Ինչպէ՞ս Շիջեցաւ Մեծ Գրագէտը
Թաղումը Ազգային Յուղարկաւորութեամբ
Տեղի Ունեցաւ Երէկ, Պոսթընի Մէջ
«Հայրենիք»-ի երեքշաբթի, 29 նոյեմբերի թիւէն հետեւեալ մանրամասնութիւնները կրցանք իմանալ Համաստեղի մահուան պարագաներուն մասին:
Յոբելենական հանդիսութիւնը սկսած է շաբաթ երեկոյեան, ժամը 8:30-ին, «Էմպեսըտըր» պանդոկի սրահին մէջ (Լոս Անճելըս) ու վերջ գտած է գրեթէ կէս գիշերին, ընդհանուր խանդավառութեամբ: Վերջին խօսքը տրուած է Համաստեղին, որ մինչ այդ յոգնութեան ոչ մէկ նշան ցոյց տուած է: Հազիւ 10-12 վայրկեան խօսած` սրտի դաւադիր հարուածը խորտակած է զինք: Ինկած է բեմին վրայ: Հանդիսականներէն տոքթ. Չիւրիւքեան եւ ուրիշներ վայրկենապէս փութացած են ընկերոջ մօտ` արհեստական շնչառութեամբ երկարելու համար հոգեվարքը. միաժամանակ` լուր տրուած է հիւանդատար սպասարկութեան: Տարաբախտօրէն, սակայն, մահը եղած էր վայրկենական: Անշունչ մարմինը փոխադրուած է հիւանդանոց:
Ողբացեալ ընկերոջ հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն որոշումով ու ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին կարգադրութեամբ, մարմինը փոխադրուած է Պոսթըն:
Ամերիկահայ Կիլիկեան թեմի առաջնորդարանին որոշումով կատարուած է ազգային յուղարկաւորութիւն, հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր, կ. ե. ժամը 1:00-ին, Մեծն Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին մէջ:
Թաղման մանրամասնութիւնները կը պակսին:
Եդուարդ Պօյաճեանի Համար
Կիրակի, 27 նոյեմբերին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բանաստեղծ եւ գրագէտ Եդուարդ Պօյաճեանի մահուան քառասունքին առիթով:
Պէյրութէն Այնճար ժամանած էին Պօյաճեանի գրչակից եւ գաղափարակից շարք մը ընկերներն ու բարեկամները:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք ողբացեալ գրագէտին պարագաները, բարեկամները, «Յառաջ» քոլեճի շրջանաւարտներն ու աւարտական դասարանի աշակերտութիւնը, աւելի քան 80 հոգի, այցելեցին բանաստեղծին հողաթումբը: Տէր հօր արտասանած «Հոգւոց»-էն ետք խումբը ամբողջութեամբ ներկայ եղաւ Պօյաճեանի աշակերտ եւ գրչակից Պօղոս Սնապեանի տունը, ուր տրուեցաւ հոգեճաշ մը:
Հոգեճաշի ընթացքին քոլեճի աշակերտները քանի մը քերթուած արտասանեցին Պօյաճեանէն:
Այնուհետեւ, յաջորդաբար խօսք առին տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Հայկ Պալեան, Սարգիս Զէյթլեան եւ Պօղոս Սնապեան:
Յիշատակելի Օր Մը
Այնճարի Համար
Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 1966-ը յիշատակելի օր մը եղաւ Այնճարի հայութեան համար: Արդարեւ, նոյն օրը տեղի ունեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նուիրատուութեամբ իրականացած «Յառաջ» քոլեճի նորակառոյց դասարաններու բացումը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան 76-ամեակի փառահեղ տօնակատարութիւնը:
Ժամը 3:00-ին լիբանանահայ թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի գլխաւորութեամբ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանի յանձնախումբի անդամներ, «Յառաջ» քոլեճի խնամակալութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Այնճարի պաշտօնական մարմիններ, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութիւն, ուղղուեցան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան բարերարութեամբ կառուցուած նորակառոյց շէնքը:
Բացման աւանդական ժապաւէնը կտրեց «Կիւլպէնկեան» յանձնախումբի անդամներէն տոքթ. Բաբգէն Մկրտիչեան:
Այցելուները շրջեցան նորակառոյց դասարանները եւ հիացումով արտայայտուեցան եղած աշխատանքին մասին: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: «Յառաջ» քոլեճի տնօրէն Յովհաննէս Գարագաշեան գեղեցիկ ուղերձով մը շնորհակալութիւն յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան: Ան դրուատեց հիմնարկութեան ազգասիրական եւ մարդասիրական բարձր առաքինութիւններն ու վսեմ առաքելութիւնը: Աշակերտութեան կողմէ Շուշան Փանոսեան կարդաց ուղերձ մը` արտայայտելով «Յառաջ» քոլեճի աշակերտութեան երախտագիտական ամենախոր զգացումները «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հանդէպ: Խօսուեցան բաժակաճառեր եւ եղան մաղթանքներ «Յառաջ» քոլեճի առաքելութեան եւ յաջողութեան համար: Այս առթիւ նորակառոյց շէնքին երկրաչափը` ազգային երեսփոխան Գէորգ Էմմիեան ներկայացուց քոլեճին ամբողջական ծրագիրը վեց դասարաններով եւ իր յարակից մասերով, եւ նկատելով, որ քոլեճին կէսը արդէն իսկ շինուած էր, առաջնորդ սրբազան հօր, «Յառաջ» քոլեճի եւ Այնճարի պաշտօնական մարմիններուն կողմէ խնդրանք ներկայացուեցաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանի յանձնախումբին, որ ամբողջացնէ քոլեճին շինութեան ծրագիրը: Յոյսով ենք, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կ՛օժտէ Մուսա Լերան ժողովուրդը արդիական քոլեճով մը:
Նոյն առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ բացումը տէր եւ տիկին Մովսէս Մախուլեաններու բարերարութեամբ կառուցուած նախակրթարանի երկու դասարաններուն:
* * *
Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 76-ամեակի խանդավառ տօնակատարութիւնը «Տիգրանեան» սրահին մէջ: Այս առթիւ կազմակերպուած էր նաեւ խրախճանք: «Տիգրանեան» սրահը լեցուած էր երկսեռ հասարակութեամբ մը: Օրուան բանախօսն էր Սարգիս Զէյթլեան, որ խօսեցաւ ազգայնաշունչ ճառ մը` վեր առնելով 76-ամեակի խորհուրդը: Խրախճանքին թամատայութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Պօղոս Սնապեան, որ իր ստեղծած խանդավառութեամբ մթնոլորտը տաք պահեց ամբողջ հանդէսի ընթացքին: Խրախճանքին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մեր մէջ հիւրաբար գտնուող արուեստագէտները բեմ եկան երգով եւ մանրավէպեր պատմելով: Կուսակցական վարակիչ երգերու հետ եղան նաեւ մեներգներ, զուգերգ եւ արտասանութիւն:
Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` «Յառաջ» քոլեճին, որմէ գոյացաւ 4000 լ. ոսկի:
Խրախճանքը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 4:30, որ պսակուեցաւ աւանդական թմբուկ-զուռնայով:
Խորէն Ա. Կաթողիկոսի
Ծննդեան Տարեդարձը
Հիմնարկէքի Օրհնութիւն Նոր Վեհարանի
Հինգշաբթի, 24 նոյեմբերին, կաթողիկոսարանի մէջ տօնախմբուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ծննդեան 52-րդ տարեդարձը:
Վեհափառ հայրապետը մայր տաճարին մէջ զգեստաւորուելէ ետք, շարականներու երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ կառուցուելիք վեհարանին հիմերուն մօտիկ, ուր տեղի ունեցաւ օրհնութեան կարճ արարողութիւն մը:
Զենուեցան երկու ոչխարներ, որոնց արիւնը խառնուեցաւ շաղախին հետ: Ապա հիմերուն մէջ դրուեցաւ յատկապէս պատրաստուած արկղիկ մը, ուր զետեղուած էին նշխար մը, հայաստանեան գինի, Զուարթնոցի աւերակներէն եւ Զարեհ Ա.ի յուշարձան-դամբարանէն պտղունց մը հող, կիլիկեան եւ լիբանանեան մետաղեայ դրամներ, արծաթեայ տուփ մը Անիի աւերակներու եւ Մայր Հայաստանի դրուագներով եւ երկաթագիր արձանագրութիւն մը` «Եդան հիմունս նորոյ վեհարանիս կաթողիկոսարանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ յԱնթիլիաս, ի քսան եւ չորրորդ աւուր ամսեանն նոյեմբերի ի թուին հայոց ՌՆԺԵ եւ յամի Տեառն 1966:
Ի հայրապետութեան Տ.Տ. Խորենայ Ա. կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ արդեամբք եւ ծախիւք բարեհամբաւ ամոլին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեանց:
«Օրհնեսցէ Տէր զհիմունս եւ պայծառասցուսցէ զԱթոռն Կիլիկեան եւ առաջնորդեսցէ զհօտ նորա ի յոյսն փրկութեան ազգիս մերոյ թորգոմական»:
Ապա, յանկարծական բխումով երգուեցաւ «Կիլիկիա»-ն, որ յուզեց բոլոր ներկաները:
Հիմնարկէքի արարողութենէն ետք վեհափառ հայրապետը նոյն թափօրով առաջնորդուեցաւ վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ վանական կոկիկ հանդէս մը:
Դպրեվանքի ուսանողութեան կողմէ կարդացուեցաւ ուղերձ մը: Միաբանութեան կողմէ Տաճատ արքեպիսկոպոս շնորհաւորական սրտալից մաղթանքներ ըրաւ:
Երգուեցան «Թագաւոր փառաց» շարականը եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը:
Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ օրհնեց բոլոր ներկաները: