Լրագրութիւնը
Դարերու Ընթացքին
Ո՞վ է եղած առաջին լրագրողը: Տարիներ առաջ, Քոլոնիոյ մէջ, Մամլոյ միջազգային ցուցահանդէսի ընթացքին, շէնքի մուտքին զետեղուած էր արձանը Մարաթոնի վազորդին, որ յաղթութեան լուրը Աթէնք բերած եւ ապա ինկած ու մեռած էր:
Ասիկա տեղէ մը ուրիշ տեղ լուր մը շուտով հասցնելու առաջին միջոցը եղած էր: Այսինքն` այն ինչ որ այսօր լրագրութիւնը կ՛ընէ թերթերուն միջոցով:
Հին Հելլէնները եւ յատկապէս աթենացիներն ու կորնթացիները գրեթէ կանոնաւոր թերթեր ունէին: Սա՛ տարբերութեամբ միայն, որ այդ թերթերը ձեռքով կը գրուէին պատերու վրայ:
Օրինակի համար, Քերամիկոսի մէջ կար հսկայ սեւ պատ մը, դպրոցական մեծ գրատախտակի մը պէս, ուր աթենացիները կաւիճով կը գրէին ոչ միայն պզտիկ ծանուցումներ, այլ նաեւ` իրենց քաղաքին կամ բարեկամներուն, կամ քաղաքը բնակող օտարականներուն վերաբերեալ զանազան լուրեր:
1929-ի պեղումներու ընթացքին գտնուեցան այդ տեսակ կարգ մը արձանագրութիւններ, որոնցմէ մէկը հետեւեալն է.
– Գալլիաս կը յայտնէ, թէ իր ախոռէն գողցուած են երկու էշեր: Իր կասկածած անձերու անունները արդէն հաղորդած է տեղւոյն քաղաքապետութեան, ուր հարցաքննութիւններ կը կատարուին: Եթէ իրական գողերը գիտցող կայ, թող փութայ ըսել, որպէսզի անարդարօրէն անմեղներ չարչարանքի չենթարկուին:
Ուրիշ արձանագրութիւն մը.
– Նիկիացի սանտալագործ Քրիթիաս իր կնոջ հետ կռուած ու գործիքով մը զայն վիրաւորած է աչքէն: Ինչպէս հաստատուած է Քրիթիաս իրաւունք ունէր, որովհետեւ շատ գործ ունէր եւ ան (կինը) անմիտ հարցումներով զայն կը զբաղեցնէր: Ուստի բոլոր կիները թող ուշադրութիւն ընեն, որպէսզի իրենց ամուսիններէն նոյն փորձանքին չենթարկուին:
Երրորդ մը.
– Շուկային (աղորա) մօտ, Եւրիսակիի աշխատանոցին մէջ հրդեհ ծագած ու փճացուցած է ամբողջ ստացուածքը: Կը թուի, թէ չարիքը յառաջ եկած է ձէթէն, որ թափած է տախտակէ պատին վրայ: Ցաւալի պատահածը. այսուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ, որ աստուածները պատժեցին իր անխոհեմութիւնը:
Աթենական վերջին լուր մըն ալ.
– Պարմենիոնի կինը ծնաւ երկուորեակ մը, 2 մանչ: Մէկ քանի ժամ ետք մէկը մեռաւ: Պարմենիոն անմխիթար է: Ատոր համար պիտի երթայ Նեղոսի երկիրները:
Հոս պէտք է նշել նաեւ, որ Քերամիկոսի այս լուրերը կը գրէին զանազան խմբագիրներ, որ յատկապէս այս գործին համար կը վճարուէին քաղաքապետութենէն:
Նոյնիսկ Պաւսանիաս իր «Ատտիկեանք»-ին մէջ փրկած է անունը այդպիսի խմբագիրի մը` Աղլայիուի, որ ոչ միայն գեղագիր էր, այլ նաեւ` շատ արագ գրող:
Կորթնոսի մէջ ալ կային պատի նման թերթեր, ուր կը գրէին պզտիկ ազդեր ու կարճ լուրեր` օրուան անցուդարձերէն:
Ամէն պարագայի մէջ, հին ժամանակներու առաջին լրագրողը Քսենոփոնն էր, որ մօտէն կը հետեւէր հելլէններու արշաւանքներուն, նոթեր կ՛առնէր եւ հետագային ամենայն մանրամասնութեամբ գրեց իր հռչակաւոր «Հելլենականք»-ը, որ խմբագրուեցաւ իբրեւ Թուկիտիտէսի գործին շարունակութիւնը:
Մեծն Աղեքսանդր ալ իր արշաւանքներու ատեն հետը զանազան խմբագիրներ կ՛առնէր, որպէսզի օրագրութիւն բռնէին եւ օրուան պատերազմական զանազան զեկոյցները գրէին: Ասոնցմէ ամէնէն նշանաւորը Արքիլոքոսն էր:
Հռոմայեցիք ալ ունէին պատի թերթեր, ինչպէս նաեւ` մագաղաթ-թերթեր:
Կիկերոն անյագօրէն կը կարդար անոնց պարունակած լուրերը, որովհետեւ, ինչպէս կ՛ըսէր, հոն կարելի էր տեսնել քաղաքին ու շրջակայքին մէջ տեղի ունեցող դէպքերը: Այդ լուրերէն շատեր պատերազմական բնոյթ կը կրէին կամ յեղափոխական բովանդակութիւն ունէին:
Նոյնիսկ այս թերթերէն շատեր գաղտնօէն շրջաբերութեան կը հանուէին ու ձեռքէ ձեռք կ՛անցնէին, որովհետեւ վարչաձեւին դէմ էին:
Պաշտօնական` պետական թերթերը ենթակայ էին գրաքննութեան եւ միայն իրենց տրուած նիւթերը կրնային գրել:
Օր մը, երբ այսպիսի թերթ մը վարող Արպիոս հրատարակութեան համար իրենց տրուած գրութեան մը մէջ կարգ մը նախադասութիւններ փոխեց, ձիարձակարանի մէջ մահուան դատապարտուեցաւ…
Բիւզանդացիք ալ պատի թերթեր ունէին, բայց` միայն մանր ազգերու համար: Խմբագիրները կը վճարուէին հարուստ պերճաղիճներուն կողմէ` նկարագրելու համար անոնց գեղեցկութիւնը եւ այն վայելքը, զոր պիտի պարգեւէին անցորդ առեւտրականներուն:
Միջին դարուն լրագրողները ժողովրդական աշուղներ էին, որ հրապարակներու վրայ, փողոցներու եւ եկեղեցիներու մէջ եւ խնճոյքներու ընթացքին երգով կը պատմէին քաջասիրտ եւ անբասիր ասպետներու հերոսական գործերը:
Ժողովուրդը օրուան աշուղներէն կ՛իմանար իր պատերազմիկներու յաղթանակները կամ պարտութիւնները: Նոյնպէս աշուղներ էին, որ լուրեր կը բերէին օտար աշխարհներէն, որովհետեւ անոնք երկրէ երկիր կը պտտէին, եւ ապա երգերով, մասնաւորաբար խնճոյքներու ընթացքին, կը նկարագրէին երկրաշարժ մը, աղիտաւոր ողողում մը, քաղաքներու մէջ պատահած հրդեհներ: Եւ կամ` կը թուէին զոհերը ժանտախտին եւ ուրիշ համաճարակներու, ինչպէս նաեւ` շատ մը ուրիշ հետաքրքրական բաներ, որ անծանօթ պիտի մնային ընդմիշտ:
Լուրերը այս ձեւով շարունակուեցան տրուիլ 13-րդ դարէն մինչեւ 16-րդ դար: Յաջորդ երեք դարերուն, մինչեւ Երեսնամեայ պատերազմը, լրագրութիւնը յարատեւ զարգացման ու կատարելագործման մէջ էր` շնորհիւ զանազան գիւտերու եւ յատկապէս տպագրութեան գիւտին: Մինչեւ որ կամաց-կամաց թերթերը հասան իրենց այսօրուան ձեւին եւ իրենց արժանի տեղը գրաւեցին միլիոնաւոր ընթերցողներու միջեւ:
ԹԱՐԳՄ. ՎԷՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան
Հաղորդագրութիւնը
Հայ Դատի Յուշագիրը Յանձնուեցաւ
Բազմաթիւ Երկիրներու Վեհապետներուն
Եւ Ափրիկեան Վեհաժողովի Պատուիրակներուն
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութենէն ստացանք 15 դեկտեմբեր 1966 թուակիր հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.-
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը վերջին ամիսներու ընթացքին Հայ դատի վերաբերող իր յուշագիրը յանձնած է Եուկոսլաւիոյ նախագահ մարաջախտ Ժոզեֆ Պրոզ Թիթոյին, Իրանի կայսր Մոհամետ Ռըզա Շահ Փահլաւիին եւ Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան նախագահ Կամալ Ապտըլ Նասըրին:
Ատկէ զատ, նոյեմբերի առաջին շաբթուն մասնաւոր պատուիրակութիւն մը ղրկած է Ատիս Ապապա, ուր կը գումարուէր ափրիկեան ազգերու գերաստիճան ժողովը:
Պատուիրակութեան ներկայացուցիչները արժանացան բարեացակամ վերաբերումի բոլորին կողմէ: Անոնք ներկայ գտնուեցան կայսեր թագադրութեան 36-րդ տարեդարձի տօնակատարութեանց, եւ այդ առթիւ, հայկական հարցին վերաբերող Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան յուշագիրը պաշտօնապէս յանձնեցին Եթովպիոյ կայսեր եւ վարչապետին:
Հայ դատին վերաբերող յուշագիրը, մեր պատուիրակութեան ներկայացուցիչներու աշխատանքով, սեփականութիւնը դարձաւ այդ օրերուն Ատիս Ապապա գտնուող եւ գերաստիճան ժողովին մասնակցող հետեւեալ պատուիրակութեանց.
Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւն, Մարոքի թագաւորութիւն, Ալճերիոյ, Թունուզի Սուտանի, Կամպիոյ, Սիէրա-Լիոնէի, Փղոսկրեայ Ափի, Վերին Վոլթայի, Մալիի, Նիկերիոյ Չատի, Թոկոյի, Տահոմէի, Քամերունի, Կեդրոնական Ափրիկէի, Կապոնի, Քոնկօ Քինչասայի, Քոնկօ Պրազաւիլի, Քենիոյի, Ռուանտայի, Մատակասքարի, Ղանայի, Լիպերիոյ, Ուկանտայի, Պոցուանայի, Մալաուիի, Սոմալիի, Զամպիոյ, Թանզանիոյ, Սենեկալի հանրապետութիւններ, Պուրունտուի եւ Լեզոթոյի թագաւորութիւններ:
Գերաստիճան համաժողովի օրերուն մեր ներկայացուցիչները առիթը ունեցան մասնաւոր տեսակցութիւններ ունենալու «Եունայթըտ Փրես»-ի «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի, «Ռոյթըր»-ի իտալական «Անզա»-ի, ինչպէս նաեւ եթովպական մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, ու սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տուին բացատրութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան տեսակէտներուն, յուշագրով ներկայացուած պահանջներուն մասին, եւ մատնանշեցին, թէ ինչպէ՛ս ՄԱԿ-ը եւս կրնար լուծում մը բերել Հայ դատին` հիմնուելով իր ուխտագրի ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ մարդկային Իրաւանց սկզբունքներուն վրայ: