Լիբանանահայ Երգիչ
Տիգրան Ժամկոչեանի Երգահանդէսը
«Ասեմպլի Հոլ»-ի Մէջ, Կիրակի, 8 Յունուար 1967,
Երեկոյեան Ժամը 8:30-ին
Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, լիբանանահայ երգիչ Տիգրան Ժամկոչեանի (պարիթոն) երգահանդէսը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 յունուար 1967-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ»-ին մէջ:
Յաճախ, առիթ ունեցած ենք ներկայացնելու շնորհալի արուեստագէտը` լիբանանահայութեան: Ա. մրցանակաւոր` (պատուոյ յիշատակութեամբ) Վենետիկի երաժշտանոցէն: 1964-ին եւ 1965-ին մասնակցած է Վենետիկի միջազգային ֆեսթիվալին եւ արժանացած` պետական մրցանակի: Պսակաւոր` Օփերայի երգիչներու ԺԳ. մրցումէն (Իտալիա): 1960-ին մասնակցած է Վայքըրսհայմ դղեակի ֆեսթիվալին (Գերմանիա): Երգահանդէսներ տուած է (ռեսիթալ եւ քոնսեր) «Ռատիօ Թի. Վի.» յայտագիրէն: Ծանօթ օփերաներու մէջ, կեդրոնական դերերով ելոյթ ունեցած է Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Խորհրդային Միութեան, Արեւմտեան Գերմանիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Իբրեւ սոլիստ` երգած է Վենետիկի եւ Երեւանի սիմֆոնիք նուագախումբերու ընկերակցութեամբ:
Միջազգային արժէքով անուանի երգիչ մըն է արդէն եւ արժանացած հայ եւ օտար մամուլի անվերապահ գնահատանքին:
Տիգրան Ժամկոչեան, իր նուաճումներուն հետ ջանացած է եւ գիտցած է արժանի պատուով, միշտ բարձր պահել իր պատկանած ժողովուրդին անունը օտար բեմերու վրայ, միջազգային արուեստասէր բազմութիւններու առջեւ:
Արդարեւ, հետեւեալ քանի մը մէջբերումները, քաղուած եւրոպական թերթերէ, իր ունեցած արժանիքները յայտնաբերող լաւագոյն վկայութիւններն են.
«Չեմ կարծեր, թէ պարիթոնէն աւելի սրտայոյզ ձայն գոյութիւն ունենայ, երբ մանաւանդ անոր տարածքը թոյլ կու տայ առանց ճիգի ելեւէջներ կատարելու բնականէն աւելի անդին, ինչպէս պարագան է Տիգրան Ժամկոչեանի ձայնին»:
«ԼԸ ՏՈՖԻՆԷ ԼԻՊԵՐԷ»
Ֆրանսա
«Առաջնակարգ ռեսիթալ մը, ջերմ եւ գունագեղ ձայն մը, հաճելի թեմպրով եւ անուրանալի երաժշտական գիտութեամբ զինուած, Տիգրան Ժամկոչեանը կ՛ընեն մասնագէտ մենակատար մը»:
«ԼԸ ՓՐՈԿՐԷ»
Ֆրանսա
«Բազմագոյն դրօշներու միջեւ, Տոն Ֆերնանտոյի դերով (Պեթհովենի «Ֆիտելիօ» օփերան), Տիգրան Ժամկոչեան շատ տպաւորիչ էր»:
ՊԱՏՄԵԿԸՆԹՀԱՄԷՐ ՑԱՅԹՈՒՆԿ»
Արեւմտ. Գերմանիա
«Պարիթոն Տիգրան Ժամկոչեան իր ջրվիժող ձայնով կենսունակօրէն մեկնաբանեց Ռոսինիի «Ա Կրանատ» ստեղծագործութիւը:
ԻԼ ԿԱՑԵԹԹԻՆՕ»
Վենետիկ
«Համերգին սկիզբէն իսկ, ունկնդիրը գրաւուած էր Տիգրան Ժամկոչեանով: Անոր ձայնը կը ներգործէր իր տարողութեամբ ու ջերմութեամբ: «Լահորի արքան» արիային մէջ, անիկա յայտնաբերեց ոչ միայն հրայրքոտ թռիչքներ, այլ եւ ձայնային բացառիկ յատկութիւններ:
«Հայաստանեան երաժշտութիւնը փոխեց սրահին մթնոլորտը: Մինչեւ այն ատեն շլացած ու հիացած էինք, հազուադէպ վերապահութիւններով: Յանկարծ այս փայլուն երգիչը կը դառնար յուզական: Անիկա կ՛արտահանէր խորունկ ու բազմերանգ երաժշտութիւն մը, նրբացած արուեստ մը, որ չէր խզած իր կապերը ներշնչումի յորդ աղբիւրին` մայր հողին հետ»:
«ԺՈՒՌՆԱԼ ՏԸ ԺԻՒՐԱ»
Զուիցերիա
«Երաժիշտ մը միշտ պէտք է նոր բան մը բերէ» յայտնեց Ժամկոչեան, իր հետ մեր ունեցած տեսակցութեան ընթացքին: Արդարեւ, կիրակի օր, արուեստասէր հասարակութեան պիտի ներկայանայ բոլորովին նոր յայտագիրով, լրջութեամբ կազմուած երգացանկով մը:
Ի միջի այլոց, պիտի երգէ ինը կտոր, որոնք երբեք լսուած չեն Լիբանանի մէջ: Ութ եւրոպական արիաներ ու երգեր եւ հայերէն` Գոհարիկ Ղազարոսեանի «Առեղծուածը»-ը- ձօնուած` Տիգրան Ժամկոչեանի:
Վստահ ենք, որ հայ արուեստագէտը, կիրակիի իր համերգով, նոր յաջողութիւն մը եւս պիտի արձանագրէ:
Հ.
