ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Առիթով
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութեանց «Կուսակցական Զարգացման Մրցումը»
ՀՅԴ Հրուանդանի պատանեկան միութեանց Կեդր. վարիչ մարմինը, իմաստաւորելու եւ գիտակցութեամբ տօնելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան օրը, կազմակերպած էր «Կուսակցական զարգացման մրցում» մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 1966, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի սրահին մէջ:
Իւրաքանչիւր պատանեկան միութիւն մրցումին կը մասնակցէր երեք ներկայացուցիչներով:
Ամավերջի քննութիւն մըն էր կարծես: Կուսակցական դպրոցէն իրենց սորվածները հպարտօրէն տալու եկած էին դաշնակցական պատանիներ` բոլոր շրջաններէն:
Ձեռնարկը վարեց Ընդհ. վարիչ Արմէն Տօնոյեան, որ այս առիթով, յատկապէս շեշտելով Դաշնակցութեան օրուան իմաստը, ՀՅԴ նոր սերունդներուն ուղղեց հետեւեալ պատգամը.
«Սիրելի՛ ընկերներ եւ ներկաներ,
«Վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին ազատ աշխարհի մէջ Դաշնակցութիւնը տօնեց իր հիմնադրութեան 76-ամեակը: Այստեղ եւս, փառաւորապէս, մենք ապրեցանք այդ սրբազան օրը:
«Այսօր հերթը մերն է` նոր ու ապագայ դաշնակցականներուն, նորոգելու եւ երիտասարդացնելու համար յաւէ՛տ նոր ու միշտ երիտասարդ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
«Սիրելի՛ պատանի ընկերներ, սիրելի Դաշնակցութեան «յոյսեր», մենք ամբողջ տարին տքնաջան աշխատեցանք, զանազան շրջաններու մէջ, մեր միութիւնները դնելու կազմակերպչական հաստատ հիմերու վրայ: Յաջողեցանք ըլլալ միութենական, մանաւա՛նդ յաջողեցանք ըլլալ դաշնակցական: Արդարեւ, ճշմարիտ դաշնակցական դաստիարակութեամբ եւ սնունդով, պատրաստուած դաշնակցականի գիտակցութեամբ ու հաւատքով միայն իրաւունք ունինք հայ յեղափոխականներու արժանի ժառանգորդները ըլլալու:
«Այդ գիտակցութիւնը հասունցաւ մեր մէջ հերթական դասախօսութիւններով, բազմաթիւ շրջաբերականներով եւ տրամադրուած գիրքերով: Այդ դաստիարակութիւնը դարձաւ գաղափարաբանութիւն:
«Այսօր բոլորդ եկած էք հպարտօրէն տօնելու այս սուրբ օրը: Հպա՛րտ էք, որովհետեւ ձեր աչքերուն ժպիտի ցոլքով արտայայտուած ինքնավստահութիւնը իրաւունք կու տայ ձեզի ըսելու, որ ծանօթ էք այս կուսակցութեան եւ մեր ժողովուրդի պատմութեան, փառքին, նուաճումներուն եւ իտէալներուն:
«Սիրելինե՛ր, ալեկոծ ովկիանոսի մը մէջ կերտուած նաւ մըն է մեր կուսակցութիւնը:
«Այդ նաւը յոգնաբեկ, կոտրտուած ու միշտ նորոգուած բարձրացաւ «լեռ», իջա՛ւ Սեւան եւ 1918 մայիս 28-ին հասաւ Երեւան: Այդ նաւը կոչուեցաւ հայոց անկախութիւն: Յաջորդեցին դժբախտ օրեր, նաւը կրկին նետեցին աշխարհի անծայրածիր ովկիանոսներուն: Անգամ մը եւս ան եղաւ անկախութեան ոգի` նոյնանալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ:
«Այսօր մե՛նք ենք այդ նաւը, որուն պարզած եռագոյնով կը շարունակենք մեր աննահանջ երթը դէպի մեր ժողովուրդի յաւերժական անկախութիւնը:
«Այսօր մեր այս ձեռնարկով կու գանք փաստելու, որ բարձր են մեր բազուկները, հպարտ են մեր ճակատները, ուրախ են մեր աչքերը, որովհետեւ մեր հոգիները կը բաբախեն տենչերովը մեր ժողովուրդին, որուն ուժեղ պաշտպան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջն ենք:
«Այսօրուան մրցումին մասնակցելու համար ձեր տքնաջան պատրաստութիւնը լաւագոյն գրաւականն է Դաշնակցութեան երիտասարդացման ու յոյս` մեր երիտասարդ Դաշնակցութեան:
«Կեցցէ՛ ՀՅ Դաշնակցութեան ապագան. կեցցէ՛ք դուք, սիրելի՛ պատանի ընկերներ»:
Ա. Տօնոյեանի այս գաղափարաշունչ պատգամը արժանացաւ խանդավառ ծափահարութիւններու:
Այնուհետեւ սկսաւ «կուսակցական զարգացման մրցում»-ը: ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութենէն առնուած եւ նախապէս պատրաստուած, 11 գլխաւոր հարցումներ ուղղուեցան մասնակցողներուն, գրաւոր: Բոլոր հարցումներուն պատանի ընկերներ գրեթէ միշտ ճշդուած ժամանակէն առաջ պատասխանեցին:
Այնքան լաւ ու գնահատելի էր անոնց պատրաստութիւնը, որ գրատախտակի վրայ գրեթէ հաւասար արդիւնքներով արձանագրուած նիշերը ցոյց կու տային 90 առ հարիւր յաջողութիւն:
Նիշերու ընդհանուր գումարը 72 էր: Առաջնութիւնը շահեցաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը 72-ի վրայ ստանալով 72 նիշ:
Միայն մէկ կէտի տարբերութեամբ երկրորդ հանդիսացաւ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութիւնը:
68 հաւասար կէտերով երրորդ հանդիսացան «Սարդարապատ» կոմիտէութեան «Արմէն Գարօ» եւ «Իշխան» կոմիտէութեան «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւնները:
Չորրորդ հանդիսացաւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան «Մուրատ» պատանեկան միութիւնը, քանի մը կէտերու տարբերութեամբ:
Վերոյիշեալ լաւագոյն հինգ պատանեկան միութիւններու ներկայացուցիչները արժանացան բաժակներու եւ շնորհաւորանքի:
Գնահատանքի արժանի էին մասնակցող միւս պատանեկան միութիւնները եւս, որոնք իրենց կարգին գովելի արդիւնքներ ձեռք ձգեցին:
Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Ընդհ. վարիչի շնորհակալութեան խօսքերով եւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ով:
Երաժշտական Երեկոյթ Նուիրուած` Լիբանանահայ Երգահան Պօղոս Ճելալեանի
Լիբանանահայ գեղարուեստասիրաց միութեան երաժշտական երեկոյթը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 16 դեկտեմբերի գիշերը, ժամը 9:00-ին, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Բաւական մեծ թիւով գեղարուեստասէր հասարակութիւն մը ներկայ էր վայելելու համար Պօղոս Ճելալեանի յօրինած երաժշտական կտորները:
Հանդէսի բացումին վարիչ մարմինը բացատրեց այս կազմակերպութեան նպատակը. սատարել ազգապահպանման գործին, ծանօթացնել հայ եւ օտար հասարակութեան մեր տաղանդաւոր արուեստագէտները, քաջալերել նիւթապէս եւ բարոյապէս այն բոլոր արժանաւոր երիտասարդները, որոնք կ՛ուզեն մասնագիտանալ գրականութեան, արուեստի, գիտութեան զանազան մարզերուն մէջ` դառնալով օր մը փառքն ու պարծանքը հայ ազգին:
Տրուած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ յառաջիկայ տարուան համար պատրաստած են ճոխ եւ հետաքրքրական յայտագիր մը` յաջորդաբար հասարակութեան հրամցնելով հաճելի երեկոյթներ, որոնց մաս պիտի կազմեն մեր տաղանդաւոր արուեստագէտներէն Նորա Վարդապետեան (դաշնակ), Մանուկ Բարիքեան (ջութակ), հայկական պալէի խումբ, երգ եւ զանազան ելոյթներ:
Օրուան յայտագիրը, որ գործադրուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, ամբողջութեամբ հեղինակութիւններն էին յայտնի երաժշտագէտ Պօղոս Ճելալեանի:
Յայտագրին առաջին մասը` Quintette հինգ նուագածուներու մասնակցութեամբ (ջութակ, թաւ ջութակ), գործադրուեցաւ կատարեալ ներդաշնակութեամբ եւ խոր ապրումով, հասարակութեան ուշադրութիւնը պահելով միշտ իրենց հետ, անոր պարգեւելով անհուն գոհունակութիւն:
Երկրորդ մասը` երգ, մասնակցութեամբ Խաչիկ Փիլիկեանի եւ Արփինէ Փեհլիվանեանի, տեղի չունեցաւ դժբախտաբար, իրենց անակնկալ անհանգստութեան պատճառով:
Երրորդ մասը` դաշնակ, բաղկացած երեք մասերէ, Preludio e Toccatina, Danse, Sonata pou: Pianoforte: Հեղինակը այս դաշնաւորումով ցոյց կու տար իր բազմակողմանի արուեստին ճաշակը` յօրինելով զանազան մոթիֆներով գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը գոյնզգոյն եւ բազում բուրումներով, հասարակութիւնը պահ մը փոխադրելով իրենց սովորական կեանքէն` երազային հոգեպարար աշխարհի մը մէջ:
Ալիս Մանուկեան եղաւ հարազատ թարգմանը այս գեղեցիկ քոմփոզիսիոններուն` տալով անոնց ամբողջական կեանք եւ շարժում: Ա. Մանուկեան, տիրապետած դաշնակի բոլոր գաղտնիքներուն, կրցաւ հմայել գեղարուեստասէր եւ հասկցող հասարակութիւնը: Վերացումով մը ապրեցաւ եւ ապրեցուց իր կախարդական նուագածութեամբ:
Կրնանք յայտարարել անվերապահօրէն, որ տիկինը կատարեալ արուեստագէտ մըն է եւ արժանի` ամէն գնահատանքի:
Չորրորդ մասը (թաւ ջութակ) նուագեց Էլիան Մանեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ հեղինակին` Պօղոս Ճելալեանի:
Երազային եւ տպաւորիչ էր օրիորդը: Գիտցաւ տիրապետօրէն հպատակեցնել թաւ ջութակը իր հմայքին տակ` խլելով անկէ յուզումի եւ ուրախութեան պահեր, հաղորդակից դարձնելով հասարակութիւնը իր զգացումներուն: Անթերի էր եւ հիանալի:
Ե. մասը եւ վերջինը (ջութակ) գործադրուեցաւ երիտասարդ ջութակահար Անթուան Սաատի կողմէ` դաշնակի ընկերակցութեամբ Պ. Ճելալեանի:
Յայտնութիւն մը եղաւ այս տաղանդաւոր ջութակահարը: Ան նուագեց խոր հասկացողութեամբ եւ զգացումով: Անշուշտ տակաւին երկար աշխատանքի կը կարօտի հասնելու համար կատարելութեան:
Ամբողջ յայտագրին գործադրութեան ընթացքին, մէջ ընդ մէջ, Օննիկ Սիւրմէլեան տուաւ բացատրութիւններ, լուսաբանութիւններ` հեղինակին գործերուն մասին, հասարակութեան աւելի ըմբռնելի դարձնելու համար հրամցուած կտորներուն իմաստը:
Կարդաց շատ մը օտար թերթերու գնահատանքի խօսքերը Պ. Ճելալեանի յաջողութիւններուն մասին, եւրոպական գլխաւոր քաղաքներուն մէջ:
Հանդէսէն ետք հասարակութիւնը հիւրասիրուեցաւ թէյով, սուրճով եւ տիկնանց կարգադիր յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած համեղ կարկանդակներով:
Գնահատելի է Լիբանանահայ գեղարուեստասիրաց միութեան այս գործունէութիւնը, որուն մղիչ ուժերէն գլխաւորն են տէր եւ տիկին բժշկապետ Ա. Մանուկեան: Նորանոր յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք:
Լ. Յ.