50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (3 Ապրիլ 1967)

ՀՄԸՄ Յունաստանի 38-րդ Պատգմ. Ժողովը Մարտ 26-ին, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի շրջանի 38-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Ժողովի ընթացքին երեւան եկած է, որ ՀՄԸՄ իր կուռ կազմակերպութեամբ եւ ունեցած նիւթական ու բարոյական ժրաջան գործունէութեամբ, առաջին հայ երիտասարդական կազմակերպութիւնն է յունահայ գաղութին մէջ: Ունի մօտաւորապէս 200 գործօն մարզիկներ, 100-ի մօտ սկաուտներ եւ գայլիկներ եւ 400-ի մօտ համակիրներ, որոնք ամէն գնով զօրավիգ կը կանգնին ՀՄԸՄ-ի բոլոր շարժումներուն:   Փետրուար 18-ի Փառահեղ Տօնակատարութիւնը Աննախընթաց Բազմութիւն «Ասթրալ»-ի Սրահին Մէջ Ընկ. Միսաք Թորլաքեանի Խօսքը «Արմենիա», 21 մարտ 1967 Կիրակի, մարտ 19: «Ասթրալ» թատրոնի հազար երեք հարիւր աթոռ ունեցող սրահը լեցուն էր բերնէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Ապրիլ 1967)

Գրական Առօրեայ  Եդուարդ Պ0յաճեանի «Դէմքեր»-ը Իր ապաժամ մահէն ետք, նախաձեռնութեամբ կարգ մը ընկերներու եւ իր քաջարի այրիին, նաեւ բարեդէպ մեկենասութեամբը Յակոբ Աշճեանի, 1996-ի վերջերը լոյս տեսաւ Եդուարդ Պօյաճեանի «Դէմքեր»-ուն առաջին շարքը: Երբ ես ճանչցայ Եդուարդը, ունեցայ այն տպաւորութիւնը, որ իր հպարտութեան մէջ խոնարհ եւ իր խոնարհութեան մէջ հպարտ մարդ մըն էր ան: Ո՞րն էր գերակշիռ իր մէջ, հպարտութի՞ւն, թէ՞ խոնարհութիւնը կամ խոնարհամտութիւնը: Ինծի կը թուի` առաջինը: Մեծահարուստ գրող մը չէր անշուշտ, բայց իր արժէքին գիտակից հպարտ մարդ մըն էր անկասկած: Իր «Դէմքեր»-ը բանասիրութիւն չեն, գրական քննադատութիւն ալ չեն, գրական պատմութիւն բնաւ չեն, բայց գրականութիւն են անպայման: Աւելի շատ եզրակացութիւններ են,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Մարտ 1967)

Յայտարարութիւն Եւ Կոչ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի  Ժողովրդային Խաղաղ Ցոյց ՄԱԿ-ի Կեդրոնական Շէնքին Առջեւ Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբը Պոսթընի մէջ հրատարակութեան տուած է հետեւեալ յայտարարութիւն-կոչը` ուղղուած Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ մօտաւոր շրջաններու հայրենակիցներուն. Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 3 ապրիլի 1967-ին, երկուշաբթի ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ կեդրոնին մէջ իր եօթնօրեայ նիստերը պիտի գումարէ «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԲԱՌԻ ԻՄԱՍՏԸ ՍԱՀՄԱՆԵԼՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱԿ-Ի ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ»-Ը: Կ՛ուզենք սեղմօրէն արձանագրել, որ ցեղասպանութեան դէմ արգելքի եւ ցեղասպանները միջազգային դատական ատեանի մը միջոցով ի հարկին պատժելու համաձայնագիրը (ու յատկապէս` անոր 6-րդ յօդուածը) կրնայ լրիւ գործադրուիլ ա՛յն ատեն միայն, երբ, նախ, իրաւականօրէն կը սահմանուի «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ» բառի իմաստը, եւ այդ բառին ու այլ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1967)

Ու Ես Կ՛Երթամ... Գարեգին Աղա 21 յունուար 1967.- Ս. Սարգիսի պահքին երրորդ օրն է: Երիտասարդները երեքօրեայ ծոմապահութիւնը սրբութիւնով լուծելու համար հաւաքուած են: Իրենց ուրախութիւնը կրկնապատկուած է: Այս տարի իրենց բերանը հաղորդութիւնով պիտի բանան: Անոնց ուրախութեան պատճառն ու մեծութիւնը ես գիտեմ ու կը հասկնամ: Անոնց սրտերուն մէջ հաւատքի կայծն է, որ կը բոցավառի, խաւարած սրտերու խորերը` որպէս ճրագ կայծկլտալու: Ու ես կ՛երթամ... Պարզուկ սեղանի մը առջեւ կանգնած` կ՛աղօթենք: Աշտանակներ չունինք: Մեծկակ ափսէի մը մէջ մոմերը կը վառին: Այդ լոյսի ողողումին մէջ իղձեր կը ճենճերին: Աղօտ լոյսով լուսաւորուած սենեակի մը մէջ, խոր լռութիւն կը տիրէ: Մեծ ու պզտիկ մարդիկ կանգնած` կ՛աղօթեն: Աչքերու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1967)

Կաթողիկէ Հայոց Ազգային «Մեսրոպեան» Վարժարանի Միջնակարգի Շէնքին Բացումը Երկուշաբթի, 27 մարտ 1967, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք պաշտօնապէս բացումը կատարեց Պուրճ Համուտի (Նոր Մարաշ) կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մեսրոպեան» վարժարանի միջնակարգի նորակառոյց շէնքին: Ներկայ էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիզպոնի կեդրոնի ներկայացուցիչ Վահրամ Մավեան, կաթողիկէ վարդապետներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ հրաւիրեալներ: Նորակառոյց շէնքի մուտքին վարժարանի տնօրէն հայր Գրիգոր Ղապրոյեան շնորհակալութեան ուղերձ կարդաց: Շէնքը կառուցուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան տրամադրած 20.000 տոլարով: Շնորհիւ այս նոր շէնքին, վարժարանը, ըսաւ հայր Ղապրոյեան, պիտի բանայ իր միջնակարգի բաժինը: Շնորհակալութեան ուղերձ կարդաց նաեւ վարժարանի նախկին սաներու միութեան կողմէ տոքթ. Զաքարիա Մկրեան: Այնուհետեւ խօսք առաւ հոգեւոր տէրը:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1967)

Գրական Առօրեայ   «Բագին»-ի Զրոյցները Նիւթ` Թատերական Գրականութեան Դժուարութիւնները Զեկուցաբեր` Բ. Փափազեան Շաբաթ, 11 մարտ 1967-ին տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի հերթական զրոյցը: Զրուցաբերը թատերական գրականութիւնը եւ անոր կապուած յարակից հարցերը մանրամասնօրէն քննութեան ենթարկեց եւ մէկ առ մէկ անդրադարձաւ արուեստի այդ ճիւղին կատարելութեան հասնելու համար յաղթահարուելիք դժուարութիւնը: Ստորեւ կու տանք զրուցաբերին նշմարներուն գլխաւորները` իրենց մայր գիծերով. Թատրոնը, թատերական գրականութիւնը դժուարին արուեստ մըն է եւ իր փոխանցումը  տեղի կ՛ունենայ ամէնէն բարդ միջոցներով: Նեղ են կարելիութեանց սահմանները եւ` խութերով լի: Նախ ընդհանուր ձեւով մը ընդգծենք, թէ մինչ միւս արուեստները հանրութեան հասնելու համար շատ քիչ օժանդակներու կարիքը կը զգան, ընդհակառակն, թատերական գրականութիւնը մեծ թիւով օժանդակ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Մարտ 1967)

Խմբագրական Յոյսի Տօնը Քրիստոնեայ մարդկութիւնը վաղը կը տօնէ Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Լացի գիշերէն ետք` ցնծութիւնը հոգիներուն, ի լուր աստուածային հրաշքին, որ մարդկութեան պիտի տար կրօններուն ազնուագոյնը եւ անոր պիտի սորվեցնէր վսեմագոյնը սկզբունքներուն. սիրեցէք զմիմեանս: Դարերու ընդերքէն եկող այս կանչը ճիշդ է որ այսօր շա՜տ տկար կը հնչէ մարդոց ականջին: Մարդիկ ո՛չ միայն դադրած են զիրար սիրելէ, այլ միջոցներ կը խորհին` զիրար բզկտելու համար: «Մարդ` մարդու գայլ» բացատրութիւնը ներկայիս շա՛տ աւելի կը պատշաճի, քան քրիստոնէական սիրոյ պատգամները` բնորոշելու համար հոգիներու ներկայ վիճակը: Զէնքերու շաչիւնն ու սուրերու շկահիւնը կը լեցնեն ամէն կողմ: Ու մարդիկ` ենթակայ շղթայազերծ նիւթին զօրութեան, անտարբեր, կը դիմեն դէպի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1967)

Հայրենիք Թուրքի Ատելութիւնը Այն ժողովուրդները, որոնք ասպատակային շահատակութիւններու պատմութիւն ունին եւ յամր, յետամնաց մշակոյթ, անոնց հոգիին քանդելու եւ սպաննելու բնազդը, իր նախնականութեամբ եւ կոպտութեամբ, անխախտ կը մնայ: Նախնական այդ բնազդը միշտ արթուն եւ գործուն չէ, բայց ատելութեան պահանջը սուր եւ տեւական է: Ան ծածուկ պահուած է յարմար պահուն արթննալու եւ ներգործուն դառնալու համար, որովհետեւ ատելութիւնը եւ անգթութիւնը նկարագիր է: Թուրք ժողովուրդը մօտ հազարամեակ մը ապրեր է փառաշուք քաղաքակրթութիւններու օրօրանի մէջ, չէ օգտուեր անոր գանձերէն եւ բարիքներէն: Ան հեռու մնացեր է հոգիի ազնուութենէ եւ միշտ ապաւիներ է իր աւերիչ բնազդին, անտեսեր եւ անգոսներ է մշակոյթը եւ յարատեւեր է պահելով պետական գոյութիւնը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1967)

Ակնարկ Մենք Չենք Զարմանար Մեր աշխատակիցը` Արամ Հայկազ «Ազդակ»-ին ղրկած է յօդուած մը, զոր ամերիկացի յայտնի լրագրող Ճան Մք Լէյն ստորագրած է ամերիկեան մամուլին մէջ` տալով իր տպաւորութիւնները արդիակա՜ն Թուրքիոյ երբեմնի մայրաքաղաք Պոլսէն: Այսօրուան մեր երկրորդ էջին մէջ լոյս տեսած այդ յօդուածին տակ Արամ Հայկազ կը կատարէ կարճ, բայց յատկանշական բնորոշումներ: Մեր կողմէ կ՛ուզենք աւելցնել կէտ մը միայն, ամերիկացի լրագրողը Պոլսոյ բարքերուն անդրադառնալով` կը զարմանայ, որ թուրք կառավարութիւնը բան մը չ՛ըներ այս բոլորը փոխելու համար: Չենք գիտեր, թէ Մք Լէյն դեռ ինչե՜ր պիտի ըսէր Պոլսէն անդին, բուն Թուրքիան տեսնելէ ետք, բայց ամերիկացիի մը պարագային, այս զարմանքը կրնայ բնական եւ հասկնալի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1967)

Հաղորդագրութիւն Ա. Պէյրութաբնակ ծանօթ ազգային Ռուբէն Մավիսագալեան Ս. Աթոռոյս թանգարանին նուիրեց ֆրանսահայ արուեստագէտ Բիւզանդ Թոփալեանի արժէքաւոր մէկ գործը` 1,000 լիբ. ոսկի արժողութեամբ, Վարդանանց ճակատամարտը եւ անով ի յայտ եկող հայու դիւցազնական եւ հայրենանուէր ոգին խորհրդանշող: Սոյն գործը միահամուռ գնահատանքի արժանացած էր բոլոր այն արուեստասէրներուն կողմէ, որոնք այցելած էին Թոփալեանի նկարչական ցուցահանդէսին, «Կալըրի Մանուկ»-ի մէջ: Շնորհակալութի՛ւն նուիրատու Ռուբէն Մավիսագալեանին: Բ. Ս. Աթոռոյս մայր տաճարը ճոխացաւ նրբարուեստ թանկագին նոր նուէրով մը` ճաշու արծաթապատ Աւետարանով մը: Նուիրատուն է կիպրաբնակ տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Ալիս Երամեան բարեպաշտ ամոլը իրենց զաւակներուն անունով: Իրենց փափաքին վրայ պէյրութահայ ոսկերիչ Յակոբ Համամճեան պատրաստեց արուեստի ընտիր գործ մը:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1967)

1506 Խրճիթ Եւ 2263 Վատառողջ Բնակարան Լիբանանի Մէջ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան կազմած վիճակագրութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ խրճիթներուն թիւը կը բարձրանայ 1506-ի: Միւս կողմէ, 2263 վատառողջ բնակարաններ, ընդամէնը 5541 սենեակ եւ 248 մթերանոց, կը պատսպարեն 13 հազար 403 հոգի, որոնցմէ 10.296-ը լիբանանցի եւ 3107-ը օտար, մանաւանդ` սուրիացի, պաղեստինցի եւ քիւրտ: Անոնցմէ շատերը որմնադիր են, կօշկակար, հացագործ, շրջուն վաճառորդ, վարորդ, սափրիչ եւ բեռնակիր: Ամիսը միջին հաշուով կը վճարուին` իբրեւ բնակարանի վարձք. - 140 ընտանիք ամիսը 14 ոսկիէն պակաս կը վճարէ: - 319 ընտանիք` 15-24 ոսկի: - 169 ընտանիք` 25-34 ոսկի: - 62 ընտանիք` 35-49 ոսկի: - 22 ընտանիք` 50-79 ոսկի:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Մարտ 1967)

Իրաւարարը Ըսինք, որ  կը խօսինք իրաւարարի մասին: Այն մարդուն, որ պիտի հսկէ 22 հոգիի խաղին, (խօսքը ոտնագնդակին համար էր), պիտի ճշդէ անոնց ճիշդն ու սխալը, պիտի ըլլայ ինքնավստահ (հետեւաբար` հմուտ), պիտի ըլլայ պատասխանատուութեան գիտակից եւ պարկեշտ: Մանաւանդ` իրաւարարութեան իր քննութիւնը նախ պիտի տայ իր հոգիին, նկարագրին, ապա ներկայանայ առ որ անկ է` ստանալու համար տիփլոմ ու իրաւունք` իրաւարարութեան: Ըսենք, որ կը խօսինք իրաւարարի մասին: Անոր, որուն սուլիչը պիտի արժանանայ հանդիսատեսի գնահատանքին, անոր, որուն որոշումը խոնարհիլ պիտի տայ ամէնէն ըմբոստ դիտողը, անոր, որ իրաւարարն է 22-ին, եւ որուն վրայ կան` հազարաւոր իրաւարարներ.- խաղին հետեւողները: Կատակ չէ իրաւարար ըլլալը... Սակայն, նախ փնտռենք,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1967)

ՀՅԴ Պոսթընի Կոմիտէին 70-ամեակը ՀՅ Դաշնակցութեան Պոսթընի կոմիտէն, կիրակի, 12 մարտ 1967-ին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տօնախմբած էր իր 70-րդ տարեդարձը: Ատենախօսած է Սարգիս Չթչեան: Բանախօսած են` տոքթ. Լեւոն Տաղլեան եւ Ճէյմս Մանտալեան: Ներկայ եղած եւ խօսք առած է նաեւ Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ստեփան Տարտունի: Գործադրուած է գեղարուեստական բացառիկ յայտագիր մը: Այս տարեդարձը հանդիսաւոր պատեհութիւն մը եղած է ոչ միայն Պոսթընի, այլեւ` Միացեալ Նահանգներու դաշնակցական կազմակերպութեան 70 տարիներու բազմազան եւ բազմաբեղուն վաստակը պարզելու հայ հասարակութեան: Պոսթընի Կոմիտէին Հիմնադրութիւնը Երբ Հայաստանի լեռներն ու ձորերը կը թնդային Դաշնակցութեան անձնուրաց ֆետայիներու մոսիններու որոտէն, կենդանի գործը կը բանար աչքը Միացեալ Նահանգներու պանդուխտ հայուն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1967)

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1967)

