Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1967)

Յունուար 16, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան

 Երեւանի Արարատեան
Նոր Թաղամասը

Ամէն տարի Երեւանը իր քարէ բազմերանգ թեւերը կը փռէ չորս կողմ, կը ծնի նոր թաղամաս մը` նորաշունչ ու հայրենանուն: Յիշենք` Աջափնեակ ու Զէյթուն, Կիլիկիա ու Նորք… Հիմա ալ արեւելահայեաց քաղաքամաս մը` Արարատեան զանգուած:

Անցեալ տարուան վերջերուն փորուեցան հիմքի խրամներ, ու մարդիկ քար-քարի դրին, շար-շար բարձրացան պատերը եւ շէնքեր կազմեցին` գեղեցիկ ու յարմարաւէտ: Այդ շէնքերէն վեցը հիմա բնակուած է, լեցուած` կեանքի զուարթ աղմուկով: 360 ընտանիք նոր տուն ստացած է այդ նորակառոյցներուն մէջ` կենցաղային լաւ յարմարութիւններով:

Տարեմուտէն ետք 186 ընտանիքներ եւս փոխադրուած են այս նոր թաղամասը:

Շինարարութիւնը հետզհետէ աւելի մեծ թափ կը ստանայ այստեղ: Նոր թաղամասը մայրաքաղաքին հետ կապուած է անմիջապէս ու սերտօրէն: Սեբաստիոյ նորակառոյց փողոցը կ՛անցնի անոր կողքով:

Այսպէս, մայրաքաղաքի կեանքին խառնուած է նոր թաղամաս մը եւս` հայոց աշխարհի ջերմութիւնն ու առատութիւնը խորհրդանշող անունով` Արարատեան:

«Հրազդան – 3»
Թուամեքենան

Երեւանի ելեկտրոնային հաշուողական մեքենաներու փորձնական գործարանին մէջ  պատրաստուած «Հրազդան – 3» առաջին տիեզերական թուամեքենան կեանքի ուղեգիր ստացած է: Աշխատած է 26 ժամ անընդհատ եւ թոյլ չէ տուած ոչ մէկ սխալ, ոչ մէկ բացութիւն:

Մեքենան օժտուած է գերազանց յիշողութեամբ: Անոր յիշող գործիքային յարմարանքը կրնայ մտապահել  34 հազար թիւ, իսկ յիշողութեան ընդհանուր ծաւալը կը հասնի 5,5 միլիոն թիւի:

Շուտով այդ հիանալի մեքենան, որ իր կարգին մեքենաներուն մէջ կը համարուի լաւագոյններէն մէկը աշխարհի մէջ, գործնական օգտագործման համար պիտի դրուի գիտնականներու տրամադրութեան տակ:

 

Թուրքիա Կը Մօտենայ Արաբական Երկիրներուն

 «Կրնանք Արդիւնաբեր Գործակցութիւն Մը Հաստատել»

 Կը Յայտարարէ Չաղլայանկըլ Գահիրէի Մէջ

ԳԱՀԻՐԷ, 15 (ԱՖՓ).- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Իհսան Չաղլայանկըլ այս առտու ժամանեց Գահիրէ եւ օդակայանին մէջ յայտարարեց. «Կրնանք եւ պէտք է ձեռնարկենք արդիւնաբեր գործակցութեան մը` բազմաթիւ մարզերու մէջ»:

Նախարարը, որ դիմաւորուեցաւ իր եգիպտացի պաշտօնակիցին կողմէ, շարունակեց. «Ուրախ ենք` տեսնելով մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն նպաստաւոր զարգացումը եւ համոզուած ենք, որ մեր շփումները պէտք է բազմանան»:

Թուրք նախարարը, որ վեցօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ ԱՄՀ, աւելցուց. «Վստահ եմ, որ իմ պաշտօնակիցիս եւ ԱՄՀ-ի կառավարութեան անդամներուն հետ ունենալիք խօսակցութիւններս նոր մղում պիտի տան մեր երկու երկիրներուն յարաբերութեանց զարգացման»:

Թուրք դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց նաեւ, որ` «թուրք ժողովուրդը ԱՄՀ-ի ժողովուրդին  հանդէպ կը սնուցանէ խոր բարեկամութեան եւ եղբայրութեան զգացումներ», եւ թէ` «դարեր շարունակ երկու երկիրները սերտօրէն կապուեցան իրարու, եւ մշակութային տեսակէտէն, նոյն աղբիւրէն խմեցին»:

Նախարարը եզրակացուց. «Մեր երկու երկիրները ճանչցան պատմութեան նոյն ձախողութիւնները եւ հետեւեցան քաղաքական եւ ընկերային նոյն փոփոխութիւններուն: Մենք նոյն բաղձանքը ունինք` աշխարհի տեւական եւ արդար խաղաղութեան համար, եւ նոյն վճռակամութիւնը` բարելաւելու մեր ժողովուրդներուն կեանքի մակարդակը:

«Այս ոգիով է, որ թուրք ժողովուրդը հիացումով կը հետեւի այն քաղաքական եւ ընկերային գործին, որ եգիպտացի քաջարի ժողովուրդը կը կատարէ, ինչպէս նաեւ` այն պայքարին, որ կը մղէ եռանդով ու հերոսութեամբ` հաստատելու համար իր ազգային լիակատար գերիշխանութիւնը»:

Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր առաջին անգամ է, որ թուրք պատասխանատու մը կ՛այցելէ ԱՄՀ:

 

Ցեղասպանութեան Հարցը

 Հայութիւնը Ցոյց Պիտի Կատարէ
Միացեալ Ազգերու Առջեւ

Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը հեռագրէ.-

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով, տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան գրաւոր դիմում ներկայացուց ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց մարմինի խտրականութեան յանձնախումբին եւ խնդրեց անձամբ տեսակցութիւն եւ ունկնդրութիւն:

Հայութիւնը ՄԱԿ-ի առջեւ ցոյց պիտի կատարէ եւ պիտի պահանջէ ցեղասպանութեան վերաբերող 6-րդ յօդուածին գործադրութիւնը: Ցոյցին արտօնութիւնը այսօր ստացուած է:

Տոքթ. Երուանդ Խաթանասեան հանդիպում մը ունեցաւ յանձնաժողովին փոխնախագահ` Սուտանի պատուիրակ Ապու Ռաննաթի հետ: Յանձնախումբի մասնագէտ անդամներուն հացկերոյթ մը տրուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:

 

Թեհրանի Ս. Թադէոս
Հնագոյն Եկեղեցին

Թեհրան առնուազն հինգ հարիւր տարուան անցեալ մը ունի: Այս իրողութիւնը հաստատելու համար Պարսկաստանի ծերակոյտի նախագահը, քանի մը ծերակուտականներ, նախկին նախարարներ, համալսարանի դասախօսներ եւ մտաւորականներ այցելած են Ս. Թադէոս եկեղեցին, որ շինուած է Շահ Աբբասի օրով եւ Թեհրանի առաջին եկեղեցին է:

Համաձայն հնագէտ – պատմաբաններուն, Շահ Աբբասի կարգադրութեամբ հայ գաղթականներուն մէկ մասը տեղաւորուած է Թեհրան: Եկեղեցիին շրջակայքը ամբողջութեամբ յատկացուած է հայերու:

Եկեղեցիին շրջափակին մէջ գտնուած են օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու շիրմաքարեր:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աւերակներու Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?