Ողողում Պուրճ Համուտի
Եւ Չարչափըգի Մէջ
Պէյրութի Գետը Յորդեցաւ Եւ Շրջաններ
Ջուրերու Տակ Մնացին
7 Մեռեալ – 1000 Անպատսպար,
20.000 Հոգի Վնասուած
Պէյրութի գետը երէկ 7 զոհ խլեց եւ մօտ 1000 հոգի անպատսպար մնաց: Գետին յորձանքը, որ վերջին հեղեղային անձրեւներուն եւ առաջին ձիւնհալին պատճառով ամբողջովին քանդած էր Փաշայի նոր կամուրջը, քշեց ու տարաւ 3 ինքնաշարժ, որոնք կը փորձէին անցնիլ Սին էլ Ֆիլի կամուրջէն եւ ողողեց Պուրճ Համուտի շրջանը եւ Չարչափըգ թաղամասը` քանդելով տասնամեակներով խրճիթներ եւ անպատսպար ձգելով 200-է աւելի ընտանիք: Անմիջապէս կազմակերպուեցաւ օգնութեան գործը` զոհերուն օգնելու համար: Երէկուան ողողումը աւելի ծանր կրնար ըլլալ, քան Ապու Ալի գետին յորդումը` 1956-ին, եթէ առաւօտեան ժամը 6:00-ին պատահած չըլլար, այլ երկու ժամ առաջ, երբ շրջանին բնակիչները տակաւին քնացած էին:
Անհետացածներուն ճշգրիտ թիւը կարելի չեղաւ ստուգել: Ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ ջուրերու կողմէ տարուած ինքնաշարժի մը ճամբորդները կարելի չէ եղած գտնել: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, 18 հոգի անհետացած է: Անոնց մէջ կը գտնուի հայ մը` Մանուկ Ճերահեան, որուն մարմինը հանուած է գետի ջուրերուն մէջէն:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, ջուրին մակարդակը բարձրացած ըլլալով, ժանտարմըրին երեքշաբթի գիշեր շրջագայութիւնը արգիլած է Փաշայի կամուրջին վրայ: Բայց առաւօտուն ջուրը զգալիօրէն իջած է եւ երթեւեկը` վերսկսած: Ժամը 7:00-ին, նոր կամուրջը յանկարծ կքած է ջուրին ճնշումին տակ: Ջուրը ահաւոր սաստկութեամբ մը խուժած է հին կամուրջին վրայ եւ քշած ու տարած է չորս ինքնաշարժ:
Ինքնաշարժներէն մէկուն շարժավարը եւ անոր ընկերացող անձ մը կրցած են ափ հասնիլ: Միւս երկու ինքնաշարժներուն վարիչները փրկուած են: Բայց չորրորդ ինքնաշարժը կորսուած է իր ճամբորդներով: Անոնցմէ մէկուն դիակը գտնուած է երէկ իրիկուն: 30 տարեկան սուրիացի մըն է` Մանուէլ Ժորժ:
Երէկ առտու ժամը 8:30-ին, Լիբանանի ելեկտրականութեան գրասենեակը նախազգուշութեան համար հոսանքը կտրեց Սին էլ Ֆիլի, Տորայի եւ Պուրճ Համուտի մէջ` հրշէջներու հրամանատարութեան պահանջով: Հոսանքը պիտի հաստատուի, անմիջապէս որ կացութիւնը բարելաւուի:
Պուրճ Համուտի մէջ ամէնէն աւելի վնասուած շրջանը Սիսի թաղամասն է, ուր ջուրերը մօտ մէկ մեթր բարձրութեամբ ողողած են փողոցներն ու տուները:
Շուֆի երեսփոխան Ժոզեֆ Մողապղապ գրաւոր հարցում մը ներկայացուց խորհրդարանի դիւանին այս ողողումներուն մասին: Մողապղապ կը յայտարարէ, թէ կառավարութիւնը պատասխանատու է կամուրջներու ապահովութեան համար, հետեւաբար պէտք է հատուցում վճարէ զոհերու ընտանիքներուն:
Մողապղապ հարց կու տայ նաեւ, թէ կարելի չէ՞ր նման ողողումներ կանխել` յարմար շինութիւններով:
Հայանուն Բոյսեր
Գիտական աշխարհին յայտնի հայանուն հնագոյն բոյսը ծիրանենին է, որ 2000 տարի առաջ Հայաստանէն տարուած է ափրիկեան եւ եւրոպական երկիրներ:
Հայկական պտղատու այս ծառին մասին գրած է հին աշխարհի հռոմէացի բնագէտ` Պլինիոս: Գիտական աշխարհի մէջ ծիրանենին մտած է հայկական սալորենի (լատիներէն` պռունոս արմենիակա, կարճ` արմենիազում) անունով: Արաբները անուանած են թուֆֆահ էլ էրմենի (հայկական խնձոր):
18-րդ դարուն նորջուղայեցի Յովհաննէս Ալթունեան (1709-1774) հռչակաւոր ներկատու բոյսի` տորոնի հունտը կը տանի Ֆրանսա եւ Եւրոպայի մէջ հիմը կը դնէ տորոնի մշակութեան: Ամբողջ Եւրոպայի մէջ (ներկայիս նաեւ` գիտական գրականութեան մէջ, ան ստացած է «Հայկական արմատ» անունը:
1846-ին, ի նշան Ալթունեանի հանդէպ տածած երախտագիտութեան, ֆրանսացիները Աւինիոն քաղաքին մէջ (Նոթր Տամ տը Տոմսի ժայռին վրայ) կը կանգնեցնեն Ալթունեանի պրոնզէ երկու արձանները: Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ գերմանացիները կը քանդեն այդ արձանները եւ անոր մետաղէն զէնքեր կը ձուլեն:
Հայկական սօսի: Գիտութեան մէջ այսպէս կոչուած են Արմաւիրի «Սօսեաց անտառ»-ի ծառերը, որոնց տերեւներու շարժումներէն գուշակութիւններ կը կատարէին մեր հեթանոս նախնիքները:
Գիտութեան մէջ հայկական կամ հայաստանեան մակդիր կը կրեն պտտուտակ, ոզնաթուփ, օշինդր, արոսի, մասրենի, տերեւփուկ, անթառամ, ոզնագլխիկ, հաղարջենի, կուրկուրան, թանթռիկ, ակնախոտ, բոխ, գառանդմակ, արքայակակաչ, լուածաղիկ, տատասկափուշ, մարգարտածաղիկ, տղաբերուկ, վարդկակաչ, տուղտ, ոզնի, առիւծաթաթ, գառնառւոյտ, բաւեղ, խինձ, կազնի եւ շարք մը բոյսերու առանձին տեսակներ:
Հայկական աշխարհագրական անուններ կը կրեն բազմաթիւ բոյսեր: Այսպէս, ուրարտական ցորեն, նայիրեան նշենի, Արագածի գորտնուկ, Սիսեանի ծւծւուկ, Արաքսեան կեռասենի, Արաքսեան կազնի, Արարատի ճռճռուկ, Զանգեզուրի մոշենի եւ այլն:
Յիսունը կ՛անցնի համաշխարհային գիտութեան մէջ մտած հայանուն բոյսերու թիւը:
