Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1967)

Մարտ 7, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Եւ Լիբանան

Պէյրութի Գետին
Բարեզարդման Ծրագիրը

Հանրօգուտ շինութեանց եւ ջրելեկտրական աղբիւրներու նախարար Ֆուատ Պըզրի երկու օր առաջ յայտարարեց, թէ «Պետութիւնը չ՛անգիտանար Պէյրութի գետին կացութիւնը եւ տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի ծրագրի մը վրայ, որուն նպատակն է բարելաւել գետին ընթացքը ու զայն օժտել ճամբաներու, կամուրջներու եւ կոյուղիներու ցանցով մը»:

Ծրագիրը մշակուեցաւ նկատի ունենալով հետեւեալ կէտերը, շարունակեց նախարարը.

– Գետին հունը ներկայիս հնարաւորութիւն չունի, յորդառատ հոսանքի շրջանին ապահովել ջուրին ընթացքը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ողողումներու:

– Ամառը գետը չոր է:

– Գետաբերանէն առաջ, գետին զառիթափը տկար է:

– Գետին եզերքը գտնուող գործարաններէն եկած աղտոտ ջուրը պէտք է հոսեցնել:

– Գետին եզերքը գտնուող շրջանին ընկերային եւ քաղաքաշինական զարգացումը կարելի չէ այլեւս ուշացնել:

– Պէյրութ եւ իր արուարձանները կը տառապին ջուրի պակասէն:

Ամբարտակ Պիտի Չշինուի

Ուսումնասիրուեցաւ Տաշունիէի մէջ ամբարտակ մը շինելու կարելիութիւնը, մէկ կողմէ յորդառատ հոսանքը պարագային ողողումներէն խուսափելու եւ միւս կողմէ ջուր ամբարելու եւ Պէյրութի կարիքներուն գործածելու համար: Դժբախտաբար գետնին  երկրաբանական բնոյթը հնարաւոր չի դարձներ ամբարտակի մը շինութիւնը: Հետեւաբար, նախարարութիւնը գոհացած է գետին ընթացքին սրբագրութեամբ, գետեզրի բարձրացումով եւ կամուրջներու եւ ճամբաներու շինութեամբ, դիւրացնելու համար հաղորդակցութիւնները Նահրի շրջանին մէջ: Ուսումնասիրուած է նաեւ կոյուղիներու ցանցի մը դրութիւնը:

Վերջնականապէս պատրաստուած ծրագիրը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.

– Պեթոնակազմ ջրանցք մը պիտի շինուի Սին Էլ Ֆիլի կամուրջին եւ գետաբերանին միջեւ: Այս ջրանցքը պիտի օժտուի յատուկ ջրադուռերով, ապահովելու համար հոսանքը ջուրին, որ ամառը, երբ գետը ցամքած է, դէպի ծով պիտի մղարկուի:

– Ջրանցքին վերնակողմը, երկու քիլոմեթր երկարութեան մը վրայ, գետին հունը եւ եզերքները պիտի ամրացուին, որպէսզի հոսանքը չտանի գետեզրի կամ յատակի հողերը:

– Պիտի հաստատուի արագ երթեւեկի ճամբաներու ցանց մը, Պէյրութի արեւելեան մուտքը եւ նաւահանգիստը կապելով ազգային եւ միջազգային ճամբաներուն, ինչպէս Դամասկոսի, Թրիփոլիի եւ Սայտայի ճամբաները:

– Պիտի բացուին երկրորդական ճամբաներ:

– Պիտի շինուին երեք էշանժէօրներ, արեւելեան մուտքին, Պէյրութի կամուրջին քով եւ Սին Էլ Ֆիլի մէջ:

– Կոյուղիներու ցանց մը, աղտոտ ջուրերու համար:

Անձրեւը Մրցանիշ Կոտրեց Այս Տարի

1966-1967 տարին կրնայ կոտրել բոլոր մրցանիշները անձրեւի տեսակէտէն: Ստորեւ կու տանք Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին եւ Քսարայի դիտարանին կողմէ արձանագրուած վերջին թիւերը.

Պէյրութ

– Սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ երկուշաբթի առաւօտ տեղացած է 850 միլլիմեթր 8 անձրեւ:

– Անցեալ տարի նոյն շրջանին տեղացած էր 740 միլլիմեթր 8:

– Նախորդ տարիներու միջին` 747 միլլիմեթր 8:

Քսարա

– Սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ երկուշաբթի առտու` 647 միլլիմեթր 8:

– Անցեալ տարի նոյն շրջանին` 527 միլլիմեթր 8:

– Նախորդ տարիներու միջին` 518:

 

Որթատնկում
Պիքֆայայի Մրգաստանին Մէջ

Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ բազմիցս յիշուած է Որթատունկը իր պտուղին` խաղողին հետ միասին: Գործածուած է յաճախ փոխաբերական զանազան իմաստներով: Մեր եկեղեցւոյ շարականներուն եւ աղօթքներուն մէջ եւս կան գեղեցիկ տողեր եւ արտայայտութիւններ այս մասին, որոնք աւելի սիրելի եւ հաճելի կ՛ընծայեն պտուղներու թագուհին:

Մեր նախնիք, հեթանոսական շրջանին, Վանատուր աստուծոյն կ՛ընծայէին իրենց պտուղներուն երախայրիքը. իսկ  քրիստոնէական շրջանին Ս. Աստուածամօր տօնին հետ զուգորդեցին խաղողի օրհնութիւնը, որ գեղեցկագոյն արարողութիւններէն մին կը մնայ մեր եկեղեցւոյ մէջ:

Մեր աստուածասէր եւ բարեպաշտ հայրերը, իրենց այգեստաններուն ընտրելագոյն բերքերը կ՛ընծայէին եկեղեցւոյ` բաժկի գինիին պատրաստութեան համար:

Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը Խորէն Ա. կաթողիկոս, փափաքելով բաժկի գինին վանքին մէջ իսկ պատրաստել տալ, որոշեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մրգաստանին շուրջ 5000 քառ. մեթր տարածութեամբ ցարդ անմշակ եւ խոպան մնացած հողամասը այգեստանի վերածել:

Անցեալ տարի, յիշեալ հողամասին հարթումի եւ ցանկապատումի աշխատանքները կատարուեցան: Իսկ դեկտեմբերին վեհափառ հայրապետը Շթորայէն բերել տուաւ 650 աղուբաներ-որթատունկի թարմ ոստեր, որոնց ծակափոր տնկարկումը կատարուեցաւ իսկոյն: Տնկուած տունկերուն խաղողները ծանօթ են Պհամտունի, մանրողկոյզ, ուշհասուկ եւ պնդենի կոչումներով: Տնկուեցան նաեւ 25 անկուտ աղուրաներ եւ 25 պնդամիս սեւ խաղող եւ շուրջ 125 պտղատու ծառեր` թզենի, նշենի եւ ծիրանի գլխաւորաբար:

Մեր սրտալից մաղթանքն է, որ նորատունկ այս այգին փութով աճի եւ ծաղկի ու դառնայ պտղաբեր:

ՄԵՍՐՈՊ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշատետր. Աշխատասիրութեան Ու Ծուլութեան Միջեւ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?