Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1967)

Մարտ 3, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիք
Հայ Օգնութեան Միութիւնը

Ամէն անգամ, որ կը մտածենք, կը խոկանք, կը խօսինք հայ օգնութեան միութեան մասին եւ կ՛անդրադառնանք անոր սխրալի եւ հոգեգրաւ գործունէութեան, մեր կուրծքը կ՛ուռի ցնծալի հպարտանքով, մեր սիրտը կը պարուրուի լիալիր հաճութեամբ եւ մեր հաւատքը կ՛ամրապնդուի ոգեւորիչ եւ խոստումնալի հեռանկարներով:

Արդարեւ, համայն հայութիւնը պէտք է հպարտ ըլլայ Հայ օգնութեան միութիւնով, այս մշտագործուն եւ տքնաջան կազմակերպութեան գոյութեամբ` հայ ժողովրդի ծոցին մէջ: Հայ օգնութեան միութիւնը եզակի եւ աննման միութիւն մըն է ոչ միայն իբրեւ կնոջական նախաձեռնութիւն հայ իրականութեան մէջ, այլեւ` հայ ժողովուրդի թիւը, մակարդակը եւ տարողութիւնը ունեցող եւ ներկայացնող բոլոր ազգերու մէջ:

Փոքր ազգերու մէջ չկայ իգական սեռէ բաղկացած, անոր ձեռներէցութեամբ գոյառած եւ կիներէ կազմուած մէկ հատ կազմակերպութիւն, որ հասած ըլլայ այնպիսի համասփիւռ ծաւալի, ընդգրկած ըլլայ գործունէութեան այնքան բազմազան բնագաւառներ եւ գոյատեւած ու բարգաւաճած ըլլայ 57 տարի անընդհատ, ինչպէս հայ օգնութեան միութիւնը:

Արդար է մեր հպարտանքը. արդար է նաեւ մեր անխառն հիացումը:

Կնոջական այս փառաշուք կազմակերպութիւնը շատերուն տեսանելի եւ զգալի է իր ակներեւ, շօշափելի եւ հրապարակուած իրագործումներով եւ գովելի ծառայութիւններով: Հայ օգն. միութեան անունը մեր ականջին քաղցրալուր կը հնչէ, մեր սրտին քաղցրութեամբ կը խօսի` մեր մէջ արծարծելով երախտագիտական գուրգուրոտ զգացում եւ յուզում:

Այսօր Հայ օգնութեան միութեան անունը կը փառաբանուի Ամերիկաներու եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ, անոր հայեցի իրագործումներուն համար: Բազում է թիւը չքաւոր ուսանողներու, հիւանդներու, անկար ծերունիներու, արկածեալ խեղճերու, անգործութեամբ տառապող հայերու եւ օգնութեան կարօտներու, որոնց համար երկնառաք օրհնութիւն եւ նախախնամական ձեռք հանդիսացաւ Հայ օգնութեան միութիւնը: Հապա՞ «Պնակ մը կերակուր»-ը քանիներ բուռն յուզումով եւ երախտագիտութեան զգացումով կը յիշեն Հայ օգնութեան միութիւնը` իբրեւ իրենց փրկարար հրեշտակը:

Այս ամէնը եւ դեռ շատ աւելին անմիջօրէն մատչելի եւ հասկանալի իրողութիւններ են. բարեսիրական ընթացիկ գործերը մայրագորով ՀՕՄ-ի, որոնցմով մեծապէս խանդավառ` հայ ժողովուրդը, անվարան եւ լիաբուռն, իր նիւթական բաժինը կը բերէ հայ օգնութեան միութեան, զօրավիգ` կ՛ըլլայ անոր բոլոր ձեռնարկներուն եւ սիրայօժար կ՛ընդառաջէ անոր հրաւէրներուն եւ կոչերուն, որովհետեւ հայութիւնը ինքզինք նոյնացած կը զգայ հայ օգնութեան միութեան հետ:

Հայ օգնութեան միութիւնը խօսքի կազմակերպութիւն չէ բնաւ, այլ բացառապէս եւ էապէս գործի միութիւն է:

 

Երուսաղէմէն Գողցուած
Հին Ձեռագիրներ Վաճառքի
Կը Հանուին Լոնտոնի Մէջ 

Պսակ Արք. Կը Դիմէ Ֆորէյն Օֆֆիսին
Եւ Սքոթլենտ Եարտին

Ամենայն հայոց հայրապետական պատուիրակ Պսակ արք. Թումայեան երէկ աճուրդի լոնտոնեան մեծ ընկերութեան` Սոթպի՛զէն պահանջեց կեցնել 23 հին ձեռագիրներու շարքի մը վաճառքը, որ պիտի կատարուի մարտ 14-ին: Այս ձեռագիրներուն արժէքը 500,000 սթերլին է:

Արքեպիսկոպոսին համաձայն, այս ձեռագիրները, որոնց մէջ կը գտնուի 700 տարուան հնութիւն ունեցող Հին Կտակարանի օրինակ մը (300.000 սթերլին արժէքով), գողցուած են Երուսաղէմի Ս. Յակոբ վանքի մայր տաճարի պահարանէն:

Արքեպիսկոպոսը Ֆորէյն Օֆֆիսէն եւ Սքոթլենտ Եարտէն պահանջեց միջամտել Սոթպի՛զին մօտ` արգիլելու համար հաւաքածոյին ցրւումը:

Իր կարգին, Լոնտոնի խորհրդային դեսպանատան մշակութային կցորդը` Սոֆինսքի նոյնիմաստ քայլ մը առաւ:

Սոթպի՛զի ներկայացուցիչներէն մէկը երէկ իրիկուն յայտարարեց, որ պաշտօնական որեւէ դիմում չէ եղած` յետաձգելու կամ արգիլելու համար ձեռագիրներուն վաճառքը: Այնքան ատեն որ չէ փաստուած, որ ձեռագիրները իսկապէս գողցուած են, բան մը չենք կրնար ընել, աւելցուց ան:

 

ՀՅԴ Լիբանանի Պատ. Միութիւններ

 Խրախճանք` Փետրուար 18-ի
Ապստամբութեան
46-
րդ Տարեդարձին Առիթով

Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ, կիրակի, 26 փետրուար 1967, տեղի ունեցաւ փետրուար 18-ի ապստամբութեան 46-րդ տարեդարձին առիթով պատանեկան խրախճանք` ՀՅԴ Լիբանանի պատ. միութիւններու կազմակերպութեամբ:

Ժամը 3:30-էն սկսեալ խումբ առ խումբ պատանիներ, իրենց վարիչներուն առաջնորդութեամբ, բոլորուեցան սեղաններու շուրջ:

Արտասանութիւններ, մեներգներ, յեղափոխական երգեր ջերմացուցին մթնոլորտը, եւ դաշնակցականացած այդ պահուն խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Պատ. միութիւններու ընդհանուր վարիչ Արմէն Տօնոյեան` բացատրելու համար օրուան տօնակատարութեան խորհուրդը:

Ա. Տօնոյեան յիշելէ ետք հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ քանի մը սրբազան ապստամբութիւններ, հասաւ մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը եւ ըսաւ. Դաշնակցութեան մարտիկներու արեամբ ծնած Հայաստանը, պատմութեան մէջ բացաւ ոսկեղէն էջեր: Ուճռացաւ մեր պատմութիւնը նոր ու փառապանծ յաղթանակներով, պայքարեցաւ հայ ժողովուրդը` այս անգամ իբրեւ ազատ ու անկախ Հայաստանի բնակիչ, իր սրբազան հողին համար»:

Ապա, պատմական դէպքերու յստակ թուումները կատարելէ ետք, Ա. Տօնոյեան ընդգծեց Փետրուարեան ապստամբութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ վերջին ընդվզումը յեղափոխական հայուն, առաջին ընդվզումը համայնավար պատմութեան մէջ` ընդդէմ համայնավար բռնատիրութեան եւ առաջին անգամ փոքրաթիւ ուժեր, հոգ չէ թէ` ժամանակաւոր, խորտակեցին համայնավարութեան ճնշող շղթաները:

1921 փետրուար 18-ին, հայ ժողովուրդն էր, որ ամբողջութեամբ ոտքի կանգնած` հայրենիքը փրկեց: Հայ զանգուածը բազմաչարչար, կոտորուած ու ճնշուած, եւ սակայն դաստիարակուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան շունչով, պատրաստուած էր իր նահատակներուն ճամբով նահատակուելու ինք եւս:

46 տարիներ ետք, այսօր, մենք եւս մեր կարգին ապրելով մեր հայրերու արդար ընդվզումը, կ՛ուխտենք շարունակել նոյն ոգիով ու կոչել մեր բոլոր սրտով. «Հայաստանը` ամբողջական հայութեան»:

Խրախճանքը վերջ գտաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Դաշնակցական պատանիներ, սրահէն մեկնած պահուն իրենց հետ տարին հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ ոգին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լոխումը Մնաց Յիշատակ. Իսլամաց(ու)ած Հայերը Սեւծովեան Շրջանում Եւ Մի Քաղցրաւենիքի Յարատեւութեան Պատմութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?