Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1967)

Յունուար 10, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

 Խաղարուեստ Եւ Խաղագիտութիւն

Թուրք լիսէներ յաճախող ուսանողները կը յայտարարեն.

– Խաղը թէ՛ արուեստ է, թէ՛ գիտութիւն է գաղտնի: Խաղն ալ ուսում մըն է, ինչպէս ուսումը` խաղ մը: Եւ անհրաժեշտ է կեանքի համար: Խաղալով շահելու համար հարկ է ունենալ բանականութիւն ու բախտ: Երբ այդ երկուքէն մէկը պակսի, պէտք է դիմել խաղին նրբութիւններուն: Ատոր համար, վարժարանին մէջ իսկ դաս առնելու է սրճարաններու խաղամոլութեան վաստակաւոր փրոֆեսէօրներէն, որպէսզի ուսուցանեն խաղերու գաղտնիքը եւ պատրաստեն ապագայ ախոյեաններ ազգային եւ միջազգային:

Ուսումնատենչ ուսանողներու այս արդար պահանջին ցարդ գոհացում տրուած չըլլալուն, անոնք սկսած են իրենց լիսէներուն մէջ խաղալ, թէ՛ պարտէզի, թէ՛ դասարաններու մէջ:

***

Պոլսական թուրք թերթերէն մէկը թղթակցութիւն մը լոյս ընծայելով, կը տեղեկացնէ, որ Վան քաղաքի թուրք ուսանողներուն մէջ` տեղի ունեցած է կատաղի կռիւ մը, բախտախաղի պատճառով:

Աշակերտները սովորութիւն ըրեր են զբօսանքի պահերուն, պարտէզին մէջ պարապելու «պարպութ» կոչուող բախտախաղով: Ապրուստ մը շահելու փորձ մը, վարժարանէն սկսեալ: Գործնական ինքնազարգացում մը: Կամ ոսկի ապարանջան մը.- խաղարուեստը, խաղագիտութիւնը:

Ուսանողներէն յառաջադէմներուն բերանին ու գրպանին այնքան համ եւ հարստութիւն կու տայ «պարպութ» բախտախաղը, որ կը սկսին խաղալ նաեւ դասարաններու մէջ:

Օր մըն ալ ուսանողներէն մէկը միանուագ կը կորսնցնէ հարիւր ոսկի:

Շահը դիւրութեամբ կարելի է կլլել. սակայն, կորուստը կարելի՞ է կլլել, երբ մէկը մանաւանդ թուրք ծնած է:

Հարիւր ոսկի կորսնցնող ուսանողը կը բարկանայ, կը բորբոքի ու բողոքելու կ՛երթայ տեսուչին, մատնելով իր խաղակից ընկեր արուեստագէտները կամ գիտունները:

Շահողները կը լսեն, որ մատնուած են. կը սրեն իրենց ակռաները, եղունգները, քանակները ու զմելիները:

«Պարպութ»-ը կը վերածուի «պարութ»-ի:

Կը պայթի կատաղի կռիւ մը շահողներուն եւ հին ու նոր կորսնցնողներուն միջեւ:

Շահողները կը պոռան կորսնցնողներուն.

– Վատե՜ր, մատնիչնե՜ր, վարնոցնե՜ր, այր մարդ եղողը պարպութ կը խաղայ.  դուք մանչ չէք, աղջիկ էք… եուհա՜, եուհա՜…

Իսկ կորսնցնողները կ՛աղաղակեն.

– Խարդախնե՜ր, խաբեբանե՜ր, խայտառակնե՜ր, գողե՜ր, աւազակնե՜ր, անամօթնե՜ր… եուհա՜, եուհա՜…

Ու երկուստեք կը գործեն կիցեր, բռունցքներ, ապտակներ եւ մի քանի զմելի…

Դասարանի մը մէջ է, որ տեղի կ՛ունենայ թուրք դիւցազանց գուպարը, դառնալով գիրկընդխառն խազմ, որուն հետզհետէ կը մասնակցին միւս դասարաններէն բազմաթիւ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ: Կռուողները կը կազմեն խառնիճաղանճ ու խայտառակ խմոր մը:

Միայն երկու աշակերտներ, կռուավայր դասարանին մէկ անկիւնը չէզոքացած, կը շարունակեն իրենց խաղը, մերթ ընդ մերթ ցնցուելով կռուողներուն կողմէ:

Կռուողներու կարծր խմորը կը զարնուի նախ գրասեղաններուն, ապա պատերուն, ետքը դրան, ու, վերջապէս, պատուհաններուն, որոնց ապակիները կը փշրուին մեծաշառաչ:

Տեղի կ՛ունենան փլուզումներ, փոշիներ կը բարձրանան: Տակաւին տապալումներ, տակ մնալներ, կոտրուքներ, փշրուիլներ:

Տիտանամարտ:

Կռիւի բախտախաղին մէջ կը կորսնցնեն բոլորն ալ. եօթանասուներկու խաղագէտ ուսանողներ եւ հինգ «շէհիտ» (= նահատակ) ուսուցիչներ:

Արիւնը կը հոսի, բազմաթիւ կողմերէ: Գետինը կը լեցուի կոտրած ակռաներով, քաշուած մազերով ու կտորներով հագուստի:

Կռիւին վերջին արարը տեղի կ՛ունենայ քաղաքին մէջ:

***

Այս առթիւ, խոնարհաբար խորհուրդ մը կը փափաքինք տալ մեր դրացի թուրքերուն:

Այսուհետեւ, առաջքը առնելու համար անհամաձայնութիւններու, գժտութիւններու, անխուսափելի ծեծերու, գուպարներու եւ ամէն կարգի անախորժութեանց, ուսանողները պէտք է հրաժարին վարժարանին պարտէզին կամ դասարաններուն մէջ «պարպութ» բախտախաղի ելոյթներ ունենալէ:

Պէտք է երթան ուղղակի տեսչութեան սենեակը եւ այնտեղ սարքեն «պարպութ»-ի մրցումները, տիար տնօրէնը կարգելով իրաւարար. եւ անշուշտ շահաբաժին մը տալով անոր:

Այս կարգադրութեամբ կը դադրի կռիւը, եւ խաղաղօրէն կը շարունակուի խաղարուեստը, որուն համար անհրաժեշտ հանճարը ունին թուրք ուսանողները, ու այդ գիտութեան մէջ կրնան փայլիլ ազգովին:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Մ. Նահանգներ

ՀՅԴ Մեծ. Պոսթընի Միջկոմիտէականի
Նոր Տարուան Հացկերոյթ-Պարահանդէսը

Շաբաթ, 31 դեկտեմբեր, բացառիկ խանդավառութեան մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Մեծ. Պոսթընի միջկոմիտէականին կազմակերպած Նոր տարուան տարեկան հացկերոյթ-պարահանդէսը, Ճան Հենքոքի «Տորոթի Քուինզ»-ի շքեղ սրահներուն մէջ:

900-ի մօտ հայորդիներ անգամ մը եւս միասնաբար, ուրախ մթնոլորտի մէջ դիմաւորած են Նոր տարին: Կազմակերպիչ յանձնախումբը ճիգ չէ խնայած լաւագոյն միջոցներով գոհացնելու համար ներկաները:

Ձեռնարկի նիւթական եւ մանաւանդ բարոյական յաջողութիւնը գլած անցած է բոլոր նախատեսութիւնները:

 

Վենետիկ

Հինգ Հազար Տոլար
Ս. Ղազարի Վանքին

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Ս. Ղազարի վանքին ու տպարանին նուիրած է հինգ հազար տոլար, յատկացուելու համար նոյեմբերեան ողողումներու հետեւանքով տեղի ունեցած վնասներու դարմանումին:

 

Եգիպտոս

«Յուսաբեր»
Մշակութային Ընկերակցութեան
Ընդունելութիւնը

Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցած է ընդունելութիւն մը, ի պատիւ ընկերակցութեան տարեկան պարահանդէսի Կազմակերպիչ յանձնախումբին:

Ներկայ գտնուած են բազմաթիւ հրաւիրեալներ:

Նախագահած է Աւետիս Չագըճեան:

Սեղանապետութիւնը վարած է Կայծ Կոկանեան:

Խօսք առած են Թորոս Խաչատուրեան եւ մեթր Օննիկ Մաճառեան:

Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

Ընտանեկան ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի  մէջ, ընդունելութիւնը տեւած է մինչեւ կէս գիշեր:

 

Պրանքսի ՀՕ Միութեան
Պարահանդէս-Վիճակահանութիւնը

ՀՕ Միութեան Պրանքսի, Ն. Ե. մասնաճիւղի տարեկան հանդէս-պարահանդէսը եւ վիճակահանութիւնը տեղի ունեցած է Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:

Բացման խօսքը ըրած է ատենապետուհի Ա. Խորասանեան:

Բանախօսած է Նիւ Եորքի մայր մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկերուհի Զ. Սերոբեան:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Պիրկըն Քաունթիի ՀՕ Միութեան «Անի» պարախումբին:

 

Ընկ. Սահակ Տոսթումեանի
Մահը

Նիակարա Ֆոլսի մէջ, յունուար 1-ին իր մահկանացուն կնքած է Սահակ Տոսթումեան:

 

Պոլիս

Հալըճըօղլուի Եկեղեցապատկան
15 Կալուածներու Հարցը

Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը օրինական անհրաժեշտ ձեւակերպութիւնները լրացուցած է, սեփականատէր ըլլալու համար եկեղեցապատկան 15 կալուածներու, որոնց թափուն ցարդ չէր ստացուած:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայերէն Խօսինք Եւ Հայերէն Կարդանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?