Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1967)

Մարտ 1, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Յուշագիրը Ամերիկեան Համաժողովին

Գրած էինք, որ 20 փետրուար 1967-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով, Արժանթինի ներկայացուցչութիւնը համաամերիկեան համաժողովին մասնակցող քսան հանրապետութեանց արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնած է Հայ դատին վերաբերեալ յուշագիր մը` յատուկ նամակով: Ստորեւ, Պուէնոս Այրէսի մեր պաշտօնակից «Արմենիա»-էն առնելով, կու տանք յուշագրին թարգմանութիւնը:

Պ. Այրես, 20 փետրուար 1967

Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան` պատիւ ունինք ձեր վսեմութեան, Համաամերիկեան Գ. համաժողովի գումարման առիթով:

Հաւատալով, որ այնքան նշանակալից եւ կարեւոր այս համաժողովը հարազատ արտայայտութիւնն է լաւագոյն աշխարհի մը համար մղուած պայքարի ամերիկեան մասնակցութեան, համարձակութիւնը կ՛ունենանք գրաւելու ձեր վսեմութեան ուշադրութիւնը` ներկայացնելով ձեզ Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքներու ներկայացուցչութեան կողմէ յուշագիր մը` Հայ դատի առնչութեամբ:

Կը խնդրենք, որ այս յուշագիրը յանձնուի ձեր յարգարժան կառավարութեան ուշադրութեան, որպէսզի նկատի առնուի կարելիութիւնը` յարմար առիթով միջամտելու ՄԱԿ-ի ձեր պատուիրակութեան միջոցով, ու հողային պահանջներու հայկական հարցը մտցուի Ընդհանուր համագումարի յառաջիկայ նստաշրջանի օրակարգերու շարքին մէջ:

Հայերս, որ ստուար թիւով Ամերիկա եկած ենք 1915-ի ցեղասպանութեան արարքներուն պատճառով, մեր թանկագին յոյսերը կը կապենք ամերիկեան ոգիին, որ եղած է զգայուն` անիրաւուած ազգերը խոցող հարցերու նկատմամբ:

Այդ հաւատքով, կը խորհինք, որ ձեր յարգարժան կառավարութիւնը պիտի գիտնայ թարգման հանդիսանալ այն պահանջին, որ հայկական հարցը, զոր յաւակնութիւնը ունեցան 1915-ին լուծելու զանգուածային ոճրագործութեամբ, պէտք է այսօր քննութեան առարկայ դառնայ Մարդկային իրաւունքներու համաշխարհային յայտարարութեան եւ ՄԱԿ-ի բարոյական հիմը բնորոշող սրբազան սկզբունքներու հիման վրայ:

Յայտնելով մեր շնորհակալութիւնները ձեր վսեմութեան ուշադրութեան համար եւ մաղթելով ամէն յաջողութիւն ձեր ազնիւ առաքելութեան Համաամերիկեան համաժողովին մէջ` կը ներկայացնենք ձեզ հաւաստիքը մեր ամենախորին յարգանքներուն:Յուշագիրներ յանձնուած են հետեւեալ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն.

ՅՈՎՍԷՓ ՕՂՈՒԼԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՎԷՃԵԱՆ

Քարտուղար

Նախագահ

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ` տոքթ. Նիքանոր Քոսթա Մենտես,
ԿՈՒԱԹԵՄԱԼԱՅԻ` Էմիլիօ Առենալես Քաթալան,
ՓԵՐՈՒԻ` Խորխէ Վասքեզ Սալաս,
ՔՈԼՈՄՊԻՈՅ` Խերման Զէա Հեռնանտես,
ՊՐԱԶԻԼԻ` Եուրասի Մակալհայես,
ՓԱՐԱԿՈՒԷՅԻ` Ռաուլ Սոփենա Փասթոր,
ՆԻՔԱՐԱԿՈՒԱՅԻ` Ալֆոնսօ Օրթեկա Ուրպինա,
ՍԱԼՎԱՏՈՐԻ` Խուան Ռոպերթօ Քիրոս,
ԷՔՈՒԱՏՈՐԻ` Խորխէ Քարփերա Անտրատէ,
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ` Տին Ռասք,
ՀՈՆՏՈՒՐԱՍԻ` Թիպուրսիօ Քարիաս Քասթիլիօ,
ՏՈՄ. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ` Ֆեռնանտօ Արթուրօ Ամիանօ Թիօ,
ՓԱՆԱՄԱՅԻ` Ֆեռնանտօ Էլեթա,
ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱՅԻ` Ֆեռնանտօ Լարա Պուսթամանթէ,
ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ` Լուիս Վիտալ Զակլիօ,
ՀԱՅԻԹԻԻ` Շարլ Անթուան,
ՉԻԼԻԻ` Կապրիէլ Վալտես,
ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԼԱՅԻ` տոքթ. Իգնասիօ Իրիպարէն Պորկես:
ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ Ռաճայէլ տէ լա Քոլինա

Պնակ Մը Կերակուրի
Հանգանակութիւնը

Յառաջիկայ կիրակի, 5 մարտին, տեղի պիտի ունենայ «Պնակ մը կերակուր»-ի տարեկան միօրեայ հանգանակութիւնը, որ ամէն տարի, այս օրերուն, կը կազմակերպուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

«Պնակ մը կերակուրի»-ի հանգանակութիւնը մեր գաղութին մէջ հայութեան սրտին խօսող կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկը կը հանդիսանայ եւ իբրեւ այդպիսին` կը վայելէ համաժողովրդային համակրանք:

Տարուէ տարի կ՛աւելնայ ժողովրդային զանգուածներուն հետաքրքրութիւնը այս ձեռնարկին հանդէպ եւ նոյն չափով կ՛աւելնայ հանգանակուած գումարը, որ կը ծառայէ իր նպատակին` ուրախացնելով մեր չքաւոր երեխաները:

Վստահ ենք, որ այս տարի եւս մեր գաղութը նոյն սրտաբուխ վերաբերումը պիտի ունենայ այս հանգանակութեան հանդէպ:

 

Համաստեղի Գիւղը`
Փէրչէնճ

Իբրեւ զարմիկն ու համագիւղացին ողբացեալ գրագէտին, սրտի խոր կսկիծով խոնարհելով իր անմոռանալի յիշատակին առջեւ, կ՛ուզեմ կարգ մը տեղեկութիւններ տալ Փէրչէնճ գիւղին մասին, ուր ծնաւ Համաստեղ եւ ուսկից առաւ իր ներշնչումը` հոյակապ էջեր նուիրելու համար հայ գրականութեան:

Փէրչէնճի բնակիչները կը բաղկանային հայերէ եւ թուրքերէ: Գիւղը շրջապատուած էր պտղատու ծառերով, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը թթենիներն էին: Ամբողջ Խարբերդի նահանգին մէջ Փէրչէնճի թութը կը փնտռէին: Գիւղացիներուն մեծամասնութիւնը հողագործ էր: Հողը կ՛արտադրէր ամէն տեսակ արմտիք, մանաւանդ` բամպակ: Կային նաեւ փոքր թիւով առեւտրականներ եւ արհեստաւորներ:

Թուրքերը փոքրամասնութիւն կը կազմէին: Կային քանի մը հարուստ թուրքեր:

Հայերը լուսաւորչական էին մեծ մասամբ: Կային նաեւ բողոքականներ եւ քանի մը տուն կաթողիկէներ:

Ունէինք եկեղեցի եւ կանոնաւոր դպրոց: Մեր ընկեր կոյր Սարգիսը շարականները բոլորն ալ գոց ըրած էր եւ իր անուշ ձայնով եկեղեցին կը թնդացնէր:

Մեր ուսուցիչը դասերէն դուրս յեղափոխական երգեր կը սորվեցնէր մեզի:

Իրերօգնութեան զգացումը շատ խոր էր գիւղին մէջ: Ունեւորները կ՛օգնէին աղքատներուն: Մեծ զոհողութիւններ կ՛ըլլային գիւղին զարգացման, մանաւանդ փոքրիկներու կրթութեան համար:

Գիւղը ինքնաբաւ էր: Դուրսէն ո՛չ մէկ բանի պէտք ունէինք: Հարսանիքներու առթիւ ժողովուրդը եօթը օր եօթը գիշեր կը զուարճանար:

Յեղափոխական շարժումը պարարտ հող գտած էր Փէրչէնճի մէջ: Ունէինք Պատանեկան միութիւն մը` ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ:

Համբարձում Կէլէնեան (Համաստեղ) ուսուցիչ էր մօտակայ Վարդաթել գիւղը: Երբեք պիտի չմոռնամ այն երջանիկ օրը, երբ անիկա եկաւ Փէրչէնճ, որ խանդավառ շրջան մը կ՛ապրէր, մասնակցեցաւ պատանեկան խումբի ժողովին եւ մէջերնիս կանգնած` հայրենաշունչ ու քաջալերական ճառ մը խօսեցաւ: Թելադրեց ներշնչուիլ օրինակովը մեր հայդուկներուն, որոնք ազգին էին նուիրած իրենց կեանքը: Խնճոյք սարքեցինք իրեն ի պատիւ, յեղափոխական երգերով օդը թնդացուցինք ժամերով, չէինք ուզեր բաժնուիլ իրմէ:

Հայրիկս Ամերիկայէն բերել տուած էր երգարան մը` հայ ֆետայիներու նկարներով եւ հայրենասիրակ)ան գրքեր: Ձմեռը կը հաւաքուէինք Հոտոյենց բնակարանը  եւ կը կարդայինք մեր ազատագրական շարժումներու պատմութիւնը: Մեր պատանի հոգիները կը լեցուէին ազգասիրական զգացումներով:

Ափսո՜ս, մեր գիւղն ալ ունեցաւ իր տխուր բաժինը 1915-ի Մեծ եղեռնին: Վատ թուրքեր առիթէն օգտուեցան աւերակ դարձնելու համար Փէրչէնճը: Անօթի շուներու պէս յարձակեցան հայոց տուներուն վրայ, կողոպտեցին ամէն բան, հազարումէկ չարչարանքներ գործ դրին անպաշտպան մարդոց, կիներու եւ երեխաներու վրայ: Ողջ մնացողները հաւաքելով`տարին Գեղվանք կոչուած գիւղը` մեռցնելու նպատակով:

Այսպիսի եղերական վախճան մը ունեցաւ մեր գիւղը, ուրիշ հազարաւոր հայ գիւղերուն պէս: Թշնամին չհասաւ սակայն իր նպատակին: Շնորհիւ մեր հերոսներու վրիժառու բազուկին` 1918 մայիս 28-ին ծունկի բերինք թուրքը եւ անոր պարտադրեցինք Հայաստանի անկախութիւնը:

Այսօր ողջ է հայը: Կ՛ապրի եւ պիտի ապրի` տիրանալով իր արդար իրաւունքներուն:

ԳՐԻԳՈՐ ՀՈՏՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Մէջ Զինուած Հակամարտութեան Դադրեցման Համար` Պիշքէքի Բանակցութիւնները Եւ Զինադադարը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?