Խմբագրական
Հեգնա՞Նք, Աճպարարութի՞Ւն, |
Թէ Տգիտութիւն
Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն կը հրատարակէ շաբաթաթերթ մը, «Հայրենիքի ձայն» անունով: Այդ շաբաթաթերթին 29 յունուար 1967-ի թիւին երրորդ էջին վրայ, հրատարակուած է գծանկարը Սարդարապատի ճակատամարտին նուիրուած յուշարձանի մը, որ պիտի կառուցուի Սարդարապատի դաշտին դիմաց, բարձունքի մը վրայ: Յուշարձանը պատրաստ պիտի ըլլայ 1968 մայիսին, «Սարդարապատի ճակատամարտին 50-ամեակին», ինչպէս կը յայտարարէ թերթը:
Լուրին արձագանգ հանդիսացան արտասահմանի թերթերը:
Որքան ալ աղաւաղուին դէպքերն ու Սարդարապատի հերոսամարտը կերտողներուն դիմագիծը, երբ ամբողջ քառասունեւութ տարի այդ մասին լռութիւն պահելէ ետք, Հայաստանի մէջ կարելի կ՛ըլլայ ծրագրել յուշարձանի մը կառուցումը` նուիրուած Սարդարապատի ճակատամարտին. երբ կը մտադրուի ճակատամարտի յիսնամեակին առթիւ, 1968-ի մայիսին, բարձրացնել այդ յուշարձանը, կարելի չէ գոհունակութեան ապրում մը չունենալ, հոգ չէ թէ առայժմ չյիշատակուին Սարդարապատի հերոսամարտը կերտողներուն անունները, մութին մէջ պահուին Արամ Մանուկեան մը, զօրավար Սիլիկեան մը, Դրօ մը, Նազարբէկեան մը եւ ժողովրդական կամքը լարող, բոլորը իրարու միացնող, խթանող, խանդավառող, կազմակերպուած ուժ դարձնող, հայութեան վճռական կամքին արտայայտիչ կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան անունը:
Կու գայ ժամանակը եւ այդ բոլորը կը վերագտնեն իրենց փառապսակն ու տեղը հայոց պատմութեան մէջ:
Կու գայ ժամանակը, երբ հայ ժողովուրդը իր ձեռքերով կը կերտէ յուշարձանը Դաշնակցութեան դրօշին տակ` հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի անկախութեան համար կռուած եւ նահատակուած բոլոր հերոսներուն:
Այսօր, Հայաստանի հողին վրայ, այսքան երկարատեւ լռութենէ ետք, Սարդարապատի հերոսամարտի յիշատակին յուշարձան մը կառուցանելու մտածումը` ինքնին ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի եւ համայն հայութեան:
Բայց:
Բայց ափ ի բերան մնացինք, կարդալով ՆՈՅՆ «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՁԱՅՆ»-ին, ՆՈՅՆ ԹԻՒԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԷՋԸ:
Այդ էջին վրայ, «Երիցս կեցցես դու հող հայկական» խորագրին տակ, խմբագրութիւնը թարգմանաբար տուած է վերջերս Մոսկուայի «Միսլ» հրատարակչականին կողմէ լոյս ընծայուած «Խորհրդային Միութիւն» 22 հատորնոց գործին առաջին հատորին մէջ` Հայաստանի մասին գրուածներէն հատուածներ: Այդ հատուածներուն մէջ կան հետեւեալ պարբերութիւնները.
«Պետականութիւնը կորսնցնելուց 600 տարի յետոյ, 1920 թուականին` հայ ժողովուրդը ձեռք բերեց իր ինքնուրոյն պետութիւնը` ստեղծուեց Հայկական սովետական սոցիալիստական հանրապետութիւնը»:
Ապա, նոյն թերթին երկրորդ էջին վրայ, յօդուածին շարունակութեան, «Հայոց պատմութեան քառուղիներով» հատուածին մէջ, հայոց պատմութեան խտացած ամփոփումը տալով.
«1920 թուականի նոյեմբերի 29-ին, Արեւելեան Հայաստանում հաստատուեց սովետական իշխանութիւն: Սակայն, Սովետական Հայաստանի սահմանների մէջ չմտան Կարսը, Արտահանը, Սարիղամիշը եւ ուրիշ շրջաններ, որոնք մնացին Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ»:
Երբ «Հայրենիքի ձայն» իր կողմէ առանց որեւէ ճշդումի կ՛արտատպէ «Միսլ» հրատարակչականին գիրքէն թարգմանուած հատուածներ, ուր 600 տարուան ստրկութենէն ետք, հայ ժողովուրդը ինքնուրոյն պետութիւն ձեռք բերած կ՛ըլլայ 1920-ին, այդ պարագային, Սարդարապատի ճակատամարտին նուիրուած յուշարձանի մը կառուցման մասին նոյն թերթին մէջ լոյս տեսած լուրը ի՞նչպէս բացատրել Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան, մանաւանդ երբ կ՛ըսուի, թէ այդ յուշարձանը պատրաստ պիտի ըլլայ 1968 մայիսին` ճակատամարտի 50-ամեակին:
Յիսնամեակ կը նշանակէ 50 տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքի ոգեկոչում, այս պարագային` 1918-ին:
Եթէ 1918-ին մղուեցաւ Սարդարապատի ճակատամարտը, ուր, ըստ «Հայրենիքի ձայն»-ի վկայութեան, «կիսամերկ ու քաղցած մարդիկ կանգնեցին ու յաղթեցին թուրքական կանոնաւոր զօրաբանակին», այդ պարագային, 1918 մայիսէն մինչեւ 1920 դեկտեմբեր երկարող շրջանին, այդ յաղթական մարդիկը ի՞նչ ըրին, քանի որ, ըստ ռուսական հրատարակութենէն իր արտատպած հատուածներուն, հայերը 600 տարուան ստրկութենէն ետք, իրենց պետականութիւնը ձեռք բերած են 1920-ին…
Սարդարապատի ճակատամարտէն ետք, այդ յաղթական մարտիկները ո՞ւր գացին, ո՞ւր ապրեցան, ո՞ր պետութեան, ո՞ր ժողովուրդին ենթակայ ապրեցան, եթէ իրենց պետականութիւնը ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԱՅԴ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏՈՎ ԻՍԿ ՁԵՌՔ ՉԲԵՐԻՆ…
Հեգնա՞նք է արդեօք տալ Սարդարապատի յիսնամեակին նուիրուած յուշարձանի մը կառուցման հոգեպարար լուրը, երբ նոյն թիւին մէջ իսկ կը գրուի, թէ Հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն պետութիւնը սկսած է 1920 նոյեմբեր 20-ին:
Պատմութիւնը աճպարարական խաղաբե՞մ է արդեօք:
Տրուած երկու լուրերէն կամ պատմական հաստատումներէն, Ո՞ՐԸ ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ գրուած է: Հայ ժողովուրդը կ՛ուզէ գիտնալ, յստակ ու պարզ, թէ Ո՞վ կը պարտադրէ «Հայրենիքի ձայն»-ի խմբագրութեան – որուն անդամները երեխաներ չեն, չեն կրնար իրենց ժողովուրդին պատմութիւնը չգիտնալ – թերթին առաջին էջին վրայ տպագրել Հայաստանի ինքնուրոյն պետականութեան 1920-ին սկսած ըլլալու հեքիաթը:
Եթէ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին անդամներն ու իրենց հրատարակած «Հայրենիքի ձայն»-ին խմբագիրները կը հաւատան այդ հեքիաթին, այդ պարագային, հայ ժողովուրդը, ի սփիւռս աշխարհի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ, կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ինչո՞ւ յուշարձան կը կառուցուի իր պետականութիւնը ձեռք բերելէն երկու տարի առաջ մղուած ինչ որ Սարդարապատի ճակատամարտի մը յիշատակին:
Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, աճպարարական խաղերը ներելի չեն:
Հայ ժողովուրդին ապրումներուն, զգացումներուն հետ խաղալը ներելի չէ հայ մարդոց:
Երբ լռութիւն էր, կրնայինք մտածել, թէ ՕՏԱՐԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔՈՎ ԿԸ ԼՌԵՆ ՀԱՅ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՆ ՈՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ:
Հիմա՞:
Ո՞ր մէկն է: