Խմբագրական
Հայկական Պէյրութը
Ազգային-մշակութային գետնի վրայ Պէյրութ կ՛ապրի արտակարգ եռուզեռ մը, մանաւանդ` այս ամիսներուն: Այս եռուզեռը տարուէ տարի կ՛աճի` տալով ապացոյցը կենսունակութեան մը, որ ունին մեր գաղութին մէջ գործող ազգային, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները, այլազան հոսանքներու, այլազան հատուածներու եւ այլազան շրջաններու եւ թաղերու մէջ:
Ամբողջութիւնը այս բոլորին` հայկական ոգիի գեղեցիկ արտայայտութիւն մը, սրտապնդիչ ու ոգեւորող, որուն առջեւ իւրաքանչիւր հայ կը զգայ արդար հպարտութիւն մը եւ ուրախութիւն մը միաժամանակ:
Թերթերու ծանուցումի սիւնակները ամէն օր կը լեցուին դպրոցական, գեղարուեստական եւ թատերական հանդէսներու յայտարարութիւններով: Նոյն համեմատութեամբ կը լեցուին նաեւ սրահները: Ճիշդ է` երբեմն տրտունջներ կը լսուին, արդար կամ անարդար, ձեռնարկներու բազմազանութեան մասին, գլխաւորաբար անոր համար, որ ներդաշնակութեան պակաս մը գոյութիւն ունի: Բայց եւ այնպէս, սրահները միշտ կը լեցուին, բարոյական եւ նիւթական շօշափելի շահեր կ՛ապահովուին` ի նպաստ գործունեայ միութեանց եւ հաստատութիւններու, եւ անոնց ճամբով` հայ գիրին ու դպրութեան:
Միութենական այս գործունէութեան կողքին, նոյնքան ուրախալի երեւոյթ է նաեւ տեսնել հայ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք անձնական ձեռնարկներ կը կատարեն` իրենց տաղանդն ու ձիրքերը դրսեւորելով արուեստասէր հասարակութեան:
Այս բոլորը մէկ յայտարարի վերածելով` կ՛ունենանք պատկերը հայկական եռուն կեանքի կեդրոն հանդիսացող քաղաքի մը, որ այս մարզին մէջ գլած անցած է հայկական Պոլիսը` իր ամէնէն փայլուն օրերուն իսկ:
Ճիշդ է, որ բոլոր այս ձեռնարկները, արժէքի տեսակէտէն, նոյն համեմատութիւնը չեն ներկայացներ միշտ: Բայց յաճախ հանդիսատես կ՛ըլլանք ձեռնարկներու, որոնք գնահատելի յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն ոչ միայն նիւթական տեսակէտէն, այլ նաեւ` զուտ արուեստի անկիւնէն դիտուած:
Այս վերջին ձեռնարկներուն շարքին կը պատկանին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերասէրներու խումբին ներկայացումները, որոնք տասը անգամէ աւելի կը կրկնուին յաճախ լեցուն սրահներու առջեւ, զանազան երգահանդէսներ ու համերգներ, այլ մանաւանդ` արուեստի ցուցահանդէսներ, որոնք կը կազմակերպուին մշակութային միութիւններու կամ անհատ արուեստագէտներու կողմէ:
Այս ձեռնարկները երբեմն դուրս կու գան զուտ հայկական միջավայրէն` դառնալու համար մշակութային կեանքի արտայայտութիւն հանդիսացող երեւոյթներ, որոնց արձագանգ կը հանդիսանան նաեւ լիբանանեան մամուլն ու պատկերասփիւռը: Բայց տակաւին մեծ աշխատանք կայ կատարելիք այս ուղղութեամբ, մանաւանդ` պատկերասփիւռի բաժինին մէջ: Քարոզչական այս գործիքը, որ կը մտնէ իւրաքանչիւր տունէ ներս, անհրաժեշտ է, որ աւելի լայն տեղ յատկացնէ մեր այն ձեռնարկներուն, որոնք ոչ միայն կը հետաքրքրեն հայութիւնը, այլ նաեւ` տեղացի մեր եղբայրները, որոնք, վստահ ենք, մեծ հաճոյքով պիտի ուզեն ունկնդրել հայկական ժողովրդային երգեր, պայմանաւ որ տրուին բծախնդիր պատրաստութեամբ:
Այս առթիւ դիտողութիւն մը ունինք լիբանանեան պատկերասփիւռի զոյգ կայաններուն, որոնք պէտք եղած կարեւորութեամբ չեն մօտենար հայկական ձեռնարկներուն եւ հայ կեանքի երեւոյթներուն: Առ նուազն, այդ մօտեցումը համապատասխան չէ այս երկրին մէջ հայութեան ներկայացուցած համրանքին եւ արժէքին: Կը յուսանք, որ այս թերացումը հետզհետէ կը դարմանուի եւ մեր ձեռնարկները կ՛արժանանան համապատասխան վերաբերումի: Այս առթիւ նկատի չունինք երբեմն վերաբերումի: Այս առթիւ նկատի չունինք երբեմն անհատական ճիգերով եղած ձեռնարկները, որոնք որոշ սահմանէ մը անդին չեն կրնար անցնիլ` ունենալով հանդերձ իրենց դերը, հակառակ կարգ մը աղաղակող թերութիւններու:
Ամէն պարագայի մէջ, իբրեւ ընդհանուր երեւոյթ, հայկական Պէյրութը, իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ եւ արձանագրած նուաճումներով, անգամ մը եւս կու գայ ապացուցանելու, թէ սփիւռքի հայութեան ծանրութեան կեդրոնը փոխադրուած է Լիբանանի մայրաքաղաքը, որ կրթական եւ մշակութային իր բազմաթիւ հաստատութիւններով կը հանդիսանայ հայութեան մտաւոր եւ հոգեկան ճիգին ամուր կռուանը: