Համազգային Մեծարանք
Համաստեղի
Տաղանդաւոր գիւղագիր Համաստեղի նուիրուած յուշահանդէսին, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդր. վարչութեան, մեծանուն գրագէտը, համազգային յարգանքով մեծարուեցաւ լիբանանահայութեան կողմէ կիրակի, 12 փետրուար 1967-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ»-ի ծայրէ ծայր գրասէր հասարակութեամբ լեցուն սրահին մէջ:
Կարօ Սասունի իր բացման խօսքին մէջ, ի միջի այլոց ըսաւ. «Համաստեղ, իր պատմուածքներով, իր վէպով եղաւ համաստեղութիւն մը հայոց հորիզոնին վրայ: Բոլորը, ջերմութեամբ, մէկուկէս տարիէ ի վեր կ՛ուզէին տեսնել զինք: 50-ամեակը վերցուցած այս գրագէտը, իր փառքին ետեւէն երբեք չվազող այս մարդը, Հայաստանի լեռներուն սրնգահարը, այսօր չունինք մեր մէջ, մեր բեմին վրայ չէ, որպէսզի ներկայ հասարակութիւնը իր սիրած գրագէտին հետ ըլլար: Իր յոբելեանը այսօր յարգանքի հանդէսի մը վերածուած է»: Ապա Կ. Սասունի պահ մը հրաւիրեց ներկաները, յոտնկայս յարգելու Համաստեղի յիշատակը:
«Այսուհանդերձ,- շարունակեց իր խօսքը,- մենք հոգեպէս կը տօնենք Համաստեղի յոբելեանը: Ան իր 70-ամեակին տուաւ այն, ինչ որ ունէր եւ մեր գրականութեան 50-ամեակը լեցուց իր գրականութեամբ: Հայոց լեռնաշխարհէն ծնած, դեռ պատանի, օր մը ինքզինք նետեց Ամերիկա, եւ սակայն, հոգեկան, բնութենական, մարդկային մեր ամբողջ աւանդութիւնները գրկած գնաց Ամերիկա, եւ Ամերիկան երբեք չազդեց իր վրայ: Իր կեանքը իրականօրէն եղաւ գրականութեան համաստեղութիւն մը: «Գիւղ»-ի հրատարակումով, վաւերական գրագէտի անցքը կը հրատարակուէր «Հայրենիք»-ի մէջ: Եւ իրապէս, մեր գրականութեան լուսաստղը եղաւ Համաստեղ:
«Յարգանքի այս պահուն, բանալով այս յուշահանդէսը, պիտի խնդրէի, որ հոգեկան հանդէս մը ըլլայ այս հանդէսը եւ ոչ թէ տխրութեան, որովհետեւ, Համաստեղ փառաւոր մահով մը վերջացուց իր գրականութիւնը եւ մեռաւ պատուով»:
Օրուան առաջին բանախօսն էր բանաստեղծ Վահէ Վահեան: Խորաթափանց վերլուծումով ան ըսաւ.
«Ամերիկայի մէջ Համաստեղ ապրեցաւ ի՛ր աշխարհով, ապրեցաւ ընդլայնումովը հայոց հայրենիքին եւ իր գրականութիւնը ե՛րգն է այդ հայրենիքին: Իբրեւ հայրենախօս երգիչ, հայրենիքի երգիչ է Համաստեղ: Նայեցաւ գիւղին, կարօտին մէջէն: Տուաւ գիւղը իր մարդերով: Հողին հետ պայքարող մարդերով: Տուաւ նոյնիսկ անոնց հակամարտութիւններով: Տուաւ այնքան բարի ու քաղցր նայուածքով, որ նոյնիսկ մարդոց թերութիւնները հրապոյր ստացան: Բանաստեղծական նայուածքով նայեցաւ գիւղին: Եղաւ խորապէս բանաստեղծական շունչով վերարտադրող մը»:
«Համաստեղի գրականութիւնը այնքան բազմազան է,- աւելցուց Վ. Վահեան,- որ ժամեր պէտք պիտի ըլլայ նոյնիսկ մեկերեսային վերլուծումի համար»: Ու իբրեւ յատկանշական կէտեր, նշեց, թէ Համաստեղը կարծէք կը մտածէ սրտով ու կը զգայ գոյներով: Հին հեքիաթասաց մըն է, որ նոր ձեւերով կը պատմէ խորաթափանց: Տեսակ մը բանաստեղծական ստեղծումով, ոչ թէ ընդօրինակելով, այլ վարպետ նկարիչի շեշտումներով, այնպէս, կարծես իրականութիւն է, բայց կախարդիչ, հրապուրիչ իրականութիւն»:
Այնուհետեւ, Վահէ Վահեան Համաստեղի տիպարները ներկայացնող, անոր գրականութիւնը բնորոշող պատկերներ տալէ ետք, ըսաւ. «Համաստեղի համար կեանքը տեսակ մը բարիի եւ չարի բաղադրութիւն է: Ինք բարի է, եւ իր մարդիկը բարի են: Համաստեղ մեր նոր ժամանակներու ճաշակը իւրացուցած գուսանն է: Նոր ժամանակներու հեքիաթասացն է: Փա՛ռք իրեն ու յարգանք իր յիշատակին»:
Սիրուած երգչուհի Արփինէ Փեհլիվանեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի, ապրումով երգեց Համաստեղի «Ինձ»-ը եւ «Եար Նազանի»-ն:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր բանաստեղծ Մ. Իշխան: Խորիմաստ վերլուծումով իր հոյակապ ճառին մէջ, ի միջի այլոց ըսաւ.
«Համաստեղի գրականութիւնը, Համաստեղի կեանքը, Համաստեղ մարդը, Համաստեղի մահը տեսակ մը իրարու լրացնող ամբողջութիւն կը կազմեն: Մեծ գրագէտ մըն էր, բայց նաեւ սիրելի ու նոյնքան արժէքաւոր մարդ մը:
«Համաստեղի հիմնական յատկանիշները եղան. ա.- Անոր անսահման եւ բնական բարութիւնը: Բարութիւն մը, որ բնական է, բնածին, կը բխի իր հոգիէն: Բարութիւնը եւ իր տաղանդը անբաժանելի ամբողջութիւն մը կը կազմեն, որ կը տեսնենք իր ամբողջ գործին մէջ: Խոնարհ ու մոռցուած մարդոց երգիչ է: Սրտէն կու գան այս բոլորը, իր ներքին էութեան մաս կը կազմեն: Մարդկային սիրով կը ներկայացնէ նաեւ կենդանիները, որովհետեւ անոնք եւս իր սրտին մէջ տեղ ունին: Արարչական բան մը կայ այս մարդուն բարութեան մէջ: Եւ Համաստեղ իր կալուածին մէջ, մեռած գիւղը վերականգնելու իր արուեստագէտի ճիգին մէջ արարիչ մըն է:
«Բ.- Անոր մանկունակ պարզութիւնը: Եւ արդէն իրական արժէքները մեծ մանուկներ եղած են: Մանուկի հիացած աշխարհով կը դիտեն: Համաստեղ մնաց մեծ մանուկ մը: Իր նկարագրին եւ անձին պէս նաեւ վճիտ գրականութիւն ունի: Այն գրագէտներէն է Համաստեղ, որոնք պարզութեամբ կը հասնին խորութեան: Եւ արդէն հոն է մեծութիւնը գրականութեան: Պարզութիւնը կը կազմէ իր հարստութիւնը, ոգեղինացած հարստութիւն մը: Մտածումի բանաստեղծ չէ Համաստեղ, այլ զգացումի բանաստեղծը: Անոր թախիծներն անգամ անուշ են: Բարութիւնը կրօնի վերածող դաւանանքը ունեցաւ Համաստեղ:
«Իր ժողովուրդին բազուկներուն մէջ ինկող այս մարդը, նաեւ պայծառ հայ մարդ մըն էր, որ իր երկրէն, իր ջիղերուն, երակներուն մէջ բերած էր հայրենի հարստութիւնները, որոնք ոչ մէկ հրապոյր կրցան խլել իրմէ, մնաց կառչած անցեալին ամբողջ հոգիով ու ապրումներով: Ստեղծագործեց, վերաշինեց Համաստեղ այն, ինչ որ չկար, ինչ որ թուրքը քանդած էր: Հայը շինարար է իր հանճարով, իր բազուկով: Եւ Համաստեղ հայ մարդու ներկայացուցիչն է:
«Պիտի ուզէի որ,- եզրակացուց Մ. Իշխան,- ձեզի հետ տանէիք Համաստեղի հետեւեալ երկու պատգամը` հաւաքուած իր բոլոր գիրքերէն. ա.- Մարդու պատգամը.- Սիրեցէք մարդիկը, որոնք կը տառապին ու պէտք ունին ձեզի: Սիրեցէք կենդանիները եւ հողը: բ.- Հայու պատգամը.- ըլլալ Համաստեղի պէս, կենդանի պահել անցեալը: Ստեղծագործել, եթէ պայմանները թոյլ տան նիւթեղէն մուրճերով եւ եթէ պայմանները թոյլ չեն տար, ստեղծագործել հոգեղէն մուրճերով եւ տէր ըլլալ անցեալին, որուն տէրը եղաւ Համաստեղ, այն անցեալին, որուն ժառանգորդն ենք»:
Ծանօթ ասմունքող Խաչիկ Արարատեան խոր ապրումով կարդաց Համաստեղի «Զրոյց շունի մը հետ»-ը եւ նոյնքան ապրումով արտասանեց «Ես Չոպանն եմ…»:
Փակման խօսքին մէջ Կարօ Սասունի ըսաւ. «Երկու ժամէ ի վեր կ՛ապրինք Համաստեղի հետ: Կը զգանք, այս կամարներուն տակ, անոր խօսքը, թէեւ անոր հոգին բացակայ է մեզմէ: Կը խնդրեմ հասուններէն որ տանին Համաստեղը իրենց հետ: Երիտասարդներէն, որ մտերմանան Համաստեղի հետ: Համաստեղ այն գրագէտներէն մըն է, որ դարաշրջան մը կազմեց, այնպէս, ինչպէս չենք մոռնար Սայաթ-Նովան, Աբովեանը, Քամառ Քաթիպան, Սիամանթոն: Այս դասակարգի գրագէտներէն է: Կը կրկնեմ, տարէք Համաստեղը ձեր տուներէն ներս, ան պիտի բերէ ճաշակ, պարզութիւն, բարութիւն եւ համամարդկային ըմբռնում»:
Ներկաները սրահէն մեկնեցան անմահանուն գրագէտը արժանավայել յարգանքով մեծարած ըլլալու խոր գոհունակութեամբ: