Խմբագրական
Քառասուն Տարի
Քովի սիւնակին վրայ` «Ազդակ»-ի առաջին տարուան առաջին թիւը:
Այսօր` քառասունեւմէկերորդ տարուան առաջին թիւը:
Առաջինը երկրորդին մէջ` գեղեցիկ խորհուրդի մը բովանդակութեամբ:
Քառասուն տարիներ կը բաժնեն այս երկու թիւերը, որոնք սակայն իրարու միացած են, իրարու շաղկապուած այդ քառասուն տարիներուն ընթացքին լոյս տեսած տասը հազար վեց հարիւր յիսունեւհինգ թիւերով եւ հարիւր միլիոն անգամ թաւալած մամուլին անիւով:
Քառասուն տարին կը լեցնէ կեանք մը: Քառասուն տարի, «Ազդակ» լեցուց մեր գաղութին կեանքը, որուն պատմութեան, արդար հպարտութեամբ, մեր թերթը ունի, պիտի ունենայ իր տեղը, իբրեւ մէկը այն կարեւոր հաստատութիւններէն, որոնք դիմագիծ տուին, կու տան մեր հաւաքականութեան, այս սքանչելի երկրին հայ քաղաքացիներուն:
Չենք խօսիր պատմութեան մասին, որուն առջեւ այս թերթը պիտի ներկայանայ իր առաքելութիւնը լրիւ կատարած հանրային գործօնի մը ինքնավստահութեամբ: Չենք խօսիր նաեւ այն պայմաններուն մասին, որոնցմէ անցաւ «Ազդակ» իր քառասնամեայ գոյութեան ընթացքին: Այդ բոլորը կը թողունք կշռադատ ժամանակին, որ անաչառ գնահատանքը պիտի կատարէ անշուշտ բոլոր այն ճիգերուն, որոնք ամէնօրեայ լարումի կը կարօտէին երէկ, կը կարօտին նաեւ այսօր, երբ հանրային կեանքի սպասարկու թերթ մը կ՛ուզէ պահել իր թարմութիւնը, իր կենսունակութիւնը:
Բայց, մեր իրաւունքը կը նկատենք, քառասուն տարի ետք, ընդգծել այն գաղափարական ոգին, որ մեր թերթին էջերուն մէջէն փոխանցուեցաւ սփիւռքահայ մարդուն, մանաւանդ անոնց, որոնց կապը մեր գիրին ու դպրութեան հետ` «Ազդակ»-ով ծնաւ եւ անով զարգացաւ:
Իր հրատարակութեան առաջին օրէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մեր թերթը անսայթաք ու հաստատ քայլերով քալեց ու այսուհետեւ պիտի քալէ այն ճամբէն, որուն ներշնչումը կը ստանար ու պիտի ստանայ իր կուսակցութենէն:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր յստակ ուղեգծով, հանրայայտ առաջադրանքներով ու քաղաքական եւ ազգային իտէալով, ամէնէն ամուր պատուանդանը կու տար մեր թերթին, որպէսզի ան, իր կարգին, հայածին ու հայադրոշմ այդ կազմակերպութեան գաղափարները դարձնէր բոլորին սեփականութիւնը, իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կատարելով այն պարտականութիւնը, որ մեր կուսակցութիւնը կ՛ակնկալէ իր մամուլէն:
Եթէ «Ազդակ» իր արտայայտած գաղափարներուն մէջ եղաւ յստակ, եթէ ծուռ ու զարտուղի ճամբաներով չմօտեցաւ հասարակութեան, եթէ իր խօսքը եղաւ հատու, ատիկա միայն ու միայն կը պարտի այն իրողութեան, որ անոր գերագոյն տէրը հանդիսացող կուսակցութիւնը յստակ էր, հատու եւ ուղիղ` հայութեան եւ անոր քաղաքական իտէալին ի խնդիր իր մղած անտեղիտալի պայքարին մէջ:
«Ազդակ» եղաւ այն բեմը, որուն միջոցով ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր խօսքը հասցուց իր ժողովուրդին, հարազատօրէն եւ ինքնավստահ: Զայն նոյն ատեն արժանացնելով իր գուրգուրանքին, ամէնօրեայ հոգածութեան:
Ու այսօր, երբ կը նայինք քառասուն տարի ետք, մեր քառասուն հատորներուն պատկառելի շարքին մէջէն, կը տեսնենք այն ուղին, որուն հետեւած է, ու այսուհետեւ պիտի հետեւի այս թերթը, անխախտ հաւատքով եւ միշտ լաւագոյնին ձգտելու անխորտակ կամքով: Եւ կը կարծենք, թէ քառասուն տարիներու վաստակը բաւական պիտի ըլլայ ապահովութիւն տալու մեզի ու նաեւ մեր ժողովուրդին, որուն հարազատը դարձած է այս թերթը, որ ապագան նոյնքան պատրաստակամ պիտի գտնէ մեզ, հայ ժողովուրդին ծառայութեան ճամբուն մէջ:
Այս ինքնավստահութեամբ կը նայինք ապագային, նոր եռանդով եւ յարաճուն խանդավառութեամբ փարելու համար գործի մը, զոր նուիրական կը նկատենք թէ իր առաքելութեամբ եւ թէ՛ մանաւանդ իր կոչումով:
Առաքելութիւն եւ կոչում, որոնք իրենց ուժը կը ստանան յաւիտենական հայութեան անմար երազէն:
Երրորդ Դասախօսութենէն Ետք…
Լիբանանահայ Ազգ. վարժարաններու ուսուցչական միութիւնը դասախօսական շարք մը սկսած է` նպատակ ունենալով`
ա.- Ուսուցիչներու հաւաքական ճիգի զարգացումը:
բ.- Ուսուցչական ասպարէզի դժուարութիւններուն ուսումնասիրութիւնը,
գ.- Պրպտումներ` մեր պայմաններուն համապատասխանող նոր իրագործումներու կարելիութեան,
դ.- Ինքնաքննադատութիւն ու բաղդատական եզրահանումները:
Առաջին դասախօսութիւնը պատրաստած էր ազգ. վարժարաններու ընդհ. քննիչ Յակոբ Իսկէնտէրեան` հետեւեալ նիւթին շուրջ. «Ուսուցիչը դասարանին մէջ»:
Աւելի քան մէկ ժամ իր վերլուծումներուն մէջ, դասախօսը կարեւոր ընդհանրացումներէն անցաւ, բնական զարգացումով մը, հիմնական երեւոյթներու` աշակերտներու հոգեբանութեան, ինչպէս նաեւ` ուսուցումի նպատակի լոյսին տակ:
Երկրորդ դասախօսութիւնը, որպէս նիւթ, եկաւ լրացուցիչը ըլլալու առաջինին:
Դասախօսը` Յակոբ Պալեան, Ուսումնական խորհուրդի անդամներէն եւ Փալանճեան Ճեմարանի փիլիսոփայութեան դասաւանդ, իր կարգին, մանրազնին ուսումնասիրութեամբ մը թուեց այն բոլորը, զորս ուսուցիչ մը պարտէր նկատի ունենալ եւ իրագործել դասարան մտնելէ ԱՌԱՋ:
Երրորդ դասախօսութիւնը ստանձնած էր գրագէտ եւ համալսարանի դասախօս Վահէ Օշական, որ «դիազննութեան» ենթարկեց հայ գրականութեան ուսուցումը հայ վարժարաններէն ներս:
Մեր գրականութեան դասաւանդումը, ե՛ւ խորք, ե՛ւ ձեւ, դարձած էր առանցքը մտահոգութեան, ու դասախօսին ախտաճանաչումներուն ու առաջադրութիւններուն գնացքը օգտակար խորացումներու կը տանէին ունկնդիրը, անպայման:
Երեք դասախօսութիւններն ալ, առանց յապաւումի, հանրութեան սեփականութիւնը, դարձնելը պիտի ըլլար շահեկան:
***
Իրագործուած դասախօսութիւնները հիմք ունենալով, որպէս փաստ, կարելի է Լիբանանահայ ուսուցչական միութեան հաշուոյն հետեւեալ ընդգծումները կատարել.
ա.- Սկսուած այս դասախօսական շարքը պէտք չէ կանգ առնէ:
բ.- Մասնագիտական նիւթերու արծարծումը եթէ էապէս ուսուցիչին համար է, կան նիւթեր, որոնք կը հետաքրքրեն նաեւ ոչ ուսուցիչները, որոնք պէտք չէ զրկուին դասախօսութիւններուն մասնակցելու հաճոյքէն:
գ.- Զարկ տալ իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք զրոյցի բաժնին:
դ.- Հրաւիրել, պարբերաբար, բարձրագոյն կարգերու աշակերտները, որ մասնակից դառնան ուսուցումի ու կրթական տագնապներուն:
Լիբանանահայ Ազգ. վարժարաններու ուսուցչական միութիւնը կոչուած է մասնաւոր ու գործօն դեր վերցնելու հաւաքական մեր կեանքին մէջ, ու այդ դերին գիտակցութիւնը, բարեբախտաբար, տակաւ կը զգացուի: