնքան անուրանալի է այս երեւոյթներուն հանդէպ մեր հակազդեցութիւնը, որ կը կրճատուի սմքած հոգաբարձուի կամ փէշերը վեր քաշած մտաւորականի սպաննիչ մտավախութիւններով: Մեր մէջ յաճախ կը պակսին համազգային պայքարի կարգ մը հիմնական տարրերը, ինչպէս, անսակարկ հաւատք` հանդէպ մեր եւ ուրիշներու կարողութեան եւ զոհողութեան ոգիին, աներկբայ եւ յստակ համոզում ազատ եւ անկախ հայրենիքի լինելութեան թէ՛ իբրեւ ոգեկան իրականութիւն, թէ՛ իբրեւ գալիք յաղթանակ:

Զրոյցի ընթացքին արտայայտուեցան շատ յարգելի եւ գնահատելի մտքեր, որոնք կը քննէին սփիւռքահայ կրտսեր սերունդի ապագան իր զանազան կողմերով, ինչպէս` օր մը ազատ եւ անկախ հայրենիք ներգաղթելու պատրաստակամութիւն կամ չկամութիւն, օտարամուտ բարքերու առատութիւն, համամարդկային եւ ապազգային գաղափարներու որդեգրում հայ երիտասարդին կողմէ, անհատի հայութիւնը հայկականութեամբ եւ ո՛չ հայախօսութեամբ բնորոշելու անմիջական անհրաժեշտութիւն: Թեր ու դէմ կարծիքները փորձեցին գտնել փրկութեան ճամբան, սակայն զրոյցի վերջաբանը ցոյց տուաւ, որ կարելի չէր խուսափիլ մեր սովորական եզրակացութիւններէն, որոնք երիտասարդութեան խանդավառութիւնը ջլատող յուսահատական մաղթանքներ են միայն եւ արգահատելի` բաղդատած «Յառա՛ջ, նահատակ»-ին: Այս բոլորը նորութիւն չեն նոր սերունդին համար եւ մաս կը կազմեն անոր այն համոզման, որ պատնէշներուն ետին պատսպարուած խօսողներ ենք միայն եւ ոչինչ ունինք իրենց տալիք իբրեւ քսաներորդ դարու գործ, պայքար եւ արկածախնդրութիւն: Հայապահպանումն է մեր գործը, կ՛ըսեն մեզմէ շատեր, կը մոռնան մեր հիմնական Դատը եւ մեզ քիչ մը աւելի վար կը հրեն զառիթափէն:

Երիտասարդները կ՛արժէքաւորուին իբրեւ սփիւռքահայ նոր սերունդ, երբ ոչ միայն կը բաժնեն մեր խոր հաւատքը հայու ապագային, ազգային գիտակցութեան եւ իրաւունքի մասին, այլ կ՛ունենան յստակ դեր եւ գործ: Պէտք է նետել անոնց ուսերուն մաս մը ազգային բեռէն: Պատասխանատուութիւնը առաջնորդն է գիտակցութեան: Եւ յետոյ, ի՞նչը կրնայ աւելի լեցնել քսաներորդ դարու հակասական հոսանքներուն մէջ իր ուղղութիւնը կորսնցուցած երիտասարդին կեանքը, քան` հաւաքականութեան հովանիին տակ բաժնուած սէրը, տառապանքը եւ իտէալը: Նոր սերունդը չի կրնար նահանջել, ան պարտաւորուած է գերազանցել հիները` անոնց կարօտավառ բաղձանքներու իրականացման պայքարին մէջ:

Սխալ պիտի ըլլար մտածել, որ արդիւնքը կ՛ըլլայ մտքի հայրենասիրութիւն: Սէր պարունակող զգացում մը կարելի չէ մտքով որդեգրել: Հայ երիտասարդը իր անցեալով, աւանդութեամբ, նկարագրով եւ խառնուածքով դատապարտուած է ըլլալու հայ, թերեւս` ո՛չ հայախօս, սակայն` իր հոգեկան գիտակից եւ անգիտակից աշխարհներով հայօրէն զգացող եւ մտածող: Պէտք է ճանչցնել նոր սերունդին իր անժխտելի հայութիւնը, տալ հաւատք, նպատակ եւ գործ ու վստահիլ անոր իրականացումը հայու գիտակցութեան ամբողջական լրումին:

Ունինք միայն մէկ երիտասարդ սերունդ, հետեւաբար` կիսաւարտ գործ եւ անհանդարտ խիղճ: Ամբողջովին մեր պատասխանատուութիւնն է այս սերունդի հաւատաւոր զարթօնքը: Դեռ անկատար է հիմնական պարտականութիւնը, դրօշակի փոխանցումը:

Վ. Փ. 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ձեռային Աշխատանք. Նոր Տարուան Նուէրները Ծրարելու 5 Հնարամիտ Գաղափարներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?