Խմբագրական
Նոր Տարուան Սեմին
Տարին հասաւ իր վախճանին:
Քանի մը ժամ եւս ու հինցած քուրձի մը պէս մեր վրայէն պիտի նետենք մեռնող տարին, որ խաղաղ ու անդորր օր մը չպարգեւեց մարդկութեան. ընդհակառակն, իր տագնապներով եւ վէճերով, հրաբուխի վրայ պահեց աշխարհը` ջերմակորիզային բախումի մը սարսափով:
Հորիզոնը կը շարունակէ մթագնած մնալ, գրեթէ ամէն կողմ: Անցնող տարին չլուծեց իր ստեղծած կամ նախորդներէն եկած հարցերէն ոչ մէկը, ու հիմա կ՛ապաւինինք դարձեալ գալիքին դարմանին: Բայց յուսատու ոչ մէկ նշան` միջազգային երկնակամարին վրայ, բացի հիւլէական պատերազմին պատճառած «սարսափի յոյս»-էն: Ճակատագրի հեգնա՜նք: Մարդկութիւնը իր փրկութիւնը կ՛ակնկալէ իր կեանքին սպառնացող մեծագոյն վտանգին ահաւորութենէն: Վտանգ մը սակայն, որ իր տուած ապահովութեամբ, կրնայ ենթակայ ըլլալ աննախատեսելի դիպուածներու քմայքին:
Հայ ժողովուրդը եւս անմասն չի մնար մարդկային այս ընդհանուր տուայտանքէն, իւրայատուկ հարցերով: Աւելի՛ն. կ՛ապրի տառապանքը անարդարութեան մը, որուն հետեւանքները կը կրէ իւրաքանչիւր հայ իր հոգիին մէջ: Ու այդ տառապանքը կը բազմապատկուի տասնով, հարիւրով, հազարով, որքան իր մէջ կը զօրանայ եւ թափ կ՛առնէ ազգային գիտակցութիւնը:
1966-ը հայութեան համար եղաւ մեծ յուսախաբութեան տարի մը, նման 1946-ին: Քսան տարուան տարբերութեամբ, մեր ազգային բաղձանքներուն մէջ դարձեալ անիրաւուեցանք, երբ այնքա՜ն յոյսեր կապած էինք Հայաստանի գոնէ ներքին սահմաններուն սրբագրութեան:
Քառասունեւհինգ տարի անցած է չարաշուք թուականէն ասդին, ու անարդարութիւնը կը մնայ ամբողջական: Թիզ մը իսկ չկրցանք առնել այն հողերէն, որոնք աշխարհագրականօրէն եւ պատմականօրէն անանջատելի մասը կը կազմեն Հայաստանին: Եւ այս` հակառակ այն իրողութեան որ իբր թէ համայնավար նախկին ղեկավարներու` Ստալինի եւ Բերիայի ոճիրները մերկապարանոց կը դատապարտուին` արդարութեան անհուն ծարաւով մը:
Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդին անունով նոր հաւաստիքներ կը տրուին Թուրքիոյ` «բարեկամ» ու «պաշտպան» այն պետութեան կողմէ, որուն թիւ մէկ անձնաւորութիւնը իր ժողովուրդին – ու նաեւ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ – հացէն կը կտրէ` 225 միլիոն տոլար նետելու համար Անգարայի Տանայեան տակառին մէջ, յանուն թուրքեւխորհրդային բարեկամութեա՜ն…
Բարեկամական արտայայտութիւններու այս «սրտայո՜յզ» տեսարանը երբեք չի տպաւորեր մեզ: Մենք ոչ ոքի իրաւունք տուած ենք խօսելու մեր անունով: Բոլոր հաւաստիքները կը մնան մեռեալ տառ` կամքին առջեւ ժողովուրդի մը, որ կը հաւատայ իր նուիրական դատին արդարութեան, կը հաւատայ իր պայծառ ապագային, կը տոկայ ու կը պայքարի իր անկողոպտելի իրաւունքներուն համար:
1966-ը արդարութիւն չբերաւ մեզի, մինչ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներ, որոնք քաղաքակրթական շատ աւելի ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին, տիրացան իրենց անկախութեան եւ այսօր մաս կը կազմեն ազգերու մեծ ընտանիքին:
1967-ը պիտի բերէ՞:
Ահա գլխաւոր հարցականը, որ կը դրուի հայ ժողովուրդին առջեւ, շրջանի մը մէջ, երբ տարիները կորսնցուցած են իրենց արժէքը, դառնալու համար ժամեր. երբ աշխարհ կը գտնուի արագընթաց թափին մէջ ազգային ազատագրական շարժումներուն, որոնք ամէն կողմ կը բռնկին` յանգելու համար իրենց անխուսափելի վախճանին – անկախութեան եւ ազատութեան:
Նոր տարուան սեմին, հայութիւնը, աւելի քան երբեք պահանջատէր, հակառակ բոլոր յուսախաբութիւններուն, հաստատ կը մնայ իր հիմնական համոզումներուն մէջ, որոնց շուրջ ազգային միասնականութիւն գոյացած է այսօր, Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ եւ սփիւռքի բոլոր կեդրոնները: