50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1967)
Թրքական Նոր Դաւ Հայութեան Դէմ Կը Ջանան Շահագործել Եթովպիոյ Կայսեր Այցը` Ի Վնաս Հայերուն Եթովպիոյ կայսեր` Հայլէ Սելասիէի Թուրքիա այցելութեան առիթով, «Միլլիյէթ» թրքական թերթը հրատարակած է խմբագրական մը, որ յայտնելէ ետք, թէ կայսրը առիթը պիտի ունենայ ճանչնալու Կիպրոսի մասին թրքական տեսակէտը եւ կայսեր մտքին մէջ Թուրքիոյ ի նպաստ գաղափարներ պիտի ծնին, կը գրէ. Կայ նաեւ տարբեր պարագայ մը: Եթովպիոյ մէջ ներկայիս կ՛ապրի հայերու ստուար գաղութ մը, եւ այդ հայերը կրնան Թուրքիոյ դէմ գործել` հետեւելով աշխարհի հայերու հակաթուրք պայքարին, որ վերջերս բացուած է յոյներու գրգռութիւններով: Այս տեսակէտով ալ Հայլէ Սելասիէի այցելութիւնը մասնաւոր կարեւորութիւն մը ունի: Թուրքիա կը փափաքի, որ Եթովպիոյ հայերը մեզի դէմ...
Կարդալ ԱւելինDetails

