50 Տարի Առաջ (11 Փետրուար 1967)
Խմբագրական Փոխան Յոբելեանի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, վաղը` կիրակի, ամերիկեան համալսարանին հանդիսասրահին մէջ, համազգային շուքով պիտի կատարուի մեծանուն գրագէտ Համաստեղի յիշատակի հանդէսը` մահուան քառասունքին առիթով: Եթէ երկու ամիս առաջ վրայ չհասնէր Լոս Անճելըսի չարաղէտ վայրկեանը, եւ այլ բեմի մը վրայ, մեծարողներու տարբեր բազմութեան մը առջեւ դիտապաստ չիյնար Հայաստանի լեռներուն սրնգահարը, շատ հաւանաբար նոյն ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, հաւանաբար նաեւ նոյն սրահին մէջ, առիթը տրուէր մեզի տօնելու իր ծննդեան եօթանասունամեակը` Ի ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ: Վաղուան հանդէսը փոխան յոբելեանի յուշահանդէս մըն է, ուր եթէ ներկայ պիտի չըլլայ Համաստեղ, ապահովաբար ներկայ պիտի ըլլայ սակայն Համաստեղի գրական վաստակը, անոր անձէն ձեր կազմուած թանկագին ժառանգութիւն մը, որ գուրգուրանքով պիտի...
Կարդալ ԱւելինDetails

