Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1967)

Յունուար 4, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ «Ճումհուրիէթ» Թերթը Կը Գրէ.

«Ճանչնանք Անի Քաղաքը Եւ Զայն
Զբօսաշրջային Կեդրոնի Մը Վերածենք»

«Անիի Աւերակները Զուտ Հայկական Չեն»

Պատմական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու մէջ անգերազանց թուրք ժողովուրդի ներկայացուցիչներէն տոքթ. Պուրաք Տէմիրալ, թրքավայել մտածումով, հետեւեալը կը գրէ Պոլսոյ «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ «Արքաներու աւերակոյտ» Անիի մասին:

«Մենք ունինք պատմական մեծարժէք հնութիւն մը` Անին: Հոյակապ աւերակոյտ մը, որ գանձարան մըն է եւ շահագրգռութիւն կը սպասէ մեր հնագէտներէն:

«Անիի մէջ մանր-մունր պեղումներ կատարուեցան եւ Կարսի թանգարանը փոխադրուեցան կարգ մը հնութիւններ, որոնք կը վկայեն, թէ Քրիստոսէ առաջ այստեղ ապրեր են պղինձի եւ պրոնզի դարերուն, ուրարտական եւ կամսարական ազգախումբերը:

«Քրիստոսէ ետք ալ Անին ենթարկուեր է սասանեաց հարստութեան, հայոց իշխանութեան (որոնց տիրապետութիւնը Անիի շուրջ 7000 տարուան պատմութեան մէջ, միայն 300 տարուան շրջան մը կը պարփակէ), աւելի ետք` Բիւզանդիոնի, սելճուք-թուրքերու պարսից, մոնկոլներու եւ թրքական բազմաթիւ պետութիւններու: Անին, այս կերպով, բազմատեսակ ազգերու տիրապետութեան ենթարկուած է: Պատճառն այն է, որ այդ հին շրջաններուն, Անին, որ արքայանիստ քաղաք մըն էր, զինուորական եւ տնտեսական մեծ արժէք ունէր:

«Այսօր, անվթար մնացած գործերէն եւ հնութիւններէն կը հասկնանք, թէ վերոյիշեալ ազգերը իրենց քաղաքակրթական դրոշմը ձգեր են Անիի վրայ: Հակառակ ասոր որ օտար լեզուներով հրատարակուած երկասիրութիւններ դիտումնաւոր կերպով կը պնդեն, թէ ամբողջ Անին հայերու թագաւորութեան սեփականութիւնն է:

«Փրոֆ. Մառ, որ 1900-ի սկիզբները պեղումներ ըրած էի Անիի մէջ, բազմաթիւ իրականութիւններ ծածկելով, Անին յորջորջած է հայկական Պոմպէյ, հաստատելով, թէ 1319-ին երկրաշարժէն ետք աւելի քանդուած է:

«Անին պատմական եւ զբօսաշրջային մեծ արժէք կը ներկայացնէ այսօր: Կրթական նախարարութիւնը պէտք է շահագրգռուի այս ուղղութեամբ:

«Եթէ աւելի լուրջ պեղումներ կատարենք, առիթը պիտի ունենանք երեւան հանելու Անիի նախաքրիստոնէական շրջաններու անգիր եւ անտիպ փաստեր: Շատ մը դժուարութիւններ կան անշուշտ: Զբօսաշրջային նախարարութիւնը պէտք է զբաղի անոնցմով»:

 

Թուրքիա Ի՞նչպէս Մերժեց
«Հայկական Հողերու» Պահանջը

 

Կոսիգինի այցելութեան օրերուն` Պոլսոյ թրքական թերթերը պատմութիւնը կ՛ընեն թուրքեւռուս յարաբերութեանց:

Անդրադառնալով թուրքեւռուս յարաբերութեանց`  անցեալ շրջաններուն, «Ենի Կազէթէ» հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ վերի խորագիրին տակ.

Մուսթաֆա Քեմալ համաձայնիլ կ՛ուզէր Ռուսիոյ հետ, առանց սակայն ամբողջական զիջողութիւններ ընելու: 27 օգոստոս 1920-ին, ռուսերը առաջարկեցին, որ Հայաստանի ի  նպաստ զոհողութիւններ ընենք: Խնդիրը յանգեցաւ Ազգ. ժողովին եւ Մուսթաֆա Քեմալ խստիւ մերժեց: Ռուսիա աւելի մօտեցաւ սակայն, Թուրքիոյ, ինչ որ խուճապի մատնեց Ֆրանսան, որ կը ջանար Թուրքիան բաժնել Ռուսիայէն, հետագային զայն Անգլիոյ դէմ ցցելու համար: Թուրքիա պատուիրակութիւն մը ղրկեց Մոսկուա, որ սիրալիր ընդունելութիւն մը ըրաւ: Մինչ այդ, հայերը յարձակած էին մեր վրայ, եւ թուրք բանակը մինչեւ հայկական սահմանները արշաւելով` ապահոված էր Աղեքսանդրապոլի դաշնագիրը (2-3 դեկտեմբեր 1920): Ռուսերը առաջին դեսպանը ղրկած էին Անգարա, եւ ըսած էին, թէ սխալ մը պատահած է, ալ հող պիտի չպահանջեն Հայաստանի ի նպաստ: Այս երաշխիքէն ետք, Թուրքիա նոր պատուիրակութիւն մը ղրկեց Մոսկուա, եւ պայման դրաւ որ հայազգի Գարախան չմասնակցի բանակցութիւններուն: Փոխանցման եւ սպասման երկարշրջանէ մը ետք, 1921 հոկտեմբեր 13-ին, կնքուեցաւ Կարսի դաշնագիրը, Ռուսիոյ եւ Հարաւային Կովկասի Հանրապետութեանց` Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Պաշտպան Ուժերը Արաքսի Ափին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?