50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1967)

Հայաստան  Երեւանի Արարատեան Նոր Թաղամասը Ամէն տարի Երեւանը իր քարէ բազմերանգ թեւերը կը փռէ չորս կողմ, կը ծնի նոր թաղամաս մը` նորաշունչ ու հայրենանուն: Յիշենք` Աջափնեակ ու Զէյթուն, Կիլիկիա ու Նորք... Հիմա ալ արեւելահայեաց քաղաքամաս մը` Արարատեան զանգուած: Անցեալ տարուան վերջերուն փորուեցան հիմքի խրամներ, ու մարդիկ քար-քարի դրին, շար-շար բարձրացան պատերը եւ շէնքեր կազմեցին` գեղեցիկ ու յարմարաւէտ: Այդ շէնքերէն վեցը հիմա բնակուած է, լեցուած` կեանքի զուարթ աղմուկով: 360 ընտանիք նոր տուն ստացած է այդ նորակառոյցներուն մէջ` կենցաղային լաւ յարմարութիւններով: Տարեմուտէն ետք 186 ընտանիքներ եւս փոխադրուած են այս նոր թաղամասը: Շինարարութիւնը հետզհետէ աւելի մեծ թափ կը ստանայ այստեղ: Նոր թաղամասը մայրաքաղաքին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1967)

Տարեմուտի Արցունքներ Այս վերնագիրը ունի Հայաստանի երիտասարդ եւ օժտուած գրողներէն` Ռազմիկ Դաւոյեանի «Գրական թերթ»-ի այս տարուան առաջին թիւին մէջ գրած յօդուածը: Կու տանք Համաստեղին նուիրուած հատուածը` իր անկեղծութեան, կարօտին ու քաղցր յուզումին մասնակից դարձնելու համար մեր ընթերցողները: Հայ պանդուխտը, հայ գրողը, հայ մարդը, որ ամէնից առաջ որբ էր, ճակատագրի վրայ նեղացած, բախտից ու աշխարհից խռով, ոտքերը կոճղերի պէս հողին դնելով` գնա՜ց, գնա՜ց ու  կանգ առաւ: Գլուխը պիտի բարձրացնէր, որ յոգնած աչքերը տեսնեն այն, ինչ վաղուց ետեւում էր մնացել: Երկար ու անյայտութեան մէջ թաւալուող ճանապարհի դեղին տենդի մէջ, Արարատների ու խշշացող բարդիների միջին խառնած կանացի կիսամերկ մարմիններ էին պարում, համարեա չէր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1967)

Մեր Մամուլը Երեք Պատգամ Հայացնել... հայը: Ներելի է ենթադրել ուրեմն, որ հայեր կան, զորս անհրաժեշտօրէն պէտք է հայացնել, քանի դեռ բոլորովին ապահայացած չեն: Եւ դեռ կան հայեր, աստ եւ անդ, որոնք հայ են անունով ու մականունով, ծնունդով ու յիշատակով, բայց կորսնցուցած են, կորսնցնելու վրայ են իրենց լեզուն եւ ազգայնութեան միւս ստորոգելիները: Հայացնել նաեւ այս... հայերը: Հայացնել հայը, այս կը նշանակէ` դարձնել հայ մարդը ոչ միայն հայախօս, ոչ միայն հայադաւան, այլեւ, այլ մանաւանդ հայակրօն: Այսինքն` խօսքէն գերիվեր բան մը: Դաւանանքէն գերիվեր բան մը: Բան մը, որ կրօնի աստիճանաչափին վրայ ըլլայ: Աստուծոյ աւելի մօտ ըլլայ: Կ՛ուզենք, խնդրելու ձեւով կը պահանջենք, որ պրազիլահայ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Յունուար 1967)

