Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1967)

Փետրուար 25, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ

Փետրուարեան Ապստամբութեան
46-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի, Փետրուարեան ապստամբութեան 46-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 22 փետրուար 1967, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ:

Առաւելաբար երիտասարդ ընկերներ ծայրէ ծայր լեցուցած էին սրահը: Շատեր հարկադրաբար ոտքի կեցան:

Կոմիտէին կողմէ բացումը կատարեց Կարօ Վարդավառեան: Ապա հրաւիրեց Պերճ Մըսրլեանը` նախագահելու տօնակատարութեան:

Պերճ Մըսրլեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ քանի տարիները կ՛անցնին, աւելի կարեւոր կը դառնայ Փետրուարեան ապստամբութեան նշանակութիւնը: Արդարեւ, հայոց պատմութեան կարեւորագոյն թուականներէն է: Ապագայ պատմաբանը պիտի հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը, ազատասէր ու ազատատենչ իր հոգիին ու ոգիին անեղծ պահպանման ամուր կառչած ժողովուրդ մըն է:

Փետրուար 18-ին ժողովուրդը  ի՛նքը ըմբոստացաւ ընդդէմ բռնակալին: Ժողովուրդը պոռթկաց ինքնաբերաբար, գաւառէն, գիւղերէն եւ ապա միայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը տէր դարձաւ համահայկական ըմբոստութեան:

Ապստամբութեան արդիւնքներէն Մըսրլեան ընդգծեց երեք հիմնական կէտեր.

ա) Պոլշեւիկ բռնակալութեան բանտարկած մեր մտաւորական ու քաղաքական ականաւոր դէմքերն ու գործիչները ազատ արձակուեցան:

բ) Մոսկուան անդրադարձաւ, որ իր հայանուն գործակալները անմարդկային գործեր կը կատարեն: Եւ Կասեանի ու Նուրիջանեանի պէս մարդիկ անհետացան եւ Միասնիկեանի նման բարեմիտ, հայրենասէր համայնավարներ նշանակուեցան:

գ) Համայնավար խաւար բռնատիրութեան մէջ առաջին ըմբոստութիւնն էր Փետրուարեան ապստամբութիւնը` ընդդէմ պոլշեւիկեան բռնակալութեան:

46 տարիներ անցած են այդ թուականէն, երբ հայ ժողովուրդը մտաւ Երեւանի բանտը ու ազատ թողուց իր արժէքաւոր զաւակները: Կրկին յաջորդեցին խաւար օրեր: Վերստին գրաւուեցաւ մեր հայրենիքը օտար բռնակալէն, որ դեռ կը մնայ մեր հողին ու հայ ժողովուրդի կուրծքին վրայ ու կը ճնշէ:

Անոնք, որոնք կերտեցին փետրուար 18-ը, պարապ ճիգ չթափեցին: Անոնք, որոնք մեռան այդ օրերուն, զուր տեղ չնահատակուեցան: Համոզուած եմ, եզրակացուց ընկ. Մըսրլեան, որ փետրուար 18-ը պիտի տօնակատարուի Հայաստանի մէջ: Ե՛ւ  Ռուսահայաստանի ե՛ւ Թրքահայաստանի մէջ: Պիտի տօնակատարուի գալիք պատմական մէկ թուականին, ու այն ատեն մեր նորահաս սերունդները երբեք պիտի չմոռնան անոր արժէքը:

Միսակ Ապաճեան խոր ապրումով արտասանեց Սիամանթոյի «Գաղափարին»-ը:

Օրուան բանախօսն էր երիտասարդ մտաւորական Վարանդ Փափազեան:

46 տարիէ ի վեր կը տօնենք փետրուար 18-ը, ըսաւ Վ. Փափազեան, եւ սակայն սփիւռքահայը իր կեանքով շատ հեռու է փետրուար 18-էն: Նաեւ աշխարհագրականօրէն չի նմանիր Հայաստանի ժողովուրդի կեանքին: Իր կեանքին դերը չ՛արդարացներ փետրուար 18: Փետրուար 18-ի զաւակները, թոռները Հայաստանի մէջ են:

Սփիւռքահայը, իբրեւ հայ, պէ՛տք է ընէ իր ճանաչումը: Անդրադառնայ, թէ փետրուար 18-ի սերունդը չէ ինք, այլ մէկուկէս միլիոնի ջարդուած սերունդին զաւակն է, որ կ՛ապրի գաղթական եւ կապուած է փետրուար 18-ին իբրեւ հայ:

Սփիւռքահայութեան կեանքը վայրէջք մը եղած է: Փորձած է կասեցնել այդ վայրէջքը հայապահպանման ճիգով:

Այլասերում է ամէն տեղ: Ընկերային ըմբռնումները հայկական չեն, ֆրանսական են, ամերիկեան եւ այլն: Այլասերում` նաեւ մշակութային եւ քաղաքական գետնի վրայ: Կոտորակում թիւի: Փաստը ունինք Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի մէջ: Հայը կ՛այլասերի, կ՛օտարանայ, կը դառնայ մարդ:

Նիւթապաշտութիւնը ստեղծած է նաեւ  հաւատքի վայրէջք: Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը, բացարձակ մեծամասնութեամբ, աւելի եւս այլասերումի ետեւէ: Կտրուած է հայութենէ, անցեալէն, գաղափարաբանութենէն: Անշուշտ յոռետես է պատկերը: Աւելի յոռետես պիտի ըլլայ տասը տարի ետք:

