Նոթեր Ու Նետեր
Շանթարձակ Շրջաբերական
Վերջերս, Ծայրագոյն Արեւելքի համայնավարապետ հրեղէնն Մաօ Ցէ Թունկ, բոլոր չիներուն ուղղած է շանթափունջ շրջաբերական մը, որուն մէջ կան պատգամներ, պատուէրներ, հրահանգներ ու հրամաններ:
Չինական խաղալիքներ վաճառող Սան Սինկ Չու , այդ շրջաբերականէն թարգմանեց կարեւոր հատուածներ, որոնք` ահաւասիկ.
– Թէեւ Աստուած ըսուած բան մը չկայ, բայց կայ անոր միակ ու մեծագոյն մարգարէն, որ կը կոչուի Մաօ Ցէ Թունկ:
Ամէն մէկ չին, ի՛նչ սեռի ու տարիքի ալ պատկանի, պարտի մինչեւ մահուան վերջին վայրկեանը, ըլլայ արթուն թէ ի քուն, հնազանդիլ մեծ մարգարէին ու տառ առ տառ գործադրել անոր նուիրական խօսքերը:
Գիտէք, որ համայնավարութեան ծնունդ տուող հայրը Մարքսն է. բայց, գիտցէք, որ համայնավարութիւնը իրագործողը պիտի ըլլայ Մաոն: Ծնիլը չէ կարեւորը, այլ գործադրելը, մանաւանդ երբ ծնուած ծրագիրը անիրագործելի է: Ամէն մէկ չին պարտաւոր է կեանքի գնով լծուիլ այս արցունք, քրտինք ու արիւն պահանջող անհնարին իրագործումին:
Ստալին փորձեց այդ իրագործումը եւ ձախողեցաւ, որովհետեւ իր շուրջինները մաքսանենգութեամբ` կարմիր գիծէն ներս մտած յեղափոխականներ էին: Պէտք էր զանոնք ամբողջովին մաքրագործել: Բան մը, որ Ստալինի գործը չէր, քանի որ շատ զգայուն էր, շատ բարի:
Մաօ վտարած է զգացումը, տեղ տալով միայն մտածումին, որ կը ձգտի համայնավարութեան յաղթանակին:
Չին նորածինները իրենց ծնած վայրկեանէն` պէտք է ըլլան աշակերտները Մաօ Ցէ Թունկի: Պէտք է առաւելապէս ըմպեն ընկերվարութեան կաթը, համայնավարութեան բազմաթիւ ծիծերէն:
Նորածինները պէտք է ունկնդրեն համայնավարութեան օրօրները, որպէսզի քունի մէջ անգամ ըլլան արթուն ու գործունեայ: Ապա, պէտք է փոքրերուն ականջները լեցնել քայլերգներով, որպէսզի գիտնան յառաջանալ: Շատ տեղ ունինք յառաջանալիք.- դէպի հիւսիս, դէպի հարաւ, դէպի արեւմուտք եւ այլն:
Պէտք է գիտնաք, որ մե՛ր համայնավարութիւնը ունի բազմաթիւ թշնամի: Բայց այդ թշնամիներուն մէջ ամէնէն դաւադիրները կեղծ համայնավարներն են: Պիտի ճզմենք ու աղանք անոնց գլուխները:
Չին պզտիկները, երբ բրինձով բարձրանան եւ համայնավար նոր մարդ դառնան, պէտք չէ մտածեն կշտանալու մասին: Պէտք է մտածեն ուրիշները կշտացնելու մասին: Ամէն մէկ չին, պէտք է ուրանայ կամ արհամարհէ իր ստամոքսը: Կշտութիւնը հաւասար է կոշտութեան: Գովելի է այն համայնավարը, որ կը մնայ երկարօրէն անօթի: Դիմանալ անօթութեան, ապացոյց է քաջութեան, կուսակցական կարգապահութեան:
Պէտք է կազմուին անօթութեան մրցումներ, ինչպէս խոզերու աշխարհներուն մէջ կը կազմակերպուին շատակերութեան մրցումներ:
Չին նորածիններուն արտասանելիք առաջին վանկը պէտք է ըլլայ.- Մա՜… Բայց զգո՜ւշ, «մա»-ին պէտք չէ յաջորդէ ուրիշ «մա» մըն ալ. յաջորդ վանկը ըլլալու է «օ», որպէսզի բառը ըլլայ Մաօ, որ կը նշանակէ արեւ ու անձրեւ, այսինքն ջերմութիւն եւ ջուր: Կը նշանակէ նաեւ աշխարհ, առաջնորդ, հայր, ժայռ, հիւլէական ռումբ, կործանում ու գրաւում եւ յաղթանակ:
Չին նորահաս երիտասարդները պէտք է միանգամընդմիշտ հրաժարին սիրաբանութենէ, որ պուրժուական անպիտան արարք է: Սիրաբանութիւնը ժամավաճառութիւն է: Իսկ ժամավաճառութիւնը դասալքութիւն է, որ կրնայ իջնել մինչեւ դաւաճանութիւն: Ո՛չ սիրերգութեան պէտք կայ, ոչ ալ սիրերգութեան նախերգանքի: Վերջաբանն է կարեւորը: Կայծակի պէս դիմեցէք վերջաբանին, որպէսզի Չինաստանն ունենայ մէկ միլիառ գլուխ ու չորս միլիառ ձեռք, կառուցանելու համար համաշխարհային յեղափոխութիւնը:
Համայնավարութիւնը հազարգլխանի վիշապ մըն է, որուն պէտք է զոհաբերուի ամէն մէկ չին: Հակառակ պարագային, վիշապը ձեզ կը խայթէ, ինչպէս նաեւ կը կլլէ:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ի 17-րդ
Պատգամաւորական Ժողովը
Շաբաթ, 25 եւ կիրակի, 26 փետրուարին ՀՄԸՄ-ի քաղաքի ակումբին մէջ, մասնակցութեամբ Շրջանային վարչութեան, Սկաուտական Շրջանային խորհուրդին, Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Թրիփոլիի, Այնճարի, Ժունիէի, Զահլէի, Երուսաղէմի եւ Մոնրէալի վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ մամուլի ներկայացուցիչներուն եւ նախկին Շրջանային վարչութեանց անդամներուն, որոնք հրաւիրուած էին խորհրդակցական ձայնով, գումարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 17 Պատգամաւորական ժողովը, որ երկօրեայ հինգ նիստերու ընթացքի հանգամանօրէն եւ սպառիչ կերպով քննեց օրակարգի բոլոր հարցերը եւ տուաւ համապատասխան լուծումներ` ի խնդիր հայ մարզական մեծագոյն միութեան վերելքին եւ բարգաւաճման:
Նկատի ունենալով, որ 1968 տարին կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին, Պատգամաւորական ժողովը իր օրակագին վրայ ունեցաւ զայն արժանաւորապէս տօնելու հարցը: Շրջանային վարչութիւնը այս ուղղութեամբ պատրաստած է յատուկ յայտագիր, մարզական եւ այլ մարզերու մէջ փառահեղ հանդիսութիւններ կազմակերպելու համար: Որոշուեցաւ կազմել յոբելենական Կեդրոնական յանձնախումբ մը, որ վերին պատասխանատուն պիտի ըլլայ այդ հանդիսութիւններուն, գործակցութեամբ Շրջանային վարչութեան:
Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին մասնաւոր կարեւորութեամբ քննուեցան սկաուտական եւ մարզական հարցերը եւ ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը այդ երկու ճիւղերուն մէջ ի գործ դրուելիք յաւելեալ աշխատանքներու եւ ճիգերու:
Յատուկ գնահատանքով յիշուեցաւ Սիտնիի եւ Մոնրէալի հեռաւոր գաղութներուն մէջ ՀՄԸՄ-ի երկու նոր մասնաճիւղերու կազմութեան պարագան եւ Պատգամաւորական ժողովը պարտականութիւն տուաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան աւելի սերտ կապ հաստատելու անոնց հետ:
Վերջապէս տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը: Նախկին կազմը վերընտրուեցաւ նոյնութեամբ:
Յովհաննէս Շահինեան, տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեան, տոքթ. Միսաք Արզումանեան, Անդրանիկ Ուրֆալեան, Հրանդ Մուրատեան, Նշան Թիւյսիւզեան, Արամ Անթիքաճեան, Ժոզեֆ Նալպանտեան, Յակոբ Գատեան:
Ներկաները յաջողութեան մաղթանքներ ըրին նորընտիր Շրջանային վարչութեան եւ ժողովը փակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: