Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1967)

Յունուար 13, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Մամուլը

Երեք Պատգամ

Հայացնել… հայը: Ներելի է ենթադրել ուրեմն, որ հայեր կան, զորս անհրաժեշտօրէն պէտք է հայացնել, քանի դեռ բոլորովին ապահայացած չեն:

Եւ դեռ կան հայեր, աստ եւ անդ, որոնք հայ են անունով ու մականունով, ծնունդով ու յիշատակով, բայց կորսնցուցած են, կորսնցնելու վրայ են իրենց լեզուն եւ ազգայնութեան միւս ստորոգելիները:

Հայացնել նաեւ այս… հայերը:

Հայացնել հայը, այս կը նշանակէ` դարձնել հայ մարդը ոչ միայն հայախօս, ոչ միայն հայադաւան, այլեւ, այլ մանաւանդ հայակրօն: Այսինքն` խօսքէն գերիվեր բան մը: Դաւանանքէն գերիվեր բան մը: Բան մը, որ կրօնի աստիճանաչափին վրայ ըլլայ: Աստուծոյ աւելի մօտ ըլլայ:

Կ՛ուզենք, խնդրելու ձեւով կը պահանջենք, որ պրազիլահայ մայրերը, արժանթինահայ մայրերը, ամերիկահայ մայրերը, ֆրանսահայ մայրերը չկարենան ըսել. «Իմ զաւակս հայ չէ, ՏԵՂԱՑԻ է»: «Տեղացի»-ն պէտք չունի մեր զաւակներուն, ո՛չ ալ, ըսենք յստակ, մենք պէտք ունինք «տեղացի»-ներուն:

Մենք կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները… մե՛ր զաւակները ըլլան: Ցեղին ձայնը խօսի իրենց մէջ: Արեան ձայնը հնչէ իրենց մէջ: Աւանդութեանց, պատմութեան, անցեալին ձայնը բարբառի իրենց մէջ:

Այո՛, հայացնել հայը: Եւ այս է մեր առաջին պատգամը:

Հայացնելով հայը` նովին բանիւ մենք հայացուցած կ՛ըլլանք նաեւ հայ լեզուն: Նաեւ` հայ գրականութիւնը: Նաեւ` հայ հայրենիքը: Նաեւ` հայ հողը, որ նոյնքան ազգութիւն է, որքան հայրենիք է:

Հայացնել հայ լեզուն` այս կը նշանակէ վերապրեցնել Մեսրոպ Մաշտոցը: Լեզուն հայացնել` ազգը հայացնել է կերպով մը: Ազգն է, որ կը ստեղծէ լեզուն, բայց լեզուն է, որ կը պահէ ազգը: Աղաւաղել լեզուն` մօտաւորապէս կը նշանակէ աղաւաղել ազգութեան հոգին:

Լեզուն ազգ է, ինչպէս ոճը մարդն է: Առաջինը ազգային ստացուածք է, երկրորդը անհատական ստացուածք է: Ազգը կը ստեղծէ լեզուն, անհատը կը ստեղծէ ոճը:

Իրենց ոճով մարդիկ կ՛առանձնանան, իրենց լեզուով ազգերը կ՛ազգայնանան:

Հայացնել լեզուն: Եւ այս է մեր երկրորդ պատգամը:

Կու գանք, կը հասնինք գրականութեան, որ միաժամանակ թէ՛ անհատական ստացուածք է եւ թէ՛ ազգային ստացուածք է:

Ազգը իրաւունք ունի պահանջելու, որ իր գրականութիւնը իր դիմագիծը ունենայ, հարազատ ըլլայ իրեն, արտայայտէ ու ցոլացնէ իր հոգին, իր հաւաքական եսը:

Հայ մը, որ օտար լեզուով կը գրէ, գրագէտ է, բայց հայ գրագէտ չէ: Իր գործը մաս չի կազմեր հայ գրականութեան, եթէ մինչեւ իսկ միջազգային չափանիշով արժէք մը ունենայ:

Հայ գրականութիւն ըսել` հայ լեզու ըսել է, ինչպէս հայ լեզու ըսել` հայ գրականութիւն ըսել է:

Հայացնել հայ գրականութիւնը: Եւ այս է մեր երրորդ պատգամը:

Շուրջ երեք միլիառ մարդիկ կ՛ապրին մեր այս ծերացած մոլորակին վրայ: Երեք միլիառը մարդեր են, անոնց մէջ հինգ միլիոնը միայն հայեր են:

Հայաստա՜ն եւ հայե՜ր… Առաջինը համայն աշխարհն է մեզի համար, երկրորդը համայն մարդկութիւնն է: Եւ եթէ ազգային սնապարծութիւն է ասիկա, ուրեմն մենք ազգային սնապարծներ ենք:

