Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Փետրուար 1967)

Փետրուար 21, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոչ` Պէյրութի Հայութեան Եւ
Ազգ. Բոլոր Հաստատութիւններուն

Պիքֆայայի Մխիթարեան ընծայարանի տեսուչ Աւետիք վրդ. Թալաթինեանի նախաձեռնութեամբ, վերջերս տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը, որուն կը մասնակցէին «Այգ», «Արարատ», «Զարթօնք» եւ «Ազդակ» օրաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Մասիս», «Յառաջ», «Նայիրի», «Ջանասէր» եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթերուն ներկայացուցիչները:

Այս ժողովին, ուր մխիթարեան հայրերու կողմէ զեկուցում տրուեցաւ Իտալիոյ եւ մասնաւորաբար Վենետիկի վերջին ողողումներուն իբրեւ հետեւանք, Ս. Ղազարին կրած վնասներուն մասին, որոշուեցաւ պէյրութահայ մամուլին կողմէ հետեւեալ կոչը ուղղել հասարակութեան:

Ազնի՛ւ հայրենակից,

Ամիսներ առաջ, իտալական երկիրը պատուհասող բնութեան աղէտը ծանօթ է բոլորին, ինչպէս այդ դժբախտութեան մէջ Ս. Ղազարի եւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի կրած ծանր վնասները: Բոլոր հայ գաղութները, գլխաւորութեամբ Ամենայն հայոց հայրապետին, յուզիչ միասնութեամբ մը չզլացան իրենց նիւթական օժանդակութիւնը, չափով մը մեղմելու համար դարաւոր վանքին անձկալի վիճակը: Պէյրութի հոծ հայութիւնը չէր կրնար անշուշտ անտարբեր եւ անմասն մնալ, մանաւանդ կարդալէ ետք յականէ յանուանէ մեզի ուղղուած կոչը` Իտալիոյ գաղութի նախագահին կողմէ:

Սուրբ Ղազարը սփիւռքի ամէնէն հին մշակոյթի օրրանն է պատկառելի իր անցեալով եւ այդ անցեալին հաւատարիմ այժմու նուիրեալ անդամներով: Ամէն հայ, ինչ դաւանանքի եւ գաղափարի ալ պատկանի, միայն սէր եւ յարգանք կրնայ տածել հանդէպ Մխիթարեանց բազմավաստակ Ուխտին: Երախտիքի մեծ պարտքով մը:

Արդ, Պէյրութի հայ մամուլի ներկայացուցիչներս, իր բարձրագոյն իմաստին մէջ պահելու համար նախատեսուած հանգանակութիւնը, այսու կը յայտնենք, թէ որոշեցինք նախաձեռնող ըլլալ եւ մեր անձուկ պիւտճէներէն համեստ մասնակցութեամբ մը բանալ հանգանակութիւնը: Իր ձեւին մէջ աննախընթաց այս բնոյթը տալով ձեռնարկին, կը հաւատանք, թէ բոլոր կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները պիտի ուզեն հետեւիլ մեր օրինակին, փոյթ չէ թէ խորհրդանշական գումարներով, որպէսզի հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն բերէ իր լրիւ մասնակցութիւնը, այլ եւ զգայ կատարուելիք հանգանակութեան գերազանցօրէն վսեմ եւ համազգային բնոյթը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Ընտրութիւններ Եւ Ստուերային Տնտեսութիւն (3)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?