Խմբագրական
Խորթ Կը Հնչեն
Քանի մը օրէ ի վեր Խորհրդային Միութեան վարչապետ Ալեքսի Քոսիկին պաշտօնական հիւրն է թուրք կառավարութեան: «Պատմական» այցելութիւն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ առաջին անգամ է` Խորհրդային վարչապետ մը ոտք կը դնէ Թուրքիա, Փոթկորնիի եւ Կրոմիքոյի նախապատրաստական ճամբորդութիւններէն ետք:
Միջազգային մամուլին մեկնաբանները համաձայն են այն կէտին շուրջ, որ թէ՛ Մոսկուան եւ թէ՛ Անգարան պատրանքներ չեն սնուցաներ քաղաքական այն խօսակցութեանց կապակցութեամբ, որ այս առթիւ կ՛ունենան խորհրդային եւ թուրք վարիչները: Թուրքիա կը պատկանի արեւմտեան աշխարհին, զինակիցն է Միացեալ Նահանգներուն (Ատլանտեանի դաշնագրին գծով), իսկ Խորհրդային Միութիւնը, ցնոր տնօրինութիւն, կը հանդիսանայ հակադիր ճակատին ղեկավարը:
Մեզ շահագրգռողը այդ չէ, այլ` Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ հաստատելու Մոսկուայի ցանկութեան մէջ` իրաւազրկուած, Թուրքիոյ հետ հողային դատ ունեցող ժողովուրդի մը հանդէպ գործուած անարդարութիւնը:
Ինչպէս ասկէ առաջ իր ստորադասները, որոնք թուրքեւխորհրդային սահմանին մէջ ուզեցին տեսնել «բարեկամութեան» սահման մը, Քոսիկին եւս, այլեւս սովորական դարձած փութկոտութեամբ մը, Անգարա հասած օրն իսկ յայտարարեց.
«Խորհրդային կառավարութիւնը որոշած է շարունակել իր բարեկամական քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ: Մեր երկու երկիրներուն միջեւ հողային որեւէ վէճ գոյութիւն չունի, որեւէ խնդիր չկայ: Հետեւաբար, ոչ մէկ արգելք կայ իրական բարի դրացնութեան եւ իրական բարեկամութեան հիման վրայ յարաբերութիւններ մշակելու համար»:
Երբ «խորհրդային կառավարութիւն» կ՛ըսէ՞, Քոսիկին կը հասկնայ, անշուշտ, խորհրդային Միութեան կեդրոնական կառավարութիւնը, ան` որ իրաւասութիւն ունի, սահմանադրականօրէն, խօսելու Խորհրդային Միութեան մաս կազմող բոլոր ժողովուրդներուն եւ անոնց վարիչներուն անունով:
Երբ «մեր երկու երկիրներու միջեւ» հաստատումը կը կատարէ, շատ բնականօրէն մէկ կողմը կը տեսնէ Թուրքիան, միւս կողմը Խորհրդային Միութիւնը այս վերջինը բաղկացնող բոլոր հանրապետութիւնները:
Այլ խօսքով` նաե՛ւ Հայաստանի Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը:
Քոսիկին կը խօսի բոլորին անունով, այլ մանաւանդ` Երեւանի:
Զարմանալիօրէն դիւանագիտական պահանջ դարձած է կարծէք` խորհրդային բոլոր ղեկավարներուն համար, ամէն առիթ օգտագործել, բարձրաղաղակ յայտարարելու համար, թէ Բ. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք սեղանի վրայ դրուած հողային պահանջի հարցը անցեալին կը պատկանի, Ստալինի օրով գործուած սխալ մըն է, Մոսկուա բարեհաճօրէն տրամադիր է այդ սխալը սրբագրելու եւ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ եւ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ` վերադառնալով Աթաթիւրքի եւ Լենինի սիրաբանութեան երանելի՜ օրերուն:
Այս է պաշտօնական Մոսկուային դիրքը: Պէտք է այս ըլլայ նաեւ` անտրտունջ, պաշտօնական Երեւանի դիրքը` հանդէպ Թուրքիոյ, ու նաեւ հանդէպ` Հայ դատին, հայ ժողովուրդի հողային պահանջներուն:
Խորհրդային Միութիւնը այսպէսով տապանաքար մը կը դնէ իբր թէ իր «պաշտպանութեան» յանձնուած ժողովուրդի մը արդար դատին վրայ: Հայ ժողովուրդի անունով եղած արհեստական սպառնալիքներու եւ անոնց անմիջապէս յաջորդող հրաժարումներու եւ լքումներու երկար շարք մը եղաւ խորհրդային դիւանագիտութիւն վերջին տասնամեակներու ընթացքին` միշտ ի խնդիր թրքական բարեկամութեան, որ քրեմլինեան նժարին մէջ շատ աւելի կը կշռէ, քան` հայ ժողովուրդին շահերը:
Փոթկորնիի այցելութեան օրերուն թուրք եւ խորհրդային սահմանը դարձաւ «Բարեկամութեան սահման», իսկ Սեւ ծովը` «բարեկամութեան ծով»: Այս անգամ ալ Քոսիկին պէտք եղած բացատրութիւնները` գտաւ` շոյելու համար թուրքերու ինքնասիրութիւնը, այլ մանաւանդ գործնական առաջարկներ ներկայացուց` լաւապէս ծանօթ ըլլալով թուրքերու շահամոլութեան:
Այդ բացատրութիւնները խորթ կը հնչեն հայ ժողովուրդի ականջին: «Բարեկամ»- «պաշտպան» պետութեան մը գլխաւորէն չեն գար, այլ` Ռուսիոյ, միայն Ռուսիոյ շահերը հետապնդող ղեկավարէ մը, որ իրաւունք չունի խօսելու հայութեան անունով: