Հայաստանի Սունդուկեանի Անուան
Պետական Թատրոնի Ելոյթները
Արտասանական Երեկոյ
Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Գ. Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թէքէեան մշակութային միութեան եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան կազմակերպած արտասանական երեկոն, մասնակցութեամբ Սունդուկեանի անուան թատրոնի դերակատարներուն:
Մօտ երեք ժամ վայելքի երեկոյ մը եղաւ արտասանական երեկոն, ուր Սունդուկեանի դերակատարները առիթը ունեցան երեւան գալու այնպիսի կտորներով, որոնք աւելի ճշգրտօրէն կը յայտնաբերէին իրենց արուեստագէտի կարողութիւնները, քան թատերական ներկայացումներու ընթացքին իրենց տրամադրուած դերերէն ոմանք:
Երեկոն վարեց Թաթուլ Տիլաքեան` շնորհալի, սրամիտ ղեկավարութեամբ մը, ինքնին ուշագրաւ, անկախաբար իր կատարած արտասանութիւններէն, որոնք նոյնպէս ծափեր խլեցին ներկաներէն:
Առաջինը արուեստագէտներէն` որ ներկայացաւ հասարակութեան, Աւետ Աւետեանը եղաւ, Խորհրդային հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ եւ պետական մրցանակի դափնեկիր: Անոնք, որոնք տեսած են Պէպոյի ֆիլմը, չեն կրնար չյիշել զինք, անմահ Սունդուկեանի աղա Արութինի դերին մէջ: Եւ անոնք, որոնք կրցան հետեւիլ: Սունդուկեանի քիչ մը բարբառային գրականութեան արտայայտութեանց, եւ հասկնալ իմաստը, անխառն վայելքը ունեցան դիտելով եւ ունկնդրելով Աւետ Աւետեանը Խաթապալայի Զամպախովի մենախօսութեան մէջ` ամբողջովին վերացած, փոխակերպուած, դարձած հարազատ տիպարը, որուն մենախօսութիւնը վէպ մըն է ամբողջ, սրտէ մեկնող ու սրտերուն գացող խօսք: Ծափերու տարափին տակ, որ անպակաս եղաւ ամբողջ երեկոյի ընթացքին, Ա. Աւետեան, ընկերակցութեամբ Թաթուլ Տիլաքեանի, տուաւ հատուած մը «Քանդուած օճախ»-էն, նոյն բնականութեամբ եւ ուսումնասիրուած խաղարկութեամբ:
Վարդուհի Վարդերեսեան երկու կտոր արտասանեց, Սիամանթոյէն` «Յոյսիս համար» եւ Պետրոս Դուրեանի «Լճակը»: Կ՛անտեսենք տառերու հնչման եղանակի հարցը: Եթէ արեւմտահայեր փորձեն արտասանել արեւելահայ հեղինակներու կտորներ, նոյն անպատեհութեան առջեւ պիտի գտնուին: Ըսենք իսկոյն, թէ խորունկ ըմբռնումն ու ապրումը որ յայտնաբերեց Վ. Վարդերեսեան, «Լճակ»-ին մէջ, ամբողջովին մոռցնել տուին շեշտի հարցը:
Երեկոն ղեկավարողը, ինքզինք ներկայացնելով, կատարեց նաեւ իր արտասանողի պարտականութիւնը, հրամցնելով հասարակութեան Յովհաննէս Շիրազի «Մարդկանց անունները»: Հետագային, երկրորդ բաժինին մէջ, կրկին արտասանեց, կրկին անուններու մասին, այս անգամ Սուրէն Վահունիի «Ծիծաղել միայն բաւական չէ» վերնագրով կտորը: Թ. Տիլաքեան իրեն յատուկ ջերմութիւն մը կը փոխանցէ սրահին` արտասանած ատեն, մանաւանդ սրամիտ կտորներուն մէջ:
Հայ բեմի մեծանուն դերասան Վ. Փափազեան բեմ բարձրանալով , յաջորդաբար հատուածներ ներկայացուց Լերմոնդովէն, Շէյքսփիրի «Մաքպեթ»-էն եւ «Օթելլոյ»-էն (Օթելլոյի բացատրութիւնները Վենետիկի մեծամեծներուն, թէ ինչպէս սիրահարուեցաւ ինք Տեզտեմոնային, թէ ինչպէ՞ս ան ընդունեց զինք որպէս ամուսին): Մաքպեթի տեսարաններուն խաղարկութիւնը շէյքսփիրեան ամէնէն հարազատ թատրոններուն համար իսկ պիտի ըլլար հոյակապ խաղարկութիւն մը: Չենք տեսած զինք շէյքսփիրեան թատերակներու ամբողջական ներկայացումներուն մէջ, եւ բախտաւոր կը համարենք անոնք, որոնք տեսած են, որովհետեւ վայելք մըն էր զինք դիտելը, եւ լսելը` «Մաքպեթ»-ի այդ փոքր հատուածին մէջ անգամ:
Մետաքսիա Սիմոնեան, Վ. Փափազեանէն անմիջապէս ետք բեմ գալով, յաջորդաբար արտասանեց Ս. Կապուտիկեանի «Լինել թէ չլինել»-ը, Յ. Շիրազի «Ուղերձ իմ իղձերին»-ը եւ Վահան Թէքէեանի «Աղօթք վաղուան սեմին»-ը: Այս արտասանութիւններով, եկաւ հաստատելու այն ինչ, որ «Արա գեղեցիկ»-ի մէջ Նուարդի դերով արդէն իսկ երեւան կու գար խորունկ ըմբռնողութիւն մը (մասնաւորաբար Թէքէեանի դժուարին այդ կտորին մէջ, որ հոգիները խռովող ապրումով տուաւ Մ. Սիմոնեան) միացած` առանց չափազանցութիւններու, սքանչելի բնականութեամբ մը արտայայտելու կարողութեան եւ ձայնական ջերմութեան: Պիտի ուզէինք զինք տեսնել Լ. Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին»-ի Աննա իշխանուհիի դերին մէջ, ուր վստահօրէն պիտի արժէքաւորուէին մեծ դերասանուհիի մը իրական կարողութիւնները:
Երիտասարդ, խանդավառ, արդիական, Վալոտիա Ապաճեանը ներկայացուցինք այս բառերով (Վլատիմիր Ապաճեան յայտագրին մէջ) Համօ Սահեանէն արտասանեց կտոր մը, որ ամբողջութեամբ չէր տար Հ. Սահեանի արուեստի ու ապրումի նրբութիւնները: Ապա, Աւետիք Իսահակեանէն «Սիրուն մանկիկ»-ը Պ. Սեւակէն «Մենք մեզ ոչ ոքից չենք գերադասում». Սիլվա Կապուտիկեանէն` քնարական կտոր մը: Իր բոլոր արտասանութեանց մէջ, Վ. Ապաճեան բերաւ յատուկ ճիգ մը միօրինակ արտասանութեան դասականացած ձեւերէն դուրս գալու, մտցնելու շարժումներու, խաղարկութեան նորութիւններ, նախադասութեանց կտրատման, կամ կշռոյթի փոփոխութեան նորութիւններ, ոմանք յաջող, ոմանք ոչ: Սակայն ձայնական թաւ ալիքներուն ընկերացող հաստատ փափաքը` ապրումը տալու, վարակիչ կը դարձնէին մինչեւ անգամ կտորին հետ հարազատ չեղող արագութիւններ կամ մարմնական շարժումներ:
Հայկական խորհրդային ժողովրդական արուեստագէտ Գեղամ Յարութիւնեան, Դերենիկ Տեմիրճեանի «Վարդանանք»-ի Վարդան Զօրավարի դերակատարը, իր դերէն` Վարդանի ճառը արտասանեց: Հայրենասիրական ճառ մը` ուղղուած իր զօրականներուն: Իր դերասանական կարողութեանց շնորհիւ ճառը կրցաւ վերածել արտասանութեան:
Շիրվանզադէի «Նամուս»-էն փոքր տեսարան մը, խաղարկութեամբ Մ. Սիմոնեանի եւ Վ. Ապաճեանի, ապա Բ. Ներսէսեանի արտասանութիւնները` Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ»-ը եւ Ս. Կապուտիկեանի «Երեւանի հին պանթէոնում»-ը կը մօտեցնէին յայտագիրը իր վերջաւորութեան, երբ ժողովրդական ծափերուն գոհացում տալու համար, Բ. Ներսէսեան արտասանեց Սայաթ Նովայէն ու եղաւ յայտնութիւն մը մեզի համար, մենք որ զինք տեսած չէինք համանուն ֆիլմին մէջ: Սայաթ Նովան չափէն աւելի դժուար արտասանելի բանաստեղծ մըն է, իր լեզուին իսկ պատճառով, որ խառն է, եւ ոչ դիւրահասկնալի. պրն. Բ. Ներսէսեան կրցաւ, իր ապրումին շնորհիւ, փոխանցել Սայաթ Նովան սրահ, մինչեւ անգամ անոնց, որոնք բնաւ վարժ չէին մեծանուն աշուղի բանաստեղծութիւններուն:
Յայտագրի վերջին կտորն էր Սասունցի Դաւիթէն հատուած մը, եւ կատարողը` իսկապէս արժէքաւոր ասմունքող (այս պարագային բառը յարմար է իրեն) Ժան Էլոյեան: Արուեստագէտ արտասանող մըն է Ժ. Էլոյեան, որ Սասունցի Դաւիթին հետ եղաւ միամիտ, համեստ, եւ նաեւ` ազնուական, հպարտ ու քաջ. եղաւ հետեւակ, եղաւ ձիաւոր, գուրգուրոտ եղբայր, հայոց լեռներու գիւղացի զաւակ, որ ոչ ոքի ճակատագրին հետ խաղալու տրամադրութիւն չունի, միայն թէ զինք թողուն ազատ, իր քար ու ժայռ լեռներուն մէջ, իր ժողովուրդին հետ, իր պապենական սրբութեանց հետ: Ո՛չ միայն ապրումները տրուեցան խորունկէն եկող յուզումներով, այլ նաեւ բարբառը, շեշտը պահուեցաւ հարազատ, խաղարկութիւնը եղաւ ամբողջական, ու սրահը թնդաց երկարատեւ ծափերով, որոնք դափնիները եղան այս ժողովրդական մեծ դերասանին համար, ժողովրդական դափնիներ:
Սրամիտ պատմութեան մը դարձեալ կատարեալ դերասանութեամբ պատումէն ետք, Ժ. Էլոյեան արտասանեց Գ. Էմինի «Սասնայ պար» կտորը, գագաթնակէտին առաջնորդելով թէ՛ իր արտայայտութեան հարազատ արուեստը, եւ թէ ժողովուրդի ապրումները, որոնք արտայայտուեցան երկար, երկար ծափահարութեամբ, որ ալիք-ալիք լեցուց բեմը, եւ շարունակուեցաւ ամբողջ խումբին վրայ, բոլոր դերակատարներուն համար, որոնք բեմ եկան` ներկաներու զգացումներուն արտայայտութիւնը եղող ծափերու տարափին տակ:
Դժուարութեամբ, դժուարութեամբ բաժնուեցաւ ժողովուրդը սրահէն, ուր ամբողջ երկուքուկէս ժամ ապրում, զգացում, հայկականութիւն եւ արուեստ` արտասանութեան ու խաղարկութեան, միախառնուած իրարու, վերացուցած էին ներկաները ամբողջութեամբ:
Կը շնորհաւորենք բոլորը անխտիր:
Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ