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Դիմումը  Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան «Փոքրամասնութեանց Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Եւ Խտրականութեան Արգելքին Դէմ» Ամերիկեան, Անգլիական Եւ Ֆրանսական Կարեւոր Հեռագրական Գործակալութիւնները Արձագանգ Կ՛ըլլան Հայութեան Պահանջին «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան» ներկայացուցիչ տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեանի ստորագրութեամբ, ՄԱԿ-ի «Փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խտրականութեան դէմ արգելքի յանձնախումբ»-ին ուղղեալ պահանջագիրը լայն տեղ է գտած 5 յունուար 1967-ին, միջազգային բոլոր կարեւոր հեռագրական գործակալութեանց լրատուութեանց կարգին: Արդարեւ, ամերիկեան «Եունայթըտ փրես ինթերնեշընըլ», «Էսոշիէյթըտ փրես», անգլիական «Ռոյթըրզ» եւ ֆրանսական «ԱՖՓ» գործակալութիւնները կու տան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. - «Ցեղասպանական ոճրային արարքներու դէմ շօշափելի եւ վճռական քայլեր առնելու պահանջով, ինչպէս նաեւ խտրականութեան դէմ արգելիչ միջոցներ ձեռք առնելու առաջարկով` կոչ մը ուղղուեցաւ այսօր, 5...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1967)

«Բագին» Ամսագիրի Աշխատակիցներուն Եւ Բարեկամներուն Նոր Տարուան Հանդիպումը «Բագին» ամսագիրի խմբագրութեան հրաւէրով, չորեքշաբթի, 4 յունուար, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Բագին»-ի աւելի քան 50 աշխատակիցներ ու բարեկամներ մէկտեղուեցան խմբագրատան սրահին մէջ` բաժակ մը թէյի շուրջ Նոր տարուան իրենց առաջին հանդիպումը ունենալու համար: Խմբագրապետ Կ. Սասունի, Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի բարեմաղթութիւններ ընելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ սփիւռքահայ իրականութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, հակառակ եղած հնարաւոր բոլոր ջանքերուն, ստեղծուած չէ գրական այն մթնոլորտը, որ անցեալին գոյութիւն ունէր Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Փարիզի մէջ: Գարեգին եպս. Սարգիսեան նախ գնահատելով «Բագին» ամսագիրի կանոնաւոր լոյս ընծայումը, իր հրատարակութեան հինգ տարիներու ընթացքին, նաեւ` անոր կատարած դերը, յատկապէս` գրական տեսակէտով,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1967)

Նոթեր Ու Նետեր  Խաղարուեստ Եւ Խաղագիտութիւն Թուրք լիսէներ յաճախող ուսանողները կը յայտարարեն. - Խաղը թէ՛ արուեստ է, թէ՛ գիտութիւն է գաղտնի: Խաղն ալ ուսում մըն է, ինչպէս ուսումը` խաղ մը: Եւ անհրաժեշտ է կեանքի համար: Խաղալով շահելու համար հարկ է ունենալ բանականութիւն ու բախտ: Երբ այդ երկուքէն մէկը պակսի, պէտք է դիմել խաղին նրբութիւններուն: Ատոր համար, վարժարանին մէջ իսկ դաս առնելու է սրճարաններու խաղամոլութեան վաստակաւոր փրոֆեսէօրներէն, որպէսզի ուսուցանեն խաղերու գաղտնիքը եւ պատրաստեն ապագայ ախոյեաններ ազգային եւ միջազգային: Ուսումնատենչ ուսանողներու այս արդար պահանջին ցարդ գոհացում տրուած չըլլալուն, անոնք սկսած են իրենց լիսէներուն մէջ խաղալ, թէ՛ պարտէզի, թէ՛ դասարաններու մէջ: *** Պոլսական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1967)

Ս. Ծնունդի Տօնը Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս մեծ շուքով, աւանդական սովորութիւններով եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնեց Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը: Ուրբաթ, 6 յունուարին, առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ, զանգակներու աւետաբեր ղօղանջին հետ, մեծն ու պզտիկը շքեղօրէն զգեստաւորուած փութացին եկեղեցի: Պայծառ երկինքը առաւել պատճառ եղաւ, որ եկեղեցիներն ու անոնց բակերը լեցուին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւններով: Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագը, քառաձայն երգեցողութեամբ, ձայնասփռուեցաւ Պէյրութի ռատիոկայանէն: Պատարագեց եւ քարոզեց Գարեգին եպիսկոպոս: Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ: Աւետարանական եկեղեցիներու մէջ` պաշտամունք: Խօսուեցան հոգեշունչ քարոզներ: Հանդիսաւորապէս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1967)

Լիբանանահայ Երգիչ Տիգրան Ժամկոչեանի Երգահանդէսը «Ասեմպլի Հոլ»-ի Մէջ, Կիրակի, 8 Յունուար 1967, Երեկոյեան Ժամը 8:30-ին Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, լիբանանահայ երգիչ Տիգրան Ժամկոչեանի (պարիթոն) երգահանդէսը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 յունուար 1967-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ»-ին մէջ: Յաճախ, առիթ ունեցած ենք ներկայացնելու շնորհալի արուեստագէտը` լիբանանահայութեան: Ա. մրցանակաւոր` (պատուոյ յիշատակութեամբ) Վենետիկի երաժշտանոցէն: 1964-ին եւ 1965-ին մասնակցած է Վենետիկի միջազգային ֆեսթիվալին եւ արժանացած` պետական մրցանակի: Պսակաւոր` Օփերայի երգիչներու ԺԳ. մրցումէն (Իտալիա): 1960-ին մասնակցած է Վայքըրսհայմ դղեակի ֆեսթիվալին (Գերմանիա): Երգահանդէսներ տուած է (ռեսիթալ եւ քոնսեր) «Ռատիօ Թի. Վի.» յայտագիրէն: Ծանօթ օփերաներու մէջ, կեդրոնական դերերով ելոյթ ունեցած է Զուիցերիոյ, Իտալիոյ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1967)

Նժարէ Նժար  Չմոռնա՛նք... Նոր տարիին տօնական պահը անցաւ, բայց տօնական իր հմայքը տակաւին կը շարունակուի հոգիներուն մէջ: Սրտազեղ հանդիպումներ տեղի ունեցած են, խնճոյքներ, կերուխում: Բայց Նոր տարին կը խորհրդանշուի առաւելաբար նուէրներու նուիրագործուած փոխանակութեամբ. նուէրներ կան, նուէրներու հետ կապուած զեղուն ապրումներ կան, նուէրներ` ստացուածը, տրուածը... Մանաւա՛նդ տրուածը, ինչպէս պիտի հաստատէր մեծ փորձառութիւններ ապրած ու կեանքի մեծ փորձ կուտակած Թէքէեան բանաստեղծը: Որովհետեւ, ստացուածը հազի՛ւ կրնայ բացատրել մեր անձին մէկ մասը, մինչ տրուածը լրիւ կը լուսաւորէ ենթակային անձնաւորութեան ողջ տարողութիւնը: Տրուա՛ծը: Տրուածով իր ներքին աշխարհը բացատրելու մարդուն բնական յոյզը, ուրախութիւնը, երբեմն նաեւ սուգը: Սո՜ւգը... Տեսած էք հարկաւ մարդիկ, եղած էք հարկաւ այն մարդերէն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1967)

Պոլսոյ «Ճումհուրիէթ» Թերթը Կը Գրէ. «Ճանչնանք Անի Քաղաքը Եւ Զայն Զբօսաշրջային Կեդրոնի Մը Վերածենք» «Անիի Աւերակները Զուտ Հայկական Չեն» Պատմական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու մէջ անգերազանց թուրք ժողովուրդի ներկայացուցիչներէն տոքթ. Պուրաք Տէմիրալ, թրքավայել մտածումով, հետեւեալը կը գրէ Պոլսոյ «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ «Արքաներու աւերակոյտ» Անիի մասին: «Մենք ունինք պատմական մեծարժէք հնութիւն մը` Անին: Հոյակապ աւերակոյտ մը, որ գանձարան մըն է եւ շահագրգռութիւն կը սպասէ մեր հնագէտներէն: «Անիի մէջ մանր-մունր պեղումներ կատարուեցան եւ Կարսի թանգարանը փոխադրուեցան կարգ մը հնութիւններ, որոնք կը վկայեն, թէ Քրիստոսէ առաջ այստեղ ապրեր են պղինձի եւ պրոնզի դարերուն, ուրարտական եւ կամսարական ազգախումբերը: «Քրիստոսէ ետք ալ Անին ենթարկուեր է սասանեաց հարստութեան,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1966)

Խմբագրական Նոր Տարուան Սեմին Տարին հասաւ իր վախճանին: Քանի մը ժամ եւս ու հինցած քուրձի մը պէս մեր վրայէն պիտի նետենք մեռնող տարին, որ խաղաղ ու անդորր օր մը չպարգեւեց մարդկութեան. ընդհակառակն, իր տագնապներով եւ վէճերով, հրաբուխի վրայ պահեց աշխարհը` ջերմակորիզային բախումի մը սարսափով: Հորիզոնը կը շարունակէ մթագնած մնալ, գրեթէ ամէն կողմ: Անցնող տարին չլուծեց իր ստեղծած կամ նախորդներէն եկած հարցերէն ոչ մէկը, ու հիմա կ՛ապաւինինք դարձեալ գալիքին դարմանին: Բայց յուսատու ոչ մէկ նշան` միջազգային  երկնակամարին վրայ, բացի հիւլէական պատերազմին պատճառած «սարսափի յոյս»-էն: Ճակատագրի հեգնա՜նք: Մարդկութիւնը իր փրկութիւնը կ՛ակնկալէ իր կեանքին սպառնացող մեծագոյն վտանգին ահաւորութենէն: Վտանգ մը սակայն, որ իր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1966)

Քանատա  Նոր Եկեղեցի Եւ Հայ Կեդրոն Մոնրէալի Մէջ Նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոսին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փաստրմաճեանի, 18 դեկտեմբերի կիրակին Մոնրէալի «Քուին Էլիզապէթ» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցած է հանգանակային տպաւորիչ ու խանդավառ ճաշկերոյթ-հանդէս մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են պետական անձնաւորութիւններ, հայ եւ օտար ծանօթ դէմքեր ու Մոնրէալի հայութիւնը, իր բոլոր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներով, աւելի քան 300 հոգի: Հանգանակութեան խոստումները հասած են 100 հազար տոլարի: Այս գումարէն զատ, ՀՕ Միութիւնը խոստացած է տեղւոյն դպրոցի շինութեան նպատակին յատկացնել 10 հազար տոլար: Արդարեւ, Մոնրէալի հայ գաղութը լծուած է ներդաշնակ ու եռուն աշխատանքի, շուտով իրականացնելու համար, արդէն իսկ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1966)

«Arménie Légendaire» Հեքիաթային Հայաստան: Խորագիր մը, որ պատկերացումն է մեր հայրենասիրական եւ դիւցազներգական ապրումներուն` ամփոփուած սալի մը վրայ, զոր «Վոկ» ընկերութիւնը հրապարակեց`  պատրաստութեամբ Արա Պարթեւեանի: Հոն ժամադիր եղած են Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան երկու դրուագները, մեր ազգային սիրուած փառերգը` «Հայաստան», ինչպէս` «Վասպուրական» եւ «Զէյթուն», «Արարատեան հովիտը» եւ իբրեւ արծիւ սաւառնող Անդրանիկի ձօնուած տաղը, որ կը զուգադիպի ազգային հերոսին ծննդեան հարիւրամեակին: Այս երգերէն մէկ քանին առաջին անգամ ըլլալով մեզի կը ներկայանան համանուագային խմբագրութեամբ, իսկ Սասունցի Դաւիթի երկու բաժինները նոր հորիզոն մը կը բանան մեր երաժշտական ցանկին մէջ: Մեր անցեալի յուշերը վերակենդանացնող Վասպուրականն ու Զէյթունը եթէ յուզիչ պահեր կու տան մեզի, անոնց կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1966)

Խմբագրական Խորթ Կը Հնչեն Քանի մը օրէ ի վեր Խորհրդային Միութեան վարչապետ Ալեքսի Քոսիկին պաշտօնական հիւրն է թուրք կառավարութեան: «Պատմական» այցելութիւն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ առաջին անգամ է` Խորհրդային վարչապետ մը ոտք կը դնէ Թուրքիա, Փոթկորնիի եւ Կրոմիքոյի նախապատրաստական ճամբորդութիւններէն ետք: Միջազգային մամուլին մեկնաբանները համաձայն են այն կէտին շուրջ, որ թէ՛ Մոսկուան եւ թէ՛ Անգարան պատրանքներ չեն սնուցաներ քաղաքական այն խօսակցութեանց կապակցութեամբ, որ այս առթիւ կ՛ունենան խորհրդային եւ թուրք վարիչները: Թուրքիա կը պատկանի արեւմտեան աշխարհին, զինակիցն է Միացեալ Նահանգներուն (Ատլանտեանի դաշնագրին գծով), իսկ Խորհրդային Միութիւնը, ցնոր տնօրինութիւն, կը հանդիսանայ հակադիր ճակատին ղեկավարը: Մեզ շահագրգռողը այդ չէ, այլ` Թուրքիոյ հետ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1966)

Գաղափարներու Ազդեցութիւնը Գրականութեան Մէջ Անառարկելի է գաղափարներու ազդեցութիւնը գրական գործերու վրայ: Գաղափարազուրկ գրականութիւն մը աննպատակ ճիգերու կուտակում մըն է: Գաղափարները ներքին կրակն են: Անոնց շնորհիւ կը բոցավառի գրողին կամ արուեստագէտին ներաշխարհը: Վերցուցէք գաղափարները մարդոց մէջէն, անոնք պիտի դառնան նոյնհետայն ստեղծագործելու անընդունակ: Գաղափարներն են, որ կը վարեն աշխարհը: Վերցուցէք գաղափարները մարդոց մէջէն, ու տիղմ ու ճահիճ պիտի նստին անոնց մէջ: Մենք ինչ որ ենք, կը պարտինք մեր գաղափարներուն: Գրող մը առանց գաղափարի` աշտարակ մըն է առանց փարոսի: Տաղանդը իր զօրութիւնը կը ստանայ գաղափարներէ: Մեծերը իրենց գաղափարներու զօրութեամբ է, որ տիրած են դարերու: *** Եւ հիմա` հանդէպ ցեղին ու հայրենիքին պաշտամունքը, որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1966)

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութեանց «Կուսակցական Զարգացման Մրցումը» ՀՅԴ Հրուանդանի պատանեկան միութեանց Կեդր. վարիչ մարմինը, իմաստաւորելու եւ գիտակցութեամբ տօնելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան օրը, կազմակերպած էր «Կուսակցական զարգացման մրցում» մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 1966, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի սրահին մէջ: Իւրաքանչիւր պատանեկան միութիւն մրցումին կը մասնակցէր երեք ներկայացուցիչներով: Ամավերջի քննութիւն մըն էր կարծես: Կուսակցական դպրոցէն իրենց սորվածները հպարտօրէն տալու եկած էին դաշնակցական պատանիներ` բոլոր շրջաններէն: Ձեռնարկը վարեց Ընդհ. վարիչ Արմէն Տօնոյեան, որ այս առիթով, յատկապէս շեշտելով Դաշնակցութեան օրուան իմաստը, ՀՅԴ նոր սերունդներուն ուղղեց հետեւեալ պատգամը. «Սիրելի՛ ընկերներ եւ ներկաներ, «Վերջին քանի մը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1966)

Վեհափառ Հայրապետը Կ՛այցելէ Պուրճ Համուտի Հայ Կոյրերու, Խուլ-Համրերու Եւ Ծերերու Զուիցերիական Հաստատութիւնը Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 1966- առաւօտեան ժամը 10:00-ին, յատուկ կարգադրութեամբ, Խորէն Ա. վեհափառ կաթողիկոսը այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի հայ կոյրերու եւ խուլ-համրերու զուիցերիական հաստատութիւն: Այս այցելութեան ներկայ եղան նաեւ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միութեան նախագահ` վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան, վեր. Սողոմոն Նիւյիւճիւքեան, ինչպէս նաեւ խումբ մը վարդապետ հայրեր եւ ազգայիններ: Հիւրերը ընդունուեցան հաստատութեան վարիչ-տնօրէն Փիթըր Պրաունշուայկի եւ տիկ. Պրաունշուայկի կողմէ, որոնք գովելի հայերէնով մը բարի գալուստի սիրալիր արտայայտութիւններէ ետք, առաջնորդեցին վեհափառը եւ բարձրաստիճան ընկերակիցները հաստատութեան զանազան բաժինները` տալով մանրամասն տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւններ` միշտ հայերէնով: Իր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1966)

Լրագրութիւնը Դարերու Ընթացքին Ո՞վ է եղած առաջին լրագրողը: Տարիներ առաջ, Քոլոնիոյ մէջ, Մամլոյ միջազգային ցուցահանդէսի ընթացքին, շէնքի մուտքին զետեղուած էր արձանը Մարաթոնի վազորդին, որ յաղթութեան լուրը Աթէնք բերած եւ ապա ինկած ու մեռած էր: Ասիկա տեղէ մը ուրիշ տեղ լուր մը շուտով հասցնելու առաջին միջոցը եղած էր: Այսինքն` այն ինչ որ այսօր լրագրութիւնը կ՛ընէ թերթերուն միջոցով: Հին Հելլէնները եւ յատկապէս աթենացիներն ու  կորնթացիները գրեթէ կանոնաւոր թերթեր ունէին: Սա՛ տարբերութեամբ միայն, որ այդ թերթերը ձեռքով կը գրուէին պատերու վրայ: Օրինակի համար, Քերամիկոսի մէջ կար հսկայ սեւ պատ մը, դպրոցական մեծ գրատախտակի մը պէս, ուր աթենացիները կաւիճով կը գրէին ոչ միայն պզտիկ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1966)

«Բագին»-Ի Զրոյցները  Պ. Սնապեանի «Ես Այդ Շունն Եմ» Մեր քննած գիրքը շունի մը բնազդին եւ հոտառութեան իրական սկզբնաւորութիւն մը ունի: Այդ շունը թափառայած երկու հայեր կ՛առաջնորդէ Ալպիաններուն մէջ կորսուած իր հայ տիրոջ ագարակը: Ու անոնք, այդ երեք հայերը, հոգեպէս կը բացուին անցեալի եւ ներկայի իրենց կեանքին վրայ: - Այս պատմութիւնը լսած օրէս ասդին,- կ՛ըսէ Սնապեան, - Ալպիաններու շան պատկերով կը գոցեմ կոպերս ու արթնցած պահուս առաջին անգամ մտածումս կը թռի հո՜ն, մեծ լերան ստորոտին բաբախող ոգիին մօտ... Սկսած եմ արդէն շուն մը կրել մէջս, յորմեհետէ լսեցի այս պատմութիւնը` շուն մը սկսաւ հաջել մէջս, շուն մը ոռնա՜լ»: Նկատի պիտի առնենք, որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1966)

Խմբագրական Յանուն Մէկ Չափանիշի Նոյեմբերի երկրորդ կիսուն Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայաստանի գրողներուն հինգերորդ համագումարը, որուն մասնակցեցան մեր հայրենիքին հին թէ նոր բոլոր գրագէտները, ինչպէս նաեւ` արտասահմանէն հրաւիրուած աւելի կամ պակաս արժէքով գրողներ: Համագումարը, ուր ելոյթ ունեցան գրեթէ բոլորը, բազմաթիւ հարցերու կարգին, որոնք այլապէս շահեկան են, զբաղեցաւ նաեւ արտասահմանի հետ գրական յարաբերութիւններու զարգացման խնդիրով, յատկապէս` սփիւռքահայ գրողներու գործերուն հրատարակութեան գծով: Կ՛իմանանք, որ արդէն իսկ յառաջիկայ երեք տարիներու ծրագիրներուն մաս կը կազմէ հրատարակութիւնը արտասահմանեան շարք մը հեղինակներու, որոնց գործերը սակայն, դժբախտաբար, հազիւ թէ կարողանան աղօտ մէկ պատկերը տալ սփիւռքահայ գրականութեան վերջին յիսնամեակի նուաճումներուն: Անշուշտ ուրախալի է հաստատել, որ հայրենիքի պետական հրատարակչականին պատասխանատուները...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 41 of 69 1 40 41 42 69

Արխիւներ