Ս. Ծնունդի Տօնը
Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս մեծ շուքով, աւանդական սովորութիւններով եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնեց Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը:
Ուրբաթ, 6 յունուարին, առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ, զանգակներու աւետաբեր ղօղանջին հետ, մեծն ու պզտիկը շքեղօրէն զգեստաւորուած փութացին եկեղեցի: Պայծառ երկինքը առաւել պատճառ եղաւ, որ եկեղեցիներն ու անոնց բակերը լեցուին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւններով:
Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագը, քառաձայն երգեցողութեամբ, ձայնասփռուեցաւ Պէյրութի ռատիոկայանէն: Պատարագեց եւ քարոզեց Գարեգին եպիսկոպոս:
Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ: Աւետարանական եկեղեցիներու մէջ` պաշտամունք: Խօսուեցան հոգեշունչ քարոզներ: Հանդիսաւորապէս տեղի ունեցան նաեւ ջրօրհնէքի կարգն ու Ս. մկրտութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի եպիսկոպոսարանի դահլիճին եւ Տաճատ արքեպիսկոպոս առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորական այցելութիւնները պետական, հայ եւ օտար յարանուանութիւններու եւ ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու բազմաթիւ ազգայիններու:
Կէսօրէ առաջ, ժամը 11:00-ին, Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի կազմակերպած Ս. ծնունդի աւանդական հանդիպումը տեղի ունեցաւ միութեան ակումբին մէջ: Ճեմարանի եւ «Համազգայինի կողմէ խօսք առաւ Մ. Իշխան:
Նախաձեռնութեամբ Թաթուլ Այնէ ճեանի հինգշաբթի եւ Պերճ Ֆազլեանի, ուրբաթ երեկոյեան, պատկերասփիւռի կայաններէն ցուցադրուեցան գեղարուեստական յայտագիրներ: Պատկերասփիւռէն տրուեցաւ նաեւ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ս. Ծնունդի պատգամը` ուղղուած լիբանանահայութեան:
Շաբաթ, 7 յունուար: Յիշատակ Մեռելոց: Բոլոր եկեղեցիներու մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ֆըրն էլ Շըպպէքի եւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուներուն մէջ բազմահազար ժողովուրդ սգաց իր հեռու եւ մօտ ննջեցեալները: Գերեզմանօրհնէքը տեղի ունեցաւ Անդաստանի նմանողութեամբ:
Կարմիր Թելը
Բովանդակ աշխարհը հաշուեց այն ժամերը, երբ հեռաձայնային կապը խզուած մնաց երկու հզօր կեդրոններուն միջեւ: Սպիտակ Տունը եւ Կրեմլինի պալատը իրարու կապող «կարմիր թել»-ը անջատուած էր: Եօթը ժամ ետք, անմիջական միջամտութեամբ, յաջողեցան վերահաստատել հաղորդակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակաբար լսել զիրար, հասկնալ, զուր տեղ չվնասել ու չվնասուիլ:
Մրցակից երկու պետութիւններ երբեմն նոյնիսկ թշնամական, սակայն միշտ ուշադիր` կարմիր թել մը ողջ պահելու, վասն հաշտ ու խաղաղ կեանքի մը ապահովութեան: Երկուստեք զգուշ ու վերապահ յանուն գերագոյն շահերու:
Ինչքա՜ն խելացի մտածում, ինչքա՛ն իմաստուն գործ ու գործակցութիւն: Աշխարհի ապահովութիւնը ապահովուած նաեւ կարմիր թելով մը, բարակ թելով մը, որ աւելի զօրաւոր է ու արժէքաւոր, կարեւոր քան այն բոլոր ինքնապաշտպանութեան նպաստող զէնքերն ու զրահները, որոնց գործածումը աւեր ու արիւն պիտի սփռէ…
Բարակ, կարմիր թել մը ովկիանոս ու ցամաքամասեր անցած, ի խնդիր աշխարհի խաղաղ շնչառութեան նպաստին:
Բարակ կարմիր թել… թել հաղորդականութեան ու իրարհասկացողութեան ճանապարհ: Ճանապարհ` տարբեր մշակոյթները, նպատակներն ու շահերը տարբեր ժողովուրդներու` իրար անվնաս դարձնելու, թիւրիմաց ու սխալի վտանգներէն հեռու պահելու ճանապարհ: Հիմա կը սպասես կարմիր թելի պարտականութենէն անդին պատասխանատու բերաններու վաւերական բարի ու իմաստուն վճիռներուն: Գերագոյն ու գեղեցկագոյն ամբողջականութեամբ ճնշող ձայներուն:
Այս բոլորը ուրիշին ու աշխարհին, որուն խաղաղութիւնը բոլորիս սրտին երգն է: Մեր երգերը կ’երգենք մեր ձայնով ու ցաւերով, ու մեր ցաւի ընդերքէն, հայու ցաւի ընդերքէն կը փնտռեմ մեր ժողովուրդին բարակ կարմիր թելը: Թողած աշխարհը աշխարհակալներուն, իմ ցաւիս, իմ տանս ու ազգային ցաւիս կրակներով կը փնտռեմ այն կարմիր թելը, որուն ճանապարհով ամէն հայ ինքզինք ապահով կը զգայ ու կը մնայ մօտիկը խաղաղութեան պարտէզին: Աշխարհատարած հայ ժողովուրդի զաւակներէն իւրաքանչիւրը իր առանձին կարմիր թելը պիտի ունենայ, որպէսզի կարողանայ ապահովութեան լաստին յենած թիավարել ովկիանոսներէն ու մեծ ոստաններէն ու ծովերէն ու ցամաքամասերէն` հասնելու կեանքի ցանկալի հանգրուանին:
Հսկայական մրցակից ու տարբեր շահերէ ու նպատակներէ ճամբայ ելած պետութիւններ հարկադրաբար անհրաժեշտ սեպած են հաստատելու կարմիր թել մը, հաղորդականութեան ճանապարհ մը: Եւ խզումի պահուն, վայրկեաններն անգամ նիւթ կը դարձնեն, կը գտնեն վտանգաւոր աշխարհի ու կեանքի ապահովութեան, կը փութան անմիջապէս վերահաստատել զայն:
Գալով մեր կեանքին` յաճախ մեր թելերը հայու ֆիզիքական սահմանէն անդին չեն անցնիր, որը դատապարտուած է արմատախիլ փտելու:
Մինչդեռ աշխարհատարած հայ ժողովուրդի ապահովութեան որքա՜ն անհրաժեշտ է, որ իր կարմիր թելը միշտ մնայ հաղորդական եւ ամէն հայու սրտէն ու ականջէն երկարի մինչեւ այն բարձունքը, ուր հայու հոգին ազատ է ու ինքնիշխան, ուր տակաւին ոչ մէկ տիրապետութիւն իր թաթն ու շունչը չէ յաջողած դնել բովանդակ պատմութեան ընթացքին, ինչպէս չէ յաջողած դնել հայ հողի խորհրդանշան Արարատի գագաթին:
Արարատի փէշերը գրաւուած են: Բայց ոչ ոք կարողացած է գրաւել Արարատի գագաթը: Հոն կ՛ապրի հայութեան դարաւոր ազատ ոգին, անկաշկանդ ու սրբազան խորհուրդներու եւ արեւներու ուխտաւոր ոգին…
Հայուն աշխարհը կարելի չէ նուաճել:
Երբ թշուառութեան մէջ ինկող մարդուն կեանքի պայմաններ կը ստեղծենք վերապրելու` ինչե՜ր ու ինչե՜ր պէտք չէ տա՛նք հայութենէն մեռնող մարդուն, կապելու համար զայն հայու կարմիր թելին, սնուցանելու զայն հայու գեղեցիկ արեւներով ու խորհուրդներով:
Աշխարհատարած Մասիսի հորիզոնին, ամէն երկնքի տակ, հայկական ոստաններ ու տաճարներ մտքի ու հոգիի, հայու տուներ, սեղաններ ու խորաններ ինկած երբեմն հսկայական քաղաքներու ձուլարանին մէջ, ուր կ՛այրին երբեմն շքեղութեան, երբեմն առանձնութեան, երբեմն թշուառութեան ու ճոխութեան կրակներ: Այդ կրակներէն չփճանալու համար հարկ է աւելի զօրաւորը ունենալ, տարբեր գոյն ու ջերմութիւն տալ կրակներուն, հայո՛ւ կրակ ունենալ, որ սրբազնագոյնն է կրակներուն, իր հարազատութեանը մէջ անպարտելի ու վսեմօրէն գերմարդկային:
Հայ ծնիլը բախտաւորութիւն է: Հայանալը անմահութիւն: Անմահութեան ծառին մէկ մասնիկը ըլլալ ու ամուր չկառչիլ այդ ծառին` կը նմանի հսկայական կաղնիէն ընկած մէկ տերեւին:
Հեղեղներու դիմացող կաղնին այն է, որուն արմատները խորարձակ անտեսանելի ու անհասանելի ժայռեր գրկած է իր արմատներով: Վա՛յ այն ճիւղին ու արմատին, որ ամուր չէ կապուած մայր բունին ու հողին, վա՛յ այն ճիւղին, որ սնած ու աճած իր արմատին ոչ մէկ պտուղ, ոչ մէկ շուք կու տայ կեանքին: Զայն իբրեւ փայտ կը վառեն, մոխիրը թողած պատմութեան հովերուն:
Գտնենք ու ստեղծենք մեր կարմիր թելերը, որպէսզի ապահով ըլլայ մեր ճամբան, երկա՜ր, երկա՜ր, հայու երկա՜ր ճամբան, ու քալելու մեր կարողութիւնները շնչեն գարնանային բուրմունքներ, ծաղկած ու ծառազարդուած ուղիներ, որպէսզի դիմանանք ու մեր թոռներուն ու ծոռներուն ոտքերովը գէթ հասնինք Եդեմական Դրախտին, որուն բնակիչները եղած ենք, պիտի մնանք բնակիչներ, ու իբրեւ բնիկներ պիտի գիտնանք վերահաստատուիլ հայ եդեմի երկնակամարին ու զայն ծառայեցնել մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան ազնիւ վերելքին
Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ