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Առաջին Այցելութիւնը Ազգային «Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան» Քոլեճ Չորեքշաբթի, 15 մարտ 1967, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոսի եւ գաւազանակիր Բաբգէն վարդապետի, հայրապետական իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Պուրճ Համուտի ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլէճ: Իր ժամանումին վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ քոլեճի խնամակալ մարմինի ատենապետ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի, խնամակալ մարմինի անդամներ տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեանի, Լեւոն Փիրանեանի, Կարապետ Մխիթարեանի եւ Ալպեր Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ ազգային «Աքսոր  Գասարճեան» վարժարանի տեսուչ Անդրանիկ Ուրֆալեանի եւ քոլեճի տեսուչ Կարապետ Պետրոսեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ տեսչարան, ուր տեղի ունեցաւ աւելի քան տասը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1966)

Ակնարկ  Դէպի Հեղինակութիւն Մարդ էակը, մտքի հետաքրքրութիւն ցոյց տուած օրէն սկսեալ, երկիւղած յարգանքով մը նայած է ուսուցիչին, եւ աշխարհի բոլոր պետութիւնները պաշտօնական հանգամանք մը տուած են այդ յարգանքին: Քաղաքակիրթ երկիրներու պետութեանց պէս, նաե՛ւ Լիբանանի պետութիւնը պաշտօնականացուց իր ջերմ վերաբերումը Ուսուցիչներու օրուան հաստատումով, քանի մը տարիներէ ի վեր հանդիսաւորապէս կը նշէ երկրին համար քաղաքացի պատրաստող եւ մա՛րդ պատրաստող նուիրեալներուն հանդէպ ունեցած յարգանքը: Քաղաքացի պատրաստող եւ մարդ պատրաստող կոչեցեալներուն կարգին կը գտնուի նաեւ հայ ուսուցիչը եւ պետութեան մօտ կը վայելէ` այլոց համահաւասար վարկ մը: Մտածող ու արդար մարդիկ կան: Ու մտածող ու արդար մարդոց հոգիին մէջ թերեւս աստիճան մը աւելի է հայ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1967)

Երբ Արդարութիւնը Կը Խօսի... Երկուշաբթի, փետրուար 27-ի երեկոյեան 6:30-ին հնչեց հեռախօսի զանգը: - Ես եմ... Ըսէ՛ դրացիներուդ եւ շտապեցէք քաղաքապետարան, օրակարգի վրայ է յուշարձանի կառուցման որոշումը բեկանելու խնդիրը: Հաւաքուեցան շուրջ 30 հայեր: Քաղաքապետարանն ենք: Երբ հերթը հասաւ մեզ հետաքրքրող հարցին, հոն, ուր կը բացակայէր թուրքը, բարեկամ երեք օտարներ պահանջեցին բեկանել յուշարձանի կառուցման որոշումը, ջնջել նաեւ անոր մէջ գտած «Օթոման թուրք պետութիւն» բառերը: Ընդդիմադիրներէն մէկը պատասխանելով խորհրդականի մը հարցումին` չուրացաւ, որ ի հարկին կրնայ դրամ ալ ստանալ թուրք պաշտօնատարէն ու սպառնաց, որ իրենց պահանջին բաւարարութիւն չտրուելու պարագային, պիտի ջանան պաշտօնանկ ընել խորհրդականներէն ոմանք... Երիտասարդ փաստաբան Վ. Մինասեան, կոչ ընելով խորհրդականներու մարդկային...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1967)

Վազգէն Շուշանեան Ամէնէն առաջ համակրած եմ իր զգայնութեան: Նորերէն շատ քիչեր միայն բերին մեր գրականութեան այդքան առատ ջիղերու սարուածք մը: Այդ զգայնութեան արտայայտումին համար անիկա գործածեց նորերուն ոճը: Պզտիկ դիտողութիւն մը հոս: Շուշանեանին ֆրազի ճաշակը կը նրբերանգուի բանաստեղծական բարակ աւիշով մը: Այսպէս, դրէք այդ գործիքը ու այդ ջիղերը ծոցը հեռաւոր հայ քաղաքի մը. տուէք ադ քաղաքին ալ երեսուն տարի առաջուան մթնոլորտ եւ բարեխառնութիւն. կապեցէք իր ուսերուն մեր գաւառը ու փռեցէք իր հոգիի յատակին` մեր պատմութիւնը. մենք կ՛ունենայինք մեր կեանքին ամէնէն կենդանի արտայայտութիւններէն մէկը: Բայց բախտը տարբեր կերպ ուզեց: Այդ բոլոր յատկութիւնները, փոխանակ այդ երազուած պայմաններուն, դրուեցան գրեթէ գլխովին հակառակ գետիններու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Մարտ 1967)

Նոթեր Ու Նետեր Թուրքիոյ Երկրաշարժէն Ետք Հայրենակից մը պատմեց. - Քանի մը օր առաջ ընկերոջ մը հետ ժամադրուած էի փարիզեան սրճարանի մը մէջ: Որոշեալ ժամէն բաւական առաջ հասած ըլլալով` սեղան մը գրաւեցի, գարեջուր մը ապսպրեցի ու բացի ֆրանսական օրաթերթ մը: Քիչ ետք քովի սեղանս գրաւեցին երկու հոգի: Թուրքեր էին: Այնպէս ձեւացուցի, որ ես թաղուած եմ ընթերցանութեան մէջ: Կը փափաքէի ունկնդրել իրենց խօսակցութիւնը: Նախազգացումս կ՛ըսէր, որ պիտի լսէի կարեւոր բաներ: Արեւելքցիի չնմանելուս` վախ չունէի, որ թուրքերը կասկածէին ինձմէ: Ապսպրեցին մէյ մէկ սուրճ, մէյ մէկ քոնեաքով, ու սկսան ծխել, խմել ու խօսիլ: Իրենց զրոյցէն յայտնի եղաւ, որ մէկը հաստատուած էր Ֆրանսա, իսկ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Մարտ 1967)

Գրական Առօրեայ «Բագին»-ի Զրոյցները  Նիւթ` Եդ. Պոյաճեանի Դէմքերէն «Գ. Զոհրապ» Զեկուցաբեր` Պ. Սնապեան Շաբաթ, 25 փետրուար 1967-ի «Բագին»-ի գրական զրոյցին նիւթն էր Եդուարդ Պոյաճեանի նոր, յետմահու լոյս տեսած «Դէմքեր» հատորէն Գ. Զոհրապին նուիրուած դիմագծումը: Օրուան զեկուցաբերը` Պօղոս Սնապեան, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք դիմագրուած դէմքն ու դիմագրողը, ընդգծեց, որ` «Ամէն սերունդ իր արժեչափերով կը դատէ անցեալի փառքերը, դէմքերը եւ իր փորձառութիւններուն ու ախորժակներուն ակօսով կը ստեղծէ, ըսենք, իր Նարեկացին, իր Սայաթ Նովան, իր Զոհրապը, որոնք անպայման տարբեր են նախորդ սերունդի Նարեկացիէն, Սայաթ Նովայէն, Զոհրապէն: Հիները դատումի ենթարկող նոր փորձերը այդ տարբերութեամբ միայն կ՛արդարանան»: Ըստ տրուած զեկուցումին, Եդ. Պոյաճեան բոլորովին իւրայատուկ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1967)

Նոթեր Ու Նետեր  «Ես Այդ Շունն Եմ» (Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան, Կողքի Նկար` Փոլ Կիրակոսեան, Տպարան Ատլաս, Պէյրութ, 1966) Երիտասարդ ու եռանդուն գրագէտ Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գրքոյկը կարդացի յուզումով եւ հիացմամբ: Մերօրեայ հարցերուն, յուզումներուն, տագնապներուն, տռամներուն «պոէմա»-ն է ան` գրուած արձակով (բարեբախտաբար): Ալպեան գամփռ մըն է, որ մարդացած ու մարգարէացեալ կը հաջէ` յանուն հայութեան հարազատութեան: Գիրքը նորութիւն մըն է, ուժականութիւն մըն է, հոգեխօսութիւն մըն է: Գիւտաւոր ու խռովիչ իրականութիւն մը հիւրընկալուած է հայ հոգիի մը մէջ, ու շան մը հաջոցները վերածուած են քերթողական գործի: Հայու մը պատկանող ալպեան շունը վերածուած է արարատեան շունի, մուսատաղցիի մը կամ այնճարցիի մը...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 38 of 69 1 37 38 39 69

Արխիւներ