Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1967)

Փետրուար 20, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրիո՛րդ, Ո՞ւր Է Արարատը

Տեառնընդառաջի առթիւ փակ  էին վարժարանները: Այս արձակուրդէն օգտուելով` Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութիւնը կազմակերպեր էր սինեմայի ցերեկոյթ` աշակերտներուն համար:

Շաբաթներէ ի վեր սինեմա «Քափիթոլ»-ի մէջ ցուցադրութեան դրուած էր «Տը Պայպլ» (Աւետարանը):

Բաւական լուրջ պատրաստութեամբ այդ ժապաւէիը, որ այլապէս կրօնի դասն իսկ էր աշակերտութեան, վստահօրէն արժէր տեսնել:

Ուստի, բոլոր վարժարանները ընդառաջած էին հրաւէրին:

Իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ, կարգապահ, գեղեցիկ պատկեր մըն էր մօտ 1400 աշակերտներու մէկտեղումը միեւնոյն սրահին մէջ:

Անսահման ուրախութեան մէջ սկսաւ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Վեցէն տասնչորս տարու տղաքը ծանօթ էին արդէն անոր բովանդակութեան: Հիմա, կարծէք, առիթն էր պատկերներուն հետ բաղդատական մը ընելու:

Ու շշուկներ կ՛արձագանգէին յաճախ.

– Ահա՛ Ադամը, ահա՛ Կարէնը, ահա՛…

Վերջապէս, ու մանաւանդ երբ Նոյ նահապետը երեւցաւ, աշակերտները չկրցան զսպել երկար ծափահարութիւն մը: Հին ու յաւիտենական բարեկամ մըն էր սա նահապետը:

Նոյեան տապանի շինութիւնը կէս ժամ տեւեց: Ջրհեղեղը, տապանի փրկութիւնը: Թռաւ ագռաւը ու չվերադարձաւ: Աղաւնին գնաց ու եկաւ` ձիթենիի ճիւղը բերնին:

– Օրիո՛րդ, ձիթենիի ճիւղն ալ Հայաստանի դաշտերէն փրցուած է:

– Օրիո՛րդ, Արարատը հիմա պիտի տեսնե՞նք: Օրիո՛րդ, ո՞ւր է Արարատը..

Չէ՛, հայ աշակերտները չտեսան Արարատը ժապաւէնին մէջ: Խօսնակը միայն յայտնեց, որ տապանը կանգ առաւ Արարատի վրայ: Միայն ԱՐԱՐԱՏ բառը, առանց պատկերին, խլեց անդադար ծափ: Հապա եթէ տեսնուէր Արարատը…

Ու ինչո՞ւ ցոյց չտրուեցաւ Ան:

Ժապաւէնը պատրաստողները ամէնէն փոքր  մանրամասնութեան համար տարիներ են տրամադրած: Կարելի չէ՞ր, որ պատմական այդ լեռն ալ իբրեւ վաւերական գոյութիւն, ժապաւէնին վաւերականութիւնը աւելի ամրացնէր:

Խնդիրը սակայն ո՛չ ժապաւէն է, ո՛չ ժապաւէնը պատրաստողներուն տրամաբանութիւնը:

Խնդիրը այն է, որ մանկապարտէզի փոքրիկներէն մինչեւ երկրորդականի տղաքը, անուս հայէն մինչեւ համալսարանական հայը, Արարատը կը փնտռեն, Արարատը կը տեսնեն, Արարատով կ՛ապրին, ու Արարատը անցուցած են իրենց երակներուն` որպէս արիւն ու ապրում:

Ո՞ր հայը կը մտածէ պահ մը, որ Արարատը կը պատկանի այսօր թուրքին, ու ո՞ր թուրքը կը հաւատայ, որ Արարատը իրն է:

Թուրքն ու աշխարհի բոլոր մարդիկը եթէ կազմեն դատարան ու բերեն այսօրուան բոլոր քաղաքական քարտէսները` վկայ, որ Արարատը Թուրքիոյ կը պատկանի, թուրքին է, մանկապարտէզի մեր փոքրերուն ճիչը կը բաւէ փոշիացնելու համար ամէն փաստարկութիւն. «Օրիո՛րդ, ո՞ւր է Արարատը…»:

Արարատի առթած զգայնութիւնը հպարտանք է հայուն համար, թուրքին` յաւիտենական մղձաւանջ ու ամօթ:

– Օրիո՛րդ, ո՞ւր է Արարատը…

Արարատը հարցումիդ մէջ է, քա՛ղցր հայորդի: Ու սրտի՛դ:

Պատկեր մը ժապաւէնի մը մէջ, աւելի կամ պակաս, օտար դրօշ մը նոյնիսկ Արարատի վերեւ, դարերով կամ տարիով, իմաստ չունի, հիմք չունի:

Հիմքը, արդարութիւնը, սեփականութիւնն ու պատմութեան անշեղելի օրէնքը դո՛ւն ես, հարցո՛ւմդ, սպասո՛ւմդ:

– Օրիո՛րդ, Արարատը ո՞ւր է:

Հարցո՛ւր, փնտռէ՛, նոյնիսկ մնա՛ առանց պատասխանի:

Օր մը, քու օրիորդիդ, այլեւս թերեւս ճերմակահեր, ըսես վստահօրէն. «Օրիո՛րդ, ահա՛ Արարատը»:

Արարատը, ո՛չ թէ պատկեր, ո՛չ թէ քարտէս, ո՛չ թէ մէկ ափէն փշաթելերով գծուած սահմաններէն հոսող նայուածքով բռնուած, այլ` շօշափելի ամբողջութիւն:

Մինչ այդ, մեղեդի՛ է հարցումդ, սրտապնդի՛չ է փնտռտուքդ, հայոց պատմութեան աղաղա՛կ է մեծադղիրդ` շշուկդ.

– Օրիո՛րդ, ո՞ւր է Արարատը…

Ե. ԵՐԿԱԹ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լօխ-Ի Դաստիարակչական Յանձնախումբ. «Հայկական Ճարտարապետութիւնը Հայաստանէն Լիբանան Եւ Սփիւռք» Նիւթով Դասախօսութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?