Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1967)

Յունուար 11, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բագին» Ամսագիրի Աշխատակիցներուն
Եւ Բարեկամներուն
Նոր Տարուան Հանդիպումը

«Բագին» ամսագիրի խմբագրութեան հրաւէրով, չորեքշաբթի, 4 յունուար, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Բագին»-ի աւելի քան 50 աշխատակիցներ ու բարեկամներ մէկտեղուեցան խմբագրատան սրահին մէջ` բաժակ մը թէյի շուրջ Նոր տարուան իրենց առաջին հանդիպումը ունենալու համար:

Խմբագրապետ Կ. Սասունի, Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի բարեմաղթութիւններ ընելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ սփիւռքահայ իրականութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, հակառակ եղած հնարաւոր բոլոր ջանքերուն, ստեղծուած չէ գրական այն մթնոլորտը, որ անցեալին գոյութիւն ունէր Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Փարիզի մէջ:

Գարեգին եպս. Սարգիսեան նախ գնահատելով «Բագին» ամսագիրի կանոնաւոր լոյս ընծայումը, իր հրատարակութեան հինգ տարիներու ընթացքին, նաեւ` անոր կատարած դերը, յատկապէս` գրական տեսակէտով, դիտել տուաւ, որ ներկայ սերունդը, գրեթէ ամբողջութեամբ, կը հետեւի գիտութեան:

Նիւթը ինքնին շահեկան, իբրեւ ընդհանուր մտահոգութիւն, դարձաւ ներկաներուն սեփականութիւնը եւ յարմարագոյն առիթ մը` միտքերու ազատ ու աշխուժ փոխանակութեան:

Խօսք առին` տոքթ. Մ. Էպլիղաթեան, Մ. Իշխան, տոքթ. Բ. Փափազեան, Վ. Տէր Կարապետեան, Յ. Պալեան, Ա. Ուրֆալեան, Բ. Եղիայեան, Յ. Ժամկոչեան, Յ. Իսկենտերեան եւ ուրիշներ:

Յայտնուած յոռետես ու լաւատես կարծիքներէ ետք, իբրեւ ընդհանուր եզրակացութիւն, ընդունելով հանդերձ, որ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը փայլուն ապագայի մը հեռանկարով կը հետեւի գիտական ճիւղերու` զանոնք նկատելով կեանքի ապահովութեան լաւագոյն միջոց, անհրաժեշտ նկատուեցաւ ստեղծել գրատարած կազմակերպութիւն մը, նաեւ, եւ մանաւանդ, գտնել ու գործադրել հնարաւոր լաւագոյն եւ գրաւիչ միջոցը` սիրցնել տալու համար գրականութիւնը եւ ընթերցումը նորահաս սերունդներուն, սկսելով ամէնէն առաջ դպրոցներէն:

Հ.

 

Հայաստանի Հանրապետութեան
Պատուիրակութեան Դիմումը
Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբին

Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քեշիշեան կը հեռագրէ.

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով, տոքթ. Ա. Վարժապետեան եւ Եդուարդ Սահակեան երէկ ներկայացան ՄԱԿ-ի փոքրամասնութեանց իրաւունքները պաշտպանելու եւ խտրականութիւնը արգիլելու առաջադրութեամբ, կազմուած ենթայանձնախումբի նիստին եւ յանձնեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, խօսելով յանուն հայ ժողովուրդին, կը փափաքի ՄԱԿ-ի փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան եւ խտրականութեան առաջքը առնող ենթայանձնախումբին ընթացիկ նիստին ներկայացնել հետեւեալը.

Տարի մը առաջ հայ ժողովուրդը սփիւռս աշխարհի ոգեկոչեց յիսնամեակը 1915-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն, որոնց զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր: Անկասկած որ այս իրողութիւնը ամէնէն սեւ էջն է մարդկային պատմութեան եւ որպէս այդ, առաջին ցեղասպանութիւնը` բառին ներկայիս տրուած իմաստով:

Տխուր է արձանագրել, թէ կան տակաւին բազմաթիւ անդամ պետութիւններ, որոնք մաս չեն կազմեր ցեղասպանութեան յանձնախումբին: Հեգնանք է նաեւ այն իրողութիւնը, որ վեցերորդ յօդուածին տրամադրութիւնները` առաջացնելու միջազգային ատեան մը, պատժելու համար ցեղասպանութեան հեղինակները, տակաւին չգործադրուած կը մնան:

Մասնաւորաբար այս կապակցութեամբ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը կը դիմէ ենթայանձնախումբին, որպէսզի ան շօշափելի եւ վերջնական յանձնարարութիւններ կատարէ»:

Այս յայտարարութիւնը յանձնուեցաւ նաեւ մամլոյ գործակալութեանց եւ լրագրողներու:

 

Այցելութիւն`
Վարչապետ Քարամէի

Նկարին վրայ, ձախէն աջ` Անդրանիկ Ուրֆալեան, Շահէն Տէրտէրեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, Հրաչ Թուրիկեան, Վարդգէս Տէր Կարապետեան եւ Արշաւիր Յովսէփեան:
Նկարին վրայ, ձախէն աջ` Անդրանիկ Ուրֆալեան, Շահէն Տէրտէրեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, Հրաչ Թուրիկեան, Վարդգէս Տէր Կարապետեան եւ Արշաւիր Յովսէփեան:

Անցեալ հինգշաբթի, 5 յունուար, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի հայ երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանի, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի` սերայի իր գրասենեակին մէջ:

Տեսակցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շատ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, տեւեց մօտ կէս ժամ:

Խօսակցութեանց նիւթ դարձան ընդհանրապէս Լիբանանը եւ մասնաւորաբար հայ համայնքը հետաքրքրող հարցեր:

Վարչապետը ջերմ համակրանքով խօսեցաւ մեր համայնքին մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց հայութիւնը շահագրգռող հարցերուն բարւոք լուծման համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիական Լայնածիր Յարձակողական Եւ Արցախի Պաշտպան Ուժերու Դիմադրութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?