Խմբագրական
Ազատախռով Ոգին
Պատմութեան մշուշներուն մէջ կորսուած առաջին օրերէն սկսեալ, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր, հայ ժողովուրդի ազատախռով ոգին թափ ու մղում տուած է շարունակ մեր վերասլաց թռիչքներուն, եղած է միշտ մեզի հետ` անմահութեան ճամբաներու մեր խրոխտ երթին մէջ, մեր անհաւատալի նուաճումներուն մէջ, շքեղ յաղթանակներուն մէջ, դաժան պարտութիւններուն մէջ:
Եղած է ան, տակաւին, կեանքի ու մահուան մեր կռիւներուն մէջ, մահը արհամարհող կտրիճներու սէգ նայուածքին մէջ, եւ` այն բոլոր հերոսական դրուագներուն, որոնք հրաշավէպի մը վերածած են մեր պատմութիւնը, անպատում հերոսամարտի մը, մեր գոյութիւնը վկայելու անտեղիտալի կամքի մը, մեր անհատականութիւնը հաստատելու հզօր ուժի մը:
Տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր պայմաններու ներքեւ, այլազան ու այլացեղ թշնամիներու դիմաց միշտ նոր եւ ինքնաբուխ եղած է դրսեւորումը այդ ոգիին, մեր արեան ու ջիղերուն մաս կազմող այդ ուժին, տարերային այն թափին, որուն կը պարտինք մեր այսօրը, մեր ցեղային առուգութիւնը, մեր յաւիտենական երիտասարդութիւնը, նոր զոհողութիւններու եւ նոր պայքարներու մեր պատրաստակամութիւնը:
Մեր անմահութի՛ւնը:
Յանուն ազատութեան` լայնալիճ աղեղէ մը արձակուած հայկեան նետ եղած է այդ ոգին:
Եղած է Արայի մերժում, Արտաւազդի ըմբոստութիւն, Մեսրոպի տեսիլք, սեփական այբուբեն. եղած է Աւարայր, պարտութեան մէջ` շքեղ յաղթանակ, հոգեկան անկախութիւնը պահելու անզուսպ պոռթկում:
Ու տակաւին, Սասունցի Դաւիթ, հայոց լեռներուն վրայէն բարկացած աստուածներու պէս անցնող ֆետայի, ազատութեան երգը շեփորող քերթողներու անհամար հոյլ:
Եւ վերջապէս, դարերու երկունքէն ծնած, ստրկութեան դէմ ծառացող նոր Սասունցի Դաւիթը մեր նորագոյն պատմութեան:
Դաշնակցութիւն, դաշնակցական հայդուկ, դաշնակցական մարտիկ, դաշնակցական բանակ: Դարերու մութին վերեւ ծիածանուող ազատութեան դրօշակ, մահ կամ ազատութեան գերագոյն երկընտրանք եւ վճիռ:
Ու ահա, եօթանասունեւվեց տարեկան` հայոց պատմութեան նոր Սասունցի Դաւիթը, ազատութեան ջահակիրը, տաք ու պաղ օրեր տեսած մեր հայածին կազմակերպութիւնը, յաղթահասակ, Հայկի նման կանգնած բոլոր Բելերուն դիմաց, կորովաբիբ հայեացքով, անձնուրաց նուիրումի սրբազան պատարագին մէջ, հայ ժողովուրդի ազատութեան զոհասեղանին առջեւ միշտ պատրաստ տալու պատմութեան հարկը, ազատախռով նոյն ոգիով, որ ժառանգած է իր ժողովուրդէն, անոր գոյութեան գաղտնիքէն:
Անդրադարձի ու սրբազան ուխտի վերանորոգման օրն է այսօր: Մեր ծանօթ ու անծանօթ, մեր անուանի եւ անանուն նահատակներուն, դիւցազնատիպ հսկաներուն եւ խոնարհ հերոսներուն ոգեկոչման ընդմիջէն, դաշնակցական մարդը, դաշնակցական երիտասարդը, դաշնակցական պատանին նոր խոյանքներու ի խնդիր ջլապնդող ներշնչումի, առինքնող հաղորդումի պահն է դարձեալ:
Այդ ներշնչումէն կը ստանանք մեր պատգամը, այդ հաղորդումէն կը փոխանցուի մեզի մեր առաքելութիւնը:
Ու այդ պատգամը կ՛ըսէ.
Հայ կեանքը այսօր կը ճանչնայ մէկ չափանիշ: Իւրաքանչիւր հայու հայութիւնը չափելու մէկ միջոց կայ: Հայ մարդը կա՛մ մեզի հետ է, կը ձգտի իր հայրենիքի ազատութեան եւ անոր անկախ պետականութեան, կա՛մ մեզի դէմ` ամէն գոյնի բռնակալներու հետ: Երկընտրանք չկայ: Երկու ճամբայ չկայ: Մեր ճակատագիրը այս պարտադրանքը դրած է մեր վրայ, ու մենք կը խոնարհինք անոր առջեւ:
Հայրենիքը մեզի համար սերտօրէն կապուած կը մնայ անկախութեան եւ ազատութեան գաղափարին: Հայրենիքը հայ անկախ պետականութեամբ միայն ըմբռնելի է:
Հայը, ՀՅ Դաշնակցութեան կերտած հայը, երբ առիթը ներկայացաւ, ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կրնայ շահիլ իր պետական անկախութիւնը եւ պահպանել զայն:
Այսօր Դաշնակցութիւնը անհուն գոհունակութեամբ կը հաստատէ ընդհանրացումը իր գաղափարներուն, սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, ուր մեր ստեղծագործ ժողովուրդը վաղուան իր յոյսերուն միակ ապաւէնը կը դաւանի մեր կազմակերպութիւնը, իր մէջ անշէջ պահուած կրակին հարազատ արտայայտիչը, ազատ ու անկախ ապագայի մը անվրէպ կռանողը:
Եօթանասունեւվեց տարիներ առաջ Դաշնակցութիւնը վճռած էր ազատութեան շնորհաբեր լոյսով ողողել Հայաստան աշխարհը: Այսօր աւելի քան երբեք վճռական է այդ նպատակին իրագործման մէջ:
Անթիւ ու անհամար մեր նահատակներուն արիւնագիր մուրհակով կը ներկայանանք պատմութեան ու աշխարհին, անտեղիտալիօրէն պահանջկոտ, ինքնավստահ եւ արի:
Ու կը հաւատանք: Կը հաւատանք ժողովուրդները կանգուն պահող անիմանալի ուժին ամբողջ զօրութեամբ, մեր փառապանծ անցեալին վկայութեամբ եւ ներկայի մեր կուռ շարքերով:
Պիտի գայ օրը ու պիտի վճարուի գինը թափուած անհաշիւ արիւններուն:
Ճակատագրին դէմ ու մարդոց` ահա՛ մեր կոչը, որ այսօր կ՛արձագանգէ գաղթաշխարհի մէկ ծագէն միւսը ու կը հասնի հոն, ուր ազատատենչ ժողովուրդ մը իր Մեծ Երազին կարօտով կը տոչորի: