Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Նոյեմբեր 1966)

Նոյեմբեր 25, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոչ Հայ Ժողովուրդին

Հայ ժողովուրդին բոլոր զաւակները քաջատեղեակ են, որ այս տարի, ապրիլ ամսուն, խումբ մը հայ երիտասարդներ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին 1915-ի Եղեռնէն ետք հայ ժողովուրդին վերածնունդը խորհրդանշող եւ լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը արտայայտող յուշարձան մը բարձրացնել Պիքֆայայի մուտքին, բարձրահայեաց ժայռի մը վրայ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մատուռի կողքին:

Այս նուիրական գործը արժանաւորապէս ի գլուխ հանելու համար կազմուած յանձնախումբը այժմ սկսած է կազմակերպել համազգային հանգանակութիւնը, որով առիթ պիտի տրուի իւրաքանչիւր հայ մարդու բերելու իր բաժինը յուշարձանի կառուցման գործին:

Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր զաւակներուն, բոլոր հայ մարդերուն անխտիր` սրտովին եւ լիաբուռն մասնակցելու հանգանակութեան եւ իրենց նուիրատուութիւններով ապահովելու ամուր եւ տոկուն տնտեսական հիմքեր յուշարձանի կառուցման համար:

Թող մեր ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը յաւէտ կենդանի մնայ ձեր մէջ եւ թող վերածնունդի գաղափարն ու տեսիլքը խանդավառեն ձեզ ձեր կեանքի եւ գործի ընթացքին:

Վեր. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան

ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԶ. ՊԱԹԱՆԵԱՆ
Կաթողիկոս պատրիարք կաթողիկէ հայոց

ԽՈՐԷՆ Ա.
Կաթողիկոս մեծի Տանն Կիլիկիոյ

 

Հայաստանի
Ընկերային Կեանքը

Մեր հրատապ մտազբաղումներէն եւ մտահոգութիւններէն մէկն է ստոյգ եւ ճշգրիտ իմանալ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքը Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Հրամայական եւ անմիջական պահանջ մըն է սփիւռքահայութեան համար հոգեկան սերտութեան եւ ներդաշնակութեան գոյացումը հայրենի երկրի հետ: Որքան զիրար լաւ հասկնանք, այնքան գիտակցօրէն կը կապուինք հայրենիքի ճակատագրին: Իսկ այդ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է:

Նախ` ի՞նչ մակարդակի վրայ է անհատներու ընկերային փոխյարաբերութիւնը խորհրդային Հայաստանի մէջ: Ուրախալի է յայտնել, որ ստալինեան շրջանին պատուիրանի ուժ ունեցող գարշելի մոլորութիւնը` զաւակն իր հայրը մատնելու, չքացած, անհետացած կ՛երեւի: Շնորհիւ այս նոր մթնոլորտին` ընտանիքի անդամները կրնան հաւաքաբար դարման ճարել իրենց ցաւին ու կարիքին: Նաեւ հնարաւոր կ՛ըլլայ ընտանիքի ներքին կապը ամրացնել եւ բարոյական սրբութիւնները պաշտպանել եւ ձեռներէցութիւնը անդամալուծող վախէն ձերբազատիլ:

Գոյութիւն ունի՞ն լրտեսներ: Երեւանի մէջ, ըստ բազում վկայութիւններու շատ է անոնց թիւը, սակայն անոնք լրտես չեն կոչուիր, այլ կը ճանչցուին` տեղեկատուներ: Ասոնք երկու տեսակ են. յայտնի եւ գաղտնի լրատուներ:

Խորհրդահայ թերթերու մէջ շատ յաճախ կը հանդիպինք խուլիկանութեան, գողութեան, սեռային խենէշութեան, ոճիրի, արբեցողութեան եւ թմրեցուցիչ դեղերու գործածութեան դէպքերու նկարագրութեան եւ դատապարտութիւններու: Անոնք համատարած երեւոյթ են ոչ միայն ամբողջ Խ. Միութեան տարածքին, այլ քաղաքակիրթ, մինչեւ իսկ նորանկախ երկիրներու մէջ: Առհասարակ այս յանցանքները հետեւանք չեն տնտեսական իրադարձութեան, այլ` աշխարհն ամբողջ վարակող յեղափոխական ոգիին, անշուշտ, յեղափոխական շարժումի բացասական անդրադարձումով: Մեր դարու երիտասարդութիւնը ինքզինք կը զգայ անիրաւ ճնշումի տակ. կ՛ըղձայ քակել իր կապանքները եւ տիրանալ ազատութեան, իր անհատականութեան անկաշկանդ արտայայտութեան եւ վերջ տալ պաշտօնական ու անպաշտօն կեղծիքի ու կեղծաւորութեան: Ոգին առողջ է եւ գովելի, սակայն սանձարձակ պոռթկումով անոնց վերաբերումը անբաղձալի է: Հետեւաբար Հայաստանի մէջ տեսնուած այս երեւոյթներուն վրայ պէտք է նայիլ առարկայական, բայց ամենեւին յուզական տրամադրութիւնով:

ՅԱՅՐԵՆԻՔ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նոր Էջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?