Միջազգային Մամուլ
«Լա Թրիպիւն Տը Ժընեւ»
Զուիցերիական Մեծ Թերթը
Հայ Դատի Յուշագրին Մասին
Ֆրանսացի ծանօթ լրագրող Արման Կասփար, որ մնայուն աշխատակիցն է զուիցերիական «Լա Թրիպիւն տը Ժընեւ» թերթին, հետեւեալ տողերը կը գրէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յանձնուած հայկական յուշագրին մասին.-
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Հրանդ Սամուէլեան մեզի յանձնեց յուշագիր մը` «Հայ դատ»-ին մասին: Յուշագիրը, որ կ՛ընդգծէ լուծումի մը անհրաժեշտութիւնը, անցեալ տարի ներկայացուած էր ՄԱԿ-ին: Վերջին ամիսներուն յուշագրէն օրինակներ յանձնուեցան նաեւ` մարաջախտ Թիթոյին, նախագահ Նասըրին, Իրանի շահին եւ Եթովպիոյ կայսեր: Այս փաստաթուղթը պատրաստուած է ՀՅ Դաշնակցութեան հովանաւորութեամբ 28 մայիս 1918-ին հիմնուած պետութեան աքսորական ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ընկերվարական Բ. Միջազգայնականին անդամ այս կուսակցութեան կողմէ հիմնուած պետութիւնը 1920-ին վերջաւորութեան քանդուեցաւ քեմալական Թուրքիոյ դաշնակից խորհրդային Միութեան կողմէ:
Յուշագիրը, «յանուն հայ ժողովուրդին», ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններէն կը պահանջէ` «Համաձայն Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւններուն եւ ուիլսընեան սահմաններուն մէջ, նախաձեռնարկ ըլլալ անկախ եւ ազատ Հայաստանի մը ստեղծումին» եւ զայն ընդունիլ իբրեւ անդամ Միացեալ ազգերու:
Պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք հայկական հարցին վրայ, փաստաթուղթը կը յիշեցնէ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն զոհ խլեց Թուրքիա ապրող հայ բնակչութենէն, ինչ որ կը ներկայացնէ ազգին մէկ երրորդը: Ապա կու տայ 10 օգոստոս 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագրի Հայաստանի վերաբերեալ յօդուածները, ինչպէս նաեւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական վճիռը` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններուն մասին, Տրապիզոնի, Էրզրումի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ:
Յաջորդ գլուխը տեղեկութիւններ կու տայ աշխարհի մէջ հայերու բաժանման մասին. 2 միլիոն Խորհրդային Հայաստանի մէջ, մէկուկէս միլիոն Խորհրդային Միութեան մնացեալ շրջաններուն, ու մօտաւորապէս նոյնքան սփիւռքի մէջ: Մինչ Երեւանի հանրապետութեան մէջ` բնակչութեան խտութիւնը կը հասնի քմ. քառակուսիի վրայ 70 բնակիչի, յուշագիրը կը շեշտէ, թէ «ներկայ Թուրքիոյ հայկական նահանգներուն մէջ, ուր այլեւս հայեր չկան, բնակչութեան խտութիւնը երբեք չ՛անցնիր 10 բնակիչը` քառակուսի քիլոմեթրի մէջ»:
Իր եզրակացութեան մէջ, յուշագիրը կը յայտնէ, որ անհրաժեշտ է դատապարտել 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եւ արդարօրէն լուծել Հայ դատը: «Եթէ Հայկական հարցը, կը կարդանք յուշագրին մէջ, արդարութեան եւ խղճի հարց է, միաժամանակ է՛ նաեւ միջազգային հաւասարակշռութեան խնդիր մը, որմէ կախում ունեցած է եւ տակաւին կրնայ կախում ունենալ Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը… Արդարեւ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ Հայկական բարձրաւանդակի դերը կարելի է բաղդատել Զուիցերիոյ դերին` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ դերին հետ»:
Յուշագրին հեղինակները հետեւեալ ճամբան կը թելադրեն լուծումի մը համար. «Շահագրգռուող տէրութիւնները թող համաձայնին, փոխադարձ զիջումներով, ստեղծելու միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստան մը, որ պիտի վայելէ քաղաքական ամուր չէզոքութիւն մը եւ պիտի հանդիսանայ մնայուն ապահովութիւն մը բոլորին համար, խաղաղութեան ազդակ մը` Միջին Արեւելքի եւ համայն աշխարհի համար… Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր չէզոքութիւնը պէտք է երաշխաւորուին միացեալ ազգերու կողմէ»:
Յառա՜Ջ Անսասան
Արնախում ոսոխի գնդակով դիտապաստ ֆետայիի սառած շրթունքէն, հայ շինականի աւեր ու հրկիզեալ երդիքէն, դարերը քամահրող հայոց լեռնապարերու արձագանգէն` ազատատենչ հայութեան քայլերգը`
«Յառա՜ջ, նահատա՛կ ցեղի անմահներ»
Հնչեց այս անգամ ջարդէն վերապրող հայ մամուլի էջերէն, ոտքի հանելու մեռելները, ճակատամարտ մը կորսնցնելէ ետք պայքարը շարունակելու եւ ողջերու ձեռքով, յաղթանակի օր մը, հայոց փառածուփ դրօշակը կոթողելու համար Արարատի կատարին:
Անարիւն գոյապայքարի առաջին գիծերուն վրայ, ոգեկան գուպարի ամրակառոյց ամրոցներէն մէկը եղաւ, քառասուն տարի առաջ, Լիբանանի մայրիներու կանաչ հովանիին տակ խարիսխ նետող «Ազդակ» օրաթերթը:
Գաղափարականի մը անկողոպտելի գանձը, անխորտակելի ուժը եւ մարդու մը անխոնջ ճիգը, մշտավառ եռանդը` ամբողջացնելով զիրար` հրաշքներ գործեցին:
Քառասուն տարի անընդհատ եւ ամէն օր, խիզախելով պատերազմի որոտացող ռումբերուն դէմ, զերծ պահելով իրենք զիրենք խաղաղութեան օրերու պարգեւած երանութենէն ու թուլամորթութենէն, միշտ իրենց պարտականութեան գիտակից, «Ազդակ» եւ իր անձնակազմը մնացին լարուած ջիղերով, արթուն պահակի պէս, պատնէշի վրայ:
«Երէկ շղթայուած, այսօր ինքնավար»:
Հայ մամուլի ընտրելագոյն քաջամարտիկներէն մէկը հանդիսանալով` «Ազդակ» մարտնչեցաւ ամէն օր վասն իր դրօշին տակ ինկած հերոսներու եւ ֆետայիներու արեամբ ստորագրուած մուրհակի գանձումին` վասն մէկուկէս միլիոն նահատակներու բաց մնացած աչքերուն դէմ լուսավառող Երազին իրականացման: Ու իր գոյութեան քառասուն տարիները հրաթեւ տորմիղի պէս պատռեցին սփիւռքի նորագոյն պատմութեան փոթորկայոյզ ծովերը, միշտ ալ ապահով կայան մը առաջնորդելով հայութեան բեկորները:
Հսկայ նուիրումով տարուած աշխատանքին իր բաժինը բերաւ սերունդ առ սերունդ կազմուած կամաւոր բանակը` գործակիցներուն եւ աշխատակիցներուն: Եւ ամէն օր, «Ազդակ»-ի լուսաւոր էջերուն վրայ, վերածաղկեցան Սուրբ Մեսրոպի աստուածապարգեւ տառերը, անմեռ ու անջինջ մնաց հայ ոգին, տարագիր հայութեան ուղեցոյց գաղափարականի վճիտ աստղը ճանաչեց ընդմիշտ:
Կտրելով երկիրներն ու սահմանները, կռունկի ու ծիծեռնակի պէս, «Ազդակ»-ի թիւերը թռան քիւէ քիւ, թառեցան երդիք առ երդիք, աշխարհի մէկ ծագէն միւս ծագը` հայուն երգը, սրտին տրոփը, մտքին թռիչքը փոխանցելով ազգանազեան ցեղի աշխարհացրիւ զաւակներուն:
Ու հիմա, քառասուն տարուան յաղթանակի հանգրուանը ստորակէտ մըն է միայն: Սուրերը պատեան չեն դրուած երբեք: Ընդհակառա՛կն նոր արշաւի, նոր խոյանքի պահանջներ կը ներկայացնեն նոր օրերը, գալիք ժամանակաշրջանները:
Այս հանգրուանը նոր մեկնակէտ մըն է` գործի շարունակման եւ յարատեւման ուխտավայրը թերթին շուրջ հաւաքուած ուժերուն, անոնց կամքին եւ նոր յաղթանակներ ապահովելու առոյգ տրամադրութեան:
Նոր օրերը նոր ու աւելի պատասխանատու ճիգի, աշխատանքի կը հրաւիրեն հայ մտաւորականութիւնը, հայ մամուլը: Հայութիւնը անընդհատ կ՛աճի, ու միաժամանակ ցրուումի եւ ձուլումի վտանգները կը բազմանան, Հայ դատը նոր փուլերէ կ՛անցնի, աշխարհը նոր երկունքի մէջ ցաւագին գալարումներու կ՛ենթարկուի:
Ուրեմն`
Սուրբ գործ կայ կատարելիք, եւ «Ազդակ» առաջինն է պայքարի ճակատին վրայ` միշտ կենսառոյգ, միշտ հաւատաբաշխ ու յաղթանակի քայլերգը շրթներուն:
«Յառա՜ջ, յառա՛ջ անսասան»:
Յ. ԳԵՂԱՐԴ
2-3-67