Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1966)

Դեկտեմբեր 23, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գաղափարներու Ազդեցութիւնը
Գրականութեան Մէջ

Անառարկելի է գաղափարներու ազդեցութիւնը գրական գործերու վրայ:

Գաղափարազուրկ գրականութիւն մը աննպատակ ճիգերու կուտակում մըն է:

Գաղափարները ներքին կրակն են: Անոնց շնորհիւ կը բոցավառի գրողին կամ արուեստագէտին ներաշխարհը: Վերցուցէք գաղափարները մարդոց մէջէն, անոնք պիտի դառնան նոյնհետայն ստեղծագործելու անընդունակ:

Գաղափարներն են, որ կը վարեն աշխարհը:

Վերցուցէք գաղափարները մարդոց մէջէն, ու տիղմ ու ճահիճ պիտի նստին անոնց մէջ:

Մենք ինչ որ ենք, կը պարտինք մեր գաղափարներուն:

Գրող մը առանց գաղափարի` աշտարակ մըն է առանց փարոսի:

Տաղանդը իր զօրութիւնը կը ստանայ գաղափարներէ:

Մեծերը իրենց գաղափարներու զօրութեամբ է, որ տիրած են դարերու:

***

Եւ հիմա` հանդէպ ցեղին ու հայրենիքին պաշտամունքը, որ դարձած է իրենց անկախութիւնը կորսնցնող ժողովուրդները ոգեղինող գաղափար կամ տեսակէտ:

Անով կ՛ապրին ու կը գործեն, անոր համար իրենց արիւնը կը թափեն նուիրեալներ, որոնք կը հաւատան, թէ չ՛արժեր ապրիլ կեանքը, եթէ անկէ մերկացուած է խորհուրդը ազատութեան:

Քանինե՜ր ինկան անոր սիրով:

Քանինե՜ր ծառացան բռնութեան դէմ ու բարձրացան խարոյկներու վրայ կամ կախաղան:

Հայրենասիրութեան զգացումով տոգորուած, ուստի սեփական ազատութիւնը ամէն բանէ բարձր դաւանող գաղափար մըն է, որ ազատական պայքարի մէջ փնտռել տուած է մարդկային սերունդներու լուսուղին վսեմական կեանքի մը:

Փոխադրեցէք արուեստի կալուածէն ներս այս եւ նման գաղափարներով ապրող տիպարներն ու հերոսները, ու պիտի ունենաք ահա հերոսապատումներ եւ մարմարին ու կտաւին յանձնուած արուեստի գլուխ-գործոցներ:

Առանց լուսեղէն գաղափարի մը` գոյութիւն պիտի չունենային սխրագործութիւններ եւ դիւցազնական խոյանքներ, ու արուեստագէտ մը պիտի չկարենար տալ մեզի կատարեալ գործ, եթէ գաղափարի նո՛յն կրակը անթեղուած չըլլար իր հոգիին մէջ:

Գաղափարներու դերն ու ուժը գրականութեան, արուեստի եւ կեանքի մէջ, կը մնայ անուրանալի իրողութիւն. միջակութիւններ չեն զգար այս ճշմարտութիւնը, որ արուեստը, գաղափարազրկած զինք ոգեղինող կրակէն, կը մօտեցնեն սրբապիղծ դաբիրներու, իսկ մարդը` տղմասոյզ որդի:

Այս երկու բեւեռներուն վրայ կը մղուի ճակատագրական պայքարը մեր դարուն. յաղթանակը անպայման վերապահուած է մարդկայնական լուսեղէն գաղափարներու:

«Արմենիա

 

Լաւագոյն Հեռանկարներ

Հայաստանի անկախութեան երեսուն ամիսները «երազի նման անցան գնացին»:

1920 դեկտեմբերի սկիզբը ամէնէն յոռետեսներն անգամ չէին կրնար երեւակայել, որ հայ ժողովուրդը վեց դարու ստրկութենէ ազատագրուելէ ետք, կրկին պիտի իյնար օտարի լուծին տակ: Պիտի կորսնցնէր արեան հեղեղներու գնով իր ձեռք բերած անկախութիւնը:

Լաւատեսները կը կարծէին, որ ժամանակաւոր երեւոյթ է Հայաստանի գրաւումը Կարմիր բանակին կողմէ: Կը յուսային, որ հայերը շատ չանցած` վերստին պիտի տիրանային իրենց անկախութեան, որովհետեւ, աւելի քան ուրիշ որեւէ ազգ, իրաւունք ունէին ինքնորոշման, ազգահաւաքման եւ անկախութեան:

Հակառակ Մոսկուայի լիազօր Լկրանի 1920 դեկտեմբեր 2-ի գրաւոր յանձնառութիւններուն, Կարմիր բանակը Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերէն սկսեալ ահուսարսափ տարածեց քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ:

Ստալինի բռնակալութեան դաժան օրերուն, հայ ժողովուրդը արիւնաքամ եղաւ երկրին մէջ: Համբերութեամբ կուրծք տուաւ վարչակարգի բոլոր վայրագութիւններուն: Չարքաշ ու տոկուն` քաջութեամբ դիմաւորեց «հանճարափայլ»-ի սադրանքները, որոնք երբեմն «ցեղասպանութեան» աստիճանին հասան:

Մոսկուայի մէջ, Կոմկուսի համամիութենական 20-րդ համագումարի ընթացքին, ռուս պատասխանատու համայնավար վարիչներ վերջապէ՜ս ծալքերը բացին եւ հրապարակաւ խոստովանեցան, որ այդ չարաշուք տարիներուն առնուազն 3500 հայ մտաւորականներ մահացած էին: Իսկ «հայրենական պատերազմ»-ին զոհ տուինք աւելի քան հարիւր հազար հայ երիտասարդներ: Բայց անոնց արիւնը նժարի մէջ չդրուեցաւ յաղթանակէն ետք: Հայաստան մնաց նոյն նեղ սահմաններուն մէջ: Մոսկուա ո՛չ մէկ բարեացակամ ճիգ ըրաւ գոհացնելու համար հայերը:

Շատ բան փոխուած է անշուշտ 1920-էն, մանաւանդ «հանճարափայլ»-ի մահէն ասդին: Շինարարութեան, ճարտարարուեստի եւ մշակոյթի զանազան ճիւղերուն մէջ մեծ յառաջդիմութիւններ եւ նուաճումներ կատարած է Հայաստան, վարչաձեւէն աւելի` շնորհիւ հայու ստեղծագործ բնածին տաղանդին եւ յամառ աշխատունակութեան:

Քառասուն տարիէ ի վեր օրը օրին գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք հայրենիքի ներքին կեանքի դրական կողմերը: Անվերապահօրէն կը գնահատենք հայ գիտնականներու, արուեստագէտներու եւ ամէն կարգի մտաւորականներու կատարած աշխատանքներն ու ձեռք բերած արդիւնքները մշակոյթի զանազան մարզերու մէջ:

Հաճոյքով արձագանգ կը դառնանք Հայաստանի երիտասարդ սերունդին մէջ յայտնաբերուած հայրենասիրական արտայայտութեանց, որոնք յայտարար նշաններ են ապագայ լաւագոյն հեռանկարներու:

«Յառաջ»

 

Ներքին Կեանք

Խաչիկ Պապիկեանի Ելոյթը
Երեսփոխանական Ժողովին Մէջ

Երեսփոխանական ժողովի վերջին նիստին, որուն  ընթացքին վարչապետ Քարամէի կառավարութիւնը վստահութեան արժանացաւ, առաջին խօսողը եղաւ Պէյրութի հայ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան:

Խ. Պապիկեան ցաւ յայտնեց, որ նախարարական յայտարարութիւնը ընդհանուր նպատակներու թւում մըն է միայն: Աւելցուց, որ սկզբունքային յայտարարութիւնները բաւական չեն, անհրաժեշտ է ճշդել աշխատանքի մեթոտները եւ այն միջոցները, որոնք ի գործ պիտի դրուին ճշդուած նպատակներուն հասնելու համար: Խ. Պապիկեան յիշեցուց, որ նախարարական նախորդ յայտարարութեանց մէջ յիշուած ծրագիրներէն շատերը չիրագործուեցան, ինչպէս` պարտադիր եւ ձրի կրթութեան ընդհանրացումը, դեղերու խնդրին լուծումը, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ցորենի մթերանոցներու շինութիւնը, Պէյրութի մէջ նոր շուկայի մը կառուցումը եւ այլն: Ապա Խ. Պապիկեան աշխատեցաւ ցոյց տալ անհրաժեշտութիւնը գործունեայ վարչութեան մը, որպէսզի հանրային գործերը լաւ ընթացքի մէջ մտնեն եւ ցաւ յայտնեց, որ նախագահ Շեհապի օրով` 1959-ի հրամանագիր-օրէնքներով սկսած վարչական բարեկարգութիւնը չհետապնդուեցաւ մինչեւ իր տրամաբանական վախճանը: Խ. Պապիկեան երկարօրէն քննադատեց վարչական մեքենային դանդաղութիւնը եւ անգործնական վիճակը:

Պէյրութի երեսփոխանը հարց տուաւ, թէ խորհրդարանը կը գտնուի՞ արդեօք իր պատասխանատուութեան բարձրութեան վրայ: «Խորհրդարանին դերը այսօր ամէն տեղ խնդրոյ առարկայ է, ըսաւ Խ. Պապիկեան: Խնդիրը հետեւեալն է. ամբողջովին տնտեսական եւ ընկերային զարգացումը առանցք ունեցող դարու մը մէջ խորհրդարանը կրնա՞յ արդարացնել իր գոյութիւնը, եթէ չհետեւի ժամանակակից բարեշրջման, եթէ չդառնայ ընկերային եւ տնտեսական յառաջդիմութեան ազդակ մը»:

Խ. Պապիկեան եզրակացուց` կրկնելով բազմաթիւ առիթներով իր արտայայտած գաղափարը` խորհրդարանական յանձնախումբերու դերը զարգացնելու անհրաժեշտութեան մասին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սաթենիկ Թելֆեջեան Ժառանգութիւն Ստացած Հողատարածքը Նուիրած Է Խարբերդի Մանկատան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?