Ստեղծուած անտանելի կացութեան մէջ, 1921-ին, Հայաստանի ժողովուրդը ստեղծեց փետրուար 18-ը: Դանակը հասած է մեր ոսկորին: Պէտք է շարժինք: Գաղափարական անցեալ չունեցող սփիւռքահայը պարտաւորուա՛ծ է ստեղծելու ի՛ր փետրուար 18-ը: Անխուսափելիօրէն ստիպուած ենք ըմբոստանալ մեր առօրեային դէմ: Ստիպուած ենք ունենալ մեծ փետրուար 18-ը: Մեր ճիգը նոր սերունդը գրաւելու մէջ պէտք է կայանայ: Պէտք է լծել զայն հայութեան կառքին, որ 3000 տարիէ ի վեր կը քալէ: Պէտք է լծել զայն հայու փառապանծ անցեալին: Պէտք է ճանչցնել նոր սերունդին հայ ժողովուրդի բացարձակ, ամբողջական իրաւունքը: Իրաւո՛ւնք մը, որ չի ճանչնար ընկրկում: Որովհետեւ հայու անցեալը չի ճանչնար համաձայնութիւն: Ցոյց տուած է հայութիւնը, որ իր գաղափարական թռիչքը կու գայ ոչ թէ առօրեայ դէպքերէն, այլ սկսած է հայու ծնունդէն եւ ահաւոր թափով կը շարունակուի: Վե՛ր է հայու գաղափարականութիւնը: Թռիչք է: Կը սաւառնի հայ գաղափարը: Չի ճանչնար ընկրկում: Յաղթանակած է իր ծնունդէն: Մե՛նք է, որ անկումի մէջ ենք: Մե՛նք է, որ պիտի բարձրանանք դէպի անոր:

Հայու մարդկային գաղափարականութեան նմանը չէ տեսնուած պատմութեան մէջ: Հայու այլասիրութիւնը, մարդասիրութիւնը վե՛ր է նոյնիսկ կրօնական գաղափարաբանութենէ: Հայ գաղափարաբանութիւնը ծնած է մեզի հետ: Պիտի երթանք անոր հետ: Որովհետեւ հայու ոգին մարդու ոգի է եւ չի պատկանիր միայն հայուն: Հայը ըմբռնած է գաղափարի ուժը: Գաղափարը չի ճանչնար աշխարհագրութիւն: Վեր է մարդոցմէ, վեր է մեր ուժէն: Այնպիսի  ահարկու թափ ունի, որ կարելի չէ կասեցնել: Մարդիկ միայն կրնան որդեգրել: Անգամ մը որ ծնաւ գաղափարը, այլեւս մեր ուժերէն վեր է: Մարդիկ չեն կրնար ճկել գաղափարը, այլ կը ձգտին գաղափարին: Պէտք է հասնինք գաղափարին եւ ունենանք մեր փետրուար 18-ը:

Հայու ոգին, ըմբռնողութիւնը, մտածումը մեր մէջ է սկիզբէն ի վեր: Պէտք է շինել, վերաշինել, ստեղծագործել, հասնիլ մարդկայինին: Մենք 3000 տարիէ ի վեր կը ծառայենք գաղափարաբանութեան մը: Կը ծառայենք մարդկութեան մեր ամբողջ ժողովուրդով: Սփիւռքահայը ստիպուած է  այլեւս գտնել իր դիմագիծը: Պէ՛տք է անդրադառնայ, թէ ինք հայ է: Ստեղծած չէ իր փետրուար 18-ը: Ստիպուած է բարձրանալ դէպի գաղափարաբանութիւն: Վայրէջքի մէջ է: Ստիպուած է ունենալ իր փետրուար 18-ը: Ի՜նչ երեսով պիտի տօնակատարենք մեր հայրենիքի մէջ, մեր հայրենի ժողովուրդին հետ, եթէ չենք ստեղծած մեր փետրուար 18-ը, մե՛ր մայիս 28-ը:

Կը հաւատամ, որ եթէ կործանի մարդկութիւնը, հայը պիտի վերապրի: Որովհետեւ հայութիւն` կը նշանակէ մարդու գոյութիւն: Պիտի վերապրի հայը, պիտի վերաշինէ, պիտի հասնի գեղեցիկին: Իբրեւ սփիւռքահայ, տօնելով հանդերձ անցեալի փառաւոր մէկ էջը, փետրուար 18-ը, պէտք է կերտենք փետրուար 18-ը` արժանի ըլլալու համար նորագոյն մայիս 28-ին:

Փակման խօսքին մէջ Պերճ Մըսրլեան ըսաւ. «Ընկեր բանախօսը վերլուծում մը կատարեց այն կացութեան, որուն մէջ մօտաւորապէս կը գտնուի սփիւռքահայութիւնը այսօր: Անտարակոյս Վարանդ Փափազեանի խօսքը ես կ՛ուզեմ լսած ըլլալ իբրեւ հայ երիտասարդութեան խօսքը: Դառնութիւն բերաւ մեզի: Չբաւականանանք փետրուար 18 տօնելով: Չհպարտանանք, որ մեր նախնիքը ունեցած են փետրուար 18: Մեր երիտասարդութիւնը նոր փետրուար 18-երու հեռանկարով պիտի դիմէ դէպի ապագան: Որովհետեւ նոր փետրուար 18 եւ նոր մայիս 28 կայ, որ կ՛երեւի: Այս հաւատքով կ՛ուզեմ փակել տօնակատարութիւնը»:

Նախագահը, բանախօս ու արտասանող արժանացան բուռն ծափերու:

Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» երգի յոտնկայս խմբերգումով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Այֆոնը 10 Տարեկան Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?