Նժարէ Նժար
Չմոռնա՛նք…
Նոր տարիին տօնական պահը անցաւ, բայց տօնական իր հմայքը տակաւին կը շարունակուի հոգիներուն մէջ: Սրտազեղ հանդիպումներ տեղի ունեցած են, խնճոյքներ, կերուխում:
Բայց Նոր տարին կը խորհրդանշուի առաւելաբար նուէրներու նուիրագործուած փոխանակութեամբ. նուէրներ կան, նուէրներու հետ կապուած զեղուն ապրումներ կան, նուէրներ` ստացուածը, տրուածը…
Մանաւա՛նդ տրուածը, ինչպէս պիտի հաստատէր մեծ փորձառութիւններ ապրած ու կեանքի մեծ փորձ կուտակած Թէքէեան բանաստեղծը: Որովհետեւ, ստացուածը հազի՛ւ կրնայ բացատրել մեր անձին մէկ մասը, մինչ տրուածը լրիւ կը լուսաւորէ ենթակային անձնաւորութեան ողջ տարողութիւնը: Տրուա՛ծը: Տրուածով իր ներքին աշխարհը բացատրելու մարդուն բնական յոյզը, ուրախութիւնը, երբեմն նաեւ սուգը:
Սո՜ւգը…
Տեսած էք հարկաւ մարդիկ, եղած էք հարկաւ այն մարդերէն, որոնք Աւետարանի սգաւորներուն չափ սուգ կը դիզեն իրենց հոգիներուն, երբ իրենց բաղձանքներուն համապատասխան առատութեամբ, մեծութեամբ, գեղեցկութեամբ չեն կրնար զոհաբերել, տալ, հարկ եղած ուժգնութեամբ պարպերլ իրենց սիրտը, բացատրել ուրիշին համար տրոփող անոր անբացատրելի խանդը:
Մեծերը, ընտիրները այսպէս եղած են միշտ: Բան մը ստանալու համար չեն ապրիր մեծերը: Իրենց անձին բան մը ապահովելու համար չեն տագնապիր ընտիրները: Մեծերուն եւ ընտիրներուն պարագան այսպէս է մինչեւ անգամ, երբ կը պայքարին ու կը տագնապին հայրենիքին համար: Հայրենիքին ազատագրումը նպատակ չէ մեծերուն մտքին մէջ, հայրենիքին տէր դառնալը ընտիրներուն վերջին երազը չէ: Հայրենիքը սրբազան միջոց է անոնց մտքին մէջ, կ՛ուզեն նուաճել այդ միջոցը իրենք զիրենք առաւելագոյն չափով դրսեւորելու ի խնդիր, որպէսզի անոր` հայրենիքի քարերուն, հողերուն, ջուրերուն աշխատակցութեամբ կարենան տալ իրենց լաւագոյնը, թանկագինը, աստուածայինը` ազգին, մարդկութեան:
Տալ, նուիրել…
Հաւանաբար ամէնէն աւելի ծնողները նուէրներ տուին. ո՛վ գիտէ ինչե՜ր նուիրեցին ծնողները իրենց որդւոց` հագուստ մը, կօշիկ մը, աւելի մեծ բաներ` ինքնաշարժ մը, տուն մը, ինչ որ կրնային, ինչ որ ունէին, ու նաեւ սրտագին մաղթանք մը, յաջողութեան, երջանկութեան հազար մաղթանք:
Նոր տարի, նուէրներու պահ, ընծայելու բուխ տրամադրութիւն: Ծնողներ, զաւակներ:
Միշտ այսպէս չէ եղած մեր Նոր տարին: Մեր ծնողներուն եւ զաւակներուն փոխյարաբերութիւնները այսպէս եղան միշտ:
Կար ժամանակ, ծնողները նուէրներով չէին ներկայանար զաւակներուն:
Կար ժամանակ, որ ծնողները իրենց զաւակներո՛վ կը ներկայանային ազգին:
Ու ազգին նուէր եղած զաւակները տան մէջ չէին անցըներ Նոր տարին: Կ՛անցընէին լեռներու մօտ, բուք ու բորան տեղերու վրայ, ձիւներու մէջ, բուքէն, բորանէն ու ձիւնէն աւելի մեծ խստութեան մը դէմ պայքարի ելած: Այդ դաժան պայմաններուն մէջ, Նուէր եղած զաւակը, իր կարգին, կը նուիրէր իր թանկ երիտասարդութիւնը, որպէսզի ապրի հայրենիքը, ապրի ազգը, ազգը կորաքամակ չմնայ ու արտայայտութեան ազատ ընթացք մը տայ իր ներքին ջուրերուն:
Բուք ու բորանին, ու ձիւնին, ու թուրքին ստեղծած պայմաններուն մէջ չենք ապրիր այսօր, բայց ազգը պէտք ունի իրենց ընտիր զաւակները իր սպասին նուիրող ընտի՛ր ծնողներու:
Մենք մեր կապերը չենք խզած հինին հետ, հինը կայ միշտ, առնուազն իբրեւ տրամադրութիւն, ոգի, նուիրումի բուռն տենչ: Այդ ոգիով ապրող ծնողներ գտնուեցան հարկաւ: Առանց այդ բուխ տրամադրութեան եւ առանց այդ տրամադրութիւնը շաղախող բուռն կիրքին մեր ծնողքը թերի ծնողք մը պիտի ըլլար, զաւակը թերի զաւակ մը պիտի ըլլար ու ազգը արժանաւորապէս պիտի չկրնար տանիլ ճակատագրական իր պայքարը:
Զաւկին նուէր տալու տրամադրութեան չափ, զաւակը ազգին նուիրելու տրամադրութիւնն է, որ ապրեցուցած է մեզ դարերու ընթացքին, կանգուն պահած է մեզ բոլոր փորձութիւններուն դէմ: Չմոռնանք:
XX
Ընկերային Հարցեր
Պատանիները Ինչո՞ւ Կը Ծխեն
Հաւանօրէն հանդիպած էք 14-16 տարեկան պատանիներու, որոնք կը ծխեն: Եթէ ուշադրութեամբ դիտէք, պիտի տեսնէք, որ անոնք երբ անիծեալ մուխը ներս կը քաշեն, հաճոյք չեն առներ: Ընդհակառակը: Կը հազան, երեսնին կը ճմռթկեն եւ նողկանքի արտայայտութիւն կ՛ունենան:
Սակայն եւ այնպէս կը շարունակեն ծխել:
Ծխախոտը ձեռքը ունենալ, զայն շրթներուն ՏԱՆԻԼ, ահաւասիկ թէ ո՛ւր կը կայանայ անոնց գերագոյն հաճոյքը:
Իսկ ինչո՞վ բացատրել այս երեւոյթը: Ինչո՞ւ կը ծխեն, երբ հաճոյք չեն առներ առաջին առթիւ:
Փաստը անոր` որ իրապէս առանց սիրելու կը ծխեն, նաեւ այն է, որ ամէն անգամ երբ դիտել տաք, որ մոլին կրնան դառնալ այդ ունակութեան, ամենայն ինքնավստահութեամբ ձեզի կը պատասխանեն.-
– Մի՜ մտահոգուիր. ուզած ատենս կրնամ ձգել:
Որովհետեւ տակաւին նիքոթինը իր բոյնը չէ շինած թոքերուն մէջ, ու որովհետեւ նաեւ քիմքը ախորժալիր չի նկատեր զան: Սկսնակները հաւատքով կը յոխորտան.
– Ես կամք ունի՛մ:
Սակայն, ինչպէս բոլոր ծխելու մոլիները գիտեն, վարժուելէ ետք, այնքան ալ դիւրին չէ այդ մոլութենէն ձերբազատիլ:
Մեր պատանի բարեկամներուն ծխելու աճապարանքը հիմնականօրէն ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ է, երբե՛ք` ֆիզիքական պահանջի արդիւնք:
Անոնք, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ երեւնալու ՓԱՍՏԵՐԷՆ մէկը կը նկատեն ծխելը:
Ծխելով` կը կարծեն ՄԵԾ ՄԱՐԴ, մա՛րդ եղած ըլլալ:
Մինչ տարիքը առած մարդիկ իրենք զիրենք խաբելու գնով կ՛ուզեն փոքր երեւիլ, փոքրերը շուտ մեծնալու ետեւէ են:
Այդպէս. ամէն մարդ չունեցածը կը փնտռէ, ու կորսնցուցածին կ՛ափսոսայ…
Կայ նաեւ ԳԱՂՏՆԻ ՈՒ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ բաներու տիրանալու` մարդոց` ԲՆԱԶԴԸ:
Պատանիները կը ծխեն երբեմն, որովհետեւ ՊԷՏՔ ՉԷ ծխեն:
Ուստի, կը կարծենք օգտակար եղած ըլլալ մեր պատանի բարեկամներուն` ԲԱՑԱՏՐԵԼՈՎ, թէ ինչո՛ւ իրենց արգիլուած է ծխելը:
Ծխելով չէ, որ պիտի փաստէք ձեր ԱՌՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Ու եթէ չէք ծխեր, ձեզ ծխելու հրաւիրող ձեր տարեկիցներուն գիտցէք ըսել` թէ դուք դէմ էք ԱԺԱՆ ու տգեղ ՀԵՐՈՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ: Գիտցէք խնդալ ձեր չծխելուն վրայ խնդացող տարեկիցներուն վրայ:
Պիտի չկարենաք գտնել ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ոչ իսկ ծխող մը, որ անկեղծօրէն ձեզի չըսէ.- «Մենք այդ մոլութեան բռնուեցանք ու դժգոհ ենք. մենք ըրինք, դուք մի՛ ընէք»:
Ու վստահ եղէք, ֆիզիքապէս, մտային աշխուժութեան գծով, բարոյապէս ու նիւթապէս շահաւոր պիտի ըլլաք:
Լաւագոյն դարմանը ծխելու դժբախտ մոլութենէն չբռնուելու` ծխելու չսկսիլն է: Կան փորձեր, որոնք կրնան փորձանք բերել:
Եւ ի՜նչ փորձանք:
ԱՍԻԱՑԻ