Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1967)

Մարտ 9, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական Նոր Դաւ
Հայութեան Դէմ

 Կը Ջանան Շահագործել Եթովպիոյ
Կայսեր Այցը` Ի Վնաս Հայերուն

Եթովպիոյ կայսեր` Հայլէ Սելասիէի Թուրքիա այցելութեան առիթով, «Միլլիյէթ» թրքական թերթը հրատարակած է խմբագրական մը, որ յայտնելէ ետք, թէ կայսրը առիթը պիտի ունենայ ճանչնալու Կիպրոսի մասին թրքական տեսակէտը եւ կայսեր մտքին մէջ Թուրքիոյ ի նպաստ գաղափարներ պիտի ծնին, կը գրէ.

Կայ նաեւ տարբեր պարագայ մը: Եթովպիոյ մէջ ներկայիս կ՛ապրի հայերու ստուար գաղութ մը, եւ այդ հայերը կրնան Թուրքիոյ դէմ գործել` հետեւելով աշխարհի հայերու հակաթուրք պայքարին, որ վերջերս բացուած է յոյներու գրգռութիւններով: Այս տեսակէտով ալ Հայլէ Սելասիէի այցելութիւնը մասնաւոր կարեւորութիւն մը ունի: Թուրքիա կը փափաքի, որ Եթովպիոյ հայերը մեզի դէմ չգործեն, եւ պէտք է կանխել այդպիսի պայքար մը: Այս այցելութիւնը աւելի բարերար պիտի ըլլայ, երբ յառաջիկային հանրապետութեան նախագահ Ճեւտեթ Սունայ փոխադարձ այցելութիւն տայ ափրիկեան պետութիւններուն` զօրացնելու համար բարեկամական կապերը:

Այս առաջին անգամ չէ, որ Անգարա կ՛ուզէ միջպետական իր յարաբերութիւնները շահագործել ի վնաս հայութեան: Քիչ մը ամէն տեղ նոյն քայլերը կ՛առնուին թուրք կառավարութեան կողմէ:

Բարեբախտաբար թուրքը այնքան ծանօթ է միջազգային հանրային կարծիքին, որ իր բոլոր հակահայ դաւերը ձախողութեան կը մատնուին:

Կասկած չկայ, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ Եթովպիոյ մէջ, որուն վեհապետը լաւ կը ճանչնայ հայերը եւ կը գնահատէ զանոնք:

 

Նանսեն` Հայերու Մասին

Հայերը իրենց ազդեցութիւնը ձգած են նոյնիսկ հիւսիսի գերմաններուն վրայ: Հաւանաբար հայերն էին, որ գոթերուն տուին քրիստոնէութեան առաջին ծանօթութիւնը Սոֆուս Պուճճէ հաստատած է, որ գոթերէնը կը պարունակէ բազմաթիւ հայկական տարրեր: Հետաքրքրական է նշել, որ նոյնիսկ Վիսիկոթ իշխանները, Սպանիոյ մէջ, իրենց իշխանութեան վերջին տարիներուն կրած են հայկական անուններ, ինչպէս, օրինակ, Արտաւազդ: Հայկական այս թափանցումները տարածուած են մինչեւ Սկանտինաւիա: Այս պարագան կը հաստատուի թաղման տեղերուն եւ յուշաքարերուն նմանութենէն: Նման յուշարձաններ կը գտնուին, օրինակ, Պոհոլիոնի եւ Պլենքինկի մէջ (Շուէտ):

* Համաձայն ընթացիկ կարծիքին, Բիւզանդիոնն է, որ ներգործած է հայկական ճարտարապետութեան վրայ: Մինչդեռ հակառակն է, քանի որ հայ եկեղեցին հիմնադրուած է բիւզանդականէն շատ առաջ: Ատկէ զատ, հայ արուեստը նկատելի կերպով կը տարբերի բիւզանդական ոճէն` իր խստութեամբ, զարդարանքի չափաւոր գործածութեամբ, սրբապատկերներու եւ խորանաձեւ պատկերներու բացակայութեամբ, ինչպէս նաեւ` եկեղեցական սպասներով:

* Հայ ժողովուրդին ողբերգական ճակատագրին պատճառով է, որ հայերը առաջնակարգ դիրքեր գրաւած են օտար երկիրներու մէջ, մինչդեռ չեն յաջողած կառավարել իրենց երկիրը: Բիւզանդիոնի մէջ շատ ղեկավարներ հայ էին: Օրինակ` Ներսէսը, որ Յուստինիանոս կայսեր ժամանակ նուաճեց Իտալիան, Յովհաննէս Կուրկուասը (920-942), որ բազմաթիւ անգամներ յաղթած է արաբներուն, Մարիցիուսը, Հերակլիոսը (որոնց հայրերը հայ էին), Արտաւազդը, Ռոմանոսը, Վասիլ Բ.ը եւ շատ ուրիշներ, որոնք իշխան են Բիւզանդիոնի մէջ:

* Զուարթնոցի աւերակները ցոյց կու տան, որ այդ շրջանին արդէն հայերը ունեցած են շինարարական արուեստի խիստ զարգացած թեքնիք: Յարգանքի ի՛նչ մեծ զգացում կը ստեղծուի դէպի հին Հայաստանի մշակոյթը, երբ մարդ կը նայի ճարտարապետական այդ կատարելութեան, որ ստեղծուած է Է. դարուն, երբ Եւրոպան կը գտնուէր մանկութեան շրջանին մէջ:

* Անիի եկեղեցիին կառուցումը վերջ գտաւ 1001-ին,  Գագիկ Ա.ի օրով: Անոր աւագ ճարտարապետը Տրդատն էր, որ Կարս գետին մօտ շինած էր Արգինայի եկեղեցին` միեւնոյն ոճով: Անիի եկեղեցին ունի գոթականին բնորոշ բազմաթիւ տարրեր: Նմանութիւնը այնքան ակնառու է, որ քանի մը արուեստաբաններ, կարծելով, թէ կրնան հաստատել գոթականին եւրոպական ծագումը, պնդեցին, որ Անիի եկեղեցին շինուած պէտք է ըլլայ ԺԳ. դարուն, Եւրոպայէն հասած ճարտարապետներու ձեռքով: Բայց այդ վարկածը փաստերու կողմէ թոյլ էր, քանի որ այդպիսի, այդպէս կոչուած «գոթական», քիչ թէ շատ զարգացած տարրեր կային ԺԱ. դարուն կամ նախորդ դարերու հայկական բազմաթիւ այլ եկեղեցիներու մէջ: Գոթական առաջին տարրերը Արեւմտեան Եւրոպա բերին հայերը, որոնք ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն ցրուեցան աշխարհի զանազան մասերը:

 

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի
Նորընտիր Վարչութիւնը

Երեքշաբթի, 7 մարտ 1967, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 65-րդ անդամական ընդհ. ժողովի երկրորդ նիստը, միութեան ակումբին մէջ:

Ժողովը լսելէ ետք Պատգամաւորական ժողովի զեկուցումը եւ անհրաժեշտ թելադրանքներն ու առաջարկները ընելէ ետք նորընտիր վարչութեան, ընտրեց իր նոր վարչութիւնը:

Ընտրուեցան` Վահէ Դանիէլեան, Անդրանիկ Երամեան, Գրիգոր Աւետիքեան, Վարուժան Մուրատեան, Վարդգէս Հայրապետեան, Միսաք Խանամիրեան, Ալեքս Պեզիկեան եւ Պատրիկ Կիւլպէնկեան:

Այս կազմին վրայ պիտի աւելնայ նաեւ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի սկաուտ-խմբապետ Ժիրայր Սարգիսեանը:

 

Երկու Հայ  Աստղագէտ Կիներու
Կարեւոր Գիւտը

Երկու հայ աստղագէտներ` Ռոմելա Շահպազեան եւ Սոֆիա Սկիւտարեան գտան նոր սիւփերնովա մը` ծիրկաթինի մը մէջ, որուն կառոյցը կը ներկայացնէ որոշ առանձնայատկութիւններ:

Այս գիւտին կարեւորութիւնը մեկնաբանելով` ակադեմական Վիքթոր Համբարձումեան յիշեցուց, որ հազար տարիէ ի վեր աստղագէտները կրցած են դիտել միայն երեք սիւփերնովա` 1549-ին, 1572-ին եւ 1604-ին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ Հարցարան. Ծանօ՞թ Էք Հայկական Աւանդական Կերակուրներուն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?