Խմբագրական
Յանուն
Մէկ Չափանիշի
Նոյեմբերի երկրորդ կիսուն Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայաստանի գրողներուն հինգերորդ համագումարը, որուն մասնակցեցան մեր հայրենիքին հին թէ նոր բոլոր գրագէտները, ինչպէս նաեւ` արտասահմանէն հրաւիրուած աւելի կամ պակաս արժէքով գրողներ:
Համագումարը, ուր ելոյթ ունեցան գրեթէ բոլորը, բազմաթիւ հարցերու կարգին, որոնք այլապէս շահեկան են, զբաղեցաւ նաեւ արտասահմանի հետ գրական յարաբերութիւններու զարգացման խնդիրով, յատկապէս` սփիւռքահայ գրողներու գործերուն հրատարակութեան գծով:
Կ՛իմանանք, որ արդէն իսկ յառաջիկայ երեք տարիներու ծրագիրներուն մաս կը կազմէ հրատարակութիւնը արտասահմանեան շարք մը հեղինակներու, որոնց գործերը սակայն, դժբախտաբար, հազիւ թէ կարողանան աղօտ մէկ պատկերը տալ սփիւռքահայ գրականութեան վերջին յիսնամեակի նուաճումներուն:
Անշուշտ ուրախալի է հաստատել, որ հայրենիքի պետական հրատարակչականին պատասխանատուները լծուած են տասնամեակներու սխալ մը դարմանելու լուրջ աշխատանքին: Բայց անխառն չէ մեր ուրախութիւնը, ունի վիրաւոր կողմ մը, եթէ նկատի առնենք, որ յաճախ, իբրեւ սփիւռք, իբրեւ սփիւռքահայ գրական նուաճում, գրական ստեղծագործութիւն, հայրենի մեր ժողովուրդին կը ներկայացուին Սիտալներ եւ Յակոբ Գույումճեաններ, որոնց գրական վաստակը մեկնաբանութեան չի կարօտիր, զիրենք կը դասէ նշանաւոր անծանօթներու շարքին:
Կրնայ առարկուիլ, որ յառաջիկայ տարի, վերջապէ՜ս, Պետհրատը լոյս պիտի ընծայէ Լ. Շանթի գործերը: Բայց Շանթի պարագային թերացումը այնքա՜ն մեծ էր, ուշացումը այնքա՜ն պարսաւելի, որ մեր գոհունակութիւնը արձանագրելով հանդերձ, Հայաստանի մեր ժողովուրդին, մասնաւորաբար թատերական արուեստին ծառայողներուն հաշուոյն, տեղին կը նկատենք դիտել տալ, թէ Լ. Շանթ դասական հեղինակ մըն է արդէն, մեր թատերական գրականութեան անվիճելի գագաթը, որ սակայն ոչ մէկ կապ ունի սփիւռքահայ գրականութեան հետ, ոչ մէկ ձեւով կրնայ նկատուիլ ներկայացուցիչը գրական այն սերունդին, որ հասակ նետեց հայրենիքէն դուրս եւ իր արժէքաւոր գործերով ճոխացուց մեր մշակոյթին գանձարանը` բերելով տագնապը սփիւռքին, տառապանքը հայրենազուրկ հայուն, իրաւ ապրումներով, իր շունչին սփոփարար ջերմութեամբ:
Կը վախնանք, որ այդ կարգի գրողներ դարձեալ բացակային հրատարակչականին ցանկէն եւ դիտումնաւոր անտեսումը` հանդէպ սփիւռքի գրական արժէքներուն, շարունակուի տակաւին երկար տարիներ:
Որովհետեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը, իբրեւ գաղափարական եւ կուսակցական պատկանելիութիւն, իր գործէն անջատելու երկչոտ փորձ մը կը կատարուի Երեւանի մէջ, բայց այդ փորձը, ինչպէս ամէն բան խորհրդային իրականութեան մէջ, կը կապուի դարձեալ Լենինի անունին, լենինեան ուսմունքին, «Լենինն ասաց»-ին…
Մինչդեռ տարրական ճշմարտութիւն է, առնուազն Լենինէն շա՜տ առաջ, դարեր առաջ հաստատուած իրողութիւն, որ գրականութեան մէջ մէկ չափանիշ կայ. արուեստի՛ չափանիշը: Ատկէ դուրս ամէն բան բռնազբօսիկ է, կորնչելի, ժամանակին եւ մտայնութիւններուն չդիմացո՛ղ պղպջակ, որուն համար վատնուած թէ՛ ժամանակին մեղք է եւ թէ՛ աշխատանքին ու ճիգին:
Այսօր, սփիւռքահայը, ո՛ր հոսանքին ալ պատկանի, բայց մանաւանդ այն հոսանքին, որուն գաղափարակից գրողները տակաւին կը մերժուին Երեւանի կողմէ, կը գնէ եւ կը կարդայ հայրենի վաւերական գրողներուն գործերը: Իր գրադարանները լեցուն են հայաստանեան գրականութեամբ: Պարտիան չէ չափանիշը անոր գրական ճաշակին: Կուսակցական պատկանելիութի՛ւնը չէ: Կը կարդայ այն, ինչ որ հայու հոգիէն բխող անկեղծ արտայայտութիւն է, անսուտ ապրում, արուեստի իսկական գործ, անխարդախ արժէք:
Դժբախտաբար այս չափանիշը, այս մօտեցումը չենք գտներ սահմանին միւս կողմը: Տակաւին չենք գտներ` հակառակ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ հոգեկան կապ հաստատելու ցանկութեան, որ այս պարագային իսկ «պլանաւորուած» է գրականէն տարբեր, գրականին անհարազատ մտահոգութիւններով եւ մեղքերով կը ծանրանայ:
Այս մտահոգութիւններէն եւ մեղքերէն թեթեւցած կ՛ուզենք տեսնել հրատարակչականին պատասխանատուները, ՈՐՈՇՈՂՆԵՐԸ, անոնք, որոնց կը պատկանի ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ, հակառակ պարտիական գիծը պահելու իրենց պարտականութեան, որովհետեւ այդ գիծը բաւական առաձգական դարձած է արդէն, պատշաճեցումներու ենթարկուած, բաւական հարկ տուած է կեանքի անյեղլի օրէնքին` մօտենալով արուեստի այն չափանիշներուն, որոնք տիեզերականօրէն ընդունուած են` իբրեւ հարազատ արտայայտութիւնը մարդկային հոգիին խոր ապրումներուն:
Եւ ասիկա որքան շուտ` այնքան լաւ: Որովհետեւ ոչ ոք իրաւունք ունի ժողովուրդը զրկելու իր արժանաւոր զաւակներու թանկագին վաստակէն, ո՛ր երկինքի տակ ալ շահուած ըլլայ ան, գաղափարական ի՛նչ համոզում ալ ունենայ անոր հեղինակը, միայն թէ ըլլայ արուեստի իսկական գործ մը, մատուցումը Գեղեցիկին եւ Մնայունին:
Եթէ ցանկ ուզեն, կու տանք: Ինչ հարկ սակայն, երբ մեզի չափ, գուցէ աւելի, իրենք ալ գիտեն գնահատել իրաւ արժէքները, անոնք, որոնք մեր ժողովուրդին յաւիտենականութեան միակ գրաւականը եղող մշակոյթին ծառայողներն են, մեր հոգեկան հարստութիւնը ճոխացնողները: