Տարեմուտի Արցունքներ
Այս վերնագիրը ունի Հայաստանի երիտասարդ եւ օժտուած գրողներէն` Ռազմիկ Դաւոյեանի «Գրական թերթ»-ի այս տարուան առաջին թիւին մէջ գրած յօդուածը: Կու տանք Համաստեղին նուիրուած հատուածը` իր անկեղծութեան, կարօտին ու քաղցր յուզումին մասնակից դարձնելու համար մեր ընթերցողները:
Հայ պանդուխտը, հայ գրողը, հայ մարդը, որ ամէնից առաջ որբ էր, ճակատագրի վրայ նեղացած, բախտից ու աշխարհից խռով, ոտքերը կոճղերի պէս հողին դնելով` գնա՜ց, գնա՜ց ու կանգ առաւ: Գլուխը պիտի բարձրացնէր, որ յոգնած աչքերը տեսնեն այն, ինչ վաղուց ետեւում էր մնացել: Երկար ու անյայտութեան մէջ թաւալուող ճանապարհի դեղին տենդի մէջ, Արարատների ու խշշացող բարդիների միջին խառնած կանացի կիսամերկ մարմիններ էին պարում, համարեա չէր լսւում անորոշ ու խառնաշփոթ մի երաժշտութիւն, ապակէ պատերի բաց դռնից տեսաւ, որ սեղանի վրայով երկու կողմերում նստածների շրթունքներն իրար են գալիս: Շատ էր յոգնած, ու շուրջը մարդիկ էին: Շատ էր կարօտել, անաստուած շատ: Մի գաւաթ գարեջուր խնդրեց ու մարեց կարօտները: Տենդը նօսրանում էր: Մի գաւաթ էլ խնդրեց: Յետոյ ումպ-ումպ մարեց, ինչպէս եւրոպացիները գարեջուր են խմում: Եւ պարզ տեսաւ, որ կոճղի նմանուող իր ոտքերը արմատներ պիտի ճիւղազատէին, իր հասակը պիտի երկնքին հասնէր, եթէ ոտքերի տակ հայրենի հող լինէր: Յետոյ տեսաւ, թէ ինչպէս գաղթական գիւղի փառահեղ անցեալ ունեցող Չելօ շունը նուագեց կամաց-կամաց, կամաց-կամաց հանգաւ եւ ճակատագրի վրայ նեղացած, բախտից ու աշխարհից խռով, պոչը յոգնած ոտների մէջ դրած` արհամարհուած ու տխուր կորաւ իր աշխարհից:
Նրա փառահեղ արուեստի ամբողջ տխրութիւնը հիմա իջնում է մեզ վրայ, քանի որ հայրենիքի կարօտով մոխրացած եւ երբեք հայրենիք չայցելած Համաստեղը հեռացաւ իր աշխարհից: Համաստեղի թախծի ու թախծաշաղախ արուեստի համար հայրենիքը սպունգ է` ծակծկուած շրթունքներով: Համաստեղը գնաց. հիմա նրա շիրիմը որտե՞ղ պիտի համբուրեմ:
ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ
«Ինքներդ Գտէք,
Թէ Ի՛նչ Է Նշանակում»
Գրականութիւնը մկրատել երեք կողմից, այն էլ` ուղիղ եւ հարթ, իսկ չհանդուրժել, որ որեւէ մեղապարտ թուփ, որեւէ մեղաւոր շիւ գլուխ բարձրացնի կազոնային հաւասարութեան վրայ, նշանակում է… ինքներդ գտէք, թէ ի՛նչ է նշանակում:
Գրականութիւնը եթէ ենթակայ է որեւէ օրէնքի, ապա ենթակայ է անտառի օրէնքին, անտառի՜ եւ ոչ թէ կազոնի…
Պ. ՍԵՒԱԿ
Արտասահմանեան կարգ մը թերթերու միջոցով մը ընթերցողներէն ոմանք հաղորդ դարձան Հայաստանի գրողներու Ե. համագումարին արտասանուած քանի մը ճառերուն: Ուշագրաւ էին յատկապէս ճառերէն երկուքը` Պարոյր Սեւակի ճառը եւ Գէորգ Էմինի ճառը: Ոչ անպայման իրենց գրական բնոյթով: Ուշագրաւ էին իրենց յարուցած կողմնակի հարցերով: Արդէն ե՛ւ մէկը եւ միւսը ըստ էութեան գրական խնդիրներ չէին շօշափեր, կը շօշափէին մեր հայրենիքին մէջ տուն-տեղ եղած շարք մը անբնական երեւոյթներ, որոնք, յամենայն դէպս, գրականութեան հետ աղերս մը ունին, ունեցած են միշտ, Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ վարչակարգին օրօք` ժխտականօրէն անդրադարձած են գրողին տրամադրութեան ու գրիչին վրայ, գրականութեան վրայ:
Հայաստանի գրականութեան երկու այդ ներկայացուցիչները իրենց ճառերով կը ծառանային այդ անբնականութեանց դէմ եւ կը ճգնէին մեկուսացնել անոնց մռայլ հեղինակները` այն հաստատ համոզումով, որ կամայականութիւններուն, աւելորդ կասկածամտութիւններուն ու կաշկանդումներուն չքացումը պիտի զօրացնէր գրողին անհատականութիւնը եւ ծնունդ պիտի տար դրական առողջ մթնոլորտի մը:
Աւելի պարզ խօսելով` երկու երիտասարդ բանաստեղծները կը շեշտէին`
Ազգային հպարտութիւնը ըմբռնելու կերպը,
Երիտասարդ ծիլերուն ծաղկելու ազատ հնարաւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը,
Հայ գրականութիւնը միջազգային հրապարակ հանելու անյետաձգելի գործը,
Հարցեր յարուցելու համար մեր մամուլին ընծայուելիք կենսատու շունչը,
Ապրիլ 24-ը պաշտօնական տօն հռչակելու բաղձանքը,
«20-րդ դարի գլխաւոր, առանցքային հարցերից մէկը, կամ հարցերի հարցը… Ցեղասպանութեան հարցը»,
Հրատարակութեան ցանկին անցած գործերուն հրատարակութիւնը խանգարող խանգարիչներուն պարագան,
Մոսկուայի Հայ Մշակոյթի Տունը «մեզ հայերիս վերադարձնելու հարցը»,
Եւ այլն:
Այս խոչընդոտներուն ներկայութիւնը գաղտնիք չէր արտասահմանի հայուն: Գաղտնիք չէր նաեւ անոնց դէմ տարած Հայաստանի հայուն լուռ պայքարը: Գրողներու Ե. համագումարին` ճնշումներուն դէմ կուտակուած դժգոհութիւնները եւ կարօտալի կեանքի մը հաշուոյն ապրուած բաղձանքները բարձրաձայն արտասանուեցան: Այս շեշտը ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ նաեւ հոս: Գեղեցիկ խօսք ըսուած էր: Գեղեցիկ խօսքին կրնային յաջորդել գեղեցիկ գործերը: Արտասահմանի հայը սկսաւ գեղեցիկ հեռանկարներ կազմել:
Բայց, ինչպէս միշտ, նաեւ այս լաւատեսութիւնը երկար չտեւեց: Նոր հասան Հայաստանի գրողներու վարչութեան օրկան «Գրական Թերթ»-ի թիւերը, ուր Սեւակի եւ էմինի ճառերը արտասահմանի թերթերէն մեզի ներկայացուած բովանդակութիւնը չունին: «Գրական Թերթ»-ին երկուքն ալ ենթարկուած են ծանօթ «մաքրաջրումին»: Իրենց էական մասերուն մէջ թլփատուած են յօդուածները` առանց որեւէ բացատրութեան: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Մենք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ: «Ինքներդ գիտէք, թէ ի՛նչ է նշանակում», պիտի ըսէր Պ. Սեւակ:
Պ. Սեւակը, իր անտառի օրէ՜նքը: Եւ միւսները, միւսներուն օրէնքը, մկրատիչներուն մղձաւանջային ներկայութիւնը, անոնք, որոնք իրենց իշխանութեան օրով շարունակ մկրատեցին, մկրատեցին «երեք կողմից, այն էլ` ուղիղ եւ հարթ», չհանդուրժելով «որեւէ մեղապարտ թուփ, որեւէ մեղաւոր շիւ»: Եւ երեւակայել, որ մկրատողներուն դէմ ընդվզող նոյն յօդուածը մկրատուած է իր կարգին եւ ինչպէ՜ս:
Կ՛ըսեն, թէ Ստալինի ստեղծած բարքերը չկան այսօր, Բերիայի բարակները մեկուսացուած են: Բայց ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորենք եւ ի՞նչ անուն պիտի տանք բարակային այս նոր բարքերուն: Այնքան ատեն որ կան այս փաստերը, ոչ մէկ թմբկահար կրնայ համոզել մեզ, որ չեն ապրիր անհատին ազատութիւնը կաշկանդող ու մարդերը կազոնային հաւասարութեան ենթարկելու պաշտօնով ապրող «Ստալինի ժառանգորդները»:
Մենք պիտի խօսինք տակաւին հաւասարութեան ենթարկուած Սեւակի եւ էմինի ճառերուն մասին:
XX