Հայը գումարում մը չէ, բազմապատկութիւն մըն է: Իր առաջին մտահոգութիւնն է ապրիլ ու գոյատեւել: Երկրորդ մտահոգութիւնն է շինել ու կառուցել:

Փորձութիւններն ու փորձանքները, տառապանքը, վիշտը, հալածանքը, «մահտարաժամ»-ը մեր կամքը, ապրելու եւ տեւելու կամք, ոչ թէ մաշեցուցած են, այլ աւելի զօրացուցած են կարծես:

Մեր վերջին խօսքը պիտի ըլլայ նաեւ մեր վերջին պատգամը. հայը ապրած է, կ՛ապրի ու պիտի ապրի, որովհետեւ պատգամը դուրսէն չէ ստացած:

Իր պատգամը իր մէջ ունի: Եւ այս է մեր վերջին պատգամը:

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

 

Յաւակնոտը

Յաւակնոտը զարտուղի տիպար մըն է: Ոչ ոքի կը հաւնի ան: Ոչ ոք իրեն համար արժէք կը ներկայացնէ: Ձեռնարկ մը, ուր կը բացակայի ինք, ձախողած կը հռչակէ: Պարզապէս` անտանելի տիպար մը:

Ամէն ինչ ինք գիտէ: Իր կարծիքն ու մտածումն է միայն ուղիղ եւ օգտակար:

Յաւակնոտը այն աստիճան ինքնահաւան է, որ հարցի մը մասին ձեզ լսելէ ետք, նոյնհետայն կ՛ըսէ իր անվիճելի տեսակէտը: Չկայ հարց մը, որուն մասին տեսակէտ ու կարծիք չունենայ:

Անտանելի այս տիպարը մարդոցմէ չսիրուածն է: Ոչ ոք կ՛ախորժի յաւակնոտէն: Ամէն ոք օձիք կը թօթուէ յաւակնոտներէ:

Հաստատութիւնը կորսնցուցած հոգի մըն է յաւակնոտը, որ կը մոռնայ, թէ իրական մեծութիւններն եղած են համեստ ու շատ հեզ հոգիներ:

Ինչ որ յաւակնոտութեամբ մարդ կը կորսնցնէ, կրնայ շահիլ խոնարհութեամբ:

Յաւակնոտը իր թերիներուն եւ սխալներուն մասին անտեղեակ անձ մըն է, որովհետեւ ուղիղ կը կարծէ իր իմացածը:

Յամառութիւնը յաւակնոտին նկարագրէն անբաժան մոլութիւն մըն է, որ կը կրծէ իր սիրտը: Եւ ունակութիւն դարձած քննադատական իր ոգին կը վերածուի քիչ ատենէն յոռետեսութեան:

Կու գայ ժամանակ, որ յաւակնոտը չի հաւնիր ոչ ոքի: Իր շրջապատը կը թուի իրեն համար անբաժան անձերով լեզուն: Եսը իր մէջ կոտոշները վերցուցած` կը փնտռէ կարմիր պաստառակիրներ: Աւելի ճիշդ. ով որ իր դէմը կ՛ելլէ, կը նկատէ պակասաւոր ու անարժան իրեն հետ կարծիքի փոխանակութիւններ ընելու:

Յաւակնոտը անձնակեդրոն մոլորած մըն է: Ախտաբանական իր երեւոյթը տակաւ կը դառնայ ուշագրաւ:

Մարդիկ վէճեր չունենալու համար կը զգուշանան խօսքի բռնուելէ անոր հետ:

Ուրիշներ վիրաւորելը յաւակնոտին համար առաքինութիւն մըն է: Ինք միայն կայ: Ինք միայն կը բարբառի ճշմարտութիւնը: Ինք միայն նախատեսած է գալիքը, եթէ արդարեւ, դէպքերը այնպէս դասաւորուած են, որ արարք մը ունեցած է վատ հետեւանքներ: Մունետիկն է ան իր ունեցած «առաքինութեանց», որոնք դրած խոշորացոյցի տակ` կը շարունակէ պտտցնել իր շուքին պէս:

Յաւակնոտը բացասական տիպարներու մէջ մրցանիշ կտրողը կրնայ ըլլալ, որովհետեւ իր բոլոր տեսակի առաքինութիւնները, եթէ ունեցած է պահ մը, ստուերի մէջ կ՛իյնան իր անհանդուրժելի դարձած հովկուլութեանց առջեւ:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայաստան-Ուզպեքիստան Ֆութպոլի Բարեկամական Խաղը Թուրքիո՞յ Մէջ…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?