Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1966)

Դեկտեմբեր 30, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատա

 Նոր Եկեղեցի Եւ Հայ Կեդրոն
Մոնրէալի Մէջ

Նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոսին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փաստրմաճեանի, 18 դեկտեմբերի կիրակին Մոնրէալի «Քուին Էլիզապէթ» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցած է հանգանակային տպաւորիչ ու խանդավառ ճաշկերոյթ-հանդէս մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են պետական անձնաւորութիւններ, հայ եւ օտար ծանօթ դէմքեր ու Մոնրէալի հայութիւնը, իր բոլոր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներով, աւելի քան 300 հոգի:

Հանգանակութեան խոստումները հասած են 100 հազար տոլարի: Այս գումարէն զատ, ՀՕ Միութիւնը խոստացած է տեղւոյն դպրոցի շինութեան նպատակին յատկացնել 10 հազար տոլար:

Արդարեւ, Մոնրէալի հայ գաղութը լծուած է ներդաշնակ ու եռուն աշխատանքի, շուտով իրականացնելու համար, արդէն իսկ գնուած հողին վրայ եկեղեցիի ու հայ կեդրոնի շինութիւնը:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը
Ռէյսինի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Մարզպետ» կոմիտէին եւ մասնակցութեամբ քոյր կազմակերպութիւններու, Ռէյսինի մեր հաւատաւոր համայնքը տօնած է ՀՅ Դաշնակցութեան 76-րդ տարեդարձը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:

Բացման խօսքը արտասանած է Յակոբ Քէմալեան:

Բանախօսած է Յովիկ Էթեան (Շիքակոյէն):

Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները խմբերգած են ազգային ու յեղափոխական երգեր:

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը
Ֆիլատելֆիոյ Մէջ

Ֆիլատելֆիոյ հայութիւնը արժանավայել շուքով տօնած է ՀՅ Դաշնակցութեան օրը, գեղարուեստական ընտիր յայտագիրով եւ ճաշկերոյթով:

Կոմիտէի կողմէ Կոստան Պոզաճեանի բացման խօսքէն ետք, առաջին խօսքը տրուած է Արշաւիր Շիրակեանին:

ՀՕ Միութեան կողմէ գրաւոր ճառ կարդացած է ընկերուհի Մարգրիտ Ստեփանեան:

«Սեպուհ» ուխտին կողմէ ուղերձ կարդացած է Արմէն Քէյլի:

Մէջ ընդ մէջ գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Յաջորդաբար բանախօսած են ընկերներ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը
Լորենսի Մէջ

ՀՅ Դաշնակցութեան 76-ամեակը տօնակատարուած է նաեւ Լորենսի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, հաւատաւոր եւ ընտրեալ բազմութեան մը ներկայութեան:

Նախագահած է Անդրանիկ Տօնիկեան:

Ուղերձներ կարդացած են ՀՕ Միութեան կողմէ Օլկա Սարգիսեան եւ Մէրիվէք Վելի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ Արեւալոյս Գասպարեան:

Բանախօսած է Ս. Տարտունի:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Ս. Տարտունի, իբրեւ ներկայացուցիչ Կեդրոնական կոմիտէին, աւելի քան 50 տարի Դաշնակցութեան մէջ ծառայած եօթը ընկերներու լամբակներուն վրայ զետեղած է ոսկի պատուանիշներ:

Հանդիսականները մեկնած են սրահէն գոհ տպաւորութեամբ եւ հայութեան ապագայի մասին վերանորոգուած հաւատքով:

 

Գիրք Տուէք Տղոց…

Եռամսեայ տքնաջան աշխատանքէ մը ետք` վաղը մեր տղոց պիտի տրուի դպրոցական շրջանի մեծ արձակուրդներէն առաջինը: Ութ օր ազատ պիտի ըլլան անոնք, պարտաւորութիւններէ բոլորովին զերծ, երջանիկ:

Թերեւս աշխարհի մէջ չկայ ուրիշ ժողովուրդ մը, որուն աշակերտութեան տրուած արձակուրդը այնքան արդար ըլլայ, որքան արդար է մեր մանուկներուն տրուած արձակուրդը: Որովհետեւ, աշխարհի մէջ չկայ այնքան խճողուած դպրոցական ծրագիր մը, որքան խճողուած է մեր տղոց համար կիրարկուող ծրագիրը:

Մինչ միւս ժողովուրդներուն զաւակները լիբանանցի են եւ քիչ մը ուրիշ բան, ֆրանսացի են եւ քիչ մը ուրիշ բան, պարսկաստանցի են եւ քիչ մը ուրիշ բան, մեր մանուկները, ընդհակառակն, կոչուած են միաժամանակ քանի մը պարտականութիւններ լրացնելու: Լիբանանի մէջ պիտի ըլլան հայ եւ լիբանանցի, Պարսկաստանի մէջ պիտի ըլլան հայ եւ պարսկաստանցի, Յունաստանի մէջ պիտի ըլլան հայ եւ Յունաստանի քաղաքացի, եւ այսպէս ամէն տեղ, եւ առաւել բան մը,- պիտի ըլլան միւս ժողովուրդներուն պէս այն «քիչ մը ուրիշ բանը», տէր` միջազգային լեզուի մը:

Դիւրին չէ իրագործել այս կրկնակ ճակատագիրը:

Բայց գեղեցիկը այն է, որ մեր տղաքը կը յաջողին յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ բաց ճակատ կը ներկայանան իրենց ժողովուրդին ու շրջապատին: Աշխարհի բոլոր ծայրերէն ինչ գեղեցիկ լուրեր կը հասնին մեզի ամէն օր, ինչ նուաճումներու ականջալուր կը դարձնեն մեզ մեր տղաքը:

Այո՛, արձակուրդներուն ամէնէն արդարը մեր տղոց տրուած արձակուրդն է:

Բայց նաեւ, թերեւս հակառակն է ճիշդը: Աշխարհի բոլոր աշակերտութեան մէջ, թերեւս մեր տղաքն են միայն, որ արձակուրդ ընելու իրաւունք չունին: Արձակուրդ ընելու ժամանակ չունինք մենք: Հանգիստ ընելու բնաւ իրաւունք չունինք: Գործ շատ ունինք: Դպրոցի շրջափակէն անդին, դասագիրքերու սահմաններէն անդին անսահման գործ կայ, գիրքե՛րը կան`

«Օ, գրքերի աշխարհը-տիեզերք է անեզր»…

Որոնցմէ`

«Իւրաքանչիւրը բերում է մի առանձին պարգեւ
Իւրաքանչիւրն իր մէջ մի աշխարհ է կրում»:

Արձակուրդի օրերուն գիրք տուէք մեր տղոց ձեռքը, վաղուան մի ձգէք, այսօր տուէք գիրքը, պարտականութեան պէս պահանջեցէք գիրքերուն ընթերցումը, որպէսզի մեր տղաքը այժմէն հաղորդուին անոնց բովանդակած «անեզր տիեզերքին», խոհական պարգեւներուն, ու լիացնեն իրենց հոգին, կազմուի իրենց միտքը, իրենց անձերէն վեր բաներու մասին մտածել սորվին ու պատրաստ ըլլան արձագանգելու վաղուան բազմապիսի կոչերուն:

Գիրք տուէ՛ք մեր տղոց ձեռքը: Մեր տղաքը արձակուրդ ընելու իրաւունք չունին:

XX

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Դարձեալ Ճեմարան Եւ Անպայման` Հալէպ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?