Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1966)

Դեկտեմբեր 29, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Arménie Légendaire»

Հեքիաթային Հայաստան:

Խորագիր մը, որ պատկերացումն է մեր հայրենասիրական եւ դիւցազներգական ապրումներուն` ամփոփուած սալի մը վրայ, զոր «Վոկ» ընկերութիւնը հրապարակեց`  պատրաստութեամբ Արա Պարթեւեանի:

Հոն ժամադիր եղած են Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան երկու դրուագները, մեր ազգային սիրուած փառերգը` «Հայաստան», ինչպէս` «Վասպուրական» եւ «Զէյթուն», «Արարատեան հովիտը» եւ իբրեւ արծիւ սաւառնող Անդրանիկի ձօնուած տաղը, որ կը զուգադիպի ազգային հերոսին ծննդեան հարիւրամեակին:

Այս երգերէն մէկ քանին առաջին անգամ ըլլալով մեզի կը ներկայանան համանուագային խմբագրութեամբ, իսկ Սասունցի Դաւիթի երկու բաժինները նոր հորիզոն մը կը բանան մեր երաժշտական ցանկին մէջ:

Մեր անցեալի յուշերը վերակենդանացնող Վասպուրականն ու Զէյթունը եթէ յուզիչ պահեր կու տան մեզի, անոնց կը յաջորդէին դաշտային պարն ու Շուշիկը, հայ տղամարդոց եւ աղջկանց աշխուժ շուրջպարն է, որ կը պատկերացնէ մեր ներկան:

Ինչ կը վերաբերի Սայաթ Նովայի երկու ծանօթ կտորներուն, հեղինակը զարտուղելով անոնց գուսանական անկեղծ, բայց պարզունակ դաշնաւորումէն, մեզի կը ներկայացնէ ճոխացած նուագախմբագրութեամբ:

Հայաստանեան գրող Համօ Սահեանի «Արարատեան հովիտը» կը փոխադրէ մեր հոգին դէպի հայրենի աշխարհը:

Մեներգողներն են` Իրիս Պիւլպիւլեան, Արա Սերոբեան եւ Եդ. Տէրտէրեան, միացած երգչախումբին եւ նուագախումբին:

Իսկապէս մեր ազգային կեանքի դրուագներէն յղացուած երաժշտական պարտէզ մը, ուր կը շրջագայինք երազային պահեր ապրելով:

Հեքիաթայի՜ն է Հայաստանը:

Գ. Կ.

 

Հատեթի Ազգ. «Զաւարեան»
Վարժարանի Պարահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի եւ նախագահութեամբ տոքթ. Ժան Վասոյեանի, Հատեթի ազգային «Զաւարեան» վարժարանի հոգաբարձութեան կազմակերպած պարահանդէսը, ի նպաստ չքաւոր սաներու, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 24 դեկտեմբեր 1966-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, պանդոկ «Օմար Խայեամ»-ի շքեղ սրահին մէջ:

Շուտով, տիրող սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ պարային եղանակներու ունկնդրութիւնն ու զոյգերու պարերը, հաճելի միջավայրի մը վերածեցին պարասրահը:

Տակաւ ստեղծուող խանդավառ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ կէս գիշերէն ետք, «Էհրամճեան պարախումբ»-ը, ղեկավարութեամբ Յարութիւն Քիրազեանի, բերաւ իր մասնակցութիւնը:

Արդարեւ, պարախումբի ուքրանական, հոլանտական եւ մանաւանդ հայկական պարերը, մեծապէս գնահատուեցան եւ արժանացան ներկաներու երկարատեւ ծափերուն:

Յակոբ Աշճեան 400 լ. ոսկի նուիրեց ազգ. «Զաւարեան» վարժարանին, տոքթ. Ժան Վասոյեան 350 լ. ոսկի եւ Ծովիկ Վարդավառեան` 100 լ. ոսկի: Բուռն ծափերով գնահատուեցան նուիրատուները:

Իբրեւ գնահատանք «Էհրամճեան պարախումբ»-ի խանդավառիչ ելոյթներուն եւ իր սիրայօժար մասնակցութեան, Լեւոն Փանոսեան 25 լ. ոսկի նուիրեց պարախումբին:

Հոգաբարձութեան կողմէ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նուիրատուներուն եւ ներկաներուն` ատենապետ Եփրեմ Զէքեան:

Վիճակահանութենէն ետք, ներկաները պարասրահէն մեկնեցան առաւօտեան ժամը 3:00-էն ետք, լաւագոյն տպաւորութիւններով:

Հ.

 

Քառորդ Ամսականի Նուէր
Պետական Պաշտօնեաներուն

Երեսփոխանական ժողովը երէկ քուէարկեց օրինագիծ մը, որ քառորդ ամսականի նուէր մը կը նախատեսէ պետական պաշտօնեաներուն:

Երէկուան նիստը եղաւ աշխատանքի հաւաքոյթ մը, որուն ընթացքին քուէարկուեցան չորս օրինագիծ:

Նիստին սկիզբը խորհրդարանը ելեւմտական յանձնախումբին վերադարձուց օրինագիծ մը, որուն համաձայն, լիբանանեան օդանաւային ընկերութեանց բաժնեթուղթերուն 60 առ հարիւրը լիբանանցիներու սեփականութիւնը պէտք է ըլլայ: Այնուհետեւ անցաւ պետական պաշտօնեաներուն նուէր մը տալու օրինագծին քննութեան: Ինը երեսփոխան յաջորդաբար խօսք առին: Բոլորն ալ համաձայն գտնուեցան օրինագիծին, բայց, պահանջեցին, որ քաղաքապետական պաշտօնեաները եւս օգտուին այդ նուէրէն:

Վարչապետը խօսք առաւ` յայտարարելու համար, թէ թոշակներու յաւելումը չի լուծեր ապրուստի սղութեան հարցը, եւ աւելցուց, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ միջոցները ձեռք պիտի առնէ այս ուղղութեամբ` զարգացնելով ընկերային սպասարկութիւնները: Պր. Քարամէ համաձայն գտնուեցաւ, որ քաղաքապետական պաշտօնեաները եւս օգտուին այս նուէրէն:

Ժողովը ապա անցաւ քուէարկութեան եւ վաւերացուց օրինագիծը:

Այնուհետեւ քուէարկուեցաւ Լիթանիի ազգային գրասենեակին համար Քուէյթէն կատարուած 20 միլիոն ոսկիի փոխառութիւնը: Վարչապետ Քարամէ այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի կառավարութեան:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 20:30-ին:

 

Ջութակահար
Ժեռար Գանթարճեան

Եգիպտահայ ջութակահար Ժեռար Գանթարճեան, այն հազուագիւտ վիրթիէօզ եւ երաժիշտ արուեստագէտներէն է, որուն յայտագիրին մաս  կը կազմեն գլխաւոր բոլոր քոնչերթոները եւ Պեթհովէնի ու Մոցարդի բոլոր սոնաթները:

Չորս տարեկանին սկսած է ջութակի  եւ վեց տարեկանին` հրապարակաւ նուագած է Վիվալտիի քոնչերթոն:

17 տարեկանէն սկսեալ, Եւրոպայի մէջ տուած իր համերգներով, արժանացած է մրցանակներու եւ կրթաթոշակներու:

1950-ին շահած է Ճենովայի մրցանակը եւ կրթաթոշակ` Քրթիս երաժշտանոցի համար, որուն շրջանը աւարտած է 1958-ին:

Օճին Օրմանտիի խմբավարութեամբ` նուագած է Ֆիլատելֆիոյ նուագախումբէն եւ իր յաջող մենակատարութեան համար արժանացած է Ֆիլատելֆիոյ Երիտասարդաց մրցանակին:

1959-ին Պելճիքայի մէջ, Էլիզապէթ թագուհիին երաժշտական միջազգային մրցումին մասնակցելով, նոյնպէս արժանացած է մրցանակի:

Իր փայլուն մասնակցութիւնը բերած է Նիւ Եորքի  Մոցարդի եւ Թելեմանի փառատօնին:

Մասնակցած է նաեւ Փորթօ Ռիքոյի «Փապլօ Քազայս» փառատօնին:

Իբրեւ մենակատար, յաճախ նուագած է Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Տիթրոյիթի սենֆոնիք նուագախումբերէն:

Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիւ Քրոնիքըլս», Նիւ  Եորքի «Թայմզ» եւ ուրիշ բազմաթիւ թերթերու արուեստի քննադատներ մեծ գովեստով կը ներկայացնեն Ժեռար Գանթարճեան «հիանալի մենակատարը»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ընտրեցէք Տօնածառ Մը Եւ Իմացէք` Թէ Ի՞նչ Կը Վկայէ Ան Ձեր Բնաւորութեան Մասին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?