Հայաստանի Հանրապետութեան
Պատուիրակութեան Դիմումը
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան «Փոքրամասնութեանց Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Եւ Խտրականութեան Արգելքին Դէմ»
Ամերիկեան, Անգլիական Եւ Ֆրանսական Կարեւոր Հեռագրական Գործակալութիւնները Արձագանգ Կ՛ըլլան Հայութեան Պահանջին
«Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան» ներկայացուցիչ տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեանի ստորագրութեամբ, ՄԱԿ-ի «Փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խտրականութեան դէմ արգելքի յանձնախումբ»-ին ուղղեալ պահանջագիրը լայն տեղ է գտած 5 յունուար 1967-ին, միջազգային բոլոր կարեւոր հեռագրական գործակալութեանց լրատուութեանց կարգին:
Արդարեւ, ամերիկեան «Եունայթըտ փրես ինթերնեշընըլ», «Էսոշիէյթըտ փրես», անգլիական «Ռոյթըրզ» եւ ֆրանսական «ԱՖՓ» գործակալութիւնները կու տան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
– «Ցեղասպանական ոճրային արարքներու դէմ շօշափելի եւ վճռական քայլեր առնելու պահանջով, ինչպէս նաեւ խտրականութեան դէմ արգելիչ միջոցներ ձեռք առնելու առաջարկով` կոչ մը ուղղուեցաւ այսօր, 5 յունուարի հինգշաբթի օր, «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն» անուն կազմակերպութեան կողմէ:
«Կոչը ստորագրուած է տոքթ. Ա. Վարժապետեանին կողմէ եւ յանուն հայութեան դիտել կու տայ, թէ ՄԱԿ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ չեն ստորագրած տակաւին ցեղասպանութիւնը դատապարտող համաձայնագիրը, եւ թէ` այդ համաձայնագրով կազմութիւնը` նախատեսուած միջազգային դատական ատեանին, որ պարտականութիւն պիտի ունենայ պատժելու ոճրապարտները, մարմին չէ առած տակաւին:
«Անցեալ տարի, կը ճշդէ պահանջագիրը, աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ հայերը ոգեկոչեցին յիշատակը միլիոնաւոր այն հայ նահատակներուն, որոնք զոհ դարձած էին 1915-ին Թուրքիոյ մէջ իրականացուած ցեղասպանութեան: Անտարակոյս մարդկային պատմութեան ամէնէն սեւ մէկ էջը եւ պատմութեան առաջին եղեռնական ցեղասպանութիւնը կը կազմէր այդ արարքը:
«Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան «Փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խտրականութեան դէմ արգելիչ միջոցներու ենթայանձնախումբ»-ը ՄԱԿ-ի կողմէ ստեղծուեցաւ երկու տասնամեակ առաջ, Մարդկային իրաւանց ՄԱԿ-ի յանձնախումբին կողմէ: Այս ենթայանձնախումբը ներկայիս իր նիստերը կը գումարէ ՄԱԿ-ի մէջ եւ իր օրակարգի 14 հարցերու կարգին ունի Ցեղասպանութեան քննութիւնը: Ենթայանձնախումբին նստաշրջանը պիտի տեւէ մինչեւ 23 յունուար»:
Պոսթընի մեր պաշտօնակիցը` «Հայրենիք» այս առթիւ կը գրէ.
Մեր 6 եւ 7 յունուարի թիւերով արձագանգ եղած էինք վերոյիշեալ հեռագրով յիշատակուած ենթայանձնախումբի գումարումին ու դիտել տուած էինք, որ կարգ մը տարրեր կը ջանան արգելք ըլլալ Ցեղասպանութեան հարցի քննութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեանին կատարած դիմումը կը բացատրէ ամէն ինչ:
Այս դիմումին, ինչպէս ճշդեցինք, նոյնիմաստ ձեւով արձագանգ եղած են նաեւ անգլիական «Ռոյթըրզ» եւ ֆրանսական հեռագրական գործակալութիւնները:
Ակնարկ
Ինչո՞ւ Երիտասարդ Կը Մնանք
Ֆրանսական մամլոյ գործակալութիւնը (ԱՖՓ), որ սովորաբար շատ ժլատ է լրատուութեան իր եղանակով, ուշագրաւ հեռագիր մը տուած էր երէկ Պուէնոս Այրեսէն:
Ութսունամեայ հայ մը` Աւետիս Մանուկեան, որ հինգ տասնամեակ առաջ փախած է Հայաստանէն եւ թրքական ջարդերէն, 45 տարուան բաժանումէ մը ետք, Պէյրութէն մեկնելով, միացած է արժանթինաբնակ իր վեց եղբայրներուն, որոնք Ատլանտեանի միւս ափերուն վրայ ասպնջականութիւն գտած են` փախչելով նոյն վայրագութիւններէն:
Ֆրանսական գործակալութիւնը հայութեան ինքնասիրութիւնը շոյող հաստատումներ կը կատարէ իր հեռագրին մէջ` մասնաւորաբար յիշելով, որ Մանուկեան եղբայրները ոչ միայն եզակիօրէն բազմացած են Արժանթինի մէջ` իրենց գերդաստանին թիւը հասցնելով հարիւրի, այլ նաեւ նիւթապէս ապահով կեանք ստեղծած են օտար այդ ափերուն վրայ:
Բայց ինչ որ ամէնէն կարեւորն է ԱՖՓ-ի հաստատումներուն մէջ եւ մեզի համար ամէնէն նպաստաւորը` ընդհանրական տեսակէտէն, այն նկատողութիւնն է, որ կը կատարէ ֆրանսացի լրագրողը, ընդգծելով Աւետիս Մանուկեանի տարիքը եւ աւելցնելով, թէ` «80 տարիքը հայուն համար երիտասարդութիւն է»:
Պէյրութաբնակ Աւետիս Մանուկեանը 80 տարեկանին երիտասարդ կը մնայ, ինքզինք երիտասարդ կը զգայ` միանալու համար իր եղբայրներուն:
Սակայն ասիկա անհատի մը պարագան չէ: Հաւաքական պարագայ մըն է այն ժողովուրդին համար, որուն մէկ բեկորն է Աւետիս:
Երեք հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ մը, հակառակ դարերու մաշումին, հակառակ անլուր հալածանքներու, հակառակ Մեծ եղեռնի եւ զայն նախորդող բոլոր ջարդերուն, կը պահէ իր երիտասարդութիւնը, թարմութիւնը, աշխուժութիւնը` հասնելու համար իր իտէալին:
Ապահովաբար այս ըսել կ՛ուզէ ֆրանսացի լրագրողը:
Եւ ատոր համար շնորհակալ ենք:
X
Պարոյր Սեւակ`
Պուտափեշտի Մէջ
Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տօնուած է «Միջազգային քերթողութեան օրը»: Ամէնազգի 150 անձեր մասնակցած են տօնին: Հիւրերը խօսած են զանազան մշակութային կեդրոններու մէջ:
«Դանուբեան» գործարանի Գէորգեան տան մէջ Հայաստանի կողմէ խօսած է Պարոյր Սեւակ: Ոգեկոչած է յիշատակը հայ երաժշտութեան անմահ ռահվիրային` Կոմիտասի: Իր խօսքերը թարգմանուած են հունգարերէնի: Հունգարերէնով արտասանուած է նաեւ բանաստեղծին քերթուածներէն քանի մը հատը:
Պուտափեշտի մէջ 10 հազար օրինակով լոյս տեսած է Պարոյր Սեւակի քերթուածներու հաւաքածոն, որ քանի մը օրուան մէջ սպառած է: Քննադատները ողջունած են զայն` իբրեւ արդիական բանաստեղծի:
Տեղւոյն սակաւաթիւ հայերը հիւրասիրած ու պատուած են բանաստեղծը:
Ամերիկահայ Գիտնական
Բագրատ Կիրակոսեանի Յաջողութիւնները
Անջրպետային Աշխատութիւններու Մէջ
30 երկիրներէ համախմբուած, 1500 առաջնակարգ ճարտարագէտներու եւ գիտուններու մասնակցութեամբ, 1966-ի վերջերը Սպանիոյ մէջ կայացած Աստղանաւորդական միջազգային 17-րդ համագումարին մասնակցած է նաեւ Մասաչուսեց նահանգէն ամերիկահայ գիտնական Բագրատ Կիրակոսեան:
Երեք հարիւրի մօտ գիտական տեղեկագիրներ ներկայացուած են համագումարին, անջրպետի մէջ ճամբորդութեան, արբանեակներու եւ անոնց վերաբերող գիտական հարցերու շուրջ:
Բագրատ Կիրակոսեան ներկայացուցած է «Աէրոտայնամիքս», «Թէրմոտայնամիքս», «Ֆլայթտայնամիքս» եւ այլ հարցերու շուրջ տեղեկագիր մը, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի Հրատ մոլորակի մթնոլորտը քննելու մասին:
Հայ գիտնականին տեղեկագիրը խոր ազդեցութիւն թողած է միջազգային այս պատկառազդու համագումարին վրայ եւ բարձր գնահատանքի արժանացած է ներկայ զանազան ազգերու պատկանող 300 գիտուններու կողմէ:
Ստացած է թանկարժէք նուէրներ` սպանացի, ճափոնցի, ռուս եւ այլ ազգերու գիտուններէն: Ստացած է նաեւ միջազգային ամսաթերթերէ խնդրագրեր, որպէսզի այդ բարձրորակ գիտական համագումարին իր պարզած տեսակէտները, առաջադրութիւնները եւ յայտնած գաղափարներն ու բանախօսութիւնները իրենց ամսաթերթերուն մէջ տպուելուն արտօնութիւն տայ:
Բագրատ Կիրակոսեան աւարտած է «Ռինսիլէիր փոլիթեքնիք ինսթիթուտ»-ը, Թրոյ, Նիւ Եորք: Խորհրդատու է անջրպետի աշխատանքներուն:
Մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու անջրպետի ծրագիրներու, մասնաւորաբար` պատրաստութեանը համար արբանեակներուն երկիր վերադարձի բաժնին, որ այժմ կը գտնուի Ուաշինկթընի «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ, նաեւ` օդուժի թանգարանին մէջ, Տէյթըն, Օհայօ:
Հեղինակն է նաեւ հատորի մը, ուր կը խօսի արբանեակներուն երկիր վերադարձի աշխատանքին շուրջ: