Խմբագրական
Հրատապ Հարց
Անգարայէն տրուած լուրերուն համաձայն, որոնք լայն արձագանգ կը գտնեն թուրք մամուլին մէջ, Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը վերջերս ժողով գումարած է եւ զբաղած` օրուան հրատապ հարցերով, ինչպէս ընդգծած էինք մեր նախանցեալ թիւով:
Հրատապ հարցերու կարգին քննուած են Կիպրոսի կացութիւնը եւ Հայկական հարցը` արտասահմանի մէջ կատարուած հայկական վերջին ցոյցերուն եւ ՄԱԿ-ի պաշտօնական մարմիններուն ներկայացուած յուշագիրներու լոյսին տակ:
Հաստատելու համար, թէ հայկական հարցը որքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Անգարայի վարիչներուն համար, կը բաւէ յիշել Ազգային ապահովութեան խորհուրդին կազմը: Արդարեւ, Չանգայայի ժողովին մասնակցած են` հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, բանակին սպարապետը, արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարները եւ այլ պատասխանատու պետական դէմքեր ու զինուորականներ:
«Ինչպէս յայտնի է,- կը գրէ այս առթիւ «Անատոլու» պաշտօնական գործակալութիւնը,- վերջերս աւելցած է հայոց հակաթուրք քարոզչութիւնը` Ամերիկայի եւ Լիբանանի մէջ: Ազգային ապահովութեան խորհուրդը քննեց այս պարագան եւ որոշեց փոխադարձ պայքարի ձեռնարկել: Ժողովը տեւեց հինգ ժամ»:
Թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ փոխադարձ այդ պայքարը, այդ մասին կը վստահինք թուրք… երեւակայութեան:
Կարեւորը, այս պարագային, Անգարայի վարիչներուն մտահոգութիւնն է` հայկական վերջին ցոյցերուն առջեւ:
Եւ այս մտահոգութիւնը նոր չէ: Կայ յիսուն տարիէ ի վեր: Այն օրէն ասդին, երբ թուրքը, պետութիւն ու ժողովուրդ, հայութիւնը տեղահան ըրաւ իր պապենական հողերէն, քշեց անապատները գործեց նոր ժամանակներու մեծագոյն ցեղասպանութիւնը եւ նստեցաւ մեր հայրենիքին վրայ, զոր այսօր արեւելեան Անատոլու շինծու անունով կ՛ուզէ ճանչցնել աշխարհին:
Այդ չարաշուք թուականէն անցած է յիսուն տարի, որ Թուրքիա ներքնապէս ինքզինք տէր չի զգար հայկական հողերուն: Պարզապէս կը ձեւացնէ: Տէր չի զգար ոչ միայն պետութիւնը, այլ` թուրք ժողովուրդը, որ բոյն չի կազմեր այդ հողերուն վրայ, այդ լեռներուն մէջ, գիտնալու, թէ այդ շրջաններուն մէջ իր բոլոր ձեռնարկները ժամանակաւոր բնոյթ ունին. պիտի գայ օրը, անխուսափելի՛, եւ իսկական տէրերը պիտի վերադառնան այս կամ այն ձեւով, ու այս պարագային, օսմանեան պատմութեան նախընթացները նկատի ունենալով` հակառակ Անգարայի կամքին:
Արդարեւ, Օսմանեան կայսրութիւնը, որ արեւմուտքէն մինչեւ Վիեննայի դուռները, հիւսիսէն մինչեւ Ռումանիա, արեւելքէն մինչեւ Պարսկաստան, հարաւէն մինչեւ Եմէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն Հիւսիսային Ափրիկէ տարածուելէ ետք, հետզհետէ, կծկուեցաւ իր պատեանին մէջ, նահանջի այդ քայլերը երբեք չառաւ կամովին, այլ` միշտ պարտադրանքի տակ:
Անտեղիտալի էր այդ նահանջը, ինչպէս անտեղիտալի էին դարերով նշուած ժողովուրդներուն ազատագրական պայքարները, որոնց գլխաւոր յենարանը կը հանդիսանար կեղեքուողին քաղաքակրթական գերակշռութիւնը կեղեքողին վրայ:
Թուրքը երբեք ի վիճակի չեղաւ իր տիրապետութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն հետ հաշտարար կարգադրութիւններ ընելու եւ միշտ ալ, գլխուն հարուած ստանալով, թող տուաւ այն հողամասերը, որոնց տիրացած էր ջարդարարութեամբ եւ զինուորական միջոցներով:
Վերջին պատառը, թրքական կոկորդին մէջ, հայկական հողերն են: Ու Թուրքիա այսօր անմարսողութենէ կը տառապի: Անհանգիստ է, անհանդարտ վիճակ ունի: Սիրտը դող կ՛ելլէ, ամէն անգամ որ անիրաւուած ժողովուրդի մը զաւակները ձայն կը բարձրացնեն` իրենց անկողոպտելի, առհաւական իրաւունքներուն տէր կանգնելով:
Այս մտահոգութիւնը փտախտի մը պէս կ՛ուտէ Թուրքիան` հակառակ այն բոլոր հաւաստիքներուն, որոնք կը տրու ին իրեն` Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանման մասին:
Ժամանակը ի նպաստ Թուրքիոյ չի քալեր: Ժամանակը երբեք չէ քալած անարդարութեան ճամբով: Թուրքիան շատ լաւ գիտէ այս: Գիտենք նաեւ մենք:
Այս գիտակցութենէն` իր մտահոգութիւնը:
Ատկէ` մեր ինքնավստահութիւնը:
Ակնարկ
20 Տարի Ետք
Տասնութ տարի առաջ, ճիշդ այս գիշեր, Հալէպի մէջ սրտի կաթուածէն մեռաւ «Մնացորդաց»-ի մեծատաղանդ հեղինակը` Յակոբ Օշական:
Անիծուած ճակատագրով մը ծնած էր գրականութեան այս մեծատունը, ու այդ անէծքին սաստկութիւնը զգաց մասնաւորաբար իր կեանքի վերջին տարիներուն:
1946-ին ծրագրուած էր տօնել իր քառասնամեայ գրական վաստակին յոբելեանը: Գիտէք, թէ մանր-մունր մարդիկ ինչի վերածեցին այդ ձեռնարկը: Մոռնանք այս մէկը եւ յիշենք Հայաստանի վերաբերումը:
Նոյն տարին Երեւանի մէջ կայացաւ Հայաստանի Գրողներու Բ. համագումարը: Հոն եւս Օշական ենթարկուեցաւ յարձակումներու: Պատուըւեցան ուրիշներ, անժառանգները:
Իբրեւ վաստակ ունեցող գրող` ոչ իսկ մէկ անգամ յիշուեցաւ իր անունը: Դառնացած էր խորապէս: Ու կ՛ըսէր իր աշակերտներուն:
– Քառասուն տարի ծառայած եմ հայ գրականութեան, բայց իմ հայրենիքս կը մերժէ անունս անգամ յիշել: Կա՞յ ասկէ աւելի խորունկ վէրք հայ գրողի մը համար: Բայց ես կը հաւատամ իմ գործիս: Եթէ արժէք չկայ անոր մէջ, ես կը կրեմ իմ պատիժս, եթէ կայ, ուրացողները չեն կրնար անպատիժ մնալ:
Այն օրէն ասդին անցած են քսան տարիներ եւ Երեւանի մէջ կայացած են ուրիշ երեք համագումարներ: Վերջինին նախօրեակին ուրացողները սկսած էին մեղմել իրենց մոլուցքը եւ համակրական արտայայտութիւններ ունենալ բազմաչարչար գրագէտին հանդէպ: Մենք կ՛ակնարկենք «Սովետական Գրականութիւն» ամսաթերթին եւ «Գրական թերթ»-ին մէջ ստորագրած Ստ. Կուրտիկեանի յօդուածներուն, որ կ՛ըսուէր.
«Մի՞թէ գրական մթնոլորտ, հանգստաւէտ կեանք ու նիւթական լայն հնարաւորութիւններ ունէր ուսուցիչ Յակոբ Օշականը, որ գիշեր-ցերեկ տքնելով այնքան արդիւնաւէտ, արգասաւոր գրական ճանապարհ անցաւ եւ այնքան գրեց, ինչքան չգրեցին մի ամբողջ հայկական գաղթօճախի գրողները միասին վերցրած»:
Անշուշտ, Օշական 1946-էն ետք չանցաւ «այնքան արդիւնաւէտ, արգասաւոր գրական ճանապարհ»-էն, այդ ճանպարհին մէջ կը գտնուէր քառասուն տարիներէ ի վեր: Կը գտնուէր շիտա՛կ ճանապարհի մէջ: Հայրենիքը իր ծուռումուռ ճանապարհէն դէպի շիտակ ճանապարհը մտնելու փորձեր սկսած է ընել: Պիտի յարատեւէ՞ արդեօք այդ ճանապարհին մէջ: Ի սրտէ կը մաղթենք, որ յարատեւէ, որովհետեւ ինչպէ՞ս ըմբռնել հայրենիք մը, երբ կ՛ուրանայ իր մեծագործ զաւակները…
XX