Նոթեր Ու Նետեր
Պզտիկ Դէպքեր Ու Թերթեր
Հրշէ՞ջ, Թէ՞ Հրձիգ
Միսթերպիանքօ քաղաքին (Իտալիա) Քալլավէրէնձա գինիի մեծ մթերանոցին մէջ հրդեհ կը ծագի, երբ բոցերը կը հասնին բուն մթերանոցը, ուր շարուած են գինիի տիրական տակառներու շարքերը` պատկառելի լրջութեամբ, տեղի կ՛ունենայ փրկարար ու փոթորկալի դէպք մը.- տաքութենէն տակառները կը պայթին, գինիները կը հոսին ու կը մարեն կրակը:
Մենք ցարդ գիտէինք, որ գինին հրձիգ է. եկէք տեսէք, որ գինին միաժամանակ հրշէջ ալ է եղեր:
Այս լուրը հաղորդեցինք հայազգի երեք վաստակաւոր խմաններու, որոնք աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր, հետեւողականօրէն եւ հեղինակաբար կը կոնծեն ֆրանսական գինիներու գունագեղ տեսակները.- Վուվրէի սպիտակը, Անժուի վարդագոյնը եւ Պորտոյի կարմիրը: Եւ խնդրեցինք, որ լուսաբանեն մեզ, թէ գինին ի՞նչ է ի վերջոյ.- հրշէ՞ջ է, թէ հրձիգ:
Առաջին վաստակաւորը, որ վեթերանի վերին աստիճան ունի, պատգամեց, նման քրմապետի.
– Գինին հրշէջ է: Հոգիներու հրդեհը կը մարէ: Օրհնեալ է: Ամէն օր ու ամէն ժամ ներսս կրակ մը կը բռնկի: Քանի մը շիշի շնորհիւ, այրելէ կ՛ազատիմ: Գինի խմելով կը հետեւիմ Յիսուսիս, որ կ՛ըմպէր գինի: Մոհամէտ կաթ կը խմէր, իսկ Մովսէս` ջուր:
Երկրորդ վաստակաւորը արտայայտուեցաւ սապէս.
– Ես ալ, ինչ մեղքս պահեմ, կը խմեմ ներսս կրակ վառելու համար: Գինիով կրակ կը կտրիմ, կը կենդանանամ: Կը բռնկիմ, կը բորբոքիմ, կը բանիմ ու կը բանիմ: Ուրեմն գինին ինծի համար հրձիգ է:
Իսկ երրորդը ըսաւ.
– Երկու մեծայարգ բաժակակից բարեկամներս ալ յայտնեցին կէս ճշմարտութիւններ: Իսկ ամբողջութիւնը ես պիտի յայտնեմ համեստօրէն: Գինին թէ՛ հրձիգ է, թէ՛ հրշէջ, նայած մարդուն, օրուան տրամադրութեան, դէպքերուն, դիտաւորութեան, հոգեվիճակին: Գինին հեղուկ է, որով յեղյեղուկ է, յարափոփոխ: Մերթ հաշտարար, մերթ կռուազան, խաղաղութեան կողմնակից ու կիրքեր հրահրող: Մերթ կը համովնայ, յաճախ կը քացխի ու կը գռեհկանայ: Ճիշդ ու ճիշդ մեր կարգ մը թերթերուն պէս է: Աւելի մեծ ճշմարտութիւն մըն ալ ըսեմ: Հայկական առած մըն է, որ կը պատշաճի նաեւ մեր կարգ մը թերթերուն.- «Գինիին հարցուցեր են.- «Աւրա՞ծդ շատ է, թէ շինածդ»: Գինին պատասխաներ է.- «Շինածս չեմ գիտեր, բայց համրանք չունի աւրածս»: Ո՞վ կրնայ անկեղծ ըլլալ, նման գինիի:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Ապրուստի Սղութիւնը Լիբանանի Մէջ
Աշխատավարձերը 3,85 Տոկոսով Յաւելում Պիտի Կրեն Նուազագոյն Ամսականը Պիտի Բարձրանայ 160 Լ. Ոսկիի Հակառակ Բոլոր Զեկոյցներուն, Գիները Կը Մնան Բարձր
Ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Սլէյման Զէյն վարչապետութեան փոխանցեց օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէ նուազագոյն թոշակի բարձրացումը եւ ամսականներու 3,85 տոկոս ընդհանուր յաւելում մը` իբրեւ հետեւանք ապրուստի սղութեան:
Այս օրինագիծը պատրաստուած է յետ խորհրդակցութիւններու, զորս ընկերային հարցերու նախարարը ունեցած է տնտեսական կազմակերպութիւններու եւ բանուորական սենտիքաներու ղեկավարներուն հետ: Ստորեւ կու տանք գլխաւոր կէտերը.
– Նուազագոյն թոշակը, լիբանանեան ամբողջ հողամասին վրայ, 1 յունուար 1967-էն սկսեալ, կը բարձրացուի 160 լ. ոսկիի, 20 տարեկանէն վեր եղող բոլոր այր եւ կին աշխատաւորներուն համար:
– Օրականով աշխատողներուն համար, նուազագոյն թոշակին հաշիւը պիտի կատարուի ամսական 26 օրուան վրայ:
– Աշխատավարձերը կ՛աւելնան 3,85 տոկոս համեմատութեամբ` հիմք ունենալով 1 յունուար 1964-ին ստացուած թոշակը: Այս յաւելումը 10 լ. ոսկիէն պակաս եւ 40 լ. ոսկիէն աւելի չի կրնար ըլլալ: Այս տրամադրութիւնը յետադարձ ուժ ունի եւ կը սկսի 1 յուլիս 1966-ին:
– 1 յունուար 1964-էն ետք եւ 1 յունուար 1965-էն առաջ գործի առնուած աշխատաւորները պիտի օգտուին այս յաւելման կէսէն` հիմք ունենալով իրենց առաջին աշխատավարձը:
– Որոշուած յաւելումէն պիտի զեղչուին ապրուստի սղութեան համար կատարուած նախկին յաւելումները: Եթէ նախկին յաւելումները աւելի են այժմու յաւելումէն, չեն կրնար զեղչուիլ:
Գիները Չեն Իջած
Մինչ ազգային տնտեսութեան նախարարը կը յամառի յայտարարել, թէ իր բացած պայքարին շնորհիւ գիները անկում կրած են, տանտիկինները կը շարունակեն բարձր գիներ վճարել նպարավաճառներու եւ մսավաճառներու մօտ: Միսին 200 կրամին` կը վճարուի 130-140 լ. դահեկան, գետնախնձորին` 75: Սուք Նուրիէի մէջ, գիները գրեթէ նոյնն են:
Մինչդեռ, վերջին օրերու ընթացքին, մեծ քանակութեամբ մսացու կենդանիներ եւ բանջարեղէն եկան Լիբանան: Շուկայի սենտիքային նախագահին համաձայն, քիլոն 25 դահեկանի գնուած մեծ քանակութեամբ գետնախնձոր կը գտնուի Պէյրութի ազատ գօտիին մէջ: Կառավարութիւնը արգիլած է այդ գետնախնձորը դուրս հանել` «ազգային արտադրութիւնը պաշտպանելու համար»:
Ճիշդ է, որ գէշ օդը որոշ ազդեցութիւն ունի գիներուն վրայ, բայց ամէնէն աւելի կ՛ազդեն մեծաքանակի վաճառականներուն չարաշահութիւնը եւ պետութեան անփութութիւնը: Կառավարութիւնը զեկոյց կը հրատարակէ եւ կը կարծէ, թէ այդ զեկոյցով, մոգական գաւազանի մը պէս, գիները անկում կը կրեն: