ՀՅԴ Լիբանանի Պատանիներու
Փառահեղ Մարզական Օրը
ՀՅԴ Հրուանդանի Պատանեկան կեդրոնական մարմինը, միջպատանեկան մարզական մրցումներ կազմակերպելով, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր բոլոր շրջաններու մարզիկ պատանիներ հաւաքելու Հայաշէնի «Մուրատ» պատանեկան միութեան ակումբը:
Արդարեւ, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 1966-ը տօնական օր մը եղաւ մրցաշարքերուն մասնակցող պատանիներուն համար, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ամբողջ օր մը ապրեցան` կուսակցական դաստիարակիչ ոգիով:
Ամբողջ թաղը կը ցնծար, խանդավառութեան ալիքը կը բարձրանար, երբ հետզհետէ շրջաններէն խումբ առ խումբ կու գային պատանիները:
Ժամը 8:30-ին արդէն հարիւրաւոր պատանիներու եւ հանդիսատես ժողովուրդի ներկայութեան կը սկսէր վազքի մրցումը:
Հակառակ աննպաստ օդին` մրցումին մասնակցող պատանիները, բարձր տրամադրութեամբ, տրուած ազդանշանին վրայ եւ ընդհանուր ծափերու մէջ խոյացան առաջ, լաւագոյն արդիւնքին հասնելու վճռակամութեամբ:
Այնուհետեւ, շնորհիւ անթերի կարգապահութեան, ներկաները տեղ գրաւեցին «Թորգոմեան» ազգային վարժարանի սրահին մէջ, ուր մինչեւ ժամը մէկ տեղի ունեցան փինկ-փոնկի մրցումները:
Դժուարին յաղթանակներ տարուեցան: Որովհետեւ իւրաքանչիւր մրցող պատանի իր լաւագոյն խաղը կը գործադրէր: Շատ հետաքրքրական եղաւ մանաւանդ «Մուրատ» եւ «Զաւարեան» պատանեկան միութեանց ներկայացուցիչներուն աւարտական մրցումը: Բոլոր մրցողները արժանացան բուռն ծափերու եւ գնահատանքի:
Մրցաշարքի աւարտին, «Մուրատ» պատանեկան միութեան վարիչը պատանիները հրաւիրեց հաւաքական ճաշի:
Ամենագեղեցիկ տեսարանն էր, որ պարզուեցաւ: Իւրաքանչիւր պատանեկան միութեան պատկանող պատանիներ, իրենց վարիչով բոլորուեցան «Ռոստոմ» կոմիտէութեան ակումբի սրահին մէջ զետեղուած սեղաններու շուրջ:
Պատանիներ, եկած` Պէյրութի բոլոր շրջաններէն, մինչեւ Այնճարէն ու Թրիփոլիէն, կը ծանօթանային իրարու, կը հետաքրքրուէին իրարմով: Շատ չանցած` ստեղծուած էր արդէն ընկերային ջերմ մթնոլորտ: Եւ ահա, յանկարծ, ինքնաբուխ, բոլորը ոտքի ելան եւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ով բացին դաշնակցական պատանիներու հաւաքական ճաշկերոյթը:
Յուզուած էին բոլոր վարիչները: Յուզուած էր յատկապէս պատանեկան միութեանց Ընդհ. վարիչ Արմէն Տօնոյեանը, որ խօսք առնելով` յայտնեց իր գոհունակութիւնը ստեղծուած գեղեցիկ մթնոլորտին համար: «Սիրելի՛ ընկերներ,- ըսաւ վարիչը,- ասիկա առիթ մը եղաւ, որ մենք տարուան մը լարուած աշխատանքէն ետք իրարու քով գանք, ճանչնանք զիրար, ուրախանանք իրարմով եւ կրկին ու կրկին ուխտենք, մեր դաշնակցականի գիտակցութեամբ, ու ոգիով, ամուր փարելու մեր պատանեկան միութիւններուն եւ մեր զօրութեամբ զօրացնելու ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն ապագան մենք ենք»:
Ապա Ա. Տօնոյեան Կեդրոնական վարիչ մարմինի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատանիներուն, յատկապէս` հիւրընկալ «Ռոստոմ» կոմիտէին եւ «Մուրատ» պատանեկան միութեան եւ առաջարկեց խմել ՀՅ Դաշնակցութեան հասնող սերունդներուն կենացը:
Մարզական այս գեղեցիկ օրը իսկապէս եղաւ լաւագոյն փաստը` ձեռք բերուած այն նուաճումներուն, որոնք արդիւնքն էին Հրուանդանի բոլոր պատանեկան միութիւններու տարուան մը լուռ ու մունջ սքանչելի աշխատանքին:
Ճաշկերոյթէն ետք տեղի ունեցան նշանառութեան մրցումները:
Երեկոն արդէն կը մթննար: Տեղատարափ անձրեւը ողողած էր պասքեթպոլի դաշտը: Հակառակ այս բոլորին` պատանիները չէին ուզեր դուրս գալ ակումբէն: Կարելի չէր սակայն սկսիլ պասքեթպոլի մրցումներուն: Որոշուեցաւ յետաձգել յաջորդ կիրակիի: Կատարեալ կարգապահութեամբ եւ լաւագոյն տրամադրութիւններով անոնք մեկնեցան իրենց շրջանները:
Մրցումներուն Արդիւնքները
Վազք.- Առաջնութիւնը շահեցաւ «Ազատամարտ» պատանեկան միութենէն` Մ. Բախտիկեան: Երկրորդ հանդիսացաւ «Յառաջ»-էն` Յովհ. Աբրահամեան, երրորդ` «Ազատամարտ»-էն Կ. Սթամպուլեան, չորրորդ եւ հինգերորդ` «Մուրատ»-էն Յ. Միհրանեան եւ Ս. Բալուլեան:
Փինկ-փոնկ.- Առաջնութիւնը շահեցաւ «Մուրատ»-էն` Սեպուհ Գարաքելեան: Իր տարած չորս յաղթանակներուն համար բացառիկ մրցանակի արժանացաւ «Զաւարեան»-էն` Պետրոս Գազանճեան:
Նշանառութիւն.- Կէտերու առաւելութեամբ առաջնութիւնը շահեցաւ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութիւնը: