Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Մարտ 1967)

Մարտ 8, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ու Ես Կ՛Երթամ…

 Պէտիր Էմօն

Պէտիր Էմօն (Կարապետ Պոյաճեան) հարիւրամեայ ծերունի մըն է: Ան առնական շինականի յատկութիւններով օժտուած, կեանք ապրած… դառնութեան բաժակը ըմպած… Հիմա երկար տարիներու բեռը իր ուսերուն` կ՛երթայ…:

Իր ուժերը իրեն դաւաճանած են… Բայց ան հին յիշատակներու զօրութիւնովը կ՛ապրի: Աղօթագիրքն  ու «Նարեկ»-ը իր անբաժան ընկերներն են:

Մալաթիա գացած օրէս ի վեր, ամէն օր, ձեռքի ցուպին կռթնելով` ան զիս կը փնտռէր: Չտեսած օրը հանգիստ չէր  ըներ … ո՛ւր որ ըլլայ, քովս կու գար, եւ`

– Տէ՛ր հայր, կը վախնամ, որ կ՛երթաս…, կ՛ըսէր:

Պէտիր Էմօն անհամբեր կը սպասէր, որպէսզի պատարագ մատուցուի…

– Տէ՛ր հայր, ժամանակս հասած է: Շո՛ւտ ըրէ՛, պատարագ մը ըրէ, որպէսզի պաշարնիս առնենք…

Արդէն մենք պատրաստութիւն կը տեսնենք, սակայն ծերունիները անհամբեր են… Ամէն օր քանի՜ քանիներ կու գան, պատարագը ե՞րբ պիտի ըլլայ, ո՞ւր պիտի ըլլայ, տէր հայրը որո՞ւ տունը պիտի պառկի, կը հարցնեն: Վերջապէս օրը եկաւ, հասաւ…

1 յունուար 1967, օրն է  կիրակի: Առտուան կանուխ ժամերուն Փիլոյենց դուռէն մալաթիացիները գլուխնին խոնարհեցնելով ներս կը մտնեն… Իցիւ թէ այդ տեղը սրբավայր մը եղած ըլլար:

Ներսը խունկը քուլայ-քուլայ կը մխայ, աղօթքի մրմունջները կ՛ալեկոծեն, սրտերը կը փղձկին: Շրթունքներէ աղաղակներ դուրս կու գան:

– Փա՜ռք քեզ, Աստուա՛ծ, այս օրուան ալ արժանի ըրիր մեզի… Ո՜ւյ, ես մատաղ ըլլիմ տէ՜ր հայր. Աստուած մէկ օրդ հազար ընէ…

Աղօթք ու մաղթանք, երգ ու մրմունջ տուր եւ առ. Նոր տարւոյ սեմին` ես պսակաւոր. ու ես կ՛երթամ…:

Պատարագը սկսած է: Պէտիր Էմօն բուրվառը ձեռքին, ուրարը ուսին քովս կեցած` կը սպասարկէ: Աւետարանը կարդալէ ետք «Հաւատամք»-ը կ՛արտասանէ:

Դարաւոր ծերունին շունչը կտրելով` բառերը հատիկ-հատիկ կ՛արտասանէ: Մեծ ու պզտիկ ներկաները լուռ ու մունջ, ձեռքերնին բարձրացուցած` կ՛աղօթեն:

Պատարագը վերջաւորութեան հասած է: Խոստովանանքէն առաջ պատարագին նշանակութիւնը կը բացատրեմ եւ անոր մօտենալու արարողութեան մասին ծանօթութիւն կու տամ:

Եւ ապա բոլորը ծունկի կու գան, եւ Պէտիր Էմօն անոնց առջեւը անցած, հաւատացեալներուն փոխանորդաբար, զղջումի բանաձեւը կ՛արտասանէ… Եւ անոնք ալ «ամէն» ըսելով` կը ձայնակցին:

Ասկէ ետք, հոգիները կերակրուած, դէմքերը զուարթ եւ սրտերը կը ցնծան:

Պէտիր Էմօն շատ հանդիսաւոր պատարագներու սպասարկած է, բայց այսօրուան պարզուկ հանդիսութիւնը իրեն համար մեծ ուրախութեան օր մը կ՛ըլլայ:

Պէտիր Էմօն զուարթախօս է, եւ զինքը մտիկ ընողները չեն ձանձրանար: Մանաւանդ իր գլխէն անցածները մտիկ ընողը վերստին մտիկ ընել կ՛ուզէ…

Օր մը Պէտիր Էմոյին տունը հիւր մը կու գայ:  Տան վերի յարկը անկողին մը կը պատրաստեն իրեն: Պէտիր Էմօն ալ հիւրին սենեակը կը պառկի: Պէտիր Էմօն առաւօտուն կանուխ մութն ու լուսին կ՛ելլէ ու վար կ՛իջնէ: Տնեցիները նախաճաշի սեղանը կը պատրաստեն եւ հիւրին ելլելուն կը սպասեն: Ժամերը կ՛անցնին, լոյսը կը ծագի, բայց հիւրը վար չ՛իջներ… Տնեցիները.

– Հայրի՛կ, այս մարդը կանուխ պիտի ելլէր. ինչո՞ւ այսքան ուշացաւ,- կ՛ըսեն: Պէտիր Էմօն ալ հիւրին կը ձայնէ.

– Մեհմետ աղա, ինչո՞ւ վար չես իջներ:

Հիւրն ալ.

– Պէտիր աղա, շալվարս չկայ,- կը պատասխանէ:

Տնեցիները իրար կ՛անցնին, եւ հիւրին շալվարը կը սկսին փնտռել: Ժամեր կ՛անցնին, բայց շալվարը չի գտնուիր: Պէտիր Էմօն կրակ կտրած.

– Անիծեալ գողը միայն հիւրին շալվարի՞ն համար եկաւ,- կը պոռայ:

Բոլորովին լուսնալէ ետք Պէտիր Էմօն կը տեսնէ, որ հագած շալվարը սրճագոյն է. մինչդեռ իրենը սեւ էր: Ուստի հիւրին կը հարցնէ:

– Մեհմետ աղա, շալվարդ ի՞նչ գոյն էր:

Ան ալ.

– Սրճագոյն էր,- կը պատասխանէ:

Հիւրին շալվարը Պէտիր Էմօն հագեր է, սակայն անոր շալվարը ո՞ւր է…

Տնեցիները.

– Հայրի՛կ, դուն հիւրին շալվարը տուր, եւ ապա քու շալվարդ կը փնտռենք,- կ՛ըսեն…:

Պէտիր Էմօն, ճարահատ, երբ հիւրին շալվարը կը հանէ, կը տեսնէ, որ իրենն ալ տակէն հագեր է:

Այս պատմութիւնը մեզի պատմելէ ետք, երբ մեզմէ բաժնուեցաւ, քիչ յետոյ խնդալով վերադարձաւ եւ կրկնակօշիկին մէկը մեզմէ ուզեց:

Դուրս ելած ատենը կրկնակօշիկին մէկը հագնելու մոռցեր եւ կէս ճամբան ուրիշ մը իրեն այս պարագան զգացուցեր է:

Պէտիր Էմօն լսողութեան եւ յիշողութեան տկարութենէն կը դժգոհի: Եթէ հնարաւորութիւն ունենայ, ամէն կիրակի պատարագի սպասարկելու տրամադիր է:

Եթէ Պէտիր Էմօն այս տողերը կարդայ.

– Տղա՛ք, ՇԷՎԷՐՇ ՔԷՀԷՆԷՆ ինծի քաշքշեր է,- պիտի ըսէ:

Քա՛ւ լիցի… եթէ այդ նպատակով գրած ըլլամ:

Յարգա՛նք իր յիշատակին, աղօթք` իր սիրելիներուն հոգւոյն մատուցանելու: Ու ես կ՛երթամ…

ՇԱՒԱՐՔ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?