Համաստեղի Թաղումը
Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-էն կը տեղեկանանք, որ հայրենաշունչ գրագէտ Համաստեղի ազգային յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է հինգշաբթի, դեկտեմբեր 1-ին, Մեծն Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ:
Թաղման արարողութիւնը կատարուած է նախագահութեամբ Ամերիկայի եւ Քանատայի Կիլիկեան թեմի առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեանի` շրջապատուած քահանայից դասով:
Սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը լեցուցած է եկեղեցին, ուր առաջնորդուած է դագաղը` ՀՅ Դաշնակցութեան, «Հայրենիք»-ներու խմբագրութեան եւ վարչութեան, ՀՕ Միութեան ողբացեալ գրագէտին յոբելենական կեդր. յանձնախումբին, Փերչենճի հայրենակցականին եւ այլ ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ:
Արարողութիւններէն ետք, առաջնորդ սրբազանը նախ ցաւակցութիւն յայտնած է` յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին եւ Կեդր. վարչութեան, ապա խօսած է դամբանական մը` Ս. Գրքին սերմնացանին առակով:
Յուղարկաւորներուն թափօրը, բազմաթիւ ինքնաշարժներով գացած է Պրայթընի գերեզմանատունը, ուր հողին յանձնուած է Համաստեղի աճիւնը:
Սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը շրջապատած է դագաղը գերեզմանատան մէջ, ուր կրօնական վերջին արարողութենէն ետք դամբանական խօսած են` գրագէտ Արամ Հայկազ` Համաստեղի յոբելենական կեդր. յանձնախումբին կողմէ, Բիւզանդ Կռանեան` յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէին, Եդուարդ Սահակեան` ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէին, «Հայրենիք»-ներու խմբագրութեան եւ ՀՕ Միութեան եւ Ասատուր Կիրակոսեան` յանուն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչին:
Այնուհետեւ սգակիրները մէկական ծաղիկ ձգած են Համաստեղի դագաղին վրայ եւ հեռացած` խոր տրտմութեամբ:
Պատկեր
Գիւղին Մահը
Ակոն շերեփը լեցուց օղիով ու կլլեց, անյագ: Չալոն կաղկանձեց երկար: Միջոն, ջղագրգիռ, քար նետեց կովուն ու ծիծեռնակին: Նապաստակը վախցաւ, նետեց ստեպղինը ու պահուըտեցաւ թուփերուն տակ:
Երկինքը արցունք թափեց, Տափան Մարգար տեղէն չշարժեցաւ:
Այծը կոտոշը խրեց կեանքի գրքին, զայն բզկտեց:
Սպիտակ ձին, սեւեր հագած, հետեւեցաւ տիրոջ դագաղին:
Աղօթամատեան մը դրին Համաստեղի գլխուն տակ, որ դրախտ մտնէ:
Կար Ամուն կրկնեց, իր հարցումը` «իրա՞ւ, ա՛լ Հայաստան, մեր երկիրը պիտի չտեսնե՞մ»: Երբ ժխտական պատասխան ստացաւ, տրտմեցաւ աւելի:
Երկու չոպան փլատակներու խորերէն ձայն տուին իրարու, ու արձագանգը աշխարհ լեցուց.-
– Հօ, հօ Յարօ, հօ, հօ, Կարօ…
Համաստեղի զանգը կափկափեց, արցունքի տեղ հող իջաւ աչքի խոռոչներէն:
Հայաստան քիչ մը եւս պարարտացաւ:
Ու վարագոյրը քարացաւ հայ գիւղի համայնապատկերին վրայ:
Ե. ԵՐԿԱԹ
ՀՄԸՄ-ի «Անկախութեան»
Բաժակը
ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած պասքեթպոլի «Անկախութեան մրցաշարք»-ը պսակուեցաւ Էօ.Էն.Պէ.ի վերջնական յաղթանակով: Շաբաթ իրիկուն տեղի ունեցան վերջին մրցումները, ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Փիեռ Ժեմայելի, պետական հայ երեսփոխաններուն եւ խուռներամ բազմութեան մը:
Նախ մրցեցան ՀՄԸՄ եւ Անդրանիկ, ապա` Էօ.Էն.Պէ. եւ Քլիւպ Սփորթիւ: Էօ.Էն.Պէ. արձանագրած ըլլալով երեք յաղթանակ առանց պարտութեան` ստացաւ ախոյեանութեան բաժակը: Քլիւպ Սփորթիւ երկու յաղթանակ եւ մէկ պարտութիւն արձանագրած ըլլալով` հանդիսացաւ երկրորդ: Երրորդ հանդիսացաւ Անդրանիկ` 1 յաղթանակ երկու պարտութիւն:
ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբը ընտրեց մրցաշարքի լաւագոյն խաղացողը` Էօ.Էն.Պէ.ի եւ ազգային խումբի խմբապետ Եապրուտին, որուն յանձնուեցաւ համապատասխան բաժակը:
Փիեռ Ժեմայել յանձնելէ ետք բաժակները, բարձրացաւ սրահ, ուր ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը պատշաճօրէն հիւրասիրեց նախարարը, որ մեկնեցաւ գոհ տրամադրութեամբ:
Ակնարկ
Ետ Կ՛երթանք
Մինչեւ այս տողերուն հրատարակութիւնը, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ հաւանաբար կազմած ըլլայ իր դահլիճը, 14, 16 կամ 18 հոգիով: Կարեւորը այդ չէ:
Կարեւորը, իւրաքանչիւր լիբանանցի գիտէ, կառավարութիւն մը ունենալն է, բառին բովանդակ առումով, եւ ոչ թէ բոլոր ախորժակներուն եւ փափաքներուն գոհացում տուող հաւաքականութիւն մը, որ ինքն իր մէջ պիտի կրէ իր պառակտումին սերմերը` կազմութեան առաջին օրէն սկսեալ:
Մինչեւ հիմա այսպէս եղաւ, ամէն անգամ որ հակամարտ տարրեր, բոլորին գոհացում տալու մտածողութեամբ, դահլիճէն ներս առնուեցան եւ իրենց ամուլ վէճերով, քառակուսի անիւի վերածեցին վարչական մեքենան:
Եաֆիի դահլիճը ուրախալի ժառանգութիւն մը չթողուց իր յաջորդին: Անշուշտ յանցանքը իրը չէր, երբ իրար ետեւէ եւ մէկը միւսէն ծանր տագնապներ ցնցեցին երկիրը ու տակաւին կը մնան անլոյծ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններէն դուրս գալու մեր համբաւին:
Ժամանակը եկած է, կը կարծենք, արմատական փոփոխութիւններու ենթարկելու կառավարական մեթոտները: Դահլիճ մը կը կազմուի կառավարելու համար եւ ոչ թէ ասոր կամ անոր գոհացում տալու, ինչպէս պատահած է ցարդ:
Վերջին տարիներուն, այնքան շունչ սպառեցաւ վարչական բարեկարգութեան համար: Անշուշտ գործը կէս ճամբան մնաց, բայց բաւական բան փոխուեցաւ: Անխախտ մնացին կառավարական մեթոտները, որոնք այլեւս մեր ժամանակներուն չեն պատշաճիր, մանաւանդ վայել չեն երկրի մը, որ այլ մարզերու մէջ, անառարկելիօրէն բռնած է վերելքի ճամբան:
Փորձը ցոյց տուաւ, թէ հին մտածողութիւններով նորութիւն մտցնելը սին պատրանք է: Այս ճշմարտութիւնը ըմբռնող անձերը չեն պակսիր ցանկին մէջ այն անձնաւորութիւններուն, որոնց մասին կը խօսուի իբրեւ նախարարութեան թեկնածու: Կարեւորը սակայն այդ ճշմարտութեան գործնականացումն է, առօրեայի մէջ կիրարկումը:
Այլապէս տարին անգամ մը դահլիճ փոխելով եւ նոր գլուխներ պարտադրելով, տեղ մը հասած չենք ըլլար:
Ետ կ՛երթանք:
X