Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Փետրուար 1967)

Փետրուար 16, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եռագոյն Հասցուցէք
Հոնոլուլու

– Հոնոլուլուի Հաուայեան համալսարանի ուսանող եմ: 18.000 համալսարանականներու մէջ` միակ հայը…

– Հոնոլուլուի մէջ կայ միայն երեք հայ. երկուքը պարսկահայ, մէկը` ամերիկահայ:

– Ամերիկահայը կը կոչուի տիկին Պէյքըր` Հացագործեան: Ազգասէր կին մըն է: Անցեալները ինձմէ խնդրեց, որ իր ինքնաշարժին համար եռագոյն մը ճարեմ:

–  Ես ինքնաշարժ չունիմ, բայց կը խնդրեմ` երկու եռագոյն ղրկէք: Մէկը տիկին Պէյքըրին, միւսը ինծի: Պիտի դնեմ գրասեղանիս վրայ:

Գրասեղանին վրայ. այնպէս` ինչպէս բուռ մը հող` Դանիէլ Վարուժանի գրասեղանին: Բուռ մը հող, կարմի՛ր:

Նամակը, որ եկած է Հոնոլուլուէն, ուղղուած` ընկերոջ մը, կը կրէ լիբանանահայու մը ստորագրութիւնը. Սահակ Արսլանեան, որ կը բացատրէ սրբազան դրօշակին պահանջը, այսպէս.

– Այստեղ իւրաքանչիւր ուսանող կը սիրէ իր ազգային դրօշը ծածանեցնել իր ինքնաշարժի առաջամասին: Պատճառ չկայ, որ մեր դրօշակը չփայլի այլ ազգերու դրօշներուն կողքին:

– Երբ կը հարցնեն իմ ազգութիւնս, կ՛ըսեմ` հայ: Ու կու տամ հակիրճ բացատրութիւններ Հայաստանի մասին:

Այժմ կ՛ուզեմ ցոյց տալ նաեւ` մեր դրօշը, ու` բացատրել զայն:

Կարմիրը` մեր թափած ծով արիւնը, յանուն Աստուծոյ ու հայրենիքի,

Կապոյտը` մեր երկինքն ու մեր խաղաղասիրութիւնը,

Նարնջագոյնը` մեր ոսկի արտերը, մեր աշխատանքը:

Նամակը` այսպէս: Ու ուրիշ բաներ. հայու պատմութիւն, եռանդ, դժուարութիւն, բայց` կամք- յարատեւութիւն: Ու մանաւանդ` դրօշակի սպասում:

Սրտայոյզ է խնդրանքը. խնդրանքը սրբազան պահանջ է: Պահանջը, ծիածան` աշխարհացրիւ հայերն իրար շաղկապող, յաղթանակի ու ազգային հպարտանքի ալեծածան դրօշով:

Եթէ չտրուեցաւ մեզի մեր դրօշը պահել մեր երկրին վերեւ, տեսէ՛ք, աշխարհի՛ մարդեր, զայն կը տարածենք աշխարհով մէկ:

Երբեմն ինքնաշարժներու յառաջամասին, երբեմն գրասեղաններու վրայ, մի՛շտ սրտերուն մէջ:

Եռագոյն` Հոնոլուլուին…

Եռագոյն, այսինքն` ազատութեան յամառ սլացք, եռագոյն, այսինքն` յաղթանակի պատմութիւն, եռագոյն, այսինքն` Հայաստան, հին ու նոր, ու եռագոյն համալսարանականներու ճակտին, այսինքն` Հայաստան հին ու նոր, բայց մանաւանդ` գալի՛ք…

Եռագոյն, եռագոյն հասցուցէք Հոնոլուլու ու աշխարհի չորս ծագերուն:

ԱՍՏՂ

 

ՀՄԸՄ Երէկ Վերջ Տուաւ «Մայնոր Թերնիք»
Պուլկարական Խումբին
Անպարտելիութեան Առասպելին

Հայկական Խումբը 2 – 1 Արդիւնքով
Փայլուն Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

Երէկ կէսօրէ ետք, Մարզական աւանին մէջ, ՀՄԸՄ վերջ տուաւ պուլկարական Մայնոր Թերնիք ֆութպոլի խումբին անպարտելիութեան առասպելին` 2-1 արդիւնքով յաղթելով զայն:

Երէկուան յաղթանակին գլխաւոր կերտիչը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի անզուգական խմբապետը` Լեւոն, թէեւ խումբին բոլոր անդամները արժանի են գովասանքի, իրենց փայլուն յաջողութեան համար, հակառակ Ճորճիկի, Յովսէփի, Աբօ Բ.ի եւ Եղիշի բացակայութեան:

Հանդիսականները երէկ տուն դարձան հպարտութեամբ մը, զոր չէին զգացած տարիներէ ի վեր: Լիբանանեան խումբ մը պարտութեան մատնած էր եւրոպական խումբ մը, որ ցարդ անպարտելի մնացած էր Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ:

Առաջին կիսախաղը ապարդիւն եղաւ: Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը, պուլկարները ազատ հարուած մը ստացան եւ թիւ 10 հեռուէն կէտի վերածեց: Կարծուեցաւ, թէ այս կէտը ծանր պիտի կշռէ Նալպանտեանի տղոց կորովին վրայ: Բայց պատահեցաւ ճիշդ հակառակը: Լեւոն եւ իր ընկերները իրենց ամբողջ ուժը նետեցին մրցադաշտ եւ ահեղ յարձակողականի մը անցան: 51-րդ վայրկեանին, Զաւիկ գնդակը փոխանցեց Լեւոնին, որ հիանալիօրէն տրիպլէ ըրաւ իր դէմը ելած պուլկար բերդապահը եւ արտակարգ պաղարիւնութեամբ մը նշանակեց հաւասարութեան կէտը:

Այս կայծակնային հարուածը թեւ տուաւ մեր տղոց, որոնք քառորդ ժամ ամբողջ պահեցին իրենց ճնշումը, որուն ընթացքին, Լեւոն – հայկական խումբին հոգին – ծանրացուց սքորը, հեռուէն քաշեց ահաւոր հարուածով մը:

Պուլկարները, ցնցուած, ամէն կողմէ յարձակումի անցան` հաւասարելու համար: Բայց իրենց դիմացը գտան անխորտակելի պատ մը:

Խաղին վերջին վայրկեանները չկրցան փոփոխութիւն մտցնել արդիւնքին մէջ եւ Միթրի Ատըմի իրաւարարութեամբ տեղի ունեցած այս գեղեցիկ մրցումը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի շքեղ յաղթանակով:

 

Լիբ. Օգնութեան Խաչի
Նորակազմ Մասնաճիւղ Ժիպէյլի Մէջ 

Ժիպէյլի հայութիւնը, Լիբ. Օգն. Խաչի մասնաճիւղ մը ունենալու ցանկութեամբ, կազմեց անդամակցութեան 38 հոգինոց անուանացանկ մը եւ դիմեց Շրջանային վարչութեան, որպէսզի գործնականացնէ ցանկութիւնը:

Շրջ. վարչութիւնը խոր գոհունակութեամբ ընդառաջեց դիմումին եւ 30 յունուարին առաջին ժողովը գումարուեցաւ Նուարդ Փիրանեանի բնակարանին մէջ, Ժիպէյլ:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան Շրջ. վարչութեան անդամուհիներէն ատենապետ Լ. Սասունի Բ. Առաքելեան, Ա. Արծրունի, Բ. Գըլըճեան եւ Ա. Արմէնեան, որոնք իրենց ժամանումին խանդավառ ծափերով դիմաւորուեցան նորակազմ մասնաճիւղի անդամուհիներուն կողմէ:

Լ. Սասունի ներկայացուց Լիբ. Օգն. Խաչի նպատակը: Ըսաւ, թէ Օգն. Խաչը կոչուած է օգնելու չքաւորին, հիւանդին, որբին եւ ուսումնասէրին:

Յայտնեց, թէ այս մեծ կազմակերպութիւնը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, միայն Լիբանանի մէջ ունին 19 մասնաճիւղ եւ 3000 անդամ: Նեցուկ է ան 500 սան-սանուհիներու, իր Շթորայի «կազդուրման կայան»-ին մէջ ամէն ամառ 250 փոքրիկներ կը կազդուրուին, իր «Պնակ մը կերակուր»-ը նախախնամական դեր կը կատարէ կարիքաւոր փոքրիկներու: Ապա կոչ ուղղեց նորակազմ մասնաճիւղի անդամուհիներուն եւ ըսաւ, որ Լիբ. Օգն. Խաչը հսկայ դաշտ մը ունի աշխատանքի պէտք ունի անձնուրաց ու հաւատարիմ եռանդուն մշակներու: Լիայոյս ենք, որ ձեր բոլորանուէր աջակցութեամբ, ինչպէս միշտ, նաեւ այսուհետեւ, առաւել արդիւնաւոր գործունէութիւն մը պիտի ունենանք:

Քաջալերական խօսքերով ելոյթ ունեցան նաեւ Արաքսի Արծրունի եւ Բ. Առաքելեան:

Այնուհետեւ նորակազմ մասնաճիւղը ընտրեց իր առաջին վարչութիւնը:

Ընտրուեցան` Զարուհի Մանկունի, Մանուշակ Խաչերեան, Նուարդ Փիրանեան, Մարի Խաչերեան, Ժոզեֆին Համբարձումեան, Շաքէ Պեզճեան, Մարի Փանոսեան, Մարի Աւագեան եւ Շաքէ Էրչենեան:

Շրջանային վարչութեան անդամուհիները եւ ներկաները շնորհաւորեցին նորակազմ վարչութիւնը, մաղթեցին յաջողութիւն եւ օգտաշատ գործունէութիւն:

Ժողովը վերջ գտաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:

ԶԱՐՈՒՀԻ ՄԱՆԿՈՒՆԻ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Կեանքի Առաջնահերթութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?