Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1966)

December 19, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բագին»-Ի Զրոյցները

 Պ. Սնապեանի
«Ես Այդ Շունն Եմ»

Մեր քննած գիրքը շունի մը բնազդին եւ հոտառութեան իրական սկզբնաւորութիւն մը ունի: Այդ շունը թափառայած երկու հայեր կ՛առաջնորդէ Ալպիաններուն մէջ կորսուած իր հայ տիրոջ ագարակը: Ու անոնք, այդ երեք հայերը, հոգեպէս կը բացուին անցեալի եւ ներկայի իրենց կեանքին վրայ:

– Այս պատմութիւնը լսած օրէս ասդին,- կ՛ըսէ Սնապեան, – Ալպիաններու շան պատկերով կը գոցեմ կոպերս ու արթնցած պահուս առաջին անգամ մտածումս կը թռի հո՜ն, մեծ լերան ստորոտին բաբախող ոգիին մօտ… Սկսած եմ արդէն շուն մը կրել մէջս, յորմեհետէ լսեցի այս պատմութիւնը` շուն մը սկսաւ հաջել մէջս, շուն մը ոռնա՜լ»:

Նկատի պիտի առնենք, որ գիրքին հեղինակը` Պ. Սնապեան 1962-ին կը փոխադրուէր Փարիզ, նշանաւոր լոյսի քաղաքը, Արեւմուտքի շունչին մօտէն հաղորդ դառնալու, լոյս քաղաքին լոյսէն ողողուելու համար:

Մուսա Տաղի, Այնճարի, Երուսաղէմի եւ Պէյրութի մթնոլորտէն յագեցած` Արեւմուտքի մշակութային կեդրոնին մէջ լուսաւորուելու, նոր շունչ առնելու, նոր հիացմունքներ ունենալու բուռն հետաքրքրութեամբ նետուած այդ ոստանին մէջ, ուր դարաւոր կառոյցները ուշագրաւ են, գրականութիւնն ու իմացական շարժումները հեղեղային են, ուր առօրեայ կեանքը ազատ է, բամբասող ու խանգարիչ ակնարկի տակ չէ: Այս բոլորին հետ շփուելէ ու ծանօթութիւն հաստատելէ ետք, զուտ հայկական միջավայրի մէջ ապրող ու հայ մշակոյթով սնած երիտասարդը, բնական է, որ հակազդեցութիւններ պիտի ունենար, պիտի փնտռէր իրը, պիտի կարօտնար հարազատին, ցեղայինին:

Ներաշխարհի հակադիր բախումներ զգացած պահուն Սնապեան ահա հանդիպած է այս շան պատմութեան: Շունը կը դառնայ ատեն մը կորսուած, այլ հիմա գտնուած ձեռագիրը, շունը կը դառնայ իր հոգին ու միտքը տակնուվրայ ընող խռովքներ լուսաւորող խորհրդանշանը, հոգեկան վերլուծման եւ անկեղծ խոստովանութեան պատճառը.

«Քիչ մը այդ շունին չե՞մ նմանիր միթէ, կ՛ըսեմ իւրովի, անոր, որ անզուսպ կը դառնայ, երբ մեր արիւնին հաճոյ ձայն մը կ՛ալեկոծէ ջիղերը, կը լսէ բառ մը ու կը պոռայ, կը կանչէ, անհանգիստ կ՛ապրի, մինչեւ որ հաղորդէ լսածը, տեսածը, ապրածը: Իր յափշտակութիւնը իմ հոգիիս կրկներեւոյթը ըլլար կարծես, իր յայտնութիւնը կենսագրութեանս խտացումը ըլլար կարծես: Իր պատմութիւնը լսած օրէս ասդին ինք կ՛իշխէ վրաս: Այն օրէն ասդին ուրիշ ձայներ չեմ լսեր հոգիիս մէջ, այն օրէն ասդին ես ե՛ս չեմ կարծես, այն օրէն ասդին ես ե՛ս եմ կարծես, ես այդ շունն եմ:

«Շո՜ւն իմ, կորսուած իմ ձեռագիր… Շո՜ւն իմ, իմ գտնուած ձեռագիր, իմ ճշդուած ճակատագիր»:

Առաջին էջէն իսկ Պ. Սնապեան իր հոգեկան ապրումներուն, վերագնահատութեան եւ իմաստասիրութեան կալուածին մէջ է: Ամէն օր իրեն հետ ապրած, աչքն ու սիրտը լեցուցած Հայաստանը իրն էր սովորական բանի մը պէս, այնպէս` ինչպէս Մուսա Տաղի լեռներն էին, Երուսաղէմի գրադարանն էր, Պէյրութի փողոցներն էին: Ու ահա, կեանքի հարկադրանքներուն մէջ, երբ իր սիրտը տառապագին կը գալարուէր կորսուած «սովորական» բաներուն համար, կը լսէ իրական, հոտառու, իմաստուն այս շունին հաջոցը ու ատով վերստին կը գտնէ Հայաստանը իր հոգիին մէջ:

Հայու վերագտած հոգին է, որ հարազատ զեղումի եւ խոստովանութիւններու կը մղէ հեղինակը, որ գնահատանքի սրտայոյզ խօսք ունի հին ու մոռցուած կարծուած բաներուն եւ շիկացած խօսք` աւերի, բռնութեան, կեղծիքի ու հալածանքներու դէմ:

Հայաստանի եւ սփիւռքի հոգեկան ողբերգութիւնը կայ այս «շան» ներքին ընդվզումին մէջ, ճշմարտութեան կանչը կայ:

Հեղինակը իր խօսակցութիւնը կը շարունակէ ուրիշ բարեկամի մը հետ, գրող, որ իմացական փայլ ունէր ատեն մը, բայց հիմա նահանջի եւ ուրացման ճամբուն վրայ է: Անցած է կեղծին ու սուտին կողմը: Այս իրողութեան դիմաց` հատուածէ հատուած կը ծաւալի զայրոյթը, կը փայլատակի մտածումը մեր էութեան եւ երազանքներուն, որոնք խորունկ ենթահող ունին մեր ժողովուրդի հոգիի ծալքերուն մէջ:

«Ես այդ շունն եմ» գիրքը հեղինակի հոգեկան զրոյցն է ինքն իրեն հետ, որ նոյն ատեն խօսակցութիւն մըն է բոլոր հայերուն հետ:

Գրուածքը բանաստեղծական շունչով կ՛ընթանայ: Երբեմն աղօթողի, երբեմն բռնկուն բողոքողի, երբեմն ալ դատողական ելեւէջներով կը զարգանայ` միշտ մնալով գրականի սահմաններուն մէջ:

«Ես այդ շունն եմ»-ը վէպ մը չէ, սովորական առումով, բայց հեղինակի ներաշխարհին վէպն է: Գլխաւոր դերակատարը ինքն է, հեղինակը, իր տագնապներով:

«Ես այդ շունն եմ»-ը բանաստեղծական պոէմա մը չէ, բայց իմացական եւ ազգային տագնապ մը արտայայտած է բանաստեղծական ալիքներով եւ խօսքի թափով:

Գրուածքը գրական ուրոյն արտայայտութիւն մըն է` իր կառոյցով, արտայայտչական ձեւերով, ոճով եւ բանաստեղծական սքեմով, եւ ատով իսկ արժէքաւոր է եւ վաւերական վկայութիւն մը կը հանդիսանայ իր սերունդի խորունկ ապրումներուն եւ տագնապներուն:

Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀՅԴ 126-Ամեակի Նշումը Փրովիտընսի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.