Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1967)

Փետրուար 18, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Փետրուարեան
Ապստամբութիւնը

Քառասունեւվեց տարի առաջ, 1921 փետրուար 18-ի արշալոյսին հայ ժողովուրդը արձանագրեց պատմութեան առաջին ապստամբութիւնը համայնավարական բռնատիրութեան դէմ: Այդ թուականէն երեսունեւհինգ տարի ետք այլ ժողովուրդ մը եւս հնարաւորութիւնը կը գտնէր ապստամբութեան դրօշ պարզելու խորհրդային տիրապետութեան դէմ` սարսելով աշխարհի հանրային կարծիքը: Իրարմէ երեսունեւհինգ տարուան տարբերութեամբ, այս երկու ապստամբութիւնները, որոնցմէ երկրորդին թատերաբեմ կը հանդիսանար Կոշուտի հայրենիքը` բազմաչարչար Հունգարիան, կու գային անառարկելիօրէն հաստատելու, որ համայնավարութիւնը եւ անոր իշխանութեան եղանակը ընդվզում միայն կը ստեղծեն ժողովուրդներու հոգիին մէջ:

Մեր պարագային, Փետրուարեան ապստամբութիւնը կու տար նոյն ատեն անվիճելի հերքումը պոլշեւիկեան այն պնդումին, թէ հայութիւնը գրկաբաց ընդունած է այդ վարչակարգը, եւ Հայաստանի խորհրդայնացումը արդիւնք է ժողովրդական լայն զանգուածներու բուռն ցանկութեան:

Ծանօթ են պատմական այն դրուագները, որոնք յանգեցան Հայաստանի խորհրդայնացումին: Հազիւ երկու տարուան կեանք ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ կը հանդիսանար պսակումը հայութեան անդուլ ճիգերուն եւ ազատագրական արիւնալի պայքարներուն, մէկ օրէն միւսը ենթարկուեցաւ թուրքեւխորհրդային սիրալիր գործակցութենէն բխած ծանր սպառնալիքին եւ ճարահատ դիմեց «խորհրդայնացում»-ին` մեր ժողովուրդին մնացորդացը նոր ջարդերէ փրկելու համար:

Համայնավարութիւնը Հայաստան եկաւ յատուկ դաշնագրով եւ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնն ու ազգային ինքնուրոյն գոյութիւնը անաղարտ պահելու վճռական խոստումով: Բայց հազիւ քանի մը շաբաթ անց, խոստումնադրուժ պոլշեւիզմը ուրացաւ իր ստորագրութիւնը եւ Հայաստանը վերածեց համատարած հալածանքի երկրի մը, իրարու ետեւէ, շարան-շարան բանտարկելով կամ աքսորելով բոլոր ղեկավարները: Բանտերը լեցուեցան հայութեան ընտիր զաւակներով, ու ինչ որ պակաս թողուցած էր մեր դարաւոր թշնամին, սկսաւ ամբողջացնել պոլշեւիզմը` նոյն ատելավառ մոլուցքով:

Փետրուարի կէսերուն դանակը հասած էր ոսկորին: Կացինը, որ Երեւանի բանտին մէջ կը գլխատէր Համազասպը, միաժամանակ կ՛իջնէր ամբողջ հայութեան գլխուն: Ու ինչպէս միշտ, երբ հարուածը կը հասնի իր ազգային գոյութեան, այս անգամ եւս հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս կը ծառանար եւ հերոսական խոյանքով մը կը տապալէր պոլշեւիկեան իշխանութիւնը` վերստին պարզելով ազատութեան դրօշը Հայաստան աշխարհին վերեւ:

Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարները պատրանքներ չէին կրնար ունենալ իրենց շարժումին տեւականութեան մասին: Գիտէին, որ ուշ կամ կանուխ, անակնկալի առաջին շրջանը անցնելէ ետք, համայնավարութիւնը դարձեալ պիտի գրաւէ կորսուած դիրքերը, բայց գիտէին նաեւ, որ այդպէսով պատմական հաստատում մը կը կատարեն, կ՛արձանագրեն աքթ մը, որ անպայման իր անդրադարձը պիտի ունենար դէպքերու հետագայ զարգացումին վրայ:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը վերագրուի ՀՅ Դաշնակութեան: Կ՛ընդունինք, որ փետրուար 18-ի արշալոյսին հայ զանգուածները ոտքի հանող ոգին Դաշնակցութեան ոգին էր, հարազատ արտայայտութիւնը այն ազատախռով ոգիին, որ հայուն կը պատկանի, անոր պատմական ընթացքը տնօրինած է եւ խորապէս դրոշմուած հայոց պատմութեան էջերուն մէջ:

Մինչեւ հիմա Սարդարապատի ճակատամարտը եւս «դաշնակցական աւանտուրիա» էր: Բայց այսօր Հայաստանի մէջ կը ծրագրեն յուշարձան բարձրացնել Սարդարապատի յիսնամեակին առիթով: Ժողովուրդներու կեանքին մէջ պատմական դէպքերը տասնամեակ մը կ՛ուրացուին, յիսնամեակ մը կ՛ուրացուին, գուցէ աւելի, բայց ի վերջոյ ամէն բան կը գտնէ իր տեղը, եւ դէպքերը կը կշռուին եւ կը գնահատուին իրենց իսկական արժէքով:

Փետրուար 18, իր բովանդակութեամբ, ոչ մէկ տարբերութիւն ունի Վարդանանց պատերազմէն: Հայութեան նոյն ազատախռով ոգին է, որ կը ծառանայ օտար բռնատիրութեան դէմ, երբ մանաւանդ ան իր հարուածները կ՛ուղղէ մեր էութեան, մեր գոյութեան իմաստին եւ հոգեկան արժէքներուն:

Պիտի գայ օրը, եւ համայն հայութիւնը նոյն ակնածանքով պիտի տօնէ այդ ապստամբութեան հերոսներուն յիշատակը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հսկայական Ճեղք Մը Անթարքթիքին Ծայրը